Ըստ քրտական, թրքական եւ այլ աղբիւրներու՝ ինչպէս Օսմանեան կայսրութան, այնպէս ալ աթաթուրքեան արուեստական հանրապետութեան մէջ՝ ծագումով Հայ թէ Յոյն, Ասորի, Քիւրտ «փոքրամասնութիւններ»-ու աչքառու, ուշիմ զաւակները «թրքացած» են եւ անոնց ալ յաճախ վստահուած է բարձր պետական պաշտօններ:
Ըստ քրտական, թրքական եւ այլ աղբիւրներու՝ ինչպէս Օսմանեան կայսրութան, այնպէս ալ աթաթուրքեան արուեստական հանրապետութեան մէջ՝ ծագումով Հայ թէ Յոյն, Ասորի, Քիւրտ «փոքրամասնութիւններ»-ու աչքառու, ուշիմ զաւակները «թրքացած» են եւ անոնց ալ յաճախ վստահուած է բարձր պետական պաշտօններ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, 1989 թ. Մալաթիոյ SHP ազգայնական-թրքական կուսակցութեան որպէս կուսակալ ընտրուած Իպրահիմ Աքսոյ, որպէս Քիւրտ՝ Եւրոպայի խորհրդարանի մէջ. «Թուրքիոյ մէջ Քիւրտ անունով ուրիշ ժողովուրդ մը կայ» յայտարարելէ ետք՝ դուրս դրուեցաւ SHP ընդհանուր քարտուղար Դենիզ Պայքալի կողմէ…: Աքսոյ ստանձնեց HEP-ի եւ DEP-ի առաջին քարտուղարի պաշտօնը պետական չհրատարակուած աղբիւրներէ՝ յայտնելու այնպիսի «գաղտնիք»-ներ՝ որոնք կ'եզրակացնեն թէ այսօրուան Թուրքիոյ վերնախաւին մեծ մասը բաղկացած է ծագումով, հայակական արմատներով գործիչներէ:
Ընդլայնելով մեր ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնենք առաջին հայեացքով անհաւատալի, յաճախ մոլեռանդ «թուրք» ազգայնական դարձած հայազգի հանրայայտ դէմքերու այս ցանկը սկսելով Աթաթուրքի սիրեցեալ դուստր՝ Սապիհա Կէօքճէնէն (Խաթուն Սեպիլճեան) որ աշխարհի առաջին կին ռազմական օդաչուներէն մէկը դարձաւ հասնելով օդային ուժերու Զօրավարի աստիճանին:
Սապիհա Կէօքճէն (1913-2001)
Իր ընտանիքին անդամները ցեղասպանութեան ենթարկուած, մի քանին ալ վերապրած, ինչպէս իր զարմուհի Այնթէպցի Հռիփսիմէ Սեպիլճեան, հայ որբուհի մը որուն ամբողջ էութեամբ սիրահարուած էր Աթաթուրք եւ որբանոցէ մը վերցնելով, 12 տարեկանին, այս չափազանց ուշիմ հայուհիին շնորհեց իշխանուհի Սապիհայի անունը: Ապա առաջին մահմեդական անունին հաջորդեց միւսը՝ Կէօքճէն:
Խորհրդային Միութիւն ուղարկուած, ապա աշխարհի լաւագոյն օդաչուներէն՝ Չքալովի կողմէ մարզված Սապիհա Կէօքճէն թօներով ռումբ թափեց՝ իր իսկ ազգակիցներու գիւղերուն եւ ապաստարաններուն վրայ 1938 թուականի Դերսիմի Քիւրտ-Զազաներու մեծ ապստամբութեան ժամանակ, որուն զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր անձինք նաեւ Զազա ցեղախումբերու կողմէ փրկուած բազմաթիւ հայեր…:
Իր կեանքի աւարտին հարցազրոյց մը շնորհելով Մեծ նահատակ Հրանտ Դինքին՝ ուր բացէ ի բաց յայտնեց իր հայու կրօնափոխ դուստր ըլլալը՝ անշուշտ զայրացնելով Թուրքիոյ խաւարամիտ ազգայնականները:
Ի միջի այլոց, Թուրքիոյ մամուլի մէջ հրատարակուած փաստաթուղթերու վրայ, 1992-93 թ.ին Ալփասլան Թուրքէշ, Նիսաբնակ հայ գործարար եւ «Յատուկ առաքելութիւններու Ասպետ» Սամսոն Էօզարարատին նշած է Աթաթուրքին կողքին կռուած հայ «Քահրաման»-ներու մասին: Չանակքալէի մէջ նոյնիսկ անոր ստորագրութիւնը պատրաստուած է հայ գեղագրի մը կողմէ. Թուրքէշ յիշած է Յակոբ Մարթայեան – «Տիլաչար»-ին անունը, որպէս Թուրքիոյ նոր այբուբէնի եւ լեզուի, քերականութեան կարգաւորող: Հայ ժողովուրդին մեծագոյն դահիճներէն մէկուն զարմանալի «սէրը»… իր զոհերուն հանդէպ:
Հաֆիզէ Օզալ
1980 թ.ի Թուրքիոյ ռազմական յեղաշրջման բռնակալ՝ Քենան Էվրէնի «հոգեզաւակ», ապա Թուրքիոյ վարչապէտ Թուրկութ Օզալ մօր՝ Հաֆիզէի եւ հօր կողմէ ալ հայ էր…: Հաֆիզէ, Մալաթիոյ Թիիտէ գիւղի հայ երբեմնի քահանային ապա կրօնափոխ ուսուցիչ՝ հռչակաւոր Ջինջի Հօճային դուստրն էր: Ապա, ամուսնանալով հայկական Չմշկածաք աւանէն գաղթական, կրօնափոխ դարձած Օզալ ընտանիքի որդուն հետ կը դառնայ մայրը Թուրքիոյ ապագայ Վարչապէտ Թուրկութ Օզալի: Վերջինս, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պէտրոսեանի եւ այլ պետական դեմքերու հետ հանդիպումին կը յայտնէ իր մօր հայկական ծագման եւ հայկական քոնեաքի հանդէպ սիրոյ մասին… որուն պատճառով ալ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներ կ'այցելեն Հաֆիզէ Օզալին, անոր նուիրելով ամենէն ընտիր հայկական քոնեաքը:
Մեսուտ Ելմազ
Ինչպէս Թուրքիոյ նախկին փոխ-վարչապէտ՝ այնպէս ալ պետութեան լաւագոյն քաղաքական դէմքերէն մէկը Մեսուտ Ելմազ՝ Համշէնի Ռիզէ աւանի կրօնափոխ հայերէն է: Իր հարազատներէն՝ Ալիս-Ալիյէ Ալթ ու Դենիզ Ալթ, այսօր Գերմանիոյ Համշէնահայերու շարժման դրօշակակիրներէն են:
Մուրատ Քարայալչըն
Թուրքիոյ քաղաքական աշխարհի ամենէն աշխոյժ անդամներէն եւ SHP կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկը նոնյպէս Համշէնի Ռիզէ աւանէն է: Սակայն Ելմազ ընտանիքին հետ բախումներու մէջ գտնուելով, Սամսոն տեղափոխուած Քարայալչըն ընտանիքին զաւակը այսօր Անքարայի քաղաքական շրջանակներու մէջ գործող նոյնպէս ծագումով հայ Մեհմէտ Քէչիլերի, Հասան Ջելալ Գիւզէլի եւ այլոց հետ կը պայքարի դառնալու երկրին ամենէն ազդեցիկ ղեկավարներէն մէկը:
Տէօվլէթ Պահչէլի
Թուրքիոյ ազգայնական MHP կուսակցութեան ղեկավար, Աթաթուրքի անուան համալսարանի շրջանաւարտ ու թունդ ազգայնամոլ Տէօվլէթ Պահչէլիի ընտանիքը՝ Սեւերէկի հայերէն են բռնագաղթուելով բնօրրանէն՝ եկած ու տեղաւորուած են, որպէս կրօնափոխներ՝ Պահչէի շրջանի մէջ, ուր կը ծնանի Տէօվլէթ, թրքական ազգայնական շարժման ամենէն յուսատու տարրերէն մեկը:
Ռեճաի Քութան
Թուրքիոյ քաղաքական հանրայայտ դէմքերէն՝ Նէճմետտին Էրպաքանին «աջ թեւը» համարուող, ծագումով Ատըեամանի Քութան հայական գիւղի կրօնափոխ հայ՝ Իսմայիլ Էֆէնտիին զաւակը Ռեճաի Քութան SP կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար եղած է:
Տակաւին կրնանք ցանկը երկարել՝ մէջն առնելով Թուրքիոյ այժմու նախագահ Ապտուլլա Կիւլը եւ «հայատեաց» Վարչապէտ Թայիպ Ռէճէպ Էրտողանը՝ որոնց զարկերակներուն մէջ ալ հայու արիւն կը հոսի, բայց՝ դաւանափոխի բարդ եւ վախազդեցիկ աշխարհի վաճառուած հոգիներ են անոնք, ցեղասպանութեան իսկական զոհեր: