Հայաստանի Ապագան Եւ Եւրասիական Համակարգը

Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան – Մոսկուա – Պէյրութ, 19 Յունուար 2015

Անցեալ 10 Հոկտեմբեր 2014-ին, Հայաստան, Ռուսիա, Պելառուսիա, Ղազախստան ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ թոյլ կու տար ստեղծելու Եւրասիական Միութիւն, սկսեալ 2015 թ. Յունուարէն։ Իսկ 2014 թ.ի Դեկտեմբեր 4-ին, Հ.Հ. Ազգային Ժողովը, 103 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու յարակցութեամբ, որոշեցին վաւերացնել Եւրասիական Միութեան անդամակցելու համաձայնագիրը։ Այսինքն՝ Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւնները, մէջն ըլլալով ընդդիմութիւնը, հաստատեցին Ռուսիոյ եւ հիմնադիր մնացեալ անդամ երկիրներու տնտեսական շուկային մաս կազմելու պատրաստակամութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարան) Պալատ

Այս երկրորդ պատմական կարեւոր որոշումը, 1991 թ. Անկախութենէն յետոյ, որուն յաջորդեց Արցախեան պատերազմը, պաշարումը Թուրքիոյ կողմէ, ներքին քաղաքական խռովութիւնները, ամբողջ 20 տարի շարունակ՝ ճանապարհ հարթեց Չինաստանի ու Հնդկաստանի, Իրանի ու ՊՐԻՔՍի հզօր երկիրներուն հետ տնտեսական համագործակցութեան։ Միւս կողմէն, 170 միլիոնանոց բազմազգ շուկայ, 3 թրիլիոնի հասնող առեւտրական եկամուտով…։

Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան – Մոսկուա – Պէյրութ, 19 Յունուար 2015

Անցեալ 10 Հոկտեմբեր 2014-ին, Հայաստան, Ռուսիա, Պելառուսիա, Ղազախստան ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ թոյլ կու տար ստեղծելու Եւրասիական Միութիւն, սկսեալ 2015 թ. Յունուարէն։ Իսկ 2014 թ.ի Դեկտեմբեր 4-ին, Հ.Հ. Ազգային Ժողովը, 103 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու յարակցութեամբ, որոշեցին վաւերացնել Եւրասիական Միութեան անդամակցելու համաձայնագիրը։ Այսինքն՝ Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւնները, մէջն ըլլալով ընդդիմութիւնը, հաստատեցին Ռուսիոյ եւ հիմնադիր մնացեալ անդամ երկիրներու տնտեսական շուկային մաս կազմելու պատրաստակամութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարան) Պալատ

Այս երկրորդ պատմական կարեւոր որոշումը, 1991 թ. Անկախութենէն յետոյ, որուն յաջորդեց Արցախեան պատերազմը, պաշարումը Թուրքիոյ կողմէ, ներքին քաղաքական խռովութիւնները, ամբողջ 20 տարի շարունակ՝ ճանապարհ հարթեց Չինաստանի ու Հնդկաստանի, Իրանի ու ՊՐԻՔՍի հզօր երկիրներուն հետ տնտեսական համագործակցութեան։ Միւս կողմէն, 170 միլիոնանոց բազմազգ շուկայ, 3 թրիլիոնի հասնող առեւտրական եկամուտով…։

Պէտք էր ուղղուիլ դէպի բարգաւաճ Արեւելք, Չինաստան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հիմնադիր երկիրներ եւ ոչ թէ տնտեսական բարդ իրավիճակի մէջ գտնուող Եւրոպական Միութիւն, որուն համար Հայաստան կրնայ կամուրջ ըլլալ դէպի Ռուսիա եւ Իրան եւ Կեդրոնական Ասիոյ այլ երկիրներ, մինչ Մոսկուայէն Թեհրան ճանապարհը կրնայ անցնիլ Երեւանէն, այսպիսով շրջանցելով թրքական սահմանային շրջափակումը, Միջազգային Արժոյթի հիմնադրամի (IMF) եւ Համաշխարհային  Դրամատան, USAID-ի ճնշումները, որոնք զարմանալիօրէն կը հակասեն Ամերիկայի նշանաւոր քաղաքագէտ Զպիկնիւ Պրժեժինսքիի երկու տարի առաջ յառաջ քաշած տեսակէտին, թէ պէտք է աշխարհ դէպի Արեւելք ուղղուի…։

Ա.- Արեւմուտքի Անդրադարձը

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը յուսախաբ եղաւ Հայաստանէն, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշելով յարաբերութիւնները պահպանել Արեւմուտքի հետ, նախընտրեց միանալ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան։ Հայաստանի տնտեսութեան, արտադրութեան եւ արտահանած ապրանքներուն համար օգտաշատ էր Կովկասեան եւ նախկին Խ. Միութեան երկիրներուն հետ մրցունակ առեւտուրն ու արտահանումը, մինչ Եւրոմիութեան երկիրներուն մէջ այնքան ալ պահանջարկ չկայ հայկական սննդամթերքներու, ոգելից խմիչքներու, ձեռային աշխատանքներու, գորգերու, գոհարեղէններու, ռազմական արտադրութեան ապրանքներու։ Միաժամանակ, արեւմտաեւրոպական ընկերային եւ մշակութային, ազգային կայութաձեւն ու ապրելակերպը բաւականին հեռու են Հայաստանի ժողովուրդին կեանքէն, մանաւանդ որ տնտեսական եւ ընկերային բուռն ճգնաժամերը կը ցնցեն Յունաստանը, Կիպրոսը, Սպանիան, Փորթուկալը, Իտալիան, ցոյց տալով թէ Արեւմտեան Եւրոպան նախկին խոստացուած դրախտը չէ այլեւս։

Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը Ուաշինկթընի պահանջով, 2009 թ.ին ոչ մէկ փոփոխութիւն յառաջացուց Անգարայի կողմէ շրջափակման վերացման եւ Ազրպէյճանի հետ գործակցաբար Արցախի դէմ դաւեր լարելուն եւ պատերազմով սպառնալուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ճիշդ ուղղութիւն վերցուց, ուղղուելով դէպի Եւրասիական Միութիւն, Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները տեսնելով պատմական եւ ռազամավարական շրջագիծին մէջ։ Մինչ յարաբերութիւնները ԱՄՆի եւ Եւրոպայի հետ կը հիմնուին բարեկամութեան եւ “բարի դրացիութեան” վրայ, յայտնելով թէ այս երկու միութիւններուն հետ յարաբերութիւնները չեն հակասեր զիրար, այլ կ’ամբողջացնեն։

Հակառակ Երեւանի դրական վերաբերմունքին Եւրոպական Միութեան հանդէպ, զայրոյթը չէ հանդարտած նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդէպ եւ արեւմտեան պետութիւնները կը ծրագրեն Ուքրանիոյ օրինակով, խռովութիւններ հրահրել հայոց մայրաքաղաքին մէջ, “գունաւոր յեղափոխութիւն” կազմակերպելու համար…։ Անոնք կը ցանկան Կովկասը ազգամիջեան բախումներու եւ պատերազմներու թատերաբեմ դարձնել, Ազրպէյճանը հրահրելով ռազմական գործողութիւններ սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի քոյր հանրապետութիւններուն դէմ։

ՆԱԹՕ-ի քաջալերմամբ, Ազրպէյճան-Վրաստան-Ուքրանիա-Մոլտովա ԿՈՒԱՄի ռազմական դաշինք մը կը ստեղծուի, փորձելով համոզել Ուզպեքստանն ու Հայաստանը՝ միանալ իրենց…։ Աւելին, Քիեւի կառավարութիւնը առաջարկած է “խաղաղարար ուժեր” կազմել՝ միջամտելու Արցախի, Օսեթիոյ, Ինկուշեթիայի եւ այլ “տագնապալից” տարածաշրջաններուն մէջ։ Իսկ Թուրքիա, հանդիպումներ կը կազմակերպէ Նախիջեւանի մէջ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներու մասնակցութեամբ, դաւեր ու ճնշումներ գործադրելու Հայաստանի վրայ։ ՆԱԹՕ-ի մէջ երկրորդ ամենամեծ բանակը ունեցող Թուրքիա, կ’ողջունէ ԱՄՆի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարներու այցերը Թիֆլիս եւ Պաքու։ Իսկ Ֆրանսայի “հայասէր” նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Ազրպէյճանին առաջարկած է զինուորական արբանեակ մը վարձակալել…։

Այս բոլոր ճնշումները՝ Ռուսիոյ լաւագոյն կովկասեան դաշնակից Հայաստանի վրայ, կը միտին արգելք հանդիսանալ Փութինեան Ռուսիոյ, որ չկարողանայ վերադառնալ Կովկաս, ազդու ուժ դառնալու Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

Բ.- Գունաւոր Յեղափոխութիւնները և Ացգային Շահերը

Հայաստան այսօր կը վայելէ Եւրասիական երկիրներու պաշտպանութիւնը, ունենալով դաշնակից “գեր-տէրութիւն”, ինչպիսին է Ռուսիան, թուրք-ազերիական նենգ դաւերէն, ՆԱԹՕ-ի խարդաւանքներէն զրահաւորուած, մանաւանդ որ Անգարան Հայաստանի միացումը Եւրասիական Միութեան համարեց Կովկասի հաւասարակշռութիւնը խախտող քայլ…։  Արեւմտեան վերլուծաբաններու եզրակացութեամբ, Հայաստանի միացումը Եւրասիական Միութեան՝ սպասելի էր, անվտանգութեան եւ ռազմական պաշտպանութեան պատճառով, որ Մոսկուա կ’ապահովէ Երեւանին։

Թշնամիներով շրջապատուած, նաֆթային եւ կենսական այլ հարստութիւններէ զուրկ Հայաստան, ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ գոյատեւել թրքազգի, մահմետական ծայրայեղական, ցեղասպանութիւններու “կնքահայր” Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Կովկասի դարպասները թակող ու ՏԱԷՇի եւ Ալ-Քայիտայի ոճրագործներուն, անոնց վարձկան մանկլաւիկ Վրաստանի ահարկու վտանգներուն դէմ՝ առանց հիւսիսի դարաւոր բարեկամ Ռուսիոյ եւ հարաւի պատմական դաշնակից Իրանի նեցուկին եւ պաշտպանութեան, ընդհուպ մինչեւ աթոմական, ջրածնային, նիւթրոնային հրթիռային կործանիչ հովանիին…։ Հայաստանի միացումը Եւրոմիութեան պիտի նշանակէր քարտէզէն անոր վերջնական վերացումը, մանաւանդ որ արեւմտեան երկիրներ դէմ կը կանգնին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ամէն առիթով կը դարպասեն արիւնոտ տոլար-եւրոներով եւ “սեւ խաւիար”ով զիրենք սնուցանող Ազրպէյճանը։

Շահագործելով Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տհաճ, հակաժողովրդական որոշ երեւոյթներ, Արեւմուտքը փորձեց եւ կը փորձէ “ժողովրդավարական” եւ “գունաւոր”  յեղափոխութիւններ իրականացնել այնտեղ, որոնց “պայծառ” հետեւանքները նկատելի են ինչպէս Վրաստանի, այնպէս ալ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ուր կայուն պետութիւններ մասնատուեցան, քաղաքներ եւ գիւղեր քարուքանդ եղան։ Այս չի նշանակեր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պէտք չէ բարեփոխումներ եւ բարենորոգումներ կատարել, կասեցնել արտագաղթը ու երկիրը յուսալի դարձնել նոր սերունդին համար:

Եզրակացնելով, մեր վերջին հանդիպումները Լիբանանի հայ բոլոր կուսակցական ղեկավարներու եւ միութիւններու ղեկավարներուն հետ, ցոյց տուին, թէ Սփիւռքի “մայրաքաղաք”ը, թէեւ որոշ վերապահումներով ոմանց մօտ, ապա եւ ամբողջապէս նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի անդամակցութեան Եւրասիական Միութեան, որպէս ռազմավարական ու աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ ազգային շահերէ բխող կարեւոր իրադարձութիւն։
 

You May Also Like