Հայաստանը, Պըրրին Եւ… Մենք

Մեր Այսօրը՝ Վաղուան Հաշւոյն Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Հոկտեմբեր 2011
 
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելութիւնը Երեւան, անտարակոյս, պատմական եւ անկիւնադարձային իրողութիւն մը եղաւ (եւ է՛), որուն մասին պէտք է լրջօրէն խորհրդածել, համապատասխան քննարկումներով ու գնահատումներով:
 
Դժբախտաբար, լիբանանահայ շրջանակներէ ներս, այս կարեւոր իրադարձութիւնը իր անհրաժեշտ արձագանգները չգտաւ, յատկապէս մամուլին կողմէ, որ բաւականացաւ միայն լրատուութեան ու մասամբ ակնարկային բաժիններ յատկացնելով (տակաւին չըսելու համար, որ ոմանքկցկտուրուկարկտանդերակատարութիւններու մէջ գտնուեցանմեկնաբանութեան կը կարօտի՞):

Մեր Այսօրը՝ Վաղուան Հաշւոյն Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Հոկտեմբեր 2011
 
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելութիւնը Երեւան, անտարակոյս, պատմական եւ անկիւնադարձային իրողութիւն մը եղաւ (եւ է՛), որուն մասին պէտք է լրջօրէն խորհրդածել, համապատասխան քննարկումներով ու գնահատումներով:
 
Դժբախտաբար, լիբանանահայ շրջանակներէ ներս, այս կարեւոր իրադարձութիւնը իր անհրաժեշտ արձագանգները չգտաւ, յատկապէս մամուլին կողմէ, որ բաւականացաւ միայն լրատուութեան ու մասամբ ակնարկային բաժիններ յատկացնելով (տակաւին չըսելու համար, որ ոմանքկցկտուրուկարկտանդերակատարութիւններու մէջ գտնուեցանմեկնաբանութեան կը կարօտի՞):

***
Ծանօթ է, թէ շրջանը կանցնի խիստ վտանգաւոր ու փափուկ հանգրուաններէ:
 
Շրջանային կարգ մը պետութիւններ ու միջազգային գերատեսչութիւններու մեծ մասը դաւադրութիւններ կը հիւսեն (հիւսած են), դաւադրութիւններ կը կազմակերպեն (կազմակերպած են), դաւադրութիւններ սարքած են (կը սարքեն), որոնց մէջ ամենէն տխրահռչակ դերը վերապահուած է հիննոր օսմանիզմի ժառանգորդներուն, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեժիպ Էրտողանի:
 
Աւելի քան զաւեշտական է (նոյնիսկ հեգնական), որ նորօրեայսուլթանիկը, աջին ու ձախին սպառնալիք կու տայ, աջին ու ձախին ասպարէզ կը կարդայ, խօսելով ժողովրդավարութենէ՜, ազատութենէ՜, մարդասիրութենէ՜, մինչդեռ ինք կը հանդիսանայ աննախընթաց բռնատէրը, ճնշատէրը ու հալածատէրը, ոչ միայն ուրիշներու նկատմամբ (փոքրամասնութիւն թէ ուրիշ), այլեւ՝ թուրք ժողովուրդին, որուն քաղաքական բանտարկեալենրը, խօսքի ազատութեան զրկեալները, քաղաքական գործի հալածեալները կը կեղեքուին ու կը հիւծուին թրքական զնտաններուն եւ արգելակայաններուն մէջ:
 
Խօսի՞նք հակաքրտական թրքական ֆաշիզմին մասին, օրցերեկով քիւրտերը օդայինցամաքային ռմբակոծման հաշուեյարդարի ենթարկելով, արարաշխարհի սառն աչքին առջեւ, անդին՝ իր հովանաւորը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, մոռնալով հակամարդկային այս վանտալիզմը, տակաւին կը քաջալերէ Անգարայի վարիչներըթուր ու հուրցուցաբերելու իրենց հարեւաններուն նկատմամբ:
 
Ահաւասիկ այսպիսի թանձր ու մռայլ մթնոլորտի մը մէջ, որուն թիրախ կը դառնայ նաեւ Լիբանանը (Սուրիոյ կողքին), Էրտողան կը շարունակէ ինքզինքինարդարադատձեւացնել (անշուշտ, թելադրութեամբ ու հրահրումով Ուաշինկթընի), “միջնորդեւ… “առաջնորդ”, մէկ ճիւղէն միւսը թառելով:
 
Բարեբախտաբար, ժամանակը ցոյց տուաւ Թուրքիոյ երկդիմութեան աստիճանը, մերկացաւ անոր էութիւնը, երբ սկսաւ անպատկառօրէն միջամուխ ըլլալ արաբական աշխարհի ներքին գործերունբացարձակատիրական ոճով եւ ինքնատիրական մոլուցքով:
 
Նեպիհ Պըրրին, որ հեռատես եւ իրատես, կշռադատ ու խոհեմադատ դիւանագէտքաղաքագէտ մըն է, ՊԱՀԸ յարմար ու տեղին գտաւ, Հայաստանի իշխանութիւններէն իրեն ուղղուած հրաւէրին, ընդհո՛ւպ, ընդառաջել, հետեւեալ գործօններով.
 
Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր (եւ պետութեան) համակրանքն ու զօրակցութիւնը վերահաստատելու:
 
Լիբանանեան խճանկարին մէջ, լիբանանահայութեան ունեցած դերն ու ներդրումը վերագնահատելու:
 
ԼիբանանՀայաստան կապերը (զանազան մակարդակներու վրայ) վերանորոգելու:
 
Թուրքիոյ (եւ այլոց) հասկցնելու, թէ արաբներու ու հայերու ջերմ եւ անկեղծ յարաբերութիւնները պատմական ու խոր արմատներ ունին, հետեւաբար, ո՛չ Էրտողանը եւ ո՛չ ալ Տաւիտօղլուները կրնան զանոնք խախտել կամ զիրար հակադրել:
 
Հոս, ի պատիւ հայրենի իշխանութիւններուն, պէտք է անվարանօրէն ըսել, թէ Լիբանանի խորհրդարանական աւագանիին ընդունելութիւնը, բարձրագոյն մակարդակով եւ առաւելագոյն յաջողութեամբ, կրկնակիօրէն նշանակալից են, ոչ միայն Հայաստանի ու Լիբանանի հաշւոյն, այլեւ՝ արաբ ու հայ ժողովուրդին, ընդհանրապէս:
 
Կըսուի թէ՝ Պըրրի, իր այս այցելութեան ընթացքին, “ցնցուածէ ի լուր եւ ի տես այն սիրոյն եւ յարգանքին, զորս կը տածէ հայրենի ժողովուրդը (իր իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր հատուածներով) Լիբանանի ու Սուրիոյ հանդէպ, առ ի երախտագիտութիւն՝ որպէս ասպնջական երկիրներ:
 
Պըրրի՝ ինչպէ՞ս չգնահատէր Հայաստանն  ու հայ ժողովուրդը, որ այլապէս ալ իրենց քաղաքամայրին մէջ ունինՊէյրութանունով պողոտայ, հանճարեղ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի յուշարձան եւ Արաբ ժողովուրդի երախտիքը արտայայտող յուշակոթող (որուն պաշտօնականպետական բացումը օրին տեղին պիտի ունենայ):
 
Յամենայն դէպս, այս այցելութեան պատմականութիւնը, կարեւորութիւնը, այժմէականութիւնն ու ապագայականութիւնը պէտք չէհարեւանցիութեանսահմաններուն մէջ դիտել կամ պահել, այլ՝ լուրջ մեկնաբանութեան, եթէլրջութեան մօտեցում կայ:
 
***
Այս առիթով, մտահոգութիւն մը, որ պէտք է ըլլայ լիբանանահայ իւրաքանչիւր ազգային կառոյցի ղեկավարութեանմտահոգութիւնը:
 
Լիբանանեան օրէնսդրական մակարդակով պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Հայաստան եւ՝ ա՛յս հանգրուանին, երբ Լիբանանն ու Սուրիան թիրախ են գոյնզգոյն թիրախներու, կարելի՞ չէր զայն ներկայացնել աւելի լայն ֆոնի վրայ:
 
Խօսքը կը վերաբերի՝

Լիբանանեան բարձրաստիճանխորհրդարանական պատուիրակութեան մը այցելութեան Հայաստան, որուն կազմին մէջ ո՞ւր էին հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները: Դժուա՞ր էր այս կարեւոր մասնակցութիւնը ապահովել, ի յառաջագունէ:
 
Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը այս ուղղութեամբ բան մը ըրա՞ւ, գէթփսփսալու, թէ այս այցելութեան պէտք է տրուիծանրակշիռտարողութիւն, հայկականլրատուական շօշափելի ներկայութիւն մը ապահովելու տպաւորութեամբ:
 
Հայաստանի լրատու միջոցները, փոխանակ շքանշաններուտարափներըփրոփականտելու, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր որ գոնէ այս այցելութեան պատմականքաղաքական կշիռին վրայ շեշտը դնէին, համապատասխան վերլուծական անդրադարձներով եւ արձագանգներով, հայրենի թէ սփիւռքահայ ազգայինքաղաքական գործիչներու կողմէ:
 
***
Ի վերջոյ, մէկ բանի վրայ պէտք է համաձայնիլ.
 
Լիբանանահայութիւնը այս այցելութենէն պէտք է դաս առնէ, իր զանազան դրսեւորումներով:
 
Վաղը՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը վարչապետը կամ ուրիշ պատասխանատուներ եւս պիտի այցելեն Երեւան, ուստի, լաւ է որ հիմակունէ նախապատրաստուին, գէթ անոնք որոնք այս գաղութին եւ ՀայաստանԼիբանան յարաբերութիւններուն մէջ բան մը կը ներկայացնեն, բանի մը կը ծառայեն, բանով մը կը յուսադրեն:
 
Այլապէս՝ օրին կը խօսքինք…:
 
You May Also Like