Փակելով Սփիւռքահայ Դպրոցները
Բաբգէն Պօյաճեան, Ճարտարապետ, Թորոնթօ, 15 Յունիս 2018
Տարի մը առաջ պատրաստուած ներքոյիշեալ յօդուածը որոշած էի չհրատարակել, բայց ի տես Հ․Բ․Ը․Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու ու Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եկրորդական եւ Լեւոն Նազարեան նախակրթարան վարժարանները փակելու որոշումներուն՝ հարկաւոր է ահազանգել որ այս կարգադրութիւնները արեւմտահայերէն լեզուին վերացման վերջին քայլերն են եւ ընդհանրապէս սփիւռքի հոգեվարքի նախանշանները:
Տարիներ առաջ հայերէնի ուսուցիչս գրած էր թէ «Անապատի մէջ ուղտերը շատ շուտ կը զգան աւազամրրիկի յառաջխաղացքը եւ կը կքին՝ զգուշացնելով վտանգին մօտենալէն»:
Իրավիճակը նոյնն է մեզի համար այսօր. աւազամրրիկը կը մօտենայ սփիւռքի հայկական դպրոցներուն: Ժամանակն է ահազանգելու, քանի դեռ կը յուսամ որ կրնանք բան մը բարեփոխել:
Փակելով Սփիւռքահայ Դպրոցները
Բաբգէն Պօյաճեան, Ճարտարապետ, Թորոնթօ, 15 Յունիս 2018
Տարի մը առաջ պատրաստուած ներքոյիշեալ յօդուածը որոշած էի չհրատարակել, բայց ի տես Հ․Բ․Ը․Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու ու Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եկրորդական եւ Լեւոն Նազարեան նախակրթարան վարժարանները փակելու որոշումներուն՝ հարկաւոր է ահազանգել որ այս կարգադրութիւնները արեւմտահայերէն լեզուին վերացման վերջին քայլերն են եւ ընդհանրապէս սփիւռքի հոգեվարքի նախանշանները:
Տարիներ առաջ հայերէնի ուսուցիչս գրած էր թէ «Անապատի մէջ ուղտերը շատ շուտ կը զգան աւազամրրիկի յառաջխաղացքը եւ կը կքին՝ զգուշացնելով վտանգին մօտենալէն»:
Իրավիճակը նոյնն է մեզի համար այսօր. աւազամրրիկը կը մօտենայ սփիւռքի հայկական դպրոցներուն: Ժամանակն է ահազանգելու, քանի դեռ կը յուսամ որ կրնանք բան մը բարեփոխել:
Ըստ ուսումնասիրութիւններու եւ հաւաստի տեղեկութիւններու, վերջին 45 տարիներուն սփիւռքի մէջ գոցուած են երկու հարիւրէ աւելի ամենօրեայ հայկական դպրոցներ: Օրինակ, լիբանանահայ եւ պոլսահայ դպրոցներուն թիւը այդ տարիներուն կէսով պակսած է, իսկ անոնց աշակերտութեան թիւը պակսած է երկու երրորդով:
Փորձեմ յիշեցնել փակուած դպրոցներէն քանի մը հատին անունները.
1- Հ․Բ․Ը․Մ-ի Դանիէլ եւ Ալիս Զարուկեան վարժարանը – Թորոնթօ,
2- Հ․Բ․Ը․Մ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը – Նիկոսիա,
3- Թ․Մ․Մ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը – Լոս Անճելոս,
4- Սուրբ Խաչ Ազգային ամենօրեայ վարժարանը – Թորոնթօ:
Ասոնց աւելցնենք Հ․Բ․Ը․Մ-ի Հարաւային Ամերիկայի վարժարանները: Ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ մնացեր է Հ․Բ․Ը․Մ.ի ընդամէնը մէկ վարժարան…
Անուններուն շարքը երկար է: Հետաքրքրական է եւ նոյն ատեն՝ շատ տխուր, որ գոցուած դպրոցներուն զգալի մասը վայելած է Հ․Բ․Ը․Մ.ի հովանաւորութիւնը: Միութեան՝ ամէն ինչ նիւթականով չափող պատասխանատուները զայն դարձուցած են հայ չարագործներու ամերիկեան միութիւն… Բարեբախտաբար, կան պետութիւններ, որոնք անդրադարձած են հայութեան դէմ լարուած դաւին եւ արգելք հանդիսացած իրենց երկիրներու հայկական դպրոցներու կասկածելի առքուվաճառքին: Այդ ՕՏԱՐ պետութիւնները յայտնաբերած են որ Հ․Բ․Ը․Մ.ի պատասխանատուները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ խաչագողեր, որոնց կը հետաքրքրեն միայն իրենց քսակները:
Բերեմ Պէյրութի օրինակը. Հ․Բ․Ը․Մ.ի Երուանդ Տեմիրճեան Վարժարանը մօտ 25 տարի առաջ վաճառուեցաւ շատ աննշան գումարով: Յետոյ երեւան եկաւ, որ միայն մէջի կահոյքը – գնորդին նուէր ձգուած – ունէր վաճառուածին արժէքը: Աւելի մեծ խայտառակութիւնը ան էր, որ դպրոցը ծախելով գումարը գրպանելու իրենց աճապարանքին մէջ, Հ․Բ․Ը․Մ.ի անխելք եւ ագահ պատասխանատուները մոռցած էին նաեւ դպրոցին բացման առթիւ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին նուէր ղրկած մեծ խաչքարը՝ հայերէն արձանագրութեամբ: Շաբաթներ յետոյ երբ այդ անխելքներէն մէկը ասիկա կը յիշէ, կը ներկայանան գնորդին՝ իսլամական «Մաքասէտ» միութեան ղեկավարութեան եւ խաչքարը կը խնդրեն: Իսլամները կը մերժեն, ըսելով, թէ իրենց համար այդ խաչքարը արուեստի գործ մըն է, ու կը յիշեցնեն որ առքուվաճառքին համաձայնագիրը ստորագրուած էր վերջնական կերպով եւ կողմերը իրարու տալիք կամ առնելիք ոչինչ ունէին: Ականատեսներ կ’ըսեն, թէ իսլամ լաչակաւոր աղջիկներու դպրոցի վերածուած հայկական երբեմնի այդ դպրոցի մուտքին դեռ կանգնած կը մնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այդ խաչքարը՝ նուիրաբերման արձանագրութեամբ… «Թուրքը անցաւ հոսկէ» արտայայտութիւնը շատ կը յարմարի այս պարագային, այն տարբերութեամբ, որ մեր օրերու թուրքերը հայկական անուն կը կրեն եւ Հ․Բ․Ը․Մ.ի անունով հանդէս կու գան:
Ե՞րբ պիտի կարողանանք «Ալ կը բաւէ՛» ըսել այս խաչագողներուն, որոնք անուններով ծանօթ են բոլորին եւ որոնք կը վարեն ղեկավար պաշտօններ մեր համայնքներուն մէջ:
Որպէսզի հողային պահանջատիրութեան պայքարը շարունակենք, սփիւռքի մէջ պէտք ունինք նոր, երիտասարդ ոյժերու, որոնք հայրենասիրական շունչով կը դաստիարակուին այս դպրոցներուն մէջ: Երբ այս դպրոցները կը փակուին՝ այդ սերունդները ինքնաբերաբար կը յաճախեն օտար դպրոցներ եւ կը կազմաւորուին որպէս օտարամոլ երիտասարդներ, որոնց մօտ կը բացակայի հայրենասիրութեան ոգին, երբեմն՝ անոնք նոյնիսկ արհամարհանքով կը լեցուին ամէն հայկականի հանդէպ․․․ Ներողութիւն, սխալեցա՜յ. չմոռնամ ըսել, թէ այդ ոգին դեռ կայ: Այո՛, կա՛յ այդ ոգին, բայց տարուան մէջ միայն մէկ օր՝ 24 Ապրիլին, երբ ազգիս ղեկավարնե՜րը, կաթողիկոսնե՜րը եւ փաշանե՜րը յանկարծ կը յիշեն Հայկական Հարցը եւ պահանջատիրութիւնը, իսկ ուծացած կամ կիսաձուլուած հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ցոյցեր կ’ընեն՝ փիքնիքի երթալու պէս բան մը…
Սփիւռքի մէջ հայօրէն գոյատեւելու արմատը, նոր սերունդներ պատրաստելու հիմնական վայրը հայկական դպրոցն է: Քանի մը տասնամեակ այսպէս շարունակուելու պարագային, Հայկական Հարցն ալ պիտի չմնայ: Ամօթ կը զգամ Մեծ Եղեռնէն 100 տարի ետք այս թեմայով խօսիլը, բայց դառն իրականութիւնը կը ստիպէ այլեւս չլռել ու պոռթկալ:
Մեր ազգին փաշաները ընտրած են ջայլամի քաղաքականութիւնը՝ գլուխնին պահելով աւազի մէջ՝ ձեւացնել որ ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է: Իրենց տեսանկիւնէն, այո՛, ամէն ինչ լաւ է, քանի որ դէպի իրենց գրպանները նիւթական հոսքը կը շարունակուի առանց ընդմիջման: Իսկ եթէ առարկողներ պատահին՝ անոնց բերանները կարելի է փակել թիթեղէ մետալներով: Մեր փաշաներուն ու անոնց հայաստանցի կեր ու խումու ընկերներուն քով սովորական երեւոյթ եղած է մետալ բաժնելը: Ամէն օր սունկի պէս կը բուսնին զանազան անուններով շքանշաններ ու մետալներ, նոյնիսկ մեր թաղին նպարավաճառը սկսած է մետալներ պարգեւել իր մշտական յաճախորդներուն: Կար ժամանակ, երբ մետալները փառք ու պատիւ էին արժանաւոր թեկնածուներուն համար, որոնք զանոնք կը վաստակէին տասնամեակներու տքնաջան աշխատանքով. օրինակ՝ հայերէնի մեր ուսուցիչը՝ Օննիկ Սարգիսեանը 1986-ին արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Նախարարութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»՝ այդ տարուան ՄԻԱԿ մետալին՝ իբրեւ տասնամեակներու մանկավարժական վաստակ ունեցող նուիրեալ: Ցաւօք հիմա մետալ-շքանշան-պատուոգիրները եւ նման բաները դարձած են մարդոց լռութիւնը կամ քծնանքը գնելու միջոց մեր փաշաներուն համար՝ ստրկացնելով այդ սուտ եւ կեղծ պարգեւները ստացողները, ապահովելով անոնց լռութիւնը օրէ օր ահագնացող վտանգին դիմաց, երբեմն ալ զանոնք մղելով ծափահարելու իրենց ազգադաւ արարքներուն:
Այսօր սփիւռքը եւ սփիւռքահայ դպրոցը կը գտնուին ողբալի վիճակի մէջ: Լաւ եւ գովելի է դպրոց կառուցելը, բայց աւելի լաւ է երբ այդ շէնքը կառուցելը լաւապէս մտածուած եւ ուսումնասիրուած է, նկատի առնուած են շրջանի հայ բնակչութեան թիւը, հայ ընտանիքներուն աճի եւ ուրիշ բնակավայրեր տեղափոխուելու միտումները: Ի՞նչ իմաստ ունի նոր դպրոցաշէնք կառուցել եթէ նոր դպրոցին դասարանները պարապ պիտի մնան կամ պիտի լեցուին … ոչ-հայ աշակերտներով: Ասոր լաւագոյն օրինակը կու գայ Լիբանանէն, ուր անցեալ տարուան Նոյեմբերին ազգային իշխանութիւններու կառուցած «Ազգային միացեալ վարժարան»ին բացումը կատարուեցաւ մեծ աղմուկով … առանց աշակերտի: Ըստ ազգ. իշխանութեանց յայտարարութեան, դպրոցը 2017-2018 ուսումնական տարին պիտի սկսի գործել: Արդեօք ճիշդ պիտի չ’ըլլա՞ր նախ կառուցել փոքր, բարենպաստ գիներով ու վճարման պայմաններով բնակարաններ եւ քաջալերել հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ընտանիք կազմելու եւ քանի մը երեխայ ունենալու, որպէսզի անոնք լեցնեն այդ դպրոցին դասարանները եւ ոչ թէ յենիլ գործող թաղային դպրոցներու աշակերտութեան թիւին վրայ, պատճառաբանելով թէ քանի մը դպրոց նոր, մէկ դպրոցի մը երդիքի տակ միաւորելով զգալի խնայողութիւն կ’ըլլայ…
Հարկաւոր է փսփսալ մեր ազգային փաշաներու ականջներուն, որ ժամանակն է բանալու քսակները եւ հարցին մօտենալու ոչ-շահաբերական ակնկալութիւններով: Հարուստներուն հետ մեր փորձը շատ դառն է. մօտիկ անցեալին երբ կարելի էր թուրքերէն տասնապատիկ արժէքով գնել այն ինչ մերն էր եւ ընդարձակել մեր երկիրին սահմանները, մենք նման խելամտութիւն չցուցաբերեցինք մեր հարուստներու անտարբերութեան եւ անձնակեդրոնութեան պատճառով, իսկ թուրքը յաջողեցաւ իր հարցերը լուծել՝ նաեւ մեր հարուստներու մեծ մասին այդ պահուածքին շնորհիւ:
Պարոնայք աղանե՛ր, էֆենտինե՛ր, պէյե՛ր եւ փաշանե՛ր, ամէն տարի ձեր թելէթոններով միլիոնաւոր գումարներ կը հաւաքէք եւ այդ գումարներով կ’օգնէք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն (թէեւ այդ ալ հարցական է): Ինծի համար անհասկնալի է՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետականութիւն ունի, անոր ղեկավարներուն պարտքն է հոգալ քաղաքացիներուն կարիքները եւ բարելաւել անոնց կենսապայմանները եւ ոչ թէ պարարտացնել … Մոնթէ Գարլոյի գազինօներուն եկամուտները:
Հարկաւոր է նաեւ որ հայ դպրոցին նկատմամբ հայ ծնողներուն վերաբերմունքը ըլլայ պատշաճ, անոնց նկատմամբ մօտեցումը՝ հոգատար եւ կարեկից: Հայ ծնողները հայ դպրոցին մէջ պէտք է տեսնեն իրենց զաւակներուն ապագային կերտումը: Անոնք տգիտութեամբ պէտք չէ իրենց ցանկութիւններն ու քմահաճոյքները փորձեն պարտադրել դպրոցներու պատասխանատուներուն: Վերջիններուն դիմաց պէտք չէ իրենք զիրենք դնեն առիւծի տեղ, մինչդեռ կատու կը կտրին իրենց զաւակներուն յաճախած օտար դպրոցներու պատասխանատուներուն դիմաց:
Սփիւռքի դրամը պէտք է մնայ սփիւռքի՛ մէջ, փաշանե՛ր, եւ օգտագործուի սփիւռքի՛ կարիքներուն համար, այս պարագային՝ սփիւռքահայ դպրոցներու գոյատեւման համար: Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջատիրութեան գլխաւոր իրաւատէրը սփիւռքահայութիւնն է: Կրկնեմ՝ մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու համար պէտք ունինք հայրենասիրական ոգիով դաստիարակուած նոր սերունդներու: Որպէսզի մեր Մեծ Երազը իրականութեան վերածենք, հարկաւոր է, որ ազգին փաշաները, կաթողիկոսները եւ մեծ ու փոքր չափի խաչագողերը հասկնան, որ ժամանակն է այդ դրամահաւաքներու գումարներով սփիւռքի մէջ ստեղծելու ձրի դպրոցական ցանց մը, որով բոլոր սփիւռքահայ երեխաները հնարաւորութիւն ունենան իրենց կրթութիւնն ստանալու այդ մատչելի հայկական դպրոցներուն մէջ:
Անշուշտ հոս չմոռնանք հայ ուսուցիչին արժանավայել վարձատրութեան հարցը եւ ոչ թէ անոր ողորմութիւն շնորհել … մեծահո՜գաբար:
Աւազամրրիկի վտանգը կը մօտենայ սփիւռքահայ դպրոցներուն եւ կը ծեծէ անոնց դարպասները:
Արդեօք պատրա՞ստ էք, փաշանե՛ր, իրականացնելու սփիւռքահայ կրթական ձրի համակարգը, թէ՞ նորէն պիտի նախընտրէք ջուր ծեծել…
16 comments
Tarouhi Hagopian
I remember the last day when our school bus left Tarouhi Hagopian Hazmieh to take us home. What remained with me is upscale education standard and also a sence of divisionism.
In your article you have skipped the part where unity doesn't and hasn't been part of our culture. It's never enough to be Armenians. We count only if we belong to this or that group and even then we have to be silent partners. Follow the money, where it goes should be public knowledge. Transparency leads to all things right. Presidents have terms; our people are in charge for a lifetime. It leads to thinking, they are carrying the burden so they are entitled to some benefits.
Twenty years ago I thought the new generation will be in charge and introduce positive changes. Now I feel sorry and sad for what's no longer. Reading your article is refresher of a wound for me.
Alex Manougian
The only solution is, to wake up the real Pasha Alex Manougian, dig him out of his grave and rename him the chairman of the AGBU and the present acting puppets bury them in a mass grave. SOLVED.
Հարցերը Բարդ են
Արեւմտեան Պէյրութի Զօքաք Էլ Պլաթ թաղամասը կը կազմէր հայ համայնքին միջնաբերդը Արեւտմեան Պէյրութի մէջ։ Հոն կային Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանը, Նշան Բալանճեան Ճեմարանը, Սուրբ Նշան-Սուրէն Խանամիրեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական դպրոցները։ Ասոնց կողքին կար Ազդակ Օրաթերթի տպագրատունը, Արա Երեւանեան ժողովրդային տունը, Համազգային Վահէ Սէթեան տպագրատունը, ՀՄԸՄի մարզադաշդը։ Կ՚իմանամ որ ասոնցմէ ոչ մէկը հոն է ներկայիս քանի որ արեւմտեան Պէյրութը դատարկուած է իր երբեմնի հայութիւնէն։ Հայութիւնէ ամլացած այդ շրջանին մէջ անբնական է սպասել որ կարելի պիտի ըլլայ հայ դպրոց պահել։
Problems are complicated
Vahe,
I understand the basis of your comments about the dwindling Armenian population in West Beirut. However when there is devotion to principles and missions it is still possible to keep Armenian institutions running thanks to people and institutions with vision and dreams albeit in difficult financial circumstances. Case in point Haigazian University and Armenian Evangelical College , both in West Beirut. With the leadership of heroes like Dr Zaven Missirlian, Dr Rev Paul Haidosian, , First Armenian Evangelical Church and Armenian Missionary Association of America (AMAA) these two institutions survived the Lebanese civil war and still keep their doors open to Armenian students from both West and East Beirut. Rather than succumbing to all sorts of difficulties, these institutions have survived and God willing will survive.
George Hagop Aynilian, Ph. D
Class of 1962
Armenian Evangelical College
Closure of AGBU Schools
Dear George,
While reading Vahe's comment — and I think he has a partially valid point — I thought along the same lines as you did. Likewise, I thought of both AEC and Haigazian University (former College).
Another important matter I'd like to point out is that the author, Mr. Boyadjian in his preamble is talking about present closures of schools right in east Beirut, and today there is no civil-war. That's what it is so egregious. I am somewhat aware of the backroom deals. What makes people indignant, as I am being a veteran member of AGBU, is the callous approach to our educational institutions and their role in preserving our heritage in the Diaspora for as long as we can. Financial concerns are always cited. Give me a break! Diaspora, particularly in north America, is awash in dollars. Let's not kid ourselves. Our people have always donated whenever there is a constructive project.
I can't prove it, I cannot connect the dots, but inference helps in identifying the crux of the matter. How should I interpret Louise Manoogian Simone's suggestions back in early '90s that Armenians in the middle east should move to North America? Who was instructing her to spread those "bright" ideas? Was it the state department? What forces were there behind such suicidal hallucinations? It didn't take long and Melkonian's closure was announced on grounds of financial deficiencies. It was through and through a lie. The news exploded like a bombshell heard throughout the Armenian Diaspora.
Today we sadly are witnessing further closures of AGBU schools.
Dikran Abrahamian MD (your classmate at AEC in grade 3 and 4)
Class of 1962
AGBU Hovaguimian-Manougian Secondary School for Boys
Wobbling Pillars
Blaming the leadership for the closure of the Armenian schools is a simplistic way of looking into this grave matter. Armenian schools in the Diaspora are closing or consolidating and laying off teachers because of dwindling enrollment.
There are fundamental reasons for this change and hopefully, we can reverse the trend over time. Not only the leaders but also the parents will have to play a decisive role in reversing the trend. For an example, only one Armenian school appears to function nowadays in West Beirut, the Armenian Evangelical College, which at one time boasted over 700 enrollments but nowadays it has a fraction of that number in spite of the fact that it’s the only Armenian school in West Beirut. The reasons for this dwindling enrollment may be the financial burden on the parents. It could also be that the Armenian parents have grown comfortable with the state-sponsored schools and are enrolling their children there.
The editorial board of Keghart.com addressed this issue a while back in an editorial titling it “The Wobbling Pillar”. In response to that editorial, I also penned an article that was well received titling it also “Wobbling Pillars II”.
Interested readers may read them.
Ազգային փերեզակներու կեանքէն
Հեքիաթներ կը պատմէք Պրն. Վահէ.
Մեր աչքերուն առջեւ եւ մեր անհաւասար դիմադրութեան պայմաններուն մէջ էր, որ կազմակերպուած ձեւով` որպէս պատրուակ ընդունելով1983թ. 2-3 լիբանանահայ քաղաքացիներու սպանութեանց սահմանափակ միջադէպերը, արեւմտեան Պէյրութի ընտրանի հայութիւնը դաւադրաբար, քարոզչական եւ այլ հնարքներով սարսափի մատնելով, տեղափոխեցին արեւելեան (քրիստոնեայ) շրջաները, հուսկ` ամերիկաներ ու գանատաներ, բայց անշուշտ ո՛չ հայրենիք:
Ձեր յիշած բոլո՛ր կրթական ու մարզա-մշակութային կեդրոններն ալ նախ անշքացուցին, նոսրացուցին, ամայացուցին, շահադիտական նպատակներով` օտարեցին ու մաս-մաս վաճառքի հանելով գրպանեցին իրենց իւղոտ միջնորդչէքերը (commission):
Ա՜խ այդ ազգային գործիչներու քղամիդի տակ թաքնուած փերեզակները:
AGBU-ն (նախապէս` փառապանծ ՀԲԸՄ-ը) օրինակի համար, Ուաթ-Ուաթ թաղամասի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ալեք Մանուկեան հոյակերտ կեդրոնը փոխարինեց Տպայէի AGBU Yervant Demirjian Center-ով, որ իրօ՛ք, ոչ-աւելի, ո՛չ պակաս` վերածուած է «մարոնիթ արաբներու եկամտաբեր բաղնիքի»: Այս դիպուկ բնորոշումը իմը չէ, այլ` սրտի ցաւէն անժամանակ վախճանած Հ.Բ.Ը.Մ. վեթերան անդամ Յակոբ Պօտրումեանինը:
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլեճի («Քաղաքի հայ սքուլ») գոյատեւման հանգամանքին, ապա այն կը գոյատեւէ բացառապէս ի պատիւ իրենց համայնքի եւ յատկապես վարժարանի երկարամեայ տնօրէն ` Պրն. Զաւէն Մսրլեանի անսակարկ նվիրումի եւ յամառ դիմադրութեան շնորհիւ, չդառնալով ագահութեան ու հերթական շահութաբեր կալուածային (real estate) գործարքի զոհ:
Առայժմ:
A wakeup call
Thank you Papken for this wakeup call and giving us details of generally unknown facts. Mr. Dikran’s analysis is very correct. I have heard about the same rumors, and the fact that AGBU leaders are totally disconnected with their base in the Middle East. Imagine that Armenians in Lebanon needed the most help during and after the war, more so at present with joblessness and Syrian refugee influx, but somehow thought to survive on their own and expected to contribute too.
If there is a will there is a way. If interested, they would have been instructed on the logistics. But they thought Armenia and Artsakh took precedence over everybody else. The Middle East was unimportant and dwindling in their minds. The sad part is, they treat this as pure business and not as a mission! Like Dikran pointed out, we have a wide range of resources if we want.
Haigazian University has been smart and flexible. It has almost equal numbers of non-Armenian students and has become a demanded University in the area. So it is possible to grow and incorporate non-Armenians and yet retain the Armenian identity. It takes a wise decision and action to correct the course.
Բաց նամակ` ճարտարապետ Բաբգէն Պօյաճեանին
Թորոնթօ ապրելով աւելի քան 8 տարի (2007-2014թթ.) եւ մասնակցութիւնս բերած ըլլալով հայկական գործունէութիւններու, ես երբեք չեմ հանդիպած կամ լսած Պրն. Պօյաճեանի մասին:
Նախ եւ առաջ իր յօդուածը վիրավորական եւ անբարեխիղճ կը նկատեմ, այնուամենայնի հայ դպրոցի մը փակուիլը ցաւալի է եւ տխուր: Բանն այն է, որ ան չէ ուսումնասիրած փակման որոշումներու պատճառները եթէ ան որոշապէս համոզուած է, որ այդ հաստատութիւներուն պատասխանատուները մեղադրելի են:
Զարմանալին այն է, որ այդ 4 հաստատութիւններէն շատ առաջ , զանազան գաղութներու մէջ, հայ դպրոցներ փակուեցան: ինչո՞ւ Պրն. ճարտարապետը չգրեց: կ'երեւի շատ զբաղած էր:
Մենք հայերս շատ իւրայատուկ սովորութիւն մը ունինք այս կամ այն թեմայի վերաբերեալ եզրակացութիւններ ընելու ձեւացնելով որ գիտենք ընդունուած բոլոր որոշումներուն կողմերն ու պատճառները:
Այո, տխուր է մեր կրթական օճախները փակուած տեսնել, բայց մենք չենք հարց տար թէ ինչո՞ւ անոնք փակուեր են:
Անձ մը իրաւունք ունի հարցեր ուղղելու, եթէ այդ անձը լիիրաւ անդամ մըն է, ինչպէս ընկերութեան մը բաժնետերն իրավունք ունի հարցաքննելլու տարեկան հանդիպման ժամանակ: կը մտածեմ, արդեօք պարոն Պօյաճեանը ո՞րքան գումար նուիրած է ՀԲԸՄ-ին: Ան հայ է եւ անո՞ր համար իրաւունք ունի հարցաքննելու մեր հայկական կառույցները: Երբ հրաւիրուած էի Թորոնթօյի համայնքային կեդրոն, նուիրատուութիւն մը կատարեցի: Ուրեմն այդ կ'արտօնէ՞ ինձ հարց տալ եւ ինչուներ բարձրացնել երբ նոյնիսկ անդամ իսկ չեմ:
Հարցումներ.-
ա) Զարուկեան Վարժարան. արդեօ՞ք Պր. Պօյաճեան խնդրեց Սալփիէն (ՀԲԸՄ-ի քարտուղարուհին) պատճառը, որ դպրոցը ինչո՛ւ փակուած էր.
բ) Տիգրանեան դպրոց. այս նիւթով այլ անձ մըն ալ (Լ.Ա.) քննադատած էր: Գրեցի իրեն, տալով դպրոցը դադրեցնելու պատճառը տուեալները ստացած ըլլալով հոգաբարձուներէն: Ան հասկցաւ: Պր Պօյաճեանի տեղեկութեան համար, արքեպիսկոպոս Հովնան տեղական թերթերով խնդրեց, որ օգնեն դպրոցի բարելաւման պիւտճէին համար: արդեօք գիտէ՞ թէ որքան գումար էր հավաքուած: $ 2,000.00: Այո $2,000.00 միայն: Այսպիսով, դպրոցը դեռ պէտք էր շարունակե՞ր գործել: Մինչեւ Թէքէեանի վերջին լումա՞ն. չեմ կարծէր:
գ) Սուրբ խաչ. Ես անձամբ չեմ գիտեր ինչ էր պատճառը փակուելուն: Ես այդ ժամանակ չէի ապրեր Թորոնթօ : կ'առաջարկեմ, որ ան տեսակցի Պր. Խոճաճեանի հետ, մտածելով, որ ինք կարող լուսաբանել:
դ) ՀԲԸՄ. Ես հիասթափուած եմ կարդալով այդ ածականները որ յղուած են անդամներուն: Կ'առաջարկեմ, որ ան տեսնէ ՀԲԸՄ-ի տարեկան հաշուետուութիւնները:
ե) կը փափաքեի իմանալ պարոն Պօյաճեանէն, թէ ինչ կը մտածէ Տիգրանեան դպրոցի մասին, երբ ուսանողներու թուաքանակը նվազեր է, 450-էն 140-ի որովհետեւ թաղի բնակչութիւնը ավելի լաւ տեղ է տեղափոխուած, կամ չէր հատկացնէր իր պարտքը. ուրեմն դպրոցական եկամուտը նոյնպես կը նուազէր համապատասխանաբար, բայց ընթացիկ ծախսերը`աշխատավարձը, ջեռուցումը, էլեկտրականութիւնը եւ այլն նոյնը մնացեր էին: Ուրեմն հոգաբարձուները պէտք էին շարունակել եւ կորսնցնե՞լ իրենց վստահուած դրամագլուխը. այսպէսով լա՞ւ գործ կատարած պիտի ըլային:
(զ) Քոյրերու ամամէնօրեայ դպրոցը (Պոսթոն) փակուեցաւ տարիներ առաջ (կրկին Ֆինանսական պատճառով). անո՞նց ալ թշուարական կոչենք:
(է) Անթիլիասի պատկանող Լիբանանի դպրոցները նոյն ճակատագիրը ունեցան վերակազմավորման համար: Այս բոլոր հոգաբարձունե՞րն ալ անխիղճ մարդիկ էին:
(ը) Նոյնը տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի այն ժամանակուայ բարգավաճ համայնքներու դպրոցներուն:
Ուստի կը խորհիմ, որ պարոն ճարտարապետը ողջամիտ կ'ըլլար եթէ հայկական դպրոցներու ճակատագիրը ուշադիր կերպով վերլուծէր փոխանակ մէկ տարի սպասելէ յետոյ յանկարծակի մակերես ելլելով իր համայնքներէն հաշիւ պահանջէր ու բացատրութիւն ուզէր իրենց «սխալ» որոշման համար:
Կը մէջբերեմ ՀԲԸՄ-ի ծանուցումը առ ի գիտութիւն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(Տեսնել յաջորդ արձանագրութեան մէջ.- Խմբ.)
ՀԲԸՄ-ի ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-ը
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովս, այսու կու գայ յայտարարել, որ Միութիւնս կարեւորելով իր բազմամեայ Կրթական առաքելութիւնը գաղութէս ներս եւ հանդիսանալով հայապահպանման ոլորտէ ներս միշտ ջահակիր, որպէսզի քայլ պահէ ժամանակի պահանջքին ու նորարարութեանց հետ, նպատակայարմար գտաւ մէկտեղել իր վարժարանները մէկ երդիքի տակ, աւելի մեծ ուշադրութեամբ ու հոգատարութեամբ շարունակելու համար սկսուած ազնիւ գործը, հաւատալով լուսաւոր ու պայծառ ապագայի տեսլականին:
Յանձնաժողովս, իր այս քայլով, ի մի հաւաքելով մեր վարժարաններուն սաները, կը ձգտի նոր ոճ, նոր որակ, նոր եռանդ ու նոր շիճուկ տալ մեր ուսանողութեան՝ հայահոծ շրջանի մէջ գտնուող իր բոլորովին նորոգուած ու բարեզարդուած կրթական կառոյցէն ներս, անխախտ վճռակամութեամբ շարունակելով մարդակերտումի առաքելութիւնը, ուր մեր աշակերտները անվերապահօրէն հնարաւորութիւնը պիտի ունենան լուսաւոր դասարաններու մէջ հետեւելու իրենց ուսմանց, միաժամանակ օգտուելով Անթիլիասի շրջափակին մէջ գտնուող Միութեանս բացօդեայ դաշտէն եւ Տէմիրճեան Կեդրոնի սրահներէն ու արդիական փակ մարզադաշտէն:
Հաւատալով ու համոզուելով, թէ «Միութիւնը Զօրութիւն է» միշտ, Շրջանակային Յանձնաժողովս միաւորելով մեր վարժարանները (ոչ թէ փակելով), ապահով ենք ու վստահ, որ պիտի արձանագրէ ուսումնական աւելի մեծ յաջողութիւն ապագայի մէջ ու ունենայ նոր խանդավառութիւն մեր աշակերտութեան մօտ, յուսալով, որ ներկայ կարգադրութեան նկատմամբ մերազն ծնողները պիտի ցուցաբերեն յարգալիր վերաբերմունք ու լաւատեսութիւն եւ պիտի գնահատեն առնուած ճիշդ քայլը, այսպիսով դիւրացնելով ՀԲԸՄ-ի Նոր դիմագիծ ստացած վարժարանին ընթացիկ աշխատանքները, սպասելով շատ շուտով քաղելու համար անոր յուսատու բարիքները:
Պէյրութ, 30 Մայիս 2018
Բաց նամակ`Հարգելի Պրն. Չատրճեանին
Ձեր շարադրանքը կեղծաւոր դատողութիւններու անյոդաբաշխ շարան մըն է, որ անձնական վիրավորանքներով կը միտի քողարկել անշքացած AGBU (նախկին փառաշուք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ոչ-բարով յետնորդ) պերճսեդրակեանական խմբավորման շահատակութիւնները:
Իմ հերթին եւ այս նիւթին հետ կապուած` որպէս AGBU պերճսեդրակեանական պատեհապաշտ խմբակին կողմէ, Աստծուն եւ իրենց յայտնի միջոցներով դավադրաբար նախ` օտարուած եւ անշքացուած, որպէս յաջորդ «տրամաբանական» քայլ ալ` վաճառուած Հ.Բ.Ը.Մ. Երուանդ Տեմիրճեան Նախակրթարանի եւ Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրդ. վարժարանի շրջանաւարտ, երբեւէ չեմ լսած Andre Chaderjian անուն անհատի մը գոյութեան կամ ազգանպաստ ու հայրենանուէր գործունէութեան մասին:
Դատելով ամէն ինչէ, ինքներդ է որ թօրօնթօները նստած, թերեւս ալ` ինքնամատոյց կերպով, կը կատարէք 1/6 հայ ու մասօնական օթեակներուն մէջ օրեցօր աւելի՛ փտտող այդ խմբակին իջեցուցած պատուէրը:
Ինչեւէ՛, ցարդ ո՛չ ոք կրցած է ձեր` Սատանայի Փաստափանի տխրահռչակ պաշտպանեալներուն մասին աւելի ճշգրիտ, սրտի ծակոցներու գնով ախտաճանաչում կատարել, քան` Հ.Բ.Ը.Մ. INSIDER վեթերան, վաղամեռիկ Յակոբ Պօտրումեանը. ո՛չ ես, ո՛չ դուք եւ ո՛չ ալ` ճարտարապետ Բաբգէն Պօյաճեանը:
Ըմբօշխնեցէ՛ք` բարի վայելու՜մ:
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՍ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ Է
…Ես այս ահազանգը կը հնչեցնեմ որ զարթնիք: Ազգը ձեռքէ կ՚երթայ. հարկաւոր է նստիլ և լուրջ խօսիլ, փրկութեան միջոց գտնել:
Լիբանանահայութիւնը կը հալեցնեն, քար ու քանդ կ՚ընեն: Կազմակերպուած, նպատակադրուած կ՚աշխատին քայքայելու այս հոյակապ անցեալ ունեցող ու տակաւին հայերէն խօսող գաղութը: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը կառուցէ կեդրոն մը` Տեմիրճեան Կեդրոնը, որ դառնայ կաթոլիկ մարոնիներու բաղնիքը:
Հ.Բ.Ը.Մ. և Հ.Ե.Ը. միասնաբար միլիոն կը ճարեն կողովագնդակ խաղալու, երբ դպրոցները կը նահանջեն և ակումբները… դատա՜րկ:
Լիբանանահայութիւնը կը նահանջէ երգելով և ոչ մէկուն հոգն է: Ո՛չ Առաջնորդին, ո՛չ կուսակցութիւններուն և ո՛չ ալ մա՛նաւանդ և առաջին հերթին` ՀԱՅԿԱԿԱՆ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:
Ես կը կարծէի թէ կեանքիս ամենէն ճիշտ որոշումներէն մէկը առած եմ անդամակցելով այս Միութեան (1954-ին ուղարկած են Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը): 50 տարի: Ափսո՞ս, ո՛չ: Հպարտ եմ Բարեգործականին անդամակցելով ու այս Միութեան միջոցով ծառայելով ժողովուրդիս:
2006-ին ես պիտի տօնեմ Պօղոս Նուպար Փաշայի հիմնած Միութեան 100-ամեակը:
Երբ Հ.Բ.Ը. Միութիւն կ՚ըսենք, մէկ կէտ արևի նման կը պայծառանայ: Ի՞նչ եղած է ու պիտի ըլլայ Միութեան էական պարտականութիւնը և անմիջապէս վստահօրէն կը պատասխանենք` ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ:
Հ.Բ.Ը. Միութիւնը հայութեան փարոսն է Սփիւռքի տարածքին: Այնքան ատեն որ սփիւռք գոյութիւն ունի` Միութիւնը պիտի գոյատևէ:
Պօղոս Նուպարի հիմնած Միութեան կանոն-ծրագիրը պիտի յարգուի, այլապէս դուք` տիկնայք ու պարոնայք Հ.Բ.Ը. Միութեան Կեդրոնական Կեդրոնական Վարչութեան, կրնաք ձեր (կամ մութ ուժերուն ուզած ձևով) անձնական բարեգործական միութիւններ հիմնել և թոյլ տաք որ շարունակենք մեր հայ երթը:
Պօղոս Նուպար Փաշան ամերիկեան ‘corporation’ չէր հիմնած: Ձեզի արտօնուած չէ մեզի հոն տանիլ: Այս Միութիւն է և Միութիւնը պարտաւոր չէ ձեր քմահաճոյքներուն ենթարկուելու: Երբ հարցեր կան դուք պատշաճ, անկեղծ պատասխաններ պէտք է տաք: Ձեր հաղորդագրութիւնները լաւագոյն պարագային ստահոդ են: Դուք չէք կրնար մեզ խաբել: Այդ հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ մարդկային պատմութեան ամենէն աղտո՛տ բառը գործածուած էր` ՀԱՄ-ԱՇԽԱՐ-ՀԱՅ-ՆԱՑՈՒՄ (globalization): Աղտո՛տ է, չէ՞: Այսինքն` աշխարհը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Տիկին Լուիզ Սայմըն: Այս բառը գաղտնի ուժերը` Մասօններն ու Սի.Այ.Էյ.-ի գործակալները կը գործածեն: Մի՞թէ… Այլապէս ինչու՞ համար հիմնեցիք Ամերիկայի Հայաստանեան Համալսարանը (իմա` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը – American University of Armenia, AUA)…
Ամերիկապահպանում հայրենի հողի՞ վրայ: Այս համալսարանը ո՞վ կը տնտեսէ: Բայց եղա՞ւ: Մեծ Վարպետ: Ի՞նչ ըսած են ձեզի` Մեծն Միջին Արևելք պիտի ստեղծեն և ինչ որ ունիք ծախեցէք ու փախէ՞ք:
Իսկ մե՞նք, այս շրջանին մէջ ապրող հայութիւնը: Ամերիկայի 1/16-րդ հայե՞րը պիտի փրկէք: Իսկ այստեղի 100%-անոցնե՞րը: Կարևոր չե՛ն. վերջ:
Ի՞նչ կը նշանակէ "ձեր իւղով տապկուեցէք"-ը: Ձեզի ո՞վ իրաւունք տուած է ԱՒԱՆԴԸ ծախելու: Ո՞վ ըսաւ որ Մելքոնեանը (կամ` Ե. Տեմիրճեան, Յովակիմեան-Մանուկեան, Դարուհի Յակոբեան Վարժարաններն ու հոյակերտ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնը, ևլն. – Վ.Ա.) վաճառովի է: Ու՞ր է բարերարներու կտակած հսկայական հարստութիւնը: Մսխա՞ծ էք: Պուրսա՞ խաղցած էք: Որքա՞ն կը վճարէք "անտէր շուն" հրեայ Կորտըն Անտըրսընին: Մելքոնեանի տարեկան պիւտճէն անոր համա՞ր այդքան շատ է: Կը տնտեսէ՞ք, դրամի՞ պէտք ունիք, ծախեցէ՛ք Պէյրութի անպէ՛տք Տեմիրճեան Կեդրոնը:
Դուք թերթերու մէջ յայտարարութիւն կը դնէք որ ձուլուինք տեղացիներու՞ հետ:
Չըլլալի՛ք Ծակ Փիլիսոփանե՜ր…
ԼԵԶՈՒ՞Ն. առանց լեզուի ժողովուրդներ չե՛ն գոյատևեր, իմացէ՛ք: Դուք փո՛րձ ալ չէք ըներ "ձեր մօր լեզուն" սորվելու: Դուք Ամերիկայի մէջ 1 1/2 սերունդնոց հայեր էք: Հետևաբար, պահեցէ՛ք Միջին Արևելքը, որովհետև որքան մօտ Հողին` այնքան մօտ հայութեան:
Լեզուն կարևոր չէ՞ ազգին գոյատևման համար, այդպէ՛ս կը կարծէք: …..
Սարեանը, Շահնուրը, Սիւրմէլեանը այնքա՛ն խորը մխրճուած էին հայրենի անդաստանին մէջ, այնքա՛ն հպարտ էին իրենց հայութեամբ, որ որևէ փոթորիկ չէր կրնար սասանել անոնց արմատները:
Ազնաւուրը այնքա՛ն բարձր է, որ եթէ նոյնիսկ ուրանա՜ր իր անցեալը, դուք չէիք կրնար հասնիլ այնտեղ` թէկուզ այպանելու:
Ես մեծ, շա ՜տ մեծ մարդոց մասին կը խօսիմ, որոնք հեշտութեամբ կրնային մոռնալ իրենց անցեալը:
Տիկին Լուիզ Սայմըն դուն կը հասկնա՞ս թէ ինչի մասին կը խօսիմ թէ ինչպէս միշտ մէկ ականջէն կը մտնէ` միւսէն դուրս կ՚ելլէ:
Արամ Ա.-ը Լիբանանի Հ.Բ.Ը. Միութեան Սանուց Միութեան վարչութեան հետ հանդիպումին կ՚ըսէ. "Լուիզ Սիմօնը այնքա՜ն հարուստ է որ կը կարծէ թէ ամէն բան գիտէ ու խօսք չի՛ հասկնար":
և տակաւին ամէնէ՛ն այլանդակը, մի քանի ղրուշի համար, կամ նոյն մութ ուժերու հրահանգին ենթարկուելով, հայրենի ղեկավարութեան գործնական մասնակցութիւ՛նն է իսկ Սփիւռքի ղեկավարութեան` քաջալերական լռութիւնը:
Բարեգործականի վերին ծալքերուն մէջ թաքուն ծածուկ Մասօնանման գործեր տեղի կ՚ունենան: Վերջը` բարի՜ն:
Գամառ Քաթիպան (Ռափայէլ Պատկանեան) կ՚ըսէ "Թքե՛լ եմ քո՛ էլ փողի՛դ էլ վրան" և էականը` Քաթիպան կը յիշուի, իսկ անոր ժամանակակից որևէ հարուստ չի՛ յիշուիր:
Թերթը ազգապահպանման գործին մէջ դեր չունի՞. բայց երբ թերթերը ծախուած, են ի՜նչ ազգ, ի՜նչ հայրենիք:
Պէյրութ հրատարակուող "Զարթօնք" Օրաթերթին մէջ արգիլուած է Հ.Բ.Ը. Միութիւնը քննադատել: Ես չեմ գիտեր թէ Միութեան իբր թէ նախագահ` 1/16-րդ հայ Պերճ Սեդրակեանը ինչ խօստացած է այս թերթին ղեկավարութեան, բայց յամենայնդէպս սխալ բան կայ:
Յօդուած գրած էի Լիբանանի Բարեգործականի մեր ցաւերուն մասին: Ես կը հաւատամ ինքնաքննադատութեան` լաւագոյն բալասանն է: Գացի "Զարթօնք"-ի խմբագրատուն, յանձնեցի խմբագիրին տպելու խնդրանքով: Կարդաց յօդուածը, դէմքը ծամածռեց և մերժեց հրատարակել, անձնական պատճառներ նշելով…
Կ՚երևի այս խմբագիրին համար ազգն ու անոր ցաւերը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին, կարևորը անձնականն է: Այսպիսի մարդոց չեմ գիտեր ինչու՞, կամ թերևս շա՛տ լաւ գիտեն, թէ ինչու համար շքանշան կ՚ուղարկեն…Այս խեղճուկրակ խմբագիրին:
Սակայն ես տեսած եմ այդպիսի՛ խմբագիր ու հպարտ եմ անոր աշակերտը ըլլալու. ան Մելգոնեանցի Գերսամ Ահարոնեանն է, որ գնաց հայութեան ցաւը սրտին մէջ և որուն կարգախօսն էր` Գալ Տարի Վանի Մէջ:
Երբ վերջապէս, օր մը սկսինք համախմբուած աշխատիլ ու իսկապէս հասկնանք թէ ի՞նչ ըսել է մէ՛կ Լեզու, մէ՛կ Հայրենիք, մէ՛կ Մշակոյթ, մէ՛կ անցեալ ու մէ՛կ ապագայ և երթանք Վանը տուն բերելու հայ, Մասօնները պիտի գա՞ն մեզի հետ:
Թալաաթ ու Զօհրապ: Մասօն Թալաաթը սպաննեց "աղբարիկ" Զօհրապը": Պատմութենէն որևէ մէկ բան չենք սորվիր. մե՜ղք: Իսկ հայ մասօնը կ՚երթայ Իսթամպուլ, շնորհաւորելու թուրք աղբարիկին քաջագործութիւնը:
Հայու այս տեսակը արիւն չունի՛, անունո՛վ հայ է: Հայը թուրքին աղբարիկը չի՛ կրնար ըլլալ:
Ու մեծ բանաստեղծը կ՚ըսէ.
"Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք`
Թող ո՜ղջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք":
Կը կարդան, սիրելի՛ Աւետիս Ահարոնեան: Կը ծիծաղին մեր դիտաւորեալ անկարողութեան վրայ:
Տեսէ՛ք թէ ինչ կ՚ըսէ Հայաստանի Յուդա-Մասօնական Մեծ Օթեակի Մեծ Վարպետ Յուդա-Մասօն Քրիստափոր Սահակեանը.
"Ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայերը վերջապէ՜ս, հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստան տեղափոխելու այս ջահը, օծելով ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՕՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՕԹԵԱԿԸ 30 Յուլիս 2002-ին… Այսօր Յուդա-Մասօնական "Լոյսը" կը շողայ Հայաստանի վրայ… Մենք բոլորս, որպէս անդամներ Հայաստանի Յուդա-Մասօնական Մեծ Օթեակին, յանձնառու ենք կառուցելու "Լոյսը" որպէսզի շողայ Հայաստանի վերև և որպէսզի կիսենք այդ "Լոյսը" ուրիշներու հետ…" (ԱՐԱՐԱՏ" Շաբաթաթերթ – Պէյրութ)
Այդ "ուրիշը" վստահաբար ԹՈՒՐՔՆ է:
Այս "հայու" տեսակին պէտք է վտարել Հայաստանէն: Այս "թիփ"-ը մեր ազգի թշնամին է և այս բոլորը` օր-ցերեկով, պետութեան աչքի առջև ու թերևս անոր հովանաւորութեամբ ու աջակցութեամբ: Հոյակա՜պ:
Եթէ Մասօնութիւնը լաւ բան է ինչու՞ չեն "բացայայտէր" անոր օրէնքները ծրագիրն ու նպատակը ու ամէն բան կ՚ընեն թաքուն, ծածուկ, մատիկներո՜վ:
Զարմանալին այն է, որ ալ չեն վախնար, կամ չեն ամչնար ըսելու` որ իրենք Մասօն են:
Մասօններու համար Քրիստոսը Աստուած չէ, Մուհամմէտ Մարգարէն ու Պուտտան` քիչ մը խելօք մարդիկ:
ՅԱԿՈԲ ՊՕՏՐՈՒՄԵԱՆ
"Աշխարհի Գրաւման Ճանապարհին"


to Vahan Asrabian’s comment
If you read carefully my reply to Papken Boyajian I specifically mentioned that it was sad that any Armenian school be closed. BUT one has to realize the situation.
I want to add a couple of remarks
Regards,
Antranik Chaderjian
Montreal
A friendly reminder
Unlike Facebook and other outlets Keghart.com reviews all comments prior to final posting. The goal is to promote a constructive dialogue. Of course, criticism/critiques are expected and encouraged provided they are about facts and ideas and not personal attacks.
Please limit your comments to 200 words and avoid posting links in the way they appear. Use the word dot where dots are required; example: instead of writing http://www.keghart.com inscribe wwwdotkeghartdotcom.
As a reminder please read the note that appears above the box where comments are posted:
Keghart.com edits comments for grammatical, spelling errors, obscenity, libelous, offensive
and confrontational expressions. Please limit comments to a maximum of 200 words.
Incomprehensible or irrelevant sentences and duplicate comments will be removed.
When you submit your comment, this website will send you a verification email to safeguard
against spam and impersonation, please click on the link in that email.
Comments are usually posted within 24 hours following your verification.
The Saga of Armenian Schools
Today I was told by a reliable source that the Armenian Evangelical Community of Beirut and the Armenian Missionary Association of America {AMAA) are in a process consolidating their three high schools.
Presently there are three Armenian Evangelical High Schools in greater Beirut, one each in West Beirut, in Ashrafieh, and in Nor Marash.
When the AMAA, the most responsive organization in my view, is considering consolidating the Evangelical High Schools in greater Beirut, is an indication that the changes in the demography of the Armenian community of Beirut, in its economy, as well as in its norms, and attitudes have crossed the Rubicon to sustain the Armenian school as they did before the civil war.
We are at a crossroad in the Diaspora.
Some notes on Armenian schools
I had promised myself never to get involved in any Armenian discussion, but I do have a few points to make (perhaps some are repetitious of what the kind readers have already mentioned).
1. AGBU’s decision to close schools in the diaspora has done more harm than good; true. However, we must also look at why there is dwindling number of students. From my experience with some Armenian schools in Beirut (as education consultant or as AGBU Education Committee member many years ago), I can safely say that AGBU is NOT interested in hiring good teachers or providing scholarships to outstanding students.
a) The salaries of teachers are less than salaries of teachers in non-Armenian schools. In fact, AGBU & other Armenian schools expect that “Armenians work for peanuts because they owe it to their nation.” Of course, in many of these schools, non-Armenian teachers are paid more than Armenian ones because they are able to negotiate.
b) Teachers in many Armenian schools are not trained well; many were hired long ago without even having the proper education; however, as one AGBU “elite” member put it at the time, “AGBU cannot afford to pay indemnity to outgoing staff members who had served the school for 20-25 years. When I was a committee member, an 80-year old was still serving as the director of kindergarten. Note that during the civil war and right after it, many were hired without having the proper training.
When I used to teach at AUB and ran teacher-training workshops a week before the academic year began, my colleagues and I never had a teacher from any of the Armenian schools; I guess our teachers are know-it-all.
The space here will not allow me to give your readers all the details of how some have been hired by AGBU.
c) When tuition fees in these schools are in the thousands of US dollars, providing $400 or $500 as scholarship to outstanding students does not encourage parents.
d) AGBU, run not by a board of trustees but a handful of “uneducated” self-appointed "leaders", was expected to run its course. First, they have no clue what education is; second, they are apathetic towards the needs of these schools since they have the money to send their children to “better” non-Armenian and according to them “more prestigious” schools, paying tuition that is 3 or 4 times more than that of an Armenian school.
e) Evangelical schools are able to sustain themselves with the support they get from private citizens in the US, many of whom are not even Armenian, but belong to the Evangelical church.
f) From what I have heard, AGBU schools in Beirut are closing; however, a new campus incorporating all the schools will be opened in Naqqash area (overlooking Antelias). Having said this, I also believe that walls do not make a school. If the same type of teachers and administrators, and the same mentality are going to run the school, it is doomed. Let them close and save the money.
2. The whole blame cannot be put on the school administrators. Many parents are also to blame. While I was serving on the AGBU Education Committee, one of our tasks was to study applications for scholarships or financial support. Some parents who could afford the tuition were applying on the premise “I just bought a BMW, and need two years to catch up” (this was an actual reason written on an application)… or on the premise that “if the Armenian school is interested in keeping numbers high, they’d better have my kid study for free”.
And when applications were rejected, some parents moved their children to much more expensive non-Armenian schools.
With many similar attitudes, in addition to AGBU’s abandoning diaspora schools, it is hard to keep 3-4 schools open.
3. A couple of days ago, I also heard that the ONLY Armenian school – Youzbashian Gulbenkian School (KG and elementary) – in Amman, Jordan will also be closing after more than 55 years because AGBU and Gulbenkian stopped financing this school and it was depending on a non-Armenian NGO for the past 4 years. Since my family is from Amman, I also have first-hand knowledge of the corruption that was going on in that school. As the Armenian expression goes, "Kloukhen hodadz er”. Again, this space is not enough to describe all the corruption that went on in that school; and I know only of the instances that have happened with two of my close relatives.
My apologies again. But I am not here to rebuff any of the comments written above. My intention was only to share my experience with some Armenian schools.
And since knowing someone in your community seems to be very important to some readers before agreeing or disagreeing with him/her, I do hope none of you living in Beirut, Amman or Toronto knows me.
Thank you.
Katia
Perplexed
What a disheartening commentaries and personal experiences.
I am not a member of AGBU and have not attended AGBU affiliated schools but I am perplexed in your assertion that AGBU is not interested in hiring good teachers when many of the Armenian teachers in the AGBU affiliated school in my time were notable literary and pedagogical figures and commanded community-wide respect; and many if not most of the students graduating from Tarouhie Hagopian and Hovagimian Manougian Schools excelled academically and charted exemplary courses in life.
It may be that it was then, Alex Manougian era and that things have changed.
Comments are closed.