«Հայերէնը Ճիշդ Խօսինք»

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան,  Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 8 Նոյեմբեր 2011

«Ապաու, կաթոն ինչ թէզէ է»:

«Այս ի’նչ հայերէն է: Կարկանդակը շատ թարմ է», կ’ըսեն:

«Հայրին գործը թա’պէն է, ինքն ալ ըննօ թէմպէլին մէկն է, չաշխատիր»:

«Սխալ է: Այդպէս չեն ըսեր: Հօրը գործը տկար է, բայց ինքն ալ ծոյլին մէկն է, չաշխատիր»:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան,  Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 8 Նոյեմբեր 2011

«Ապաու, կաթոն ինչ թէզէ է»:

«Այս ի’նչ հայերէն է: Կարկանդակը շատ թարմ է», կ’ըսեն:

«Հայրին գործը թա’պէն է, ինքն ալ ըննօ թէմպէլին մէկն է, չաշխատիր»:

«Սխալ է: Այդպէս չեն ըսեր: Հօրը գործը տկար է, բայց ինքն ալ ծոյլին մէկն է, չաշխատիր»:

Նմանօրինակ նախադասութիւններով եւ անոնց սրբագրուած մեկնութիւններով, «Հայերէնը ճիշդ խօսինք» յայտագիրը երկար ատեն սփռուեցաւ Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռէն: «Վանայ Ձայն»ը լրացնելով փոքրամասնութիւններու լսատեսողական եւ ընթեռնելի մամուլի նպատակներէն մէկը, նախաձեռնած էր հայ ունկնդիրներուն նկատողութեան յանձնել լեզուական զանցառութիւններուն ճիշդ հայերէն փոխընտրութիւնները:

Լեզուական փոքրամասնութիւններու մշտնջենական գոյութիւնը մեծամասնութիւն կազմող տեղական ընկերութիւններու մէջ, որ օրէ օր աւելի կը շեշտուի համաշխարհային զանգուածային տեղափոխութիւններու եւ համաշխարհայնացումի տնտեսական եւ մշակութային ոտնձգութիւններու լայնածաւալ տարածումով, զուգահեռ կ’ընթանայ այդ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած լեզուական, կրթական, տնտեսական եւ գաղափարախօսական մարտահրաւէրներուն հետ: 

Հետեւաբար, «Հայերէնը ճիշդ խօսինք» Լիբանանի մէջ կրնայ հաւասարապէս ճշմարտութիւն ըլլալ տարբեր փոքրամասնութիւններու փորձառութիւններուն «Հայերէնը» բառը, փոխարինելով, օրինակի համար, «Չինարէնը ճիշդ խօսինք» Աւստրալիոյ մէջ կամ «Արաբերէնը ճիշդ խօսինք» Պրազիլի մէջ: Ուրեմն, «Հայերէնը ճիշդ խօսինք» յայտագրի ներկայացուցած գաղութային լեզուական մտահոգութիւնը խիստ կարեւոր եւ լուրջ հարց մըն է, որ միեւնոյն ժամանակ ունի համաշխարհային բնոյթ:

Այս նիւթը նաեւ մեծ մտահոգութեամբ արծարծուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին՝ «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր՝ մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 18-20 Օգոստոս 2011ին, Լիբանանի մէջ: Անհրաժեշտ է, սակայն, առարկայական, վերլուծական եւ ակադեմական մօտեցում որդեգրել որպէսզի հասկնանք, թէ ի՞նչու իբրեւ մտահոգութիւն կը ներկայացուի այդ: Ի՞նչու սրբագրութեան կը կարօտի: Արդե՞ օք պէտք է սրբագրուի:

Երկլեզուութիւն

Տարիներու ընթացքին «երկլեզուութիւն» (bilingualism կամ multilingualism) բներեւոյթը սահմանուած է տարբեր ձեւերով: 1930ական թուականներուն այդ կը բացատրուէր իբրեւ երկու լեզուներու հաւասար եւ բնիկ (native-like) տիրապետում: Այս սահմանաբակիչ բացատրութիւնը, սակայն, 1970ական թուականներուն թոյլցաւ, փոխարինելու այն հասկացողութեամբ, թէ եկրորդ լեզու մը նոյնիսկ նուազագոյն չափով խօսիլ, հասկնալ, կարդալ կամ գրել բաւարար է «երկլեզու» կոչուելու: Ներկայիս անոր սահմանումը մեծապէս կը կեդրոնանայ եկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ լեզուի մը գործածութեան եւ ոչ այդ լեզուներուն հմտութեան վրայ:

Այսինքն անհրաժեշտ չէ լեզու մը շատ լաւ գիտնալ երկլեզու ըլլալու համար, որովհետեւ ներկայիս աւելի կարեւոր կը համարուի սերտել երկլեզուութեան ետին կայացող ընկերային, լեզուական եւ հոգեբանական տուեալները, քան այդ լեզուներուն գիտութեան չափը, որակը: 

Այս՝ մեկնելով այն ճշմարտութենէն, թէ երկլեզուներուն ընտրած լեզուները կախեալ են զանազան ազդակներէ, ինչպէս ընկերային բնաբանը, խօսակցութեան նիւթը, խօսակիցը եւ խօսակիցին հետ յարաբերութիւնը:

Ընդհանրապէս երկլեզուները կը դասաւորուին չորս խումբերու մէջ.

1. ընտրանի երկլեզուներ՝ օտար երկիր ճամբորդողներ կամ ուսանողներ, դիւանագէտներ, ակադեմականներ եւայլն:

2. անհատներ լեզուական մեծամասնութիւն կազմող ընկերութենէն, որոնք օտար լեզուներ կը սորվին դպրոցին մէջ:

3. անձեր, որոնց ծնողները ունին երկու տարբեր մայրենի լեզուներ:

4. անհատներ՝ լեզուական փոքրամասնութիւն կազմող ընկերութենէ, որոնք ստիպուած են մեծամասնութիւն կազմող ընկերութեան լեզուն խօսիլ, որովհետեւ իրենց լեզուն հասկնալի չէ մեծամասնութեան:

Կարելի է հետեւցնել, թէ կարգ մը խումբեր երկլեզու կ’ըլլան իրենց անձնական ընտրութեամբ, մինչ ուրիշներ ալ՝ պարագաներու բերումով, ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ճարտարարուեստական:   Եւ ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը կանոնաւորապէս երկու կամ աւելի լեզուներ կը գործածէ իր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ գործունէութիւններուն ընթացքին: 

Լեզուի փոխադրում եւ երկլեզուներ

Ինչպէս տեսանք, երկլեզու անհատ մը տարբեր լեզուներ կը գործածէ տարբեր պատճառներու եւ նպատակներու համար եւ, ընդհանրապէս, նոյն հմտութեամբ չի տիրապետեր իր գիտցած տարբեր լեզուներուն: Սակայն, որովհետեւ երկլեզու մը տարբեր լեզուներ ունի իր տրամադրութեան տակ, ան երկու կամ աւելի լեզուներու յատկութիւնները կրնայ փոխադրել անոնց միջեւ: 

Բնականաբար յար եւ նման երեւոյթներ լեզուագէտներու ուսումնասիրութիւններուն բաւական նիւթ դարձած են: Անոնք հարց կու տան, օրինակի համար, թէ ի՞նչպէս կարելի է երկլեզու անհատի մը համար անջատ պահել իր լեզուները, ո՞րքանով ան կը «խառնէ» զանոնք, կամ ի՞նչ է լեզուի մը ազդեցութիւնը միւսին վրայ, ըլլայ այդ քերականական, բառագիտական, շարահիւսական կամ հնչիւնաբանական: Ազդեցութիւններու շարքին պէտք է աւելցնել նաեւ արտաքին եւ ներքին զանազան տուեալներ: 

Երկլեզուութեան սահմանման նման, լեզուի փոխադրումի (language transfer) առնչութեամբ հայեցակէտերը տարիներու ընթացքին բարեփոխուեցան հիմնուելով գիտական հետազօտութիւններու եզրակացութիւններուն վրայ: Բաղդատական վերլուծումներ, ժխտական կամ դրական փոխադրումներ սերտելու եւ անոնց վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, լաւագոյն միջոցը հասկնալու լեզուի փոխադրման երեւոյթը, պիտի ըլլայ նկատի առնել խօսողին

1. անհատականութիւնը
2. ձայնագիտական ուշիմութիւնը
3. լեզուական ատակութիւնը եւ
4. գրագիտութիւնը:

Նկատի պիտի ունենալ նաեւ, թէ ընդհանրապէս լեզուի փոխադրումի քանակը եւ ձեւը նոյնը չեն միշտ, եւ թէ անոր գործածութիւնը կը փոխուի անձին, խօսակիցին, միջավայրին, եւ խօսակցութեան նիւթին հետ:

Լեզուի փոխառութիւն եւ լեզուափոխութիւն

Այս օրերուն շեշտուած մշակութային եւ լեզուական շփումներու իրականութիւններուն առընթեր, դէմ յանդիման կու գանք լեզուական ուրիշ երկու կարեւոր երեւոյթներու՝ լեզուական փոխառութիւն (borrowing) եւ լեզուափոխութիւն կամ նշանափոխութիւն (code-switching):

Սոյն երեւոյթները նոր չեն: Սակայն երկար ատեն ժողովրդային եւ մասնագիտական ընկերութիւններու մէջ տիրապետող հասկացողութիւնը այն եղած է, թէ լեզուի փոխառութիւն եւ լեզուափոխութիւն կը նշանակեն

  • լեզուական լուրջ անբնական վիճակներ,
  • կ’ընդգծեն լեզուական եւ մտային շփոթ, եւ
  • կը կազմեն միջամտութիւններ որոնք վնասակար են սորվելու գործընթացին: 

Նաեւ ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, թէ խօսողներ պէտք է ամչնան, երբ ուրիշ լեզուներէ փոխ առնեն բառեր եւ ներմուծեն իրենց խօսակցութիւններուն մէջ, որովհետեւ այդ կը յայտնաբերէ

  • արտայայտութիւններու եւ բառագիտական անբաւարար պաշար,
  • «անկրթութիւն»,
  • տգիտութիւն,
  • լեզուի սխալ ղեկավարում եւ
  • ուրիշ լեզուէ կախեալ ըլլալու վիճակ:

Օրինակի համար, ներցանցի եւ առեւտուրի հրամցուցած մշակոյթները եւ նորութիւնները կը հրամցնեն իրենց ծառայութիւնները միմիայն անգլերէնով: Ոչ բնիկ անգլիախօս անհատներու համար չափազանց անձնական աշխատանք եւ կամք կ’ենթադրէ internet, computer, browse, surf, balance sheet, liability, lap top, hardware, software, CD, DVD, կամ network բառերուն հայերէն, արաբերէն, կամ ֆրանսերէն համանիշները գտնել, յիշել եւ գործածել առօրեայ խօսակցութիւններու ընթացքին: 

Լեզուափոխութիւն

Վերոյիշեալ տուեալներուն հետ մէկտեղ, երկլեզուութեան պրպտումները երբեք չեն դադրած հարցադրել կամ փորձել պատասխաններ գտնել, թէ ի՞նչու երկլեզու խօսողներ իրենց լեզուները կը փոխեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին: 

Նախ, սահմանենք լեզուափոխութիւն բառը:  Լեզուափոխութիւնը կը սահմանուի իբրեւ մէկէ աւելի լեզուներու գործածութիւնը խօսակցութեան մը ընթացքին, ուր բառ մը կամ նախադասութեան մը մէկ մասը կ’ըսուի տարբեր լեզուով կամ լեզուներով. ընդհանրապէս լեզուափոխութիւնը սերտուած է ընկերալեզուաբանական եւ կամ քերականական դիտանկիւններէն: Այս տարբեր մօտեցումները կը փաստեն, թէ լեզուափոխութիւնը բարդ, համաշխարհային քերականութեան օրէնքներուն յարմարող գործիք մըն է, որ կը գործածուի ատակ երկլեզու մարդոց կողմէ՝ ազգային, ընկերային եւ մշակութային ինքնութիւններ արտայայտելու եւ հաստատելու համար:

Պիտի հետեւեցնել, թէ լեզուափոխութեան ժամանակ լեզուներէն մէկը քերականական եւ հնչիւնաբանական կարոյցները կը հայթայթէ, իսկ միւս լեզուները կը յարմարին այդ կարոյցին: Ուրեմն, լեզուափոխութիւնը քերականական օրէնքներու խախտում ներկայացնելէ աւելի, կը կայանայ երկլեզու մարդոց համար բնական, կանոնաւոր եւ լեզուներու ստեղծագործական գործածութեան միջոց:

Երկլեզուութիւն, լեզուափոխութիւն եւ փոքրամասնութիւններ

Արեւմուտքի մէջ յաճախ երկլեզուութիւնը նկատուած է իբրեւ ժխտական երեւոյթ մը: Օրինակի համար, 1960ական թուականներուն Հիւսիւսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պատիժներու կ’ենթարկուէին աշակերտներ եւ անոնց բերանը օճառով կը լուային, երբ անոնք իրենց մայրենի լեզուն գործածէին դպրոցին մէջ: 19րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 1960ական թուականները Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսողներ կը նկատուէին ապոյշ, ծոյլ, աղքատ, անվստահելի եւ անբարոյ:

Գաղթականներու եւ լեզուական փոքրամասնութիւններու համար, սակայն, ուրիշ է հարցը: Երկլեզուութիւնը բաղձալի է եւ մեծամասնութեան լեզուն խօսիլ օգտակար է տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ, բայց մտահոգիչ կը դառնայ այդ, երբ երկլեզուութիւնը

  • կը զարգանայ մայրենի լեզուի հաշուոյն,
  • կը դառնայ յաճախակի,
  • կը տանի մայրենի լեզուի տկարացման, աղաւաղման, եւ
  • հետզհետէ անոր մոռացութեան, մանաւանդ երրորդ կամ չորրորդ սերունդներուն մօտ: 

Վերջերս հեղինակին կողմէ կատարուած սերտողութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ 30-80 տարեկան 75 պէյրութահայերու 95 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ լեզուափոխութիւնը հայերէնի գիտութեան տկարացում եւ անբաւարար գործածութեան մէկ արտայայտութիւնն է: Թէպէտ վերոյիշեալ անձերը ընդունեցին, թէ իրենք ալ յաճախ լեզուափոխութեան կը դիմեն, անոնք ընդգծեցին այն իրողութիւնը, թէ անոնք յաճախ «յանցաւոր» եւ «ամօթ» կը զգան իրենց «լեզուները խառնելու» համար:

Իսկ 18-29 տարեկան 55 պէյրութահայերու 95 առ հարիւրը բնական կը նկատէ լեզուափոխութիւնը: Այս տարիքի պատկանող մեծամասնութեան թուած պատճառները, սակայն, բաւարար են մտահոգելու լեզուապահպանման եւ լեզուափոխութեան ոեւէ մասնագէտ: Յաճախ, կ’ըսեն երիտասարդները, «դժուար է բառերը հայերէնով գտնել կամ յիշել» եւ «աւելի դիւրին կ’ըլլայ անգլերէնով, արաբերէնով կամ ֆրանսերէնով լրացնել մեր նախադասութիւնները»:

Այս երեւոյթն է որ մտահոգիչ է, մանաւանդ լեզուական փոքրամասնութեան մը համար, որ երկար ատենէ կ’ապրի օտար երկրի մէջ, իր հայրենիքէն հեռու, որովհետեւ լեզուափոխութիւնը այս պարագային չի համապատասխաներ վերեւ ներկայացուած երկլեզուութեան դրական լեզուական մեկնաբանութիւններուն:

Լեզուափոխութիւնը՝ մտահոգութիւն

Մտահոգութիւն՝ տարբեր մակարդակներու վրայ: 

Նախ՝ յստակ է, թէ Պէյրութի մէջ որոշ խաւի մը համար լեզուափոխութիւնը կը ծառայէ իբրեւ նախադասութիւններ ամբողջացնելու միջոց մը: 

Եկրորդ, հաերէնը բաւարար չէ եւ բաւարար չի նկատուիր ամբողջովին ինքզինք արտայայտելու: 

Երրորդ, հայերէնի գիտութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը մեծապէս նուազած են:

Երիտասարդները յաճախ կ’ակնարկեն այն իրողութեան, թէ լիբանանցի արաբներն ալ անընդհատ ֆրանսերէն եւ անգլերէն կը գործածեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին: Հետեւաբար, եթէ լեզուափոխութիւնը լիբանանցիին առօրեային անբաժան մէկ մասն է, ի՞նչու համար մտահոգիչ, տարօրինակ, անբնական պէտք է թուի, երբ հայ պէյրութաբնակ երիտասարդ տարրը «խառնէ» իր լեզուները: 

Մեծագոյն տարբերութիւններէն մէկը, երբ նկատի կ’առնենք հայ եւ սփիւռքեան ընկերութիւնները, այն է թէ արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, եւ սպաներէնը կը տիրապետեն լրատուական, տնտեսական, քաղաքական, կրթական եւ պետական մարզերուն վրայ, հակառակ հայերէնին որ սահմանափակ գործածութիւն ունի: 

Նման կացութիւն մը կը նկարագրուի իբրեւ ոչ նպաստաւոր մթնոլորտ մը՝ փոքրամասնութեան լեզուին եւ անոր պահպանութեան իմաստով եւ, այս պարագային, հայերէնի պահպանութեան: 

Վերոյիշեալ մարզերուն կշիռը ծանր է եւ յաճախ ծանր կը ճնշէ փոքրամասնութիւն կազմող ընկերութիւններու վրայ, որոնք ներկայի համաշխարհայնացումի հետապնդած քաղաքականութեան՝ մէկ լեզու-մէկ մշակոյթ, դիմաց «ստիպուած» պիտի զիջին իրենց մայրենի փոքրամասնական լեզուն, որ արդէն հետզհետէ կը սահմանափակուի ընտանեկան կեանքին մէջ:  

Պատահածը անհաւասար ուժերու (լեզուներու) պայքար է:

Ներկայ հայ սերունդին մխրճուիլը տեղական ընկերութիւններուն մէջ եւ երկուքին հաւելեալ չափով շփումները, ըլլայ անոնք խառն ամուսնութիւններու միջոցով, բնակարանի վայրով, հայ լեզուի գիտութեան պակասով եւ օտար լեզուներու հմտութեանբ, ազդակներ են, որոնք լեզուբանական առումով բաւարար են մտահոգութեան աստիճանը հասցնելու ահազանգային վիճակի: 

Ներքին գաղութային առումով, կան յաւելեալ ազդակներ, որոնք կը նպաստեն որ ներկայ սերունդին լեզուափոխութիւնը եւ մայրենի լեզուի գիտութեան նուազումը կամ չգոյութիւնը մտահոգիչ նկատելու, ինչպէս

  • ծնողներու անհոգութիւն,
  • Ցեղասպանութեան հանդէպ անտարբերութիւն,
  • հայրենիքի առնչութեամբ ժխտական տպաւորութիւններ եւ կեցուածքներ,
  • օտարը գերադասելու եւ
  • հայերէնը, հայ մշակոյթը եւ ինքնութիւնը ստորադասելու հակում եւ ընթացք:

Եզրակացութիւն

Ինչպէս ի յայտ կու գայ, լեզուափոխութիւնը բաւական բարդ իրավիճակ մըն է, որ կարելի չէ անջատել համաշխարհային յեղաշրջումներէ եւ լեզուական փոքրամասնութեան մը անցեալի եւ ներկայի իրավիճակներէն:

Սակայն կարելի է ընդգծել այն իրողութիւնը, թէ փոքրամասնութեան լեզուի մը կրած փոփոխութիւնները արդիւնք են անոր սահմանափակ գործածութեան, կ’առաջնորդէ անոր սահմանափակ գիտութեան, որ իր կարգին կ’առաջնորդէ այդ մայրենի լեզուին ատակութեան նուազումին, անոր գործածութեան ինքնավստահութեան պակասին եւ ուրիշ լեզուներու գործածութեան եւ անոնց վրայ յենելու աճումին:

«Հայերէնը ճիշդ խօսինք» յայտագրին ընդգծած լեզուական խախտումները լուրջ են, որովհետեւ անոնք միեւնոյն ժամանակ կը նշանակեն խախտում գաղափարախօսական տուեալներու, ինչպէս՝

  • անձնական եւ ազգային պատկանելիութիւն,
  • մշակութային հպարտութիւն,
  • ազգային սովորութիւններ,
  • լեզուական հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն,
  • իւրայատուկ կենցաղավարութիւն,
  • ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ եւ
  • փիլիսոփայութիւն:

Լեզուափոխութիւնը ինքնին տմահոգիչ երեւոյթ մը չէ, այլ բնական՝ երկլեզու մարդոց մօտ, որոնք լեզուափոխութեան միջոցով կ’արտայայտեն իրենց մտային եւ ստեղծագործական կարողութիւնները: Փոքրամասնութեան պատկանող երկլեզու մարդոց համար ալ անշուշտ այս մէկը ճիշդ է:

Մէկ տարբերութեամբ, սակայն:

Լեզուափոխութիւնը անբաղձալի եւ վտանգաւոր կը համարուի լեզուական փոքրամասնութիւններ կազմող, մանաւանդ սփիւռքեան, ընկերութիւններու լեզուապահպանման ճիգերուն համար, երբ լեզուափոխութեան իրականութեան կը միանան ուրիշ ոչ նպաստաւոր ազդակներ: 

Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, հայ գաղութներու լեզուապահպանման ծրագիրներուն մէջ նկատի ունենալ նաեւ արտալեզուական տուեալները, որոնք յիշուեցան վերը: 

Երկլեզուութիւնը, լեզուական փոխառութիւնը եւ լեզուափոխութիւնը ունին իրենց «օրէնքները» եւ դրական արդիւնքները: Սակայն մայրենի հայերէն լեզուն կ’երաշխաւորէ  

  • հաւաքական պատմութիւն,
  • հայրենիք,
  • մշակոյթ,
  • ազգաշինութիւն,
  • ինքնութիւն,
  • կրօնական հաւատամք,
  • պապենական աւանդութիւն եւ
  • Հայ Դատի լուծում:
1 comment
  1. Beautifully Written

    It gave me great pleasure to read Հայերէնը ճիշդ խօսինք. First and foremost, the article was written beautifully in Western Armenian, without the inclusion of foreign words–as though they were part of the Armenian language itself–as we see is the case with Eastern Armenian, whether it is in newscast or written. We have accomplished a monumental task, although surrounded by forces which could have easily polluted our written language. We have kept Western Armenian alive in its purest form. This is not the case in motherland Armenia, where things are supposed to be left pure and unaffected by foreign influences.

    If the motherland gets the ‘foreign virus,’ is it any wonder the Diaspora gets  affected by the languages of the majorities where Armenians have lived for two or three generations?

    The internet and the commercial languages are affecting most, if not all, languages. We cannot turn against the English language just because it dominates these arenas, but where we have a free media it is vital that those presenters and program producers DO convey the pure and correct Armenian,  whether it is Eastern or Western Armenian in their respective regions.

    I do not know what is the prognosis for the Western Armenian language or its long-term future, but for as long as there are the means to keep it alive then we should do it.

    I have digressed from the topic of the aforesaid article. I did, however, enjoy reading it and I salute the author.

Comments are closed.

You May Also Like