Հայկական Ծնունդը

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2010

Ընտանեօք նստած ենք սեղանին շուրջ: Հայրիկը կը բաժնէ թղթիկներ, որոնց վրայ իր մաքուր ձեռագրով ընդօրինակած է Ծնունդի երգին բառերը: Նախքան ընթրիքը, աղօթք մը ըսելու պէս կ’երգենք այս երգը.

         Այսօր տօն է, սուրբ Ծննդեան աւետիս
Ծնաւ եբեր անմահ արքան, աւետիս …

Սեղանին վրայ անպայման կան մեծ մամային պատրաստած “քաղքէ”ն ու “քեթէ”ն:

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2010

Ընտանեօք նստած ենք սեղանին շուրջ: Հայրիկը կը բաժնէ թղթիկներ, որոնց վրայ իր մաքուր ձեռագրով ընդօրինակած է Ծնունդի երգին բառերը: Նախքան ընթրիքը, աղօթք մը ըսելու պէս կ’երգենք այս երգը.

         Այսօր տօն է, սուրբ Ծննդեան աւետիս
Ծնաւ եբեր անմահ արքան, աւետիս …

Սեղանին վրայ անպայման կան մեծ մամային պատրաստած “քաղքէ”ն ու “քեթէ”ն:

Ծնունդին նախորդող ամբողջ շաբաթը, թաղի փռապանները՝ Ղազարոսը, Մովսէսը եւ Յակոբը, գլուխ քերելու շամանակ չէին ունենար: Թաղեցիք, խմորեղէնի ափսէներ բռնած, իրարանցումով եւ հրմշտուքով կարգի կը սպասէին: Ամբողջ թաղը կը բուրէր եփած խմորի հոտով:

Նոր տարուայ եւ Ծնունդի խմորեղէններէն  մեզ՝ փոքրերս, ամէնէն շատ հրապուրողը եւ գործնականը  ափի մեծութեամբ անուշ համով “քաղքէ”ն էր: Մեր գրպաններուն պարունակին՝ հոլին, չաթալին, գնդիկներուն կողքին տեղ կը գրաւէր նաեւ “քաղքէ”ն: Իսկ պնակի մը մեծութեամբ “քեթէ”ն, աղի, մեծ մամային գաղտնի եւ խորհրդաւոր բաղադրութիւնը կրող խմորեղէնը, միայն մեծերն է որ կը գնահատէին: Երբ քահանան տունօրհնէքի գար, սեղանին վրայ անպայման կը դրուէր մեծ մամային խաչի նշանը կրող ձեռագործ “քէթէ”ն, գաւաթ մը ջուրին եւ փոքր պնակ մը աղին հետ:

Խթման գիշերը, մայրիկին պատրաստած հաւն ու փիլաւը ախորժակով կ’ուտենք, աւելի ճիշդը՝ կը լափենք, որպէսզի լսենք հայրիկին Ծննդեան պատմութիւնները, մեր հերոսներուն՝ Անդրանիկին, Մուրատին, Սերոբ Աղբիւրին քաջագործութիւնները: Այնքան տարուած ենք թուրք ասկերին կատարած սանձարձակութիւններէն, քիւրտ բեկին անիրաւութիւններէն, հայու արդար ընդվզումէն, որ երբ մայրիկը ներս կը բերէ շիկացած ածուխներով վառարանը (մանղալը), երեւակայութեամբ կ’երթանք Հայաստանի գոմերը, ուր ձմեռուայ բուք ու բորանին, մեզի նման պատանիներ մտիկ կ’ընէին մեծերուն պատմութիւնները, ի վերջոյ ստանալով անոնց բաղձանքը.

         Ապրէ’ք, երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէ’ք

Նոյն խօսքը կը կրկնէր հայրիկը մեզի, երբ կը յիշեր բոպիկ ոտքերով դպրոց երթալը, ամբողջ օրը քաղցած մնալը եւ ցուրտ ձմռան , մինչեւ ոսկորները թափանցող պաղուն դիմադրելը:  Վարկեանի մը համար կը հասկնամ ինչ ըսել կ’ուզէր հայրիկը: Մի քանի օր առաջ այնքան պաղ ըրած էր, որ Կերթմէնեան վարժարանի խոնաւ պատերով դասարանին մէջ կէսով մը սառած էինք: Մօտս, նոյն գրասեղանը ինծի հետ բաժնող տղան, պայուսակէն գաղտագողի կը հանէ լաթի մը մէջ փաթթած մարմար մը, որը ամբողջ գիշերը կրակարանին վրայ տաքցուցած էր եւ ինծի թոյլ կու տայ ատենը մէյ մը ձեռքերս վրան դնել, որպէսզի տաքնան:

Բոլորուած ածուխէ կրակարանին շուրջ, երբ մեզմէ մէկը փորձէր օդին մասին ակնարկութիւն մը ընել, գանգատիլ պաղին եւ անձրեւին մասին, մայրիկը, ցուրտը որպէս փաստ կը գործածէր հայկական Ծնունդի իսկական ըլլալը ապացուցելու համար:

–  Մեր, հայկական Ծնունդը իրականն է: Յիսուսի ծնած օրն ալ այպէս ցուրտ էր:

Մեր տան մէջ երաժշտական հակումը տեւապէս եղած է գերակշռող: Ոչ մէկս բաղաձայն էր: Այժմ հայրիկը մանտոլինին վրայ եղանակներ կը նուագէր եւ ամէն մէկէս կը պահանջէր երգ մը: Ժողովրդային, հայրենասիրական երգերը, մէկը միւսին ետեւէն տաքուկ զգացումներով կը լեցնէին մեր սրտերը: Ամէն մէկը ունէր իր նախասիրած երգը: Մեծ մաման անպայման կուզէր լսել “Ազատն Աստուածը”.

                               Ազատն Աստուած այն օրից,
                               երբ հաճեցաւ շունջ փչել,
                               իմ հողանիւթ շինուածքին
                               կենդանութիւն պարգեւել:

Մայրիկը ունէր իր նախասիրած երգը՝

Իմ խենդ գարնան օրեր անուշ, եկէք ինձ կրկին
սուրբ ցնորքներ, յուշեր քնքուշ իմ երազ կեանքին:
Հիմա աղքատ, թշուառ եմ ես, սիրտս է պարապ ու լռին,
բայց դուն միշտ տաս յուշ հրակէզ, դուն՝ ժպիտն իմ թախծին:

Հօրաքոյրը կուզէր լսել “թռչէի մտքով տուն”ը:

Եւ այսպէս. “սեւ աչերը”, “կոլխոզի չոպան”ը, “բարի գեղեցիկ”ը մեզ կը մօտեցնեն  գիշերուայ 12-ին: Հեռուէն կը լսուի երաժշտական գործիքներու՝աքորտիոնի, ծնծղաներու, հարմոնիքայի հետ միացոյլ անուշ երգեցողութիւն:

– Եկա՜ն:

Անտեսելով ցուրտը, բոլորս դուրս կ’ելլենք, տան մուտքին, ունկնդրելու, երգելով եւ բարեմաղթութիւններով մասնակցելու Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը տարածող երիտասարդական խումբերուն, որոնք մոմերով կը շրջին թաղերը, հայկական թաղերը, Քրիստոսի լոյսն ու խօսքը փոխանցելու:

Ընդունելէ ետք մեծ մամային փափաքը՝ “ Ամէն տարի բարով հասնի”, կը վերադառնանք մեր տաքուկ սենեակը, շարունակելու համար խթման գիշերուայ ՝յայտագիրը՝ կատակներով, անակնկալներով, խաղերով ճոխացուած:

– Հայրիկ, լուցկիներու խաղը խաղանք:

–  Չէ, նախ փամպակին եւ սաւանին խաղը:

–  Ո’չ, ո’չ, “նշանածս ո՞վ է”ն:

Մեր ընտանիքին համար ամէնէն երկար գիշերն էր երբ կրնայինք անքուն մնալ եւ զուարճանալ: Վերջապէս, յոգնած ու ուժասպառ, երբ կ’ուզենք մտնել մեր խոնաւ ու սառոյց դարձած անկողինները, մայրիկը կարգով, ամէն մէկուս ծածկոցը ածուխէ կրակառանին  առջեւ բռնած կը տաքցնէ, ապա կը ծածկէ մեզ:

Յաջորդ առաւօտ, ծնունդի օրը բացառիկ օր մըն է: Նախ կը համբուրենք հայրիկ-մայրիկին ձեռքը, ապա բոլորս ալ պաշտօնական օրերու յատուկ մաքուր զգեստներ հագած ընտանեօք կ’ուղղուինք եկեղեցի, հաղորդուելու համար: Ճամբան հայրիկը կը հարցափորձէր. “Մէկը վշտացուցա՞ծ էք, մէկու հետ քէ՞ն էք”: Եթէ այո, պէտք էր անպայման երթայինք եւ հաշտուէինք նախքան հաղորդուիլը: Կը յիշեմ, տարի մը գացի ընկերոջ մը մօտ, որու հետ քէնցած էի եւ զինք փողոց հրաւիրեցի: Ընկերս երբ զարմացած կ’ուզէր պատճառը գիտնալ, երկարեցի ճկոյտ մատս, իբրեւ հաշտութեան նշան եւ բացատրեցի թէ նախքան հաղորդուելու երթալս պէտք էր հաշտուէինք:

Եկեղեցիէն վերադարձին, տղամարդիկը կ’այցելէին ազգականներու եւ բարեկամներու տուները, Ծնունդը շնորհաւորելու, իսկ մենք անհամբեր կը սպասենք հայրիկին վերադարձին, որպէսզի շաքար-շոքոլաները, իր այցելած տուներէն հրամցուած, մեզի բաժնէր:

Օդը կը շարունակէր ցուրտ ընել: Մենք բոլորուած ՝մանղալին՝ շուրջ շաքանակ կը խորովենք եւ հայրիկին բերած շոքոլաները կը համտեսենք, մրցումի ելած իրար հետ.

– Աս շոքոլան հօրաքոյրենց տունէն է: Այս շաքարը Չալեաններէն, Խրիմեաններէն, Ղաւզալեաննէրէն … է:

Մինչ մայրիկը, հիւսկը ձեռքը կը շարունակէ կրկնել, թէ մեր՝ հայկական Ծնունդն է իսկականը:

Հիմա ըսէք, տեսնեմ, կրնա՞մ զաւակներուս կրկնել ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը.

         Ապրէ’ք, երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէ’ք:
 
You May Also Like