«Գեղարդ»ի խմբագրութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցանէ Պէյրութաբնակ Կասիա Թոփուշեանի տրամադրութիւնը մասնակցելու կայքէջի աշխատանքներուն: Կասիան Սփիւռքի մեր հազուագիւտ երիտասարդ լրագրողուհիներէն է: Ան կը թղթակցի Լիբանանահայ մամուլի զանազան հրատարակութիւններուն, միաժամանակ կ՝աշխատակցի «Ռատիօ Սեւան»ին՝ յայտագիրներ համադրելով, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ հայկական եւ լիբանանեան մշակութային լուրերը:
«Գեղարդ»ի խմբագրութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցանէ Պէյրութաբնակ Կասիա
Բարեգալու
ստ Կասիա Թոփուշեանին: Խմբ.Քանի մը շաբաթներ առաջ Սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի Պետական համալսարանի հետ գործակցաբար կազմակերպած էր «Սփիւռքի ԶԼՄ*-ի երիտասարդ լրագրողներու դպրոց»ը: Մասնկացութեան նպատակով, Հայաստան ժամանեցին 18 սփիւռքահայ լրագրողներ:
Աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած այս լրագրողները միախմբուեցան մէկ յարկի տակ. անոնք բոլորն ալ ունէին մէկ անուն ՝ «սփիւռք», մէկ գործունէութիւն ՝ «լրատուութիւն», եւ մէկ ցաւ ՝ «հայրենիքի կարօտ»:
Այս երիտասարդ լրագրողներու միակ հասարակ յայտարարը իրենց լրագրող եւ հայ ըլլալն էր, մնացեալ մանրամասնութիւններն ու տարբերութիւնները անիմաստ եւ անկարեւոր կը դառնային, երբ անոնք համախմբուած էին մայր հողին վրայ:
Հարկ է նշել որ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները կապ ունէին իրենց ապրած եւ աշխատած երկիրներուն եւ պետութիւններուն պայմաններուն բերումով : Հետաքրքրական էր սակայն որ այդ տարբերութիւնները աւելի կը մտերմացնէին մէկ լրագրողը միւսին:
Երկու շաբթուան այս առօրեայ դասընթացքները, որ կազմակերպուած էին Երեւանի Պետական համալսարանի ժուռնալիստիքայի Ֆակուլտետի կողմէ, կը պարփակէին օգտաշատ, կարեւոր դասապահեր եւ դասախօսութիւններ, որոնք կը փոխանցուէին Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն մասնագէտներու եւ խմբագիրներու կողմէ:
Այս 18 լրագրողները, ներաոեալ ես, լսեցինք եւ իմացանք Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան տարբեր բնագաւառներու մամլոյ այլազան մարտահրաւէրները եւ հարցերը: Կարողացանք ըմբռնել եւ հասկնալ հայ լրագրողին յուզող հարցերը, որոնցմէ մէկը լեզուական դժուարութիւններն էին :
Շատեր այս «խօսքը» փոխանցեցին հարցազրոյցներու միջոցաւ, ուրիշներ յօդուածներով, կամ ռատիոյի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներով: Իսկ տակաւին ուրիշներ՝ արուեստի միջոցաւ:
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի գործակցութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը, ունէր որոշ թերութիւններ, թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ՛դասընթացքներու աւարտական ծրագրի յաջող ընթացքի առումով. սակայն անոնք հասկնալի էին իբրեւ նման ծրագրի մը առաջին քայլը:
Ողջունելի էր ծրագրի գաղափարը, մտայղացումը, եւ անոր գործադրութիւնը. իր ամբողջութեամբ ծրագիրը յաջողութիւն մըն էր, իսկ ամէնէն կարեւորը ՝ լրագրողները միախմբելը ինքնին յաղթանակ մը:
Եւ ինչպէս որ կեանքի մէջ ամէն ինչ վերջ մը ունի, Սփիւռքահայ լրագրողներու առաջին դպրոցն ալ իր դռները փակեց իւրաքանչիւր լրագրողի աւարտական աշխատանքով, որը Սուրիոյ, Վրաստանի, Աբխազիոյ, Լոնտոնի, Հնդկաստանի, Հոլանտայի, Ջաւախքի, Ռուսիոյ, Լիբանանի, Էսթոնիոյ, Իրանի, եւ Եգիպտոսի 18 լրագրողներուն ապահովեց «Հայաստանի Երիտասարդ Դեսպան»ի կոչում:
*Զանգուածային լրատուամիջոցներ
2 comments
Congratulations and appreciations
Յարգելի խամբագրութիւն ԳԵՂԱՐԴԻ,
Հաճեցէք իմ խորին շնորհաւորութիւններս փոխանցել երիտասարդ լրագրողուհի ԿԱՍԻԱ ԹՈՓՈՒՇԵԱՆԻՆ եւ երիտասարդ դեսպան լրագրողներու հայ խմբակին: Իսկապէս գնահատելի միջոցառում մըն է մեր մայր հարենիքին մէջ մէկտեղել սփիւռքահայ լրագրողներ, եւ ակներեւ էր այդ խմբակէն ամերիկաբնակ եւ գանատաբնակ հայ լրագրողներու բացակայութիւնը, ինչ որ ցաւալի է մեզի համար: Կը մաղթեմ որ այդ հայ լրագրողները միցոցները գտնեն հարաւային եւ հիւսիսային ամերիկաներուն մէջ ալ առիթներ ստեղծելու ուր պատրաստուին իրենց նման հայ լրագրողներ, ինչ որ շատ զգալի կը դառնայ տարուէ տարի անոնց բացակայութիւնը:
Thank you!
Ուրախ եմ Ռահել Ուրֆալեանի այս նամակով. ի հարկէ զգալի էր բացակայութիւնը ամերիկաբնակ կամ գանատաբնակ երիտասարդ լրագրողներուն, բայց այս մէկը առաջինն էր, յուսանք յառաջիկային նման միջոցառումներու կը մասնակցին երիտասարդներ այնտեղէն:
Ծրագրի գործադրումը այդքան ալ յաջող չէր, սակայն սփիւռքէն տարբեր լրագրողներ իրար միացնելը հրաշք էր: Հաւատացէք:
Շնորհաակալութիւն:
Comments are closed.