Պասքէթպոլի Միջազգային Մրցաշրջանը
Երեւանի մէջ (2014 FIBA)
Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,27 Օգոստոս, 2013
Յաճախ ըսած ենք ու պիտի շարունակենք կրկնել լափալիսեան այն ճշմարտութիւնը թէ՝ երիտասարդները մեր ապագան են, պէտք է գուրգուրանք անոնց վրայ, պէտք է փոքր տարիքէն պատրաստենք ու թրծենք զանոնք, որպէսզի հեզասահ ընթանայ անհրաժեշտ սերնդափոխութիւնը: Մարդկային կեանքը օրկանական աշխարհի օրէնքներուն կը հետեւի. մարդը, ընկերութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է եւ պարտաւոր է ապահովել իր շարունակականութիւնը:
Պասքէթպոլի Միջազգային Մրցաշրջանը
Երեւանի մէջ (2014 FIBA)
Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,27 Օգոստոս, 2013
Յաճախ ըսած ենք ու պիտի շարունակենք կրկնել լափալիսեան այն ճշմարտութիւնը թէ՝ երիտասարդները մեր ապագան են, պէտք է գուրգուրանք անոնց վրայ, պէտք է փոքր տարիքէն պատրաստենք ու թրծենք զանոնք, որպէսզի հեզասահ ընթանայ անհրաժեշտ սերնդափոխութիւնը: Մարդկային կեանքը օրկանական աշխարհի օրէնքներուն կը հետեւի. մարդը, ընկերութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է եւ պարտաւոր է ապահովել իր շարունակականութիւնը:
Այս խոհերով բաժնուեցայ Հայաստանի Պասքեթպոլի հաւաքականի հետ հանդիպումէն, հոգեկան հանգստութիւն մը եկաւ վրաս եւ աւելի հաւատքով ու լաւատեսութեամբ բաժնուեցայ իրենցմէ:
Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին մէջ ընդունելութիւն- հարցազրոյց մըն էր, ուր ներկայ էին ինծի պէս հայ երիտասարդութեան կամքի ուժին հաւատացողներ, մարզասէրներ, հովանաւոր ազգայիններ: Բոլորիս ուշադրութիւնը այս հասակաւոր, ես պիտի ըսէի՝ պարթեւահասակ տղաներուն վրայ էր, որոնց կ'ընկերանային իրենց մարզիչները՝ գլխաւորութեամբ արտակարգ անձնաւորութեան մը, որ տիրացած է բազմաթիւ ոսկեմետալներու, գովասանագիրներու եւ գնահատագիրներու: Ան Քարլ Պարտագեանն է, ԱՄՆ ծնած ու մեծցած, իր ուսանած համալսարանին մէջ պասքէթպոլի աստղ դարձած երիտասարդ մը, որ իմ կարծիքով մտատիպար մըն է հայ երիտասարդի: Քարլ հայերէնը սորված է եւ ազատօրէն կը հաղորդակցի մայրենիով ԱՄՆ-ի մէջ ոչ միայն իր արհեստավարժ ուսուցիչներու (Փրոֆ. Գէորգ Պարտագճեան եւ Տիգրան Թումաճան) շնորհքին որպէս արդիւնք, այլ հայերէն թերթ կարդալով եւ սպասարկելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ որպէս սարկաւագ: Առանձնակի հպարտութեամբ կը յիշեմ իր խօսքը, երբ այս տողերու հեղինակին կ'ըսէր. «Ես ձեր յօդուածները առաջին կարդացողներէն եմ»:
Այսօր Քարլ մեզի կը ներկայանայ որպէս Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր կազմակերպիչ ու մարզիչ, որուն վստահուած է մեր հաւաքականը տանիլ յաղթանակէ յաղթանակ: Ոչինչ կը պակսի իրեն՝ իր եւ մեր երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Ան կամքի տէր է, հայրենասէր՝ բառիս բուն իմաստով, հեզ բայց պահանջքոտ, գիտէ ընտրել ճիշդ գործընկերներ եւ օգնականներ, ինչպէս Զօրիկ Իսաջանը:
Հիւպատոսարանի ընդունելութեան ընթացքին միջոցառումին հանդիսավար Միհրան Թումաճան շատ պարզ կերպով ըսաւ. «Մենք բոլոր տուեալները ունինք ախոյեան դառնալու, երբ ունինք այսպիսի նուիրեալ տղաք, մարզիչներ ու համակիրներ»:
Տղաքը նոր վերադարձեր էին հայրենիքէն, ուր անոնք իրենց հայաստանաբնակ խաղընկերներուն հետ անցուցած էին բարդ ու բազմակողմանի վարժութիւններ եւ լի էին ինքնավստահութեամբ: Անոնք լրջօրէն կը շարունակեն իրենց մարզումները այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մէջ, որովհետեւ «սա կարեւոր ստուգատես է մեր թիմի համար, նաեւ՝ պարտաւորեցնող այն առումով, որ առաջին անգամ Եւրոպայի առաջնութեան խաղերն անցկացուելու են մեր հայրենիքում», յայտնեց Քարլ Պարտաքեանը:
Այո՛, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ, Եւրոպայի առաջնութեան խաղերը տեղի պիտի ունենան մեր հայրենիքին մէջ: Հայաստանի խումբը ընդգրկուած է C բաժանմունքին մէջ, ուր պիտի մրցին Ուելսի, Մալթայի, Սկովտիոյ, Անտորայի եւ Սան Մարինոյի հաւաքականները: Հասնելու համար ցանկալի արդիւնքներու: Գլխաւոր մարզիչը կը վստահեցնէ թէ դիտարկումներ կը կատարուին ընտրելու լաւագոյն մարզիկները հայրենիքէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Ուշադրութեամբ հետեւեցանք մեր պասքեթպոլիստներու յաղթելու վճռակամութեամբ լեցուն արտայտութիւններուն: Անոնք առանձնակի բծախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը մօտենան ախոյեանական խաղերուն, որովհետեւ հանդէս պիտի գան Հայաստանի դրօշի ներքոյ: «Ինձ համար մեծ պատիւ է, որ ներկայացնելու եմ Հայաստանը: Իւրաքանչիւր հայ ցանկանում է օգտակար լինել իր հայրենիքին: Ես յոյս ունեմ, որ մեր յաջողութեամբ կը կարողանանք բարձրացնել մեր երկրի դրօշը», ըսաւ հաւաքականի աւագ Մայք Դանիէլեանը: Պասքէթպոլիստ Գոռ Փլաւչեանը վստահ է թէ «Եւրոպայի առաջնութեան անցկացումը Հայաստանում մեծապէս կարող է ազդել Հայաստանում այս մարզաձեւի նկատմամբ հետաքրքրութեան մեծացմանը եւ կ՛ոգեւորի մեր կրտսեր պասքեթպոլիստներին»:
Հանդիպման ընթացքին Քարլ Պարտաքեան կարեւորութեամբ նշեց որ բարերարներու եւ Հայաստանի պասքեքպոլի դաշնութեան ջանքերուն շնորհիւ՝ դժուարութիւնները այլեւս անցեալի մէջ են:
Խրախուսանքի եւ յաջողութիւններու համար խօսք առին ծանօթ բարերար եւ անցեալի մարզիկ Ալպեր Պոյաճեանն ու Թոմիկ Ալեքսանեանը, որոնց ճառագայթող հպարտութիւնը յոյս ու հաւատք ներշնչեց մամլոյ ասուլիսի ներկաներուն սրտերուն մէջ:
Ահաւասիկ վաւերական եւ կարեւոր խորհուրդ պարունակող իրականութիւն մը, զոր Հայատանի Գլխ. Հիւպատոս Գ. Յովհաննիսեան բանաձեւեց հետեւեալ խօսքով. «Պասքեթպոլի տղամարդկանց Հայաստանի ազգային հաւաքականը Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներից է»:
Մեր երիտասարդ խումբը քաջալերելու համար եկած էին նաեւ Հայաստանի նախկին հաւաքականի նշանաւոր խաղցողներէն եւ մարզիչներէն Աբրահամ Համամճեանն ու թեթեւ քաշի ըմբշամարտի համաշխարհային աստղ Վանէս Մարտիրոսեանը:
Նկար 1.- Ձախին՝ Քարլ, աջին՝ Զօրիկ
Նկար 2.- ՀՀ Հիւպատոսը հաւաքականի մէկ մասին հետ
1 comment
Սիրելի Մինաս
Սիրելի Մինաս,
Ջերմ ոգեւորութիւնդ զիս եւս վարակեց: Բարի յաջողութիւններ տղոց: Good Luck!
Մինաս Բարի յաջողութիւններ տղոց
Comments are closed.