Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ղեկավարութիւնը

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 19 Փետրուար 2013,

Յապաւումներով.-Խմբ.

[…]

Վերջին հարիւրամեակին մեր ազգային կեանքն ու գործերը ղեկավարող ու կանոնաւորող ոյժը եղած է Ազգային Սահմանադրութիւնը: Թէեւ շատեր, մասնաւորաբար բոլոր անոնք որոնք «ղեկավարի» դերեր ստանձնած են, կը խօսին պարագայաբար օրէնքի մասին, բայց դժբախտաբար բոլորն ալ ապաւինելով հանդերձ օրէնքին՝ կը չարաշահեն զայն, տեղի տալով անկարգութեանց, որոնք կը փոթորկեն մեր ազգային ներքին կեանքը: Դժբախտաբար շատ քիչեր են անոնք՝ որոնք ունին իսկական ճանաչողութիւնը օրէնքին եւ անկէ բխող տրամադրութիւններուն:

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 19 Փետրուար 2013,

Յապաւումներով.-Խմբ.

[…]

Վերջին հարիւրամեակին մեր ազգային կեանքն ու գործերը ղեկավարող ու կանոնաւորող ոյժը եղած է Ազգային Սահմանադրութիւնը: Թէեւ շատեր, մասնաւորաբար բոլոր անոնք որոնք «ղեկավարի» դերեր ստանձնած են, կը խօսին պարագայաբար օրէնքի մասին, բայց դժբախտաբար բոլորն ալ ապաւինելով հանդերձ օրէնքին՝ կը չարաշահեն զայն, տեղի տալով անկարգութեանց, որոնք կը փոթորկեն մեր ազգային ներքին կեանքը: Դժբախտաբար շատ քիչեր են անոնք՝ որոնք ունին իսկական ճանաչողութիւնը օրէնքին եւ անկէ բխող տրամադրութիւններուն:

Օրինակները շատ են մօտիկ անցեալէն մեզի եկող. երիտասարդ գործիչներ, որոնք ի պաշտօնէ պարտաւորութիւնը ունին Սահմանադրութիւնը լաւապէս ճանչնալու եւ իւրացնելու անոր տրամադրութիւնները, անտեղեակ են Սահմանադրութեան ժողովրդային ոգիէն բխող տրամադրութիւններուն եւ հետեւաբար իրենց անգիտութեամբ եւ երբեմն ալ գիտակցաբար կ՛արտօնեն օրինական խախտումներ յանուն խմբակցային շահերու:

Մանաւանդ այս դարուն, եւ մասնաւորաբար մեր օրերուն, կը տեսնենք որ Սահմանադրութենէ ճառող ճերմակամօրուս արքեպիսկոպոսներէն սկսեալ մինչեւ «ղեկավարութեան» կոչուած իմաստակներ տղայական յաւակնութիւններ ունին մեզի համոզելու, թէ այն ինչ որ կը կատարեն օրէնքի անունով, թէկուզ գլխիվայր շրջելով իրողութիւնները, դարձեալ այդ բոլորը կը կատարեն յօգուտ իրենց ծառայած Թեմերուն կամ գաղութներուն:

Սահմանադրութիւնը համազօր է անգլերէն «constitution» բառին եւ ունի պետական տարողութիւն: Սակայն մեր ազգային կեանքին մէջ նոյն իմաստն ունենալով հանդերձ, կը ձգտի սահմանել եւ ճշդել մեր Նուիրապետական Աթոռներու եւ անոնց գործակից աշխարհական տարրի իրաւասութիւնները եւ ազգին հանդէպ իրենց ունեցած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար իւրաքանչիւր անհատի պարտք ու իրաւունքը ազգային իշխանութեան հանդէպ:

Սահմանադրութիւնը յառաջ եկաւ մեր ազգային կեանքի մէջ տեղի ունեցող օրինազանցութիւններն ու անկանոնութիւնները սանձելու, որովհետեւ մինչեւ 1860 թուական, Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումը, մեր ազգային կեանքը կը ղեկավարուէր պատրիարքներու եւ ունեւորներու (ամիրաներու) դասակարգի մը կողմէ, որոնք կը գործէին իրենց անձնական շահերէն եւ փառասիրութենէն մղուած: Ահաւասիկ այս ունեւորներու դասակարգը այնքան զօրացաւ որ պատրիարքներն անգամ ենթակայ եղան իրենց քմահաճոյքներուն:

Բարեբախտաբար Եւրոպայի մէջ իրենց ուսումը կատարելագործած երիտասարդ մտաւորականներու սերունդ մը, տոգորուած Ֆրանսական յեղափոխութեան սկզբունքներով եւ ընկերային ըմբռնումներով, անհանդուրժելի նկատելով մեր ազգային կեանքին մէջ տիրող մտայնութիւնն ու վարչակարգը, ժողովրդային հակակշռին ենթարկեց պատրիարքներու եւ ունեւորներու դասակարգին անսանձ եւ անփառունակ գործունէութիւնը:

Այս դժբախտ կացութեան բնական հետեւանքն է այն տխուր պատկերը զոր մեզի կը ներկայացնէ պատրիարքներու պաշտօնավարութեան ցուցակը, ուր յստակօրէն կը տեսնենք թէ ինչպէս Պոլսոյ 109 պատրիարքներէն 8-ը նոյն տարին հրաժարած են: 38-ը միայն մէկ տարի պաշտօնավարած են: 14-ը երկու տարի պաշտօնավարած են: 11-ը երեք տարի պաշտօնավարած են. մէկ խօսքով՝ 109 պատրիարքներու պաշտօնի տեւողութեան միջինը եղած է չորս տարի եւ երեք ամիս միայն…: Ի՜նչ ողբերգութիւն:

Թէեւ երիտասարդութեան այս համարձակ քայլը ժողովրդային զանգուածներէն լայն քաջալերանք ստացաւ, սակայն բախեցաւ ունեւորներու դասակարգին ընդդիմութեան եւ տեղի տուաւ բուռն պայքարներու, որոնք ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար զարգացան եւ յանգեցան սահմանադրական կարգերու հաստատումին, որովհետեւ ե՞րբ կարելի եղած է խեղդել ժողովրդային շարժում մը բիրտ միջոցառումներով: Երկար պայքարներէ ետք ժողովուրդը կրցաւ արժեցնել իր իրաւունքը, վերջ տալով հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող վարչակարգի մը, կոտրելով յամառութիւնն ու յաւակնութիւնը ունեւորներու դասակարգին, որ կռթնած իր նիւթական առաւելութեանց՝ կը կեղեքէր Հայ Ազգը:

Թէեւ շատոնց անցած են այն օրերը, բայց մեր այսօրուան ազգային-եկեղեցական կեանքը իր բազմաթիւ պարագաներով կը յիշեցնէ ամիրայական այս դասակարգի սխրագործութիւնները: Տակաւին կան մարդիկ, «ազգայինք» յորջորջումով, որոնք կը յանդգնին իրենց ոսկիներու ոյժով ազգային ղեկին տիրանալ, հարիւր յիսուն տարիներ առաջ մեծ զոհողութիւններու գնով զգետնուած դրութիւն մը վերահաստատելու ցնորական ձգտումով, այն ալ՝ քսանմէկերորդ դարու մէջ:

Այդպիսիներուն՝ մեր խօսքը հետեւեալն է.- այդ օրերը շատո՜նց անցած են ու այլեւս չեն կրնար վերադառնալ, որքան որ ալ նեցուկ կանգնին ձեզի այլեւայլ պատեհապաշտ կազմակերպութիւններ իրենց զանազան հաշիւներով եւ ծրագիրներով: Որովհետեւ, ուշ կամ կանուխ, կու գայ օրը, երբ ժողովուրդի անտարբեր զանգուածը ի վերջոյ կ՛արթննայ իր թմբիրէն, եւ իւրաքանչիւր անհատ գիտակցելով ազգին հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն, կը կատարէ իր նիւթական օժանդակութիւնը իր կարողութեան չափով, կը ներդնէ իր բարոյական եւ ֆիզիքական զոհողութիւնը, կանգուն պահելու համար ինչ որ իրեն փոխանցուած է որպէս աւանդ իր պապերէն՝ եկեղեցի, դպրոց եւ բարեսիրական հաստատութիւններ անխտիր: Հետեւաբար՝ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն ամիրայութիւն խաղալ, «դրամը մեր ձեռքն է, ազգը մենք պիտի ղեկավարենք» յայտարարող յաւակնոտները, պարտին հնազանդիլ օրէնքի ու կանոնի ամէն մէկ տրամադրութեան եւ միայն իրենց անձերու արժանիքներուն ապաւինելով յաջողին վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին, որ միակ տէրն է ազգային հաստատութիւններուն:

Նոյն պարտաւորութիւնները ունին նաեւ մեր նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմող հովուապետերը, որոնք թէեւ ի պաշտօնէ կը նախագահեն մեր ազգային ժողովներուն, բայց եւ այնպէս պարտաւոր են գործել Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն եւ ոչ ըստ կամս: Չկայ ոեւէ անհատ հեղինակութիւն, որ ինքզինք աւելի բարձր կը նկատէ կամ կրնայ նկատել քան օրէնքը. «Ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ Աստուած մէկ անձի միայն պիտի ուզէ տալ արդար դատելու այդ իրաւունք-իշխանութիւնը»: Եւ սակայն հակառակ այս մեծ ճշմարտութեան, մեր նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմած հովուապետերը կը յանդգնին անտեսել եւ ոտնակոխել օրէնքի տարրական պարտաւորութիւնները: Այս բոլոր անկանոնութեանց որպէս հետեւանք կը հանդիպինք անարդար եւ անբնական կարգազրկումներու, որոնք միայն կը նսեմացնեն փայլքը հազարամեայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ զայն կը վերածեն շուկայական առեւտրական հաշիւներու:

Եկեղեցին անկասկած՝ ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ: Բայց իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այդպէս չեն պարագաները այսօր, որովհետեւ մեր նուիրապետական Աթոռներէն ներս դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որոնք մեզ կը յուզեն եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում կը յառաջացնեն իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։ Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքաքանչիւր եկեղեցական, բաձրաստիճան թէ փոքրաւոր՝ կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն։

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Եկեղեցին իրաւունք ունի դատելու, պայմանաւ որ եկեղեցականի կեանքին մէջ պատահած անկանոն երեւոյթները բազմակողմանի քննութեան ենթարկուին անաչառ մօտեցումով, դատաստանը ըլլայ դռնբաց, դատաւորներու ( Տնօրէն Ժողով, Միաբանական Ընհանուր Ժողով եւ ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով) եւ մեղադրեալի ներկայութեամբ, եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով։ Դատաստան մը բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն անձին համար, որուն հանդէպ կատարուած են մեղադրանքները կամ զրպարտութիւնները։ Հետեւաբար, որպէսզի վճիռ մը իր բարոյական բարձրութեան վրայ մնայ եւ կշիռ ունենայ, անհրաժեշտ է որ ան չըլլայ որպէս արդիւնք կամայականութեան, քինախնդրութեան, քմահաճոյքի եւ կիրքի:

Անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ՛ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէ մը։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն։

Մեր ախտաճանաչումները միայն մէկ պատասխան ունեցան մինչեւ այսօր. յանցապարտ, անողնայար, ստրկացած եկեղեցականներու յամառ լռութիւնը, «եւ սակայն կարաւանը կը քալէ» հոգեբանութեամբ: Հանրային հաշուետուութենէն խուսափող եկեղեցականութիւն մը կայ այսօր դժբախտաբար, եւ սակայն ժամանակը հասած է եւ անհրաժեշտ է սեղմել անոնց կոկորդը օրէնքի պարանով յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան:

ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցին կը գտնուի նոր պայմաններու, վիճակներու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Բարեկարգութեան եւ ազգային գիտակցութեան վերակերտման եւ վերանորոգութեան գործին մէջ, Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական վերակազմութեան գործը պիտի ըլլայ բարեկարգութեան հրատապ հարցին ամենէն ուշագրաւ եւ առաջնակարգ կէտերէն մէկը։

Չենք վարանիր ըսելու, որ վարչական վերակազմութեան եւ բարեկարգութեան հարցին կապուած է Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն (պաշտօնէութեան) պաշտօնավարութեան սահմանը։ Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական կեանքի աւանդական եւ նախկին դրութեան համաձայն, կային կարգ մը անփոփոխ վիճակներ. օրինակի համար՝ ձեռնադրուած քահանայ մը կամ թեմի մը վրայ ձեռնադրուած եպիսկոպոս մը մինչեւ մահ տէրն էր իր ծուխին կամ իր թեմին, եթէ, եպիսկոպոսի պարագային, աւելի բարձր պաշտօններու կոչուելով, պարտաւոր չըլլար հեռանալու իր պաշտօնէն: Նոյնն էր նաեւ կաթողիկոսներու եւ պատրիարքներու պարագան, պաշտօններ՝ զորս կը վարէին ցկեանս։

Այսօր սակայն, ինչպէս որ քաղաքական եւ տնտեսական կենցաղի մեր պայմանները փոփոխուած են ժամանակի պահանջներուն համաձայն, նոյնպէս պարտաւոր ենք փոփոխութիւններ կատարել Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութեան մէջ։ Բարեբախտաբար՝ ժամանակը լուծած է շատ մը հնադարեան սովորութիւններ, մասնաւորաբար ժառանգական իրաւունքը՝ ըլլայ ան քահանայութեան եւ կամ կաթողիկոսութեան պաշտօններու պարագային։

Աշխարհը կառավարող սահմանադրական ընդհանուր եւ մարդկային հիմնական սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերու վրայ հիմնուելով կրնանք յայտարարել՝ որ Հայց. Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն պաշտօնը՝ որ կաթողիկոսութիւնն է, պատշաճ է որ ենթարկուի նաեւ կանոնական պարտաւորութեանց եւ պաշտօնավարութեան տրամաբանական սահմաններու։ Այլ խօսքով՝ նկատի առնել ենթակային տարիքի հարցը եւ պաշտօնէութեան տեւողութեան սահմանը եւ ըստ այնմ ճշտել ընտրելի թեկնածուները։

Տարիքի հարցը անհրաժեշտ է, որովհետեւ մարդ արարածը իր կամքէն անկախ ֆիզիքական չափ ու սահման մը ունի իր տոկունութեան մէջ, իր պաշտօնը արդիւնաւորապէս կատարելու համար։ Անհրաժեշտ չենք գտներ աւելի պարզաբանել տարիքի հարցը, որովհետեւ բարձրագոյն պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուած անձը, թեւակոխելով որոշ տարիքի մը սահմանը, պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը նոյն աշխուժութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է որ քաշուի եւ հանգստանայ, Եկեղեցիին խնայելով նորանոր բարդութիւններ:

Իսկ եթէ տակաւին առոյգ եւ կորովի է հանգստեան կոչուող ենթական, կրնայ իր հանգստեան ժամանակ իր տարիներու փորձառութեամբ ձեռք բերած գիտելիքները ի սպաս դնել նոր քատրերու դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ բանասիրական աշխատանքներու արդարօրէն գնահատելի աշխատանքին մէջ։ Միւս կողմէ, Ազգային Սահմանադրութեան երկրորդ եւ երրորդ յօդուածները կը թելադրեն եւ կը պարտաւորեն Ազգային իշխանութիւնը որ «Ազգին ծառայութեան մշտնջենապէս նուիրեալներուն կացութիւնը բարւոքեն եւ անոնց ապագան անդորրեն»:

Այս սկզբունքին հաւատացող մեծագոյն օրինակը տուաւ վերջերս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իմաստուն Հովուապետը՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը, որ քաջութիւնն ու վեհանձնութիւնը ունեցաւ յայտարարելու, որ իր յառաջացեալ տարիքի բերմամբ ֆիզիքապէս տկարացած ըլլալով կը հրաժարի իր հովուապետութենէն, Աթոռը յանձնելով երիտասարդ նոր ոյժերու:          

Ի՞նչ են արդեօք այդ գլխաւոր իսկական պատճառները, որ մեր առաջնորդական ու նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմած եկեղացականները այդպէս ամուր կառչած կը մնան Աթոռին, նոյնիսկ իրենց յառաջացեալ տարիքին մէջ, երբ արդէն կորսնցուցած են ամէն տրամաբանութիւն, գիտութիւն եւ կարողութիւն: Մարդ արարածը որքան փառամոլ ըլլալու է, որ կուրացած ոսկեզօծ բեհեզներու եւ ադամանդակուռ մատանիներու սին փառքերով, այդքան կառչած կը մնայ իր Աթոռին, թէկուզ ցնդած իմացականութեամբ:

Այս իրողութեան գործնական-ժխտական վկայութիւնները տեսանք Երուսաղէմի Պատրիարքութեան մօտ վերջին տարիներուն եւ կը տեսնենք տակաւին այսօր՝ Պոլսոյ պատրիարքութեան պարագային։ Եթէ ունենայինք վարչական բարեկարգեալ վիճակ, թէ՛ եկեղեցականներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին խնայած պիտի ըլլայինք նորանոր բարդութիւններ մեր եկեղեցական, ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ եւ առիթ պիտի չտայինք անհատներու եւ կազմակերպութիւններու որ օգտագործեն այս դժբախտ առիթները, իրենց փառասիրութենէն եւ շահամոլութենէն մղուած։

Այսօր ամբողջ աշխարհ, բացի այն երկիրներէն որոնք կը ղեկավարուին միահեծան բռնիշխանական պետերու կողմէ, կը ղեկավարուի սահմանադրական օրէնքներով եւ յստակ, յատուկ պաշտօնավարութեան տարի սահմանած է իր երկրի ղեկավարին համար: Միացեալ Նահանգներու պարագային, օրինակի համար, Նախագահը իր պաշտօնավարութեան քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, օրէնքի տրամադրութեամբ կը դադրի իր պաշտօնէն։ Իսկ այն պարագային, երբ ան հաւատարիմ եղած է իր պաշտօնին ու երկրի սահմանադրական օրէնքներուն, եւ որոշ չափով արժեցուցած իր պաշտօնավարութիւնը՝ իր ժողովուրդի ակնկալիքներուն համաձայն, ժողովուրդը դարձեալ կրնայ ընտրել զինք յաջորդ քառամեայ շրջանի մը համար եւս։

Այս օրէնքը, որ որդեգրուած է աշխարհի մեծագոյն ժողովրդապետական պետութեանց կողմէ, կրնայ օրինակ ծառայել նաեւ մեզի: Ինչո՞ւ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի օրէնք մը ոչ՛ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար:

Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին կը տեսնենք որ կաթողիկոսական ընտրութիւնները միակերպ չեն եղած երբեք: Նաեւ պատմութենէն գիտենք որ կաթողիկոսներ գահընկեց եղած ու անոնց տեղ ուրիշներ ընտրուած են, եւ ոմանք ալ ունեցած են աթոռակիցներ։ Հետեւաբար՝ պատճառ մը չկայ որ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ ներկայ դարու ոգիին համաձայն ընտրական նոր դրութիւն մը, հաստատելով տարիքի եւ պաշտօնավարութեան սահմաններ՝ առաջնորդներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու պաշտօններուն համար։

Կը կարծենք որ մեծ իմաստութիւն կայ նման մտածողութեան մէջ, երբ նկատի առնենք այն իրողութիւնը որ մարդիկ կրնան կա՛մ ֆիզիքապէս տկարացած ըլլալ, կամ գոհացուցիչ չէ իրենց կատարած պաշտօնը, եւ կամ ալ կան այնպիսի չնախատեսուած պատճառներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան առողջ եւ ողջամիտ պաշտօնավարութեան մը։ Հետեւաբար այդ պաշտօնեաներու դադրեցումը կը խնայէ թէ՛ անհատին հոգեմաշում, եւ թէ հայ ժողովրդեան կեանքի նոր ալեկոծումներ:

Այս է ընդունուած օրինական կերպը: Հակառակ պարագային կը ստեղծուի քաոս եւ անկարելի կը դառնայ շինարար որեւէ աշխատանք: Կեանքի եւ տրամաբանութեան երկաթեայ պահանջն է այս, որուն պարտաւոր է ենթարկուիլ ամէն անձ: Գործնական կեանքէն եկող այս ազդարարութիւնը բաւական պիտի ըլլա՞յ զգաստացնելու մեր ղեկավարները որոնք պարտաւոր են բծախնդրութեամբ, շրջահայեցութեամբ եւ նուիրումով առաջնորդելու հայ ժողովուրդը:

Ազգովին կ՛ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ. Կեանքի պայմանները եւ հանրային հետաքրքրութեան լրջութիւնն ու պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը աւելի հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը, որ կը կոչուի Սահմանադրական Օրէնք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ:

Հայց. Եկեղեցին պատմական իր կոչումի ճամբէն շեղած է ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ ազդակներու, պատճառներու եւ դասալքութեան հետեւանքով եւ կանգնած է այսօր գահավիժումի եզրին: Դաւաճանել ազգային գոյութեան ամուր հիմերը կազմող սահմանադրական օրինականութեան՝ կը նշանակէ հող պատրաստել ազգային գիտակցութեան չքացումին, դասալքութեան եւ ընդհանուր ազգային նկարագրի կազմալուծումին: հանրային գիտակցութեան զարթօնքը միայն կրնայ մեզ փրկել եւ առաջնորդել նոր արշալոյսերու:

Ազգային ժողովները, որոնք արտայայտիչը պէտք էր ըլլային մեր ժողովուրդի կամքին, հեղինակութեան եւ իրաւունքներուն, եղած են լոկ անփութութեան եւ ձեռնթափութեան վիճակ ստեղծող ժողովներ: Հայց. Եկեղեցին հետզհետէ դառնալու վրայ է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն: Այս սանձարձակ վիճակին մէջ տակաւին կան ոմանք, թէկուզ փոքրաթիւ, որոնք կը հաւատան սահմանադրական սկզբունքներու, բայց եւ այնպէս չունին բարոյական ոյժը իրենց ձայները բարձրացնելու, եւ այդպէս ալ կղզիացած մեկուսի կ՛ապրին:

Սահմանադրական կարգերու հաստատումէն հարիւր յիսուն տարիներ ետք, կ՛ունենանք այն տպաւորութիւնը որ փոխանակ քայլ մը առաջ երթալու՝ կ՛երթանք դէպի ետ՝ այն խուժանային եւ անբոխային տարիները, երբ ամէն ինչ կ՛որոշուէր ամիրաներու կողմէ: Վստահաբար շատեր կը տեսնեն այս իրողութիւնը, բայց վախը ունին սահմռկեցուցիչ այս վտանգը ճակատէն դիմագրաւելու եւ հակադարձ շարժումի մը դիմելու, թէեւ այս օրերուն հայկական մամուլի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս կարգաթող, կարգալոյծ եկեղեցականներ քաջութիւնը կ՛ունենան բարձրաղաղակ յայտարարելու իրենց դժգոհութիւնը:

Ժամանակն է որ կազմակերպութիւններ, հանրային ղեկավարութիւն, գիտակից հոգեւորականութիւն եւ պատասխանատու աշխարհական մտաւորականութիւն կոչումն ու պատասխանատուութիւնը զգան պայքարի գնով պաշտպանելու այն ինչ որ մինչեւ հիմա շահուած է ժողովրդային բուռն պայքարով: Անհրաժեշտ է կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու առթիւ ըլլալ նախանձախնդիր եւ աղմուկ ստեղծել, գրչապայքարի դիմել, փոխանակ անտարբերութեամբ դիտելու օրէնքի եւ կանոնագրութեանց խախտումները, նամանաւանդ երբ սանձարձակ քայլեր կ՛առնուին ազգային-եկեղեցական մարզերու մէջ:

Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ձեռնածալ մնալ բացայայտ ապօրինութիւններու, սահմանազանցումներու եւ աններելի յաւակնութեանց հանդէպ՝ մեզ կը դարձնեն համահաւասար մեղսակիցներ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը չարաշահեն հանրային վստահութիւնը:

Կենսականը այն է՝ որ անխախտ եւ անխոտոր պէտք է պահպանուին ժողովրդապետական կարգերը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցւոյ գերիշխան հեղինակութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:

Երբ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կը պակսի օրէնքի տիրապետութիւնը, երբ հանրային կարծիք եւ ղեկավարներ ուս թօթուելով կ'անցնին, սահմանազանցումները կը շարունակուին աւելի շեշտակի կերպով եւ կը դառնանք անղեկավար խուժան հասարակութիւն մը: Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող հրատապ հարցերը բազմաթիւ են եւ կը սպասեն արդար լուծումի:

Իրատես եւ իրապաշտ իւրաքանչիւր հայ, որ հանրային ճանաչում եւ ապրում ունի, չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ տեղի ունեցող կաղացումներուն, թերացումներուն եւ սխալներուն: Ճակատագրական այս, օրերուն երբ մեզ կը շրջապատէ ողբերգական առօրեան, չենք կրնար եւ իրաւունք ալ չունինք կրաւորական դիրքի մէջ մնալու, երբ մեր աչքին առջեւ կ՛ոտնակոխուին սահմանադրական ամէն տեսակի օրէնքներ՝ անհատական կեցուածքներ արդարացնելու համար, որոնք զուրկ են տրամաբանական ըլլալէ ամէն կերպով:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի եւ, դարձեալ, որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:

Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներ, առաջնորդներ, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ քահանայութիւն՝ հաշուետու են ազգին եւ անկէ ընտրուած ժողովներու: Որեւէ շեղում եւ օրինազանցութիւններ անընդունելի են՝ ի՛նչ ձեւի արդարացումներ ալ յառաջ քշուին զանոնք չքմեղացնելու համար:

Ներելի չէ այս կրաւորականութիւնը հայուն, որ աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներ առաջ թօթափեց ամբոխային հոգեբանութիւնը եւ իր քայլերը յարմարցուց արեւմտեան աշխարհի ընկերային կարգերուն եւ սկզբունքներուն: Անհրաժեշտ է արթուն պահել հանրային կարծիքը, բողոքել եւ խափանել ամէն չարաշահում, անկարգութիւն, սայթաքում եւ ապասերում որ կ՛արատաւորէ հայութեան պատիւն ու կ՛եղծանէ անոր նկարագիրը մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ:

Չենք կրնար անտարբեր մնալ այն իրողութեան հանդէպ, որ մեր նուիրապետական Աթոռները հոգեւոր եւ նուիրապետական իրենց դերերուն մէջ ձախողած են այն պատճառով որ արտաքին ու ներքին քաղաքական միջամտութիւններ եւ հետամտութիւններ թոյլ չեն տար որ Եկեղեցին առողջ գործունէութիւն ունենայ եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ, ինչ որ իր առաքելութեան կորիզը կը կազմէ: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ քաղաքական որեւէ գունաւորումէ, հակառակ պարագային ան կը դառնայ հաւաքական խաթարումի եւ այլասերումի թատերաբեմ:

Ամէն բանէ աւելի մեր մտահոգութեան կորիզը կը կազմէ մեր նոր սերունդը, որուն պիտի փոխանցենք հայապահպանման գործի անմար ջահը: Սերունդ մը, որ շատ աւելի շեշտուած կերպով ենթարկուեցաւ արեւմտեան աշխարհի կեանքի բոլոր պայմաններուն՝ լեզու, կրթութիւն եւ նպաստաւոր ապրուստի լայն հնարաւորութիւններ: Այս նոր սերունդը դժբախտաբար յաճախ աւելի ամերիկացի է, ֆրանսացի է, գանատացի է, եւայլն, քան հայ: Ինչպէ՞ս ակնակալել լուրջ կեցուածք այնպիսի սերունդէ մը, որ հայերէն չի լսեր, հայերէն չի խօսիր, անգիտակ է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին: Չենք վարանիր ըսելու որ այս ողբերգութեան մէջ իրենց բաժինը ունին մեր եկեղեցական եւ ազգային ղեկավարները, որոնք իրենց նշանաբան ըրած են հեշտ կեանքը եւ կ՛ապրին կեանքը «օրը օրին», ինչպէս առածը կ'ըսէ:

Արեւմտահայութիւնը՝ տարածուած արեւմտեան աշխարհի մէջ, այսօր, անյուսութեան երազներով կ'ապրի ի տես իր նոր սերունդի ազգային կեանքի հանդէպ ունեցած գործնական սահմանափակումներուն: Սփիւռքեան առօրեայ կեանքի հարկադրանքները պատանի, երիտասարդ եւ չափահաս սերունդը կ՛առաջնորդեն այնպիսի կեանքի մը՝ որ զիրենք ամբողջութեամբ կ'անջատէ մեր եկեղեցական-ազգային կեանքէն եւ հետեւաբար մեր գոյութենական պայքարէն:

Հայութեան եկեղեցական-ազգային, մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին հետ ամէն կապ խզած այս սերունդները պիտի կարենա՞ն մեր գոյութենական պայքարի ջահը բարձր պահել: Մռայլ է ապագան, որովհետեւ մեր ղեկավարները կորսնցուցած են իրենց կոչումն ու պարտաւորութիւնը հայ ժողովուրդի ծառայութեան կեանքին մէջ:

 

 

 

You May Also Like
Read More

Տեսակէտ

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 5 Յունուար 2022 «Քաղաքական գործիչներից ոմանք, որ ամէն նիւթի շուրջ ասելիք են գտնում, սխալմամբ է…
Read More