Հայաստանի Միջնադարեան Քաղաքակրթութիւնը

Օհան Պոտրումեան, Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2011
Համառօտ Ակնարկ Միջնադարեան Հայաստանի
Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Մշակութային Կեանքին Վրայ
Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի: Այդ պատմութիւնը ուշադիր ուսումնասիրողը կը գտնէ փառահեղ էջեր, կը զարմանայ հայ ժողովուրդի այդքան ուսումնասէր ըլլալուն վրայ, եւ կը հիանայ այն սխրագործութիւններով, որ անձնազոհ ոգիով կատարեր են յայտնի ու անյայտ բազմաթիւ գիտութեան, մանկավարժութեան ու մշակոյթի գործիչներ:

Օհան Պոտրումեան, Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2011
Համառօտ Ակնարկ Միջնադարեան Հայաստանի
Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Մշակութային Կեանքին Վրայ
Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի: Այդ պատմութիւնը ուշադիր ուսումնասիրողը կը գտնէ փառահեղ էջեր, կը զարմանայ հայ ժողովուրդի այդքան ուսումնասէր ըլլալուն վրայ, եւ կը հիանայ այն սխրագործութիւններով, որ անձնազոհ ոգիով կատարեր են յայտնի ու անյայտ բազմաթիւ գիտութեան, մանկավարժութեան ու մշակոյթի գործիչներ:

Բազմաչարչար մեր ժողովուրդին գլխուն եկած փորձանքներն ու աղէտները կարելի չէ պատկերացնել: Բազմաթիւ հրոսակախումբեր եկեր, հուրի, սուրի ու քաղցի մատներ են մեր երկիրը: Որքան արցունք, լաց ու կոտորած տեսեր է հինաւուրց մեր երկիր Նայիրին: Հզօր բռնակալներ իրենց վայրենաբարոյ զօրքերով ներխուժեր են Հայաստան, ցանկալով ոչնչացնել կամ ձուլել, ծունկի բերել, ընկճել հայ ժողովուրդը, բայց չեն իրկանացուցած իրենց երազը: Նոյնիսկ օտար լուծի տակ, աշխատասէր հայ ժողովուրդը մնացեր է հաւատարիմ իր սրբութիւններուն, երբեք չէ կորսնցուցած իր հաւատքն ու յոյսը լուսաւոր ապագային նկատմամբ, ու դեռ՝ անկարելին կարելիի վերածելով ստրկութեան լուծը իր վրայէն թօթափեր է, իր մշակոյթը պահպանելու ու զարգացնելու համար:
 
Այս համառօտ ուսումնասիրութիւնը այդ աննկուն կամքի տէր ժողովուրդի կեանքին մէկ օղակն է՝ միջին դարու քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի, ուր օգտագործած ենք խորհրդահայ շարք մը գիտնականներու եւ բանասէրներու աշխատութիւնները. օրինակ՝ Մ. Աբեղեան, Հր. Աճառեան, Յ. Մանանդեան, Գ. Յովսէփեան, Ա. Մովսէսեան, Ա. Աբրահամեան, Հ. Ժամկոչեան եւ ուրիշներ:
 
***
Արշակունեաց թագաւորութեան կործանումէն յետոյ, հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ զրկուած էր պետականութենէ: Ինչպէս մինչեւ 10րդ դարը, այնպէս ալ անկէ յետոյ դարեր շարունակ, Հայաստանը դարձած էր նուաճողներու, բարբարոսներու արշաւանքներու եւ կռիւներու թատերաբեմ: Իրարու ետեւէ Հայաստանի վրայ արշաւեր են արաբները, սելճուքները, մոնկոլները, թաթարները, պարսիկներն ու թուրքերը:

10րդ դարը Հայաստանի համար յայտնի է իր համեմատաբար երկարատեւ խաղաղութեան ժամանակաշրջանով: 9-10րդ դարերուն, արաբներու դէմ տեղի կ’ունենան շարք մը ապստամբութիւններ եւ ճակատամարտեր, որոնց պատճառով ալ հիմնովին կը սկսի ցնցուիլ խալիֆաթի հիմքերը: Այդ քայքայումը կը նպաստէ Բիւզանդիոնի զօրացումին եւ յաճախակի յարձակումներուն՝ արաբներու վրայ: Այդ պայմանները կը ստիպեն խալիֆան, որ զիջումներ կատարէ հայոց, որուն որպէս հետեւանք՝ պայմաններ կը ստեղծուին Բագրատունիներու զօրացման: Խալիֆան, 859 թուականին, Աշոտ Բագարտունիին կը շնորհէ “իշխանաց իշխան”ի տիտղոս: Բագրատունիներու իշխանութեան հաստատումով, Հայաստան վճռական քայլեր կ’առնէ իր անկախութեան համար: Այդ շրջանին կը սկսի խաղաղ ու անդորր աշխատանք, կը կառուցուին մշակութային բազմաթիւ հաստատութիւններ, կը բացուին դպրոցներ, կը հաստատուին գրչութեան բազմաթիւ օճախներ եւ կը սկսին զարգանալ արուեստներն ու արհեստները:

885 թուականին, հայերու պահանջով Աշոտ Բագրատունին կը դառնայ հայոց թագաւոր: Խալիֆան ու Բիւզանդիան զայն կը ճանչնան որպէս Հայաստանի թագաւոր:

Աշոտ կը ձգտի վերականգնել Արշակունիներու շրջանի սահմանները, մայրաքաղաքը Դուինէն կը տեղափոխուի Բագարան: Աշոտ բարեկամական յարաբերութիւններ կը հաստատէ հարեւան պետութիւններու հետ՝ յատկապէս Վրաստանի եւ Աբխազներու հետ: Աշոտի տիրակալութեան շրջանին կը սկսի Հայաստանի համար կարճատեւ խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը, որ կը նշանաւորուի երկրի մշակութային բազմաթիւ բնագաւառներու վերելքով:

890-914 թուականներուն Աշոտին կը յաջորդէ իր որդին Սմբատը, որուն դէմ արաբները կը կազմակերպեն նոր արշաւանքներ, մասնակից դարձնելով Սմբատէն դժգոհ ժողովուրդէն մաս մը: Սակայն, Վրաստանի Ատրներսեհ իշխանին օգնութեամբ, հայերուն կը յաջողուի յաղթահարել արաբական վտանգը եւ կրկին ամրացնել իրենց իշխանութիւնը:

9-10րդ դարերը, հայ իրկանութեան մէջ յայտնի են նաեւ իրենց բազմաթիւ աղանադաւորական, ժողովրդական շարժումներով, որոնց մէջ իր յարատեւութեամբ եւ ժողովրդական բնոյթով առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ “Թոնդրակեան շարժումը” : Այդ ապստամբութիւններէն յայտնի են 915 թուականի Հայաստանի տարբեր նահանգներու մէջ տեղի ունեցած ժողովրդական յուզումները, որոնք տեւեցին մօտաւորապէս 30 տարի: Յայտնի է, օրինակ, Սիւնիքի ժողովուրդին ապստամբութիւնը: Տաթեւի վանքապատկան գիւղերու, գիւղացիներու ճորտացման հետեւանքով, 915 թուին, կ’առաջանայ ժողովրդական ցասում: Ապստամբ գիւղացիները կը յարձակին վանքին վրայ, կը գրաւեն անոր ունեցուածքը, խիստ կերպով կը պատժեն եւ կը կոտորեն դիմադրող միաբանները: Այս ապստամբութիւնը վերջնականապէս կը ճնշուի 920ական թուականներուն, Սիւնեաց իշխանութեան միջոցով, զէնքի ուժով:

Զօրացնելով երկրի ռազմական կարողութիւնը, Աբասի յաջորդ՝ Աշոտ երրորդը, հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ շարք մը ճակատամարտերու մէջ իր յաղթանակներուն համար: Աշոտի ժամանակ, 961 թուականին, Անին կը դառնայ Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը:

Բագրատունիներու թագաւորութեան շրջանին Հայաստանի մէջ կը հաստատուին շարք մը մանր իշխանութիւններ: 968-970 թուականներուն կը հռչակուին Կարսի (Վանանդի) եւ Սիւնիքի անկախ իշխանութիւնները, իսկ աւելի ուշ՝ Գուգարքի թագաւորութիւնը: Բնական է, որ այս իշխանութիւններու գոյութիւնը թուլացուց միացեալ պետութիւնը եւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ երկրին վրայ:

Աշոտ երկրորդի, Սմբատ երկրորդի եւ մանաւանդ Գագիկ թագաւորի ժամանակաշրջանին, աւելի կը զօրանայ Բագրատունեաց իշխանութիւնը եւ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ մանր իշխանութիւններու վրայ:

10-11րդ դարերու Հայաստանը կը հարստանայ իր տնտեսութեամբ, առեւտուրով, կը բազմապատկուին արհեստները իրենց հիանալի արտադրութիւններով, կը զարգանայ ճարտարապետութիւնը, քանդակագործութիւնը, գիտութիւններն ու արուեստները, կը ստեղծուին հոգեւոր կեդրոններ, գրչութեան օճախներ, կը հաստատուին տարբեր տեսակի ու բնոյթի դպրոցներ: Անի քաղաքը կը զարգանայ ոչ միայն որպէս վարչական կեդրոն, այլ նաեւ “Մայրաքաղաք ամենայն իմաստից” երկիրի մշակոյթի կեդրոն: Իսկ 12-14րդ դարերուն կը ծաղկի ու կը զօրանայ Կիլկիոյ հայոց թագաւորութիւնը, որ կապուած ըլալով մայր երկրին, վերջինիս օրինակով կը զարգացնէ իր տնտեսութիւնն ու մշակոյթը՝ բանալով կրթական հաստատութիւններ:

11րդ դարու կէսերուն արտաքին նուաճողներու իրարայաջորդ յարձակումներուն պատճառով, կը քայքայուի ու վերջնականապէս կը կործանի Բագրատունեաց թագաւորութիւնը: Հայաստան կ’իյնայ Բիւզանդիոնի լուծին տակ: Կարգ մը գաւառներու մէջ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահպանել հայ տոհմական իշխանութիւնները:
11-15րդ դարերուն Հայաստանի վրայ բազմաթիւ նոր արշաւանքներ տեղի կ’ունենան: Այս արշաւանքներէն ամենանշանաւորը սելճուք-թուրքերու արշաւանքներն են, որոնք տեղի ունեցան 1048-1064 թուականներուն:

12րդ դարու երկրորդ կէսին կը վերականգնի Հայաստանի քաղաքական կեանքը՝ Զաքարեաններու իշխանութեան տակ:

12-14րդ դարերուն, Հայաստանի մէջ կը յառաջանան աւատապետական շարք մը տուներ, որոնք մեծ դեր կը խաղան երկրի պատմութեան մէջ: Այդ տուներէն նշանաւոր են Վաչուտեանները՝ Արագածոտն գաւառէն, որոնց կեդրոնն էր Ամբերդը, Վահրամեանները՝ Սեւանայ լիճին հիւսիս-արեւելեան կողմը: Օրբելեանները՝ Սիւնիքէն, Որորտան-Բարգուշատ գետերու հովիտը Պռոշեանները՝ Սիւնիքի Վայոց ձորէն, Դոփեանները՝ Թարթառ գետի վերի հովիտէն:

Հայաստանի Միացեալ իշխանութեան բացակայութեան պատճառով, այս տուները իրենց իշխանութիւններուն միջոցով հսկայական դեր կը խաղան երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի բնագաւառներուն մէջ: Կը հաստատեն բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ, ի մասնաւորի բարձր ձեւի դպրոցներ:

13րդ դարու՝ 1235-1236 թուականներուն մոնկոլ-թաթարները կը սկսին նուաճել Անդրկովկասն ու Հայաստանը, որոնք կ’իյնան նոր նուաճողներու լուծին տակ, Մոնկոլ-թաթարական տիրապետութեան կը յաջորդեն Օսմանեան եւ Պարսկական նոր արշաւանքներն ու կռիւները, որոնք իրենց արհաւիրքներով կը գերազանցեն նախորդ բոլոր նուաճողները:

Ահա այն ընդհանուր քաղաքական պայմանները, որոնց մէջ ապրեր ու ստեղծագործեր է հայ ժողովուրդը եւ իր կեանքին գինով պահպաներ ու զարգացուցեր է իր դարաւոր մշակոյթը, իր դպրոցն ու կրթական հաստատութիւնները:

Չնայած այդ պայմաններուն, Հայաստանի մէջ, 10-17րդ դարերուն կը սկսին աճիլ քաղաքները, կը կառուցուին նոր գիւղեր, աւաններ ու ագարակներ: Հայոց հին քաղաքներու՝ Դուինի, Վանի եւ Խլաթի կողքին կը բարձրանայ Անին իր հոյակապ կառուցումներով, արեւելքի ու արեւմուտքի հետ իր ունեցած առեւտրական բազմաթիւ կապերով, իր արհեստներով եւ կրթական կեդրոններով:

Ըստ պատմագիր Արիստակէս Լաստիվերտցիի, հայոց շարք մը քաղաքներ կը կոչուէին իրենց համար բնորոշ անուններով, ինչպէս օրինակ՝ “Շահաստան Դուին” , “Հռչակաւոր Կարս” , “Միջազգային գործունէութիւններու կեդրոն՝ Խլաթ” , “Տիեզերահռչակ Անի” , եւ այլն:

Դպրոցական հարուստ անցեալ ունեցող Հայաստանը, որ 11րդ դարուն ունեցեր է այսպիսի զարգացած քաղաքներ, բնական է որ ունենար “դպրոցական կատարեալ հաստատութիւնք” , ընդհուպ մինչեւ միջնադարի բարձր մակարդակի եւ ձեւի ուսումնական հաստատութիւններ:

Անիի նման կը սկսին զարգանալ վերոյիշեալ քաղաքները: Արծն ու Կարս քաղաքները հռչակաւոր կը դառնան իրենց հարստութեամբ, պատմիչ Լաստիվերտցի կ’ըսէ, թէ այդ քաղաքները “կը փայլէին լուսագեղ պայծառութեամբ”: “Արծն քաղաքը”, կը շարունակէ ան, “ականաւոր է ամենայն աշխարհաց”, որովհետեւ “եւ ծով եւ ցամաք երկնէր եւ առատահայր կրել ի սմա զզօրութիւնն իւր” (1):

Այդ շրջանին ծաղկուն էր նաեւ Կարս քաղաքը, որուն մասին նոյնպէս կը գրէ Լաստիվերտցի պատմիչը, “հարստացեալք բազում ընչեղութեամբ ի ծովէ եւ ի ցամաքէ ամբարեալ” (2):

Ուրիշ պատմիչ մը, խօսելով երկրի քաղաքներու եւ գիւղերու բազմացումին ու զարգացումին մասին, կ’ըսէ, թէ ինչպէս որակական փոփոխութիւններ կատարուած են կեանքի մէջ, թէ ինչպէս յառաջդիմած են քաղաքները, նաեւ ինչպէս բազմացած բնակչութիւնը: “Ագարակաց աւանցեալ եւ աւանաց քաղաքացեալ բազմամարդութեամբ եւ ընչեղութեամբ” (3):

Բնական է որ քաղաքներու զարգացման այդ պայմանները պէտք է առաջացնէին հասարակական նոր խաւեր, իշխող դասակարգերու կողքին բարձրանային քաղաքի արհեստաւորներ ու առեւտրականներ:

Կ’անցնի երկունքի շրջանը, եւ ահա կը ծնի վաղ շրջանի առեւտրական դրամագլուխը: Այս նոր խաւին ձեռքը կ’երկարի ամէն տեղ եւ կը դառնայ՝ ամենակարող: Անոր մօտ կը կուտակուի, կը կեդրոնանայ դրամը՝ դրմատիրական հասարակակարգի օրէնքներու այդ գործօնը: Ատիկա պատճառ եղած է որ Ա. Լաստիվերտացի սուր կերպով քննադատէ այդ երեւոյթը. “Յարգի եղեւ արծաթասիրութիւն քան զաստուածասիրութիւն” (4):

Քաղաքներու մէջ կը սկսին աճիլ որոշ ժողովրդավարական (դեմոկրատական) ուժեր: Անի քաղաքը ունէր ինքնավար խորհուրդ, զոր կը ղեկավարէին աւագները: Անիի բարձրաստիճան կանայք եւս ունէին արտօնութիւններ. կան բազմաթիւ փաստեր, որ անոնք եւս մասնակցեր են հասարակական, մշակութային եւ շինարարական ու պետական աշխատանքներու:
 

Հարստացած  հայոց  միջնադարեան  քաղաքներու  մէջ  երեւան  կու  գան զարդերու առատութիւն, հագուստի շքեղութիւն, բնակարաններու եւ հասարակական վայրերու կահաւորում, որոշ տեսակի կահոյքներու արտադրութիւն, եւ այլն: 12-13րդ դարու ամէնէն բնորոշ հարուստներէն մէկը եղած է Տիգրան Հոնենց, որուն մասին, ոմանք կ’ըսեն, թէ հայ “առաջին դրամատէրն է” (5):
Հարուստ եղած են վանքերն ու բարձրաստիճան հոգեւորականները: 11րդ դարու հայոց կաթողիկոսներէն մէկը՝ Պետրոս Արշարունին Գետադարձը, ինչպէս կը վկայէ պատմիչ Մ. Ուռհայեցին, եղեր է շատ հարուստ, կալուածատէր, իսկ անոր ժամանակ կաթողիկոսարանը ունեցեր է 500 ընտիր եւ շահաւէտ գիւղեր, եւ անոր ենթարկուեր են 700 թեմեր իրենց եպիսկոպոսներով ու վարդապետներով: Պետրոս ունէր նաեւ “Սուրմառի բերդաւանի նման նշանաւոր կալուածք” եւ այդ բոլորէն բացի, այնչափ դրամ, “քանզի յոյժ սիրող էր գանձուց Պետրոս”, կը գրէ Լաստիվերտցին:

Ոչ միայն աշխարհականներու, այլեւ հոգեւորականներու համար հարստանալը, աշխարհային վայելքները կը դառնան առաջնակարգ, առօրեայ կենաց խնդիր:

Բնական է, որ այդ պայմանները ստեղծէին մարդկային նոր հոգեբանութիւնը, որ ամբողջութեամբ համապատասխանէր նոր ժամանակին, արտայայտէր նոր խաւերու էութիւնը, որպէս հետեւանք նոր առաջացած տնտեսական երեւոյթներու: Կը փոխուի մարդկութեան վերաբերմունքը օրէնքներու ու հին իրաւունքներու նկատմամբ, կը ստեղծուին նոր կեցուածքներ կրօնի, բարոյականութեան, արուեստի ու գրականութեան, փիլիսոփայութեան ու մանկավարժութեան նկատմամբ:

Երէկուան անհասկնալին՝ կը սկսի մատչելի դառնալ մարդկութեան, անխախտելին կը խախտի, անձեռնմխելին բամբասանքի կ’ենթարկուի, իշխողներու դէմ կ’ելլեն հասարակ մարդիկ, այդ նոյն մարդիկը կը սկսին բողոքել Աստուծոյ դէմ, անոր անարդար դատաստանին դէմ, եւ այդ բոլորը իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն գրականութեան ու արուեստի մէջ:

Այս երեւոյթներուն կենդանի արտայայտութիւնը կ’ըլլան ժողովրդային շարժումները, մանաւանդ պատմութեան յայտնի թոնդրակեցիներու շարժումը:

Թոնդրակեցիները կը քննադատէին կրօնական ուսմունքը, անոնք կը ժխտէին կրօնական սկզբունքները, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տալով եկեղեցիին գործունէութեան դէմ: Անոնք կը մերկացնէին վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ հաւաքուած անբան ու ձրիակեր հոգեւորականները ու չէին ընդուներ եկեղեցական բազմաթիւ ծիսակատարութիւններ:

Ըստ թոնդրակեցիներու, ամէն մէկ խորհուրդ մարդուն մէջն է եւ ոչ թէ եկեղեցիին, “Աստծու եկեղեցին ալ մարդն է, կրօնական խորհուրդն ալ մարդուն մէջ է”:

Թոնդրակեան շարժումը սկիզբ առաւ Հայաստանի մէջ 9րդ դարու վերջերուն եւ պատմութեան թատերաբեմէն ելաւ 12րդ դարու վերջին, մօտաւորապէս 200-250 տարի:

Թոնդրակեան շարժումը դրսեւորեր է իրեն յատուկ շարք մը էական գիծեր, որոնք կը տարբերին նախորդ աղանդաւորական շարժումներէն:

Այս մասին գրած է Ս. Պ. Պօղոսեան “Գիւղացիների ճորտացումը եւ գիւղացիական շարժումները Հայաստանում 9-13րդ դարերում” աշխատասիրութիւնը, լոյս տեսած է Երեւան, 1956 թուականին, եւ կու տայ ութը կէտերէ բաղկացած թոնդրակեան շարժման էական գիծերը:
 

***
Ժողովրդական երեւոյթներու նկատմամբ հասարակական ամէնէն զգայուն օրկաններէն մէկը դպրոցն է, որուն մէջ կը թափանցէ կեանքը, մարդկային նոր երեւոյթները, եւ պայքար կը յառաջանայ հինի ու նորի միջեւ: Դպրոցը չի կրնար անտարբեր մնալ մարդկային երեւոյթներու նկատմամբ, եւ այս կամ այն կերպով իր վրայ կը կրէ այդ երեւոյթներուն ազդեցութիւնը:

10-15րդ դարերուն այդ ազդեցութիւնները կ’արտայայտուին նախ եւ առաջ աշխարհիկ դպրոցներու հիմնադրութեամբ, պետական, հասարակական դպրոցներու քանակական աճով, պետութեան գանձէն ուսուցիչներու աշխատանք տալու, պետական հասարակական օրկաններու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ուսուցիչներ ընտրելու եւ նշանակելու, դպրոցական օրէնսդրական իրաւունքներ տալու եւ օրէնքով դպրոցական որոշ կարգեր սահմանելու նոր երեւոյթներով: Դպրոցներուն մէջ կը սկսին մուտք գործել բնագիտական, իմաստասիրական նոր ուսմունքներ:

Դպրոցներու մէջ կը սկսին դասաւանդել հին աշխարհի դասական գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, տրամաբանութիւն, քերականական եւ այլ հասարակագիտական առարկաներ, ինչ որ այն ժամանակ ընդհանուր առմամբ կը կոչէին “արտաքին գիտութիւններ”: Կը սկսի այդ գիտութիւններուն վերաբերող գրականութեան հաւաքումն ու բազմացումը: Կը ստեղծուին գրչութեան նոր դպրոցներ, նոր օճախներ, եւ ոչ միայն կ’ուսուցանուին գրչութեան, նկարչութեան եւ մանրանկարչութեան արուսետը, այլեւ կը պատրաստուէին արհեստաւորներ՝ կազմարարութեան, մագաղաթի, թուղթի գործերու, թանաքներու զանազան “գրոց դեղեր” ու եւ գրենական պիտոյքներու արտադրութեան համար:

Այս բոլորը, անշուշտ, մշակութային շարժումի հետեւանքն է, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ գիտութեան, արուեստներու ու արհեստներու զարգացումով:

Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, այդ ժամանակի կրթուած մարդիկ, որոնք հասկցած էին ժամանակի պահանջքը, լաւ կռահեցին գալիքը, եւ ոչ միայն իրենք հետեւեցան բնական եւ արտաքին գիտութիւններու, այլեւ ամէն կերպ աշխատեցան այդ գիտութիւնը ուսուցանել ժողովուրդին: Յայտնի է, թէ ինչպէս Մագիստրոս թախանձագին խնդրեց կաթողիկոսէն որ կորուստէ փրկէ Շիրակացիի բազմազան բովանդակութեամբ հարուստ ստեղծագործութիւնները, որոնք կը վերաբերին թուաբանութեան, երկրաչափութեան, աստղաբաշխութեան, տոմարագիտութեան, աշխարհագրութեան եւ բնական այլ գիտութիւններու: Մագիստրոս ծաղր ու ծանակի ենթարկեց եպիսկոպոս մը, որ տգէտ էր, բայց կը յանդգնէր խօսիլ թուաբանութեան ու երկրաչափութեան բարձր գիտութեանց մասին:

Բնական ու հասարակական գիտութիւնները, մարդու գործունէութեան եւ կեանքի հետ կապուած այդ գիտութիւնները, Շիրակացիի խօսքերով, “Հաճելի էին ե՛ւ ժողովուրդի, եւ թագաւորներու համար, եւ իրենց հզօր ուժով կեանքի մէջ կը մտնեն առաջին առթիւ դպրոցներու միջոցով”:

Աւելի ազդեցիկ թափով կը սկսի հայ եւ օտար հեղինակներու վերոյիշեալ գիտութիւններու վերաբերեալ գիրքերու հաւաքումն ու բազմացումը: Կը գրուին ու կը թարգմանուին այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ գիրքեր, դասագիրքեր, ձեռնարկներ, եւ այլն: Ճիշդ այդ պայմաններուն շնորհիւ, հսկայական փոփոխութիւններ ու նորութիւններ կը մտնեն ուսուցման ձեւերու եւ մեթոտներու բնագաւառին մէջ:

Եկեղեցիներու կից եւ զանազան թեմերու պատկանող դպրոցներու ղեկավար կազմերուն մէջ կը տեսնուին աշխարհականներ. այդ նախակարապետները կը մասնակցին հասարակական եւ հայոց ծխական դպրոցներու համար ստեղծուած հոգաբարձութեան մարմիններու աշխատանքներուն: Միջանկեալ յիշենք, որ 10-15րդ դարերու հայ նշանաւոր մարդոց, գիտնականներու զգալի մասը կը պատկանէր ժողովուրդի հասարակ խաւին: Այդ գիտնականներուն ճնշող մեծամասնութիւնը եղած է ուսողական, բնագիտական, աշխարհագրական, գրականական ու փիլիսոփայական գիտութիւններու մասնագէտ: Միջնադարու այդ մարդիկը, համարեա առանց բացառութեան եղած են իրենց մասնագիտութեան դասատուներ:

Հայաստանի քաղաքական կեանքի ծանր կացութիւնը յարատեւեր է դարեր շարունակ եւ մեծապէս արգելք հանդիսացեր է երկրի տնտեսութեան, շինարարութեան ու մշակութային կեանքի առաջընթացքին: Այդ երեւոյթը իր ծանր անդրադարձը ունեցեր է դպրոցներու եւ ընդհանրապէս կրթութեան գործին վրայ: Դպրոցները կարճատեւ կեանք ունեցեր են, եզակի են այն դպրոցները, որոնք կրցեր են մի քանի տասնեակ տարիներ իրենց գոյութիւնը պահպանել, ինչպէս օրինակ Սիւնեաց, Մաքենոցաց, Տաթեւի, Գլաձորի, ապա Սանահինի, Հաղբատի, Վաղարշապատի, Խոր Վիրապի, Յովհաննավանքի եւ Երզնկայի ու Կիլիկիոյ շարք մը դպրոցները:

Հայաստանի այն վայրերուն մէջ, որտեղ կային աշխարհագրական նպաստաւոր պայմաններ, ինչպէս օրինակ՝ Սիւնեաց, Արցախի, Ուտիքի, Գուգարքի նահանգները, այդ շրջաններուն մէջ համեմատաբար աւելի լաւ պահպանուեր են դպրոցները: Նոյնիսկ սելճուքներու եւ թաթարներու արշաւանքներու ժամանակ այդ նահանգներուն մէջ անվթար մնացեր են շարք մը ուսումնական հաստատութիւններ:

Այդ նոյն ժամանակամիջոցին, հայերը Վրաստանի մէջ ունեցեր են դպրոցներ, բայց ափսո՜ս որ այդ մասին մանրամասնութիւններ չեն հասած մեզի:

Արաբներու տիրապետութեան շրջանին մասնատուած, իսկ յետագային, մանր թագաւորութիւններու բաժնուած Հայաստանի մէջ, տեսակ մը մրցում տեղի կ’ունենար երկրի տարբեր իշխանութիւններու միջեւ, եւ այդ, որոշ չափով կ’երեւի մշակութային, ինչպէս նաեւ կրթական բնագաւառին մէջ: Այդ մրցակցութեան հետեւանքով կը հիմնուին դպրոցներ, նոյնիսկ բարձր մակարդակի դպրոցներ, գրչութեան խոշոր կեդրոններ, մատենադարաններ ու գրատուներ:

Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին մեծ դպրոցներ բացուեցան Հաղբատի, Սանահինի, Գետիկի, Հաղարծինի, Բագարանի, Դուինի, Արագածոտնի, Էջմիածնի, Անիի, Կեչառիսի, Բջնիի, Հաւուցթառի եւ այլ տեղեր, որոնք դարձան մտաւոր եւ հոգեւոր կեդրոններ: Արծրունիներ հիմնեցին Վանի, Ոստանի, Աղթամարի եւ Վարագի դպրոցները: Սիւնիքի մէջ հաստատուեցան Շաղաթի, Մաքենոցաց վանքի, Տաթեւի, Որոտնայ Ապրակունեաց, Երնջակի, Սեւանի, Թանահատի, Հերմոնի, Խոտակերաց, Այրիվանքի եւ Գլաձորի խոշոր դպրոցներն ու հոգեւոր կեդրոնները:

Հայաստանի օրնակով, Կիլիկիոյ մէջ, Սիսի, Դրազարկի, Սեւ լեռի Կարմիր վանքի, Կրակայի, Բարձրբերդի, Սկեւռի, Մեծ Քարի եւ այլ վայրերու մէջ հիմնուեցան դպրոցներ, գրչութեան կեդրոններ եւ մատենադարաններ:

Ժամանակը այնպէս էր, որ այդ դպրոցներուն մէջ պէտք էր մշակուէին եւ զարգանային կարգ մը գիտութիւններ, արուեստներ եւ, առանձնապէս, հայագիտութիւնը՝ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, նկարչութիւնն ու երաժշտութիւնը, քնադակագործութիւնն ու ճարտարապետութիւնը: Այդ գիտութիւններն ու արուեստները ոչ միայն կը մշակուէին քաղաքատիպ ու աւելի բարձր դպրոցներու եւ գրչութեան կեդրոններու մէջ, այլեւ կապուած էին քաղաքային կեանքի զարգացման, առօրեայ աշխատանքի ու շինարարութեան հետ: Իսկ վերջինս կը պահանջէր ճարտարապետներ, գծագրողներ, շինարարութեան ղեկավարներ, հմուտ վարպետներ ու բանուորներ, նկարողներ, քանդակողներ եւ բազմաթիւ այլ արհեստաւորներ:

10-15րդ դարերը հարուստ են իրենց քաղաքական անցքերով ու շարժումներով: Այս ժամանակաշրջանին համար կրցեր են ապրիլ բաւականին երկարատեւ խաղաղութեան, ինպչէս նաեւ անոր յաջորդ դառն ու աղէտալի ժամանակներ:

10րդ դարու երկարատեւ խաղաղ շրջանը նպաստեց երկրի տնտեսութեան եւ մշակոյթի զարգացումին: Այդ դարուն զարգացան արհեստներն ու արուեստները: Հայաստանի մէջ սկսան ծաղկիլ շարք մը քաղաքներ, իրարու ետեւէ հռչակուեցան հայկական թագաւորութիւններու մայրաքաղաքներ:

Այդ թագաւորութիւններուն մէջ ամէնէն շատ աչքի զարկաւ Բագրատունիներու թագաւորութիւնը իր մեծ ու ծաղկուն՝ Անի մայրաքաղաքով:

Անին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ միջնադարեան Արեւելքի ամէնէն խոշոր, իր մշակոյթով ու արուեստով ամէնէն բարձր, իր տնտեսութեամբ հարուստ եւ ռազմագիտական տեսակէտով հզօր մայրաքաղաքներէն մէկն էր:

Աշխարհագրականօրէն կարեւոր դիրք ունեցող այդ քաղաքը, կապուած էր բազմաթիւ երկիրներու ու քաղաքներու, յատկապէս Վրաստանի, Աղուանքի, Բիւզանդիոնի, Արաբական եւ այլ երկիրներու հետ:

Ճարտարապետական հոյակապ կառուցումներով յայտնի Անին, քաղաք մըն էր, ուր շռայլօրէն ամէն մէկ քարին ձեւ ու տեսք էր տրուած, անոնցմէ շատերուն վրայ փորագրուած էին հայ վարպետի, քարտաշի ձեռքով հայոց բազմաձեւ քանդակները, որոնցմէ շատերը պահպանուած են մինչեւ այսօր:

Մեր բազմավաստակ պատմաբան Լէօն, զարմանքով կը խօսի այդ մասին, թէ ինչպէս կրնար ըլլալ որ հազար ու մէկ եկեղեցի ունեցող Անին չունէր ոչ մէկ դպրոցական հիմնարկութիւն: “Նա իրաւացի էր. այն ժամանակ նա չունէր տեղեկութիւններ Անիի դպրոցների մասին: Մենք յետոյ կը տեսնենք, որ Անին բացի սովորական դպրոցներից, ունեցել է նաեւ բարձր տիպի դպրոց, ճեմարան, որ այդ ժամանակ բացառիկ երեւոյթ էր ոչ միայն արեւելքի, այլեւ արեւմտեան շատ երկրների համար” (6):

Այդ ժամանակներուն հայոց դպրոցներէն ներս մուտք կը գործեն այնպիսի նիւթեր, որոնք նախապէս կ’արհամարհուէին ու կը հալածուէին, ինչպիսիք են “արտաքին գիտութիւն” ները՝ փիլիսոփայութիւնը. Պղատոնի, Արիստոտէլի, Փիլոնի եւ հին աշխարհի բազմաթիւ հեղինակներու ուսմունքները կը դառնան դպրոցական ուսուցման նիւթեր. կ’ուսումնասիրուին հայ գիտնականներու եւ, յատկապէս փիլիսոփաներ՝ Դաւիթ Անյաղթի եւ Եզնիկ Կողբացիի գիրքերը:

11րդ դարու մեծ գիտնական Գրիգոր Մագիստրոսը թախանձագին կը խնդրէ Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսէն կորուստէ փրկել 7րդ դարու մեծանուն գիտնական Շիրակացիի գործերը: Անիկա բարձր գնահատելով Շիրակացին, կ’ըսէր.

“Սովորելով առատատուր պարգեւէն, կարեւորը եւ պիտանին ձեզ թողնելով թոյլ կու տամ խնդրել ձեզ, որ չդանդաղեցնէք Անանիա Շիրակացիի գործերը, որոնք մեծաջան աշխատութեամբ, թափառումներով եւ դեգերելով հաւաքեր է ան բազմազան եւ բովանդակութեամբ հարուստ մատեաններէ… որ ձեզմէ առաջ թողուած էր անուշադրութեան եւ գրուանի տակ կը թաքցուէր… Շիրակացին՝ շնորհիւ իր իմացութեան, փոշի հաւաքող գործասէր մեղուի նման, իր մեղրանոցն է ամբարել (նիւթեր) Քաղդէացւոց, Յունաց եւ այլ ազգերու բովանդակալից մատեաններէն… (7):

Մագիստրոսը թարգմանեց Եւկլիտէսի երկրաչափութիւնը, իսկ աւելի ուշ, Գլաձորի դպրոցի հմուտ հեղինակներու ձեռքով թարգմանուեցաւ եւ նկարազարդուեցաւ Նիուսեցիի “Մարդակազմութիւնը”:

Հաղբատի եւ Անիի բարձր դպրոցներու ղեկավար, նշանաւոր գիտնական՝ Յովհ. Սարկաւագը (1045-1129 թ.թ) գրեր է բազմաթիւ աշխատութիւններ, ունի հետազօտութիւններ բնագիտութեան, աստղաբաշխութեան եւ տոմարագիտութեան վերաբերեալ:

Յովհաննէս Սարկաւագը միջնադարու այն բացառիկ գիտնականներէն է, որ անհուն հաւատքով լեցուած ըլլալով գիտութեան նկատմամբ, եւ չկաշկանդուելով իր կրօնական կոչումէն, կ’արտայայտէր այնպիսի միտքեր, որոնք անհամատեղելի էին 11րդ դարու գիտութեան վրայ իշխող կրօնական սկզբունքներուն հետ:

Անիկա կը պահանջէր գիտութեան ազատութիւնը, ան կ’ըսէր, որ իմացութեան հարցերը պէտք է վճռել գիտութեան միջոցով, պէտք է ղեկավարուի ոչ միայն կրօնական երկերով, այլ արտաքին, նոյնիսկ հեթանոսական գիտութիւններով, եւ այդ ամէնը ստուգել, ճշդել փորձով, որովհետեւ “փորձն է հաստատումն ու աներկբայ”:

Նոյն դարի զարգացած նշանաւոր գիտնականներէն մէկն էր արդէն մեզի ծանօթ Գր. Մագիստրոսը, “իշխող դասակարգի ամենամեծ փիլիսոփան” (8):

Իր մասին ճիշդ ըսուած է, որ “Նա մի կատարեալ էնցիկլոպեդիստ էր, որ զբաղւում էր փիլիսոփայութեամբ ու դաւանաբանութեամբ, գիտութեամբ ու քերականութեամբ, բժշկութեամբ ու մաթեմատիկայով, պոէզիայով ու մանկավարժութեամբ” (9):

Այդ նոյն ժամանակաշրջանին էր որ ստեղծուեցաւ հայ ժողովուրդի բանահիւսութեան գագաթնակէտը՝ “Սասունցի Դաւիթ” դիւցազնավէպը, որ ամբողջութեամբ արտայայտեց ժողովուրդին ձգտումներն ու շահերը, դարձաւ աշխարհիկ մշակոյթի խոշորագոյն նուաճումը: Գրականութեան մէջ իրարու ետեւէ հանդէս եկան սքանչելի արձակագիրներ ու բանաստեղծներ, որոնց ստեղծագործութիւնները դարեր են ապրեր, եւ ոչ միայն չեն կորսնցուցած իրենց հմայքը, այլ ընդհակառակը, ժամանակին հետ մեծցեր են անոնց արժանիքները: Գրիգոր Նարեկացին, Կոստանդին Երզնկացին, Վարդան Այգեկցին, Ֆրիկը, Նահապետ Քուչակը եւ ուրիշներ, գովերգեցին սէրը, աշխատանքը, հայրենիքը, քաջութիւնը, ազնուութիւնը. անոնք պարսաւեցին անազնիւները ու վախկոտները, ժողովուրդի թշնամիները, հայրենիք ատողներն ու չարագործները:

Այդ ժամանակշրջանը յայտնի է նաեւ տաղանդաւոր պատմագիրներով, որոնց շնորհիւ, չնայած սարսափելի կոտորածներուն ու աւերներուն, մեզի հասեր են մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի պատմութիւնը: Անոնցմէ ոմանք գրեր են հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ամբողջապէս կամ որոշ շրջանի մը պատմութիւնը: Յիշենք մի քանին՝ Յովհաննէս Դրասխանակերտցի (10րդ դար), Թովմա Արծրունի (10րդ դար), Մովսէս Կաղակատուացի (10րդ դար), Ստեփանոս Տարօնցի (10-11րդ դար), Արիստակէս Լաստիվերտցի (11րդ դար), Կիրակոս Գանձակեցի (13րդ դար), Ստեփանոս Օրբելեան (13րդ դար) եւ ուրիշներ:

Աշխարհի մշակութապէս զարգացած ժողովուրդներուն եւ մասնաւորապէս գիտութեան ներկայացուցիչներուն յայտնի են պատմական Հայաստանի նիւթական մշակոյթը, անոր ճարտարապետական հոյակապ կառուցուածքներն ու յուշարձանները:

Յատկապէս մեր հայրենիքի խորհրդայնացումէն ետք, հայրենի գիտնականներ կատարեցին լայնածաւալ պեղումներ, “Առասպելական հրաշքների պէս թանձր շերտով պատած հողի տակից, իրենց դարաւոր խոր գերեզմաններից յառնում են քանդակազարդ հոյակապ պալատներն ու տաճարները, հաւատքի շէնքերն ու հայ ռազմիկների տները, արուեստի սքանչելի յուշարձաններն ու կոթողները, կենցաղային իրերն ու զէնքերը” (10):

Նիւթական մշակոյթի այս յայտնագործութիւններով հարստացաւ հայագիտութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու գրականութիւնը: Այդ նիւթերու հիման վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ստեղծեցին հարուստ գրականութիւն, ուր նոր խօսք ըսուեցաւ, նոր լուսաբանութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ:

________________________________________

(1) Ա. Լաստիվերտցի, “Պատմութիւն”, էջ 78, Թիֆլիս, 1912 թ.:
(2) Նոյն տեղը, էջ 91:
(3) Ստեփանոս Տարօնացի-Ասողիկ “Պատմութիւն տիեզերական”, էջ 164, Պետերբուրը, 1885:
(4) Ա. Լաստիվերտցի, “Պատմութիւն”, էջ 78-79:
(5) Մ. Աբեղեան, “Հայոց հին գրակ. պատմ. ”, էջ 1-14, Երեկան, 1946 թ.:
(6) Ա. Մովսէսեան, “Ուրուագծեր հայ դպրոցի եւ մանկ. պատմ.”, էջ 64, Երեւան, 1958:
(7) Գր. Մագիստրոս, “Թուղթեր”, հրատ. Կ. Կոստանեանի, էջ 8, Ալեքպոլ, 1910թ.:
(8) Ա. Մովսէսեան, “Ուրուագծեր հայ դպրոցի եւ մանկ. պատմ.”, էջ 66:
(9) “Հայ ժող. պատմ.”, էջ 227, Երեւան, 1951 թ.:
(10) Ա. Խ. Մովսէսեան, “Ուրուագիծ հայ դպրոցի մանկ. պատմ.”, էջ 67:

You May Also Like
Read More

Ալ Ինչ Կը Մնայ Թուրքին …

 Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 4 Յունիս  2016 Երկար սպասումէ ետք քայլ մը յառաջ կ'ընթանայ Հայկական Հարցը, գերմանական Պունտսթակի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով:…
Read More