«Հայեր, Միացէ՛ք», Մինչեւ Ե՞րբ…Երգով

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 18 Յուլիս 2011

Հայրենի տաղանդաւոր ժողովրդային երգչուհի Սարիբեկեանի ոգեշնչող ու խանդավառող երգը՝ “Հայեր, միացէ՛ք”, այսօր ամենէն տարածուած ու ժողովրդականացած երաժշտութիւնն է, իր արուեստի կատարողութեամբ, արտայայտութեամբ ու բովանդակութեամբ:
 
Ամէն անգամ որ զայն կը լսեմ, կ՝ըմբոշխնեմ անոր հնչեղութիւնը ու կը լիանամ անոր ազգային երգեցողութենէն, կը հաւատամ որ նոյն զգացումներն ու ապրումները կրնայ ունենալ ամբողջ հայութիւնը, իրաւացիօրէ՛ն:
 

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 18 Յուլիս 2011

Հայրենի տաղանդաւոր ժողովրդային երգչուհի Սարիբեկեանի ոգեշնչող ու խանդավառող երգը՝ “Հայեր, միացէ՛ք”, այսօր ամենէն տարածուած ու ժողովրդականացած երաժշտութիւնն է, իր արուեստի կատարողութեամբ, արտայայտութեամբ ու բովանդակութեամբ:
 
Ամէն անգամ որ զայն կը լսեմ, կ՝ըմբոշխնեմ անոր հնչեղութիւնը ու կը լիանամ անոր ազգային երգեցողութենէն, կը հաւատամ որ նոյն զգացումներն ու ապրումները կրնայ ունենալ ամբողջ հայութիւնը, իրաւացիօրէ՛ն:
 

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, անորՀայեր, միացէ՛քը խորհրդածութիւններու լայն դուռ կը բանայ, թէ այդ երգէնգինովցողներէնքանի՞ հոգի, պահ մը, կը յամենայ անոր իմաստին խորութեան մէջ:
 
Այսօր, մեր իրականութեան մէջ, ծանօթ է, համատարածանդարման վէրքմը կայ, որ թէեւ հինէն կու գայ, բայց, ներկայիս շատ աւելի ցաւցնող է, երբ հայկական շերտաւորումները, հատուածականութիւններն ու բազմաբեւեռացումները հրապարակայինիշխանութիւններ դարձած են:
 
Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի նոյն այդմիացումիբացակայութեան ու չգոյութեան, որ գործնական գետնի վրայ թէ այլապէս կը մնայազգային մնայուն ցաւմը, աւելի խորացնելով ու սրելով անոր տանջահարութիւնը:
 
Ինչո՞ւմիացումի գործօնը պիտի մնայ օդէն կախուածթռուցիկ, լաւագոյն պարագային՝ ցանկատեսութիւն, իսկ զայն պատուար դարձնողներ, անոր ետին թաքնուելով, պիտի շարունակեն իրենց կործանարար եւ աղիտաբեր աշխատանքները, ստուերելով եւ անորոշելով հայ ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյութեան նուիրական երանգները:
 
Այսմիացումը ո՞ւր կարելի է գտնել, ո՞ր պարունակին մէջ, ատիկա ըլլայ ներգաղութային, միջգաղութային թէ արտգաղութային, երբ խաչաձեւումները, այլամերժութիւններն ու հակառակորդութիւնները կը մնանգերակշռող:
 
Եթէ աւելի մանրամասնենք, դէմ յանդիման կու գանք աւելի ծանրակշիռ երեւոյթներու, ուր կազմակերպութիւններ իրե՛նք կը տառապին իրենցմիացումներուանմիացումներէն, անմիասնականութենէն եւ անմիաբանութենէն:
 
Զարմանալի թէ ոչ, իրողութիւն է, որ մասնատումներու, տրոհումներու ու բաժանումներու բազմապիսութիւնը, շատութիւնը կամ տեսակաւորութիւնը, անսահմանօրէ՜ն, տարածուեցան ու կուտակուեցան, բազմաթիւ մակարդակներու վրայ:
 
Կար ժամանակ, երբ յստակ էր, թէճակատները ո՞ւր էին, ուրկէ՞ կը սկսէին, ո՞ւր կը վերջանային, թէկուզեւ կուսակցական, քաղաքական, եկեղեցական ու հասարակական բեւեռներու վրայ, գէթպաղ պատերազմի ընթացքին:
 
Այսօր, կարելի՞ է ըսել թէ՝ այդճակատները մնացած են ա՛յդ սահմաններուն կամ խրամատներուն մէջ, ուր իւրաքանչիւր կողմ իրթեզին եւարեւելումին կառչած է ու հաւատարիմ մնացած է իր առաջադրանքային պահանջքներուն:
 
Եթէ կան կողմեր, որոնք կը հաւատան, թէ իրենք այդպիսին են եւ այդպէս մնացած են, չարաչար կը սխալին ու, գիտակցաբար թէ ոչ, կը փորձեն մոլորեցնել իրենց հետեւորդներն ու համակիրները:
 
Իսկ եթէ կան ուրիշ կողմեր, որոնք կը տեսնեն շեղումներու ու սայթաքումներու ահաւորութիւնը, բայց կը դառնան համակերպող, անտարբեր կամ կրաւորական, ձգելով որ ինքնահոսը շարունակուի, դիմափոխելով ու քայքայելով առ այդ կառուցուածն ու շահուածը, այդ ալ այլ աղէտ մըն է:
 
Ուրեմն, ի՞նչ:
 
Կայ թէ՞ չկայմիացում”, ա՛յնմիացումը, որ պայման չէ որ ըլլայ իտէալական կամ ամբողջական, բայց, առնուա՛զն, դառնայ հայանպաստ, միաւորումի իմաստով, առանց արուեստական կամ արկածախնդրական ցնցումներու:
 
Իցի՜ւ թէ, պիտի ըսէին շատեր, որովհետեւ, այն ինչ որ կ՝ ուրուագծուի (կամ ուրուագծուած է) տիրող ու գործող իրականութեան մէջ, չի յուշեր նման լաւատեսութիւն, չի ներշնչեր միանշանակ վստահութիւն:
 
Ատենին, բազմաթիւ առիթներով, գրած ու շեշտած էինք, որ հայկական բառարաններուն մէջ պահուելու (կամ թաղուելո՞ւ) դատապարտուած ըլլալու ենմիացումի համազօր ու հոմանիշ որեւէ եզր կամ հասկացողութիւն:
 
Հիմա, երանի՜ կու տանք այդ օրերուն, որովհետեւ այն ինչ որ ներկայիս բեմագրուած կամ բեմադրուած է այս հանգրուաններուն, իսկապէս, խոր մտահոգութիւն պատճառող տխուր ճշմարտութիւն մըն է, իսկ ոչ մէկ երաշխիք ու յոյս կայ, որանմիացումի պատնէշները կրնան քանդուիլ:
 
Միացումի կարգախօսը, երգեցողութիւնը թէ վանկարկումը, իր պահպանումով ու կիրարկումով, գոնէգոնէ, իր նուազագոյնառաւելագոյն եւ առաւելագոյննուազագոյն հեռանկարով, կրնայ դրական մեկնարկ մը ունենալ կամ այդ ուղղութեամբ շարժիլ, միայն այն ժամանակ, երբ հայ իրականութենէն ներս կեղծմիացումի մունետիկները կը չեզոքացուին ու կը հեռացուին, շահագործելիմիացումի մուրացկանները կը դիմազերծուին ու կ՝անկիւնաւորուին:
 
Եւ այս բոլորը՝ եթէ, իրօ՛ք, նախանձախնդրութիւնը եւ վճռակամութիւնը կան դէպիմիացումնպատակային տեղաշարժ մը արձանագրելու, առանց զիրարյօշոտելուճղճիմ, անձնակեդրոն ու նեղմիտ հաշիւներու ի խնդիր:
 
Պէտք է հաւատալ ու համոզուիլ, դարձեալ ու դարձեա՛լ, Հայ Սփիւռքը կ՝անցնի խիստ փորձանաւոր աւազախրումէ, որուն տխուր հետեւանքներուն եթէ հիմա ականատեսն ենք, վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ առանցմիացումի նուազագո՜յն իրագործումներուն:
 
Տեսլապաշտ տաղանդաշատը՝ Շահան Շահնուր, իրՆահանջը առանց երգի անկրկնելի հատորով, ճիչաղաղակ արձակած էր, որուն կրկնօրինակը այսօր, նոյն ահազանգով, բայց նոր տարբերակով, կրնա՞յ զգաստացնել անուղղաները.
 
ՀԱՅԵՐ, ՄԻԱՑէ՛Ք”, ԲԱՅՑ ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ԵՐԳՈՎ…:
You May Also Like