Հայերէն Լեզուով Գրուած Յօդուածը

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 29 Օգոստոս 2015

Սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ լեցուն են օտարութեան յաղթանակները եւ համացանցային (Internet) հաղորդակցական միջոցները, որոնց պատճառաւ մեր երիտասարդութիւնը եւ նոյնիսկ միջին տարիքի մարդիկ կը նախընտրեն կարդալ անգլերէն լեզուով յօդուածներ: Շատ քիչ թիւ կը կազմեն անոնք որոնք տակաւին կը փնտռեն հայերէնով գրուած լուր կամ յօդուած:

Յաճախ ինծի կը հարցուի թէ ինչո՞ւ անգլերէնով չեմ գրեր յօդուածներս եւ կը բաւականանամ միայն հայերէն լեզուով գրելով: Երբեք նենգամտութեամբ չէ որ ինծի կ’ուղղուի այդ հարցումը, որովհետեւ գիտեմ բարիկամեցողութիւնը հարցնողներուն եւ իրենք ալ գիտեն իմ անգլերէնի քաջածանօթ ըլլալը: Արդարեւ, անգլերէն լեզուով տեղական դատարաններու առջեւ յաճախ մեծ ընկերութեան մը դատը կամ դատերը պաշտպանելու տարիներու փորձառութիւնս դժուար պիտի չդարձնէր ինծի այդ լեզուով գրելը:

Որպէս պատասխան ըսած եմ, թէ անգլերէնով հայ գրող շատ կայ եւ իմ գրութիւնները կ’ուզեմ խորհիլ թէ կը ծառայեն մեր երէց սերունդին, որ կը նախընտրէ հայերէն կարդալ:

Կան նաեւ ուրիշ պատճառներ զորս պիտի փորձեմ հոս բացատրել, յուսալով որ նշանակութիւն եւ իմաստ (sense) կ’ունենան ըսածներս:

Նախ եւ առաջ պիտի խնդրէի որ ոչ ոք իմ կողմէ եղած մեծամտութիւն չնկատէ կամ մեծերու հետ չափուելու եւ կամ «հովեր» առնելու չվերագրէ հետեւեալ մէջբերումը որ պիտի ընեմ, ձեւով մը արդարացնելու համար հայերէնով գրելս:

Մեծանուն բանաստեղծ ու գրագէտ Կոստան Զարեան (1885-1969), որ սկսած էր իր գրական յաջող երթը գրելով ռուսերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով, քսանհինգ տարեկանին սորվեցաւ հայերէն լեզուն Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ՝ Մխիթարեաններու շունչին տակ` 1910-1912 թուականներուն: Նախքան անոր հայերէն լեզուով գրելը, ան արդէն հռչակաւոր գրող էր ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Պատճառը որ ան հայերէն սորվեցաւ եւ ուզեց հայերէնով գրել` եղաւ խրատն ու յորդորը իրեն բարեկամ պելճիքացի մեծահռչակ բանաստեղ եւ գրող Էմիլ Վէրհաէրէնի (Emile Verhaeren), որ իրեն խորհուրդ տուաւ սորվիլ իր մայրենի լեզուն՝ հայերէնը, եւ գրել իր նախահայրերու լեզուով` եթէ կ’ուզէր ԵՐԵՒԱՆ ՀԱՆԵԼ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԱՆՁԸ (reveal his true self): Այսինքն, պարզ լեզուով ըսուած, գրել ու խօսիլ հարազատ ընտանիքի եւ տան մէջ նստած:

Եւ իսկապէս ալ այդպէս, ամէն անգամ որ կը նստիմ յօդուած մը գրելու հայերէն լեզուով, կը զգամ ջերմութիւնը յիշատակներով լեցուն կեանքիս, որուն մէջ հարազատներ հայերէնով կը խօսէին ինծի եւ որուն մէջ ընկերներ ու բարեկամներ հայերէնով կը բարեւէին հեռուէն ու մօտէն: Կը զգամ թէ մըտքիս եւ հոգիիս անկաշկանդ ալիքները դուրս կը ժայթքեն ներաշխարհէս` յառաջացնելով հարազատ եւ անարատ նկարագրականներով ու բացատրութիւններով լեցուն գրաւոր պատկերներ, որոնց ետին եւ առջեւ միշտ կանգնած են սիրելիներս՝ անվերադարձ մեկնած շնորհալի ու պաշտելի կինս, աննման հայրս ու մայրս, համբուրելի խիզախ Վահան եղբայրս ու անգերազանցելի ընկերներ Հրայրն ու Բիւզանդը:

Հայերէնով գրուած յօդուածը վարձատրութիւն կը նկատեմ նաեւ մեր երէց եւ ալեհեր սերունդին, որ տակաւին կը փնտռէ հայերէնով գրուած թերթ ու գիրք: Անոր կը պարտինք Սփիւռքի ազգային անապահով պայմաններու մէջ մեզի ընծայուած եւ տրուած, ապահով ձեռքերու մէջ խնամուած ու մշակուած մեր հայկական պատկանելիութիւնը: Հաճոյքով կ’ընկալեմ ժպիտը եւ բարի խօսքն ու գնահատականը այդ երէց սերունդի բոլոր ընթերցողներուն, որոնք ամէն անգամ որ ինծի հանդիպին՝ շնորհակալութեամբ կ’արտայայտուին, եւ այդ ընելով՝ զիս կը քաջալերեն որ գրեմ յաջորդ յօդուածս:

Ինչպէս վերի տողերուն մէջ յիշեցի, անգլերէնով յօդուածներ գրողներ շատ կան մեր սփիւռքահայ ուսեալ եւ զարգացած անհատներուն մէջ եւ բոլորն ալ արժանի են յարգանքի ու գնահատանքի, որովհետեւ մեր խօսքը լսելի կը դարձնեն օտարին եւ օտարախօս մեր նոր սերունդին: Հայերէն լեզուով յօդուած գրելը, գէթ ինծի համար, խառնուրդն է շատ մը ներքին զգացումներու, որոնց մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւեն ինքնագոհացումը եւ երէցներու հանդէպ իմ ունեցած մեծ սէրն ու յարգանքը:

3 comments
  1. Haye Hayov, Hayoon Hamar

    Please write in Armenian. Talk with God in Armenian. You have to speak Armenian. Our language is very rich and pure and can explain your feeling, love, and ideas better than any other language.

    Let the new generation love and respect our mother language and learn Mayreny lezoon. 

    Amen.
     
  2. Հայերէն Լեզուով Գրուած Յօդուածը

    Պրն Դաւիթեան,
    Ձեր գրիչը մնայ դալար ու հոսուն: Ձեր զգացումները եւ մտքերը ամէն սրտցաւ հայու հոգւոյն եւ էութեան մէջ առկայ են: Հայրէն գրելն ու կարդալը հոգեկան գոհացում տուող բալասան է՝ որուն կարօտով կապրինք ամէն օր: Վարձքերնիդ կատար:

Comments are closed.

You May Also Like

Յանձնառու Արուեստագէտ մը

Մովսէս Ծիրանի, Մոնթրէալ,  13 Օգոստոս 2016   Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ՝ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի…
Read More