Հայկական Կուսակցութիւնները Ընելիք Ունի՞ն …

Անխուսափելի Հարցադրումը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Սեպտեմբեր 2012

Խնդրե՛մ, վերջին տարիներուն, ինքզինք պարտադրող ուրիշ, բայց նոյնքան հրատապ հարցում մը, որ բարձրաձայն թէ այլապէս կը հնչուի ու կը լսուի բազմաթիւներէ, ընդ որուն՝ նաեւ կուսակցականներէ:

Անխուսափելի Հարցադրումը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Սեպտեմբեր 2012

Խնդրե՛մ, վերջին տարիներուն, ինքզինք պարտադրող ուրիշ, բայց նոյնքան հրատապ հարցում մը, որ բարձրաձայն թէ այլապէս կը հնչուի ու կը լսուի բազմաթիւներէ, ընդ որուն՝ նաեւ կուսակցականներէ:

Յստակացնե՛նք:

Այս թղթածրարը հիմնակա՞ն է, թէ՞՝ ոչ:

Իսկ ինչո՞ւ ոչ, երբ մեր երիտասարդութիւնը, նախ՝ անտարբեր է հայկական կուսակցութիւններու նկատմամբ, իսկ ամենէն վտանգաւորը՝ սկսած է թափանցել (կամ “թափանցուիլ”) այլ օղակներէ ներս:

Հայկական կուսակցութիւնները, իրենց ամբողջ գոյութեան ընթացքին, եղած  են իրենց գաղափարախօսութեանց կրողները, նաեւ, իւրաքանչիւրը, իր դատած հայեացքով ու դիտարկումով, իր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայողը:

Մեծն Եղեռնը եւ անոր յաջորդող տարիները, Սփիւռքի տարածքին հայկական կուսակցութեանց վերապահեցին առաջնորդող երախտաշատ դերեր՝ հայապահպանումէն մինչեւ հայակերտումի ոլորտներ, դպրոցաշինութենէն մինչեւ մշակութապահպանումի լծակներ, համայնքածառայութենէն մինչեւ հայրենասիրական գործունէութիւններ:

Ո՞վ կրնայ ուրանալ վերոյիշեալները կամ կասկածի տակ առնել այդ իրագործումները, եւ ասոնք՝ ի դէմս հայ կուսակցականներու համեստ տոկոսաթիւին, հայութեան ընդհանուր քանակին հետ բաղդատած:

Նոյնիսկ իրենք զիրենք չէզոք նկատող կամ անտարբեր համարող անձեր-կողմեր, կը հետեւէին հայկական կուսակցութիւններու առած վճռակամ քայլերուն, երբ հարցը կը վերաբերէր հայութեան ընդհանրական շահերուն կամ նոյնիսկ “ճակատային” թեքումներուն ու հետեւումներուն:

Հայաստանի “անակնկալ” անկախութիւնը շատ բան փոխեց Սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ: Տեղաշարժերը՝ իրենց կարգին: Համաշխարհայնացումի հետեւանքները՝ եւս: Կեանքի պայմանները՝ նոյնպէս:

Մտայնութիւնները եւս փոխուեցան: Գործելաձեւերը տարբերուեցան: Առաջ եկան նոր մտածողութեան ու հոգեբանութեան երիտասարդական փաղանգներ, իրենց բազմաբղէտ մտածումներով, տեսադաշտերով եւ աշխարհահայեացքներով:

Հայկական կուսակցութիւնները, որոնք հիմնադրուած էին հայ ժողովուրդի պարտաւորեցնող կարիքներէն (ազատագրական շարժումներէն մինչեւ հայապահպանումի գործօններ), յետագային, կրցա՞ն քայլ պահել արդի հոլովոյթներուն հետ, կրցա՞ն յարմարիլ նորագոյն զարգացումներուն, իրենց զանազան կալուածներով:

Անկեղծ ու լուրջ պէտք է ըլլալ: Մեծ մասամբ՝ Ո՛ Չ:

Ո՛չ, ոչ թէ անոր համար որ այդ ճիգը կամ պահանջքը չկար, այլ՝ գործող նոր ղեկավարութիւններ չունեցան այդ պահերը օգտագործելու սրատեսութիւնը, մնացին կառչած իրենց վնասաբեր սովորամոլութիւններուն, չհասկցան (կամ չուզեցին ընդունիլ) վերափոխուելու կամ վերանորոգուելու հրամայականութիւնները:

Քննադատութենէ աւելի տխուր իրողութիւն մըն է ասիկա, որ կը մնայ հայկական կուսակցութիւններու այսօրուա՛ն մղձաւանջը, առաւել կամ նուազ չափերով վերագրելի բոլորին, անխտի՛ր:

Ոեւէ մէկը պէտք չէ գոհունակութիւնը կամ համոզուածութիւնը ունենայ, որ հայկական կուսակցութիւնները վերջացած են, իրենց դերը աւարտած է, քանի՝ կայ անկախ Հայաստան եւ միայն հոն է որ անոնք (կամ ուրիշներ) կրնան գործել:

Բայց, ներկայ դրուածքով եւ ընթացքով ալ, հայկական կուսակցութիւնները ինչպէ՞ս կրնան երաշխաւորուած պահել իրենց գոյութեան գործօնները, երբ անոնք սկսած են կամաց-կամաց հեռանալ այն կենսաւիշէն, որ կը կոչուի երիտասարդութիւն, հերթափոխի դրօշակակիր, ջահակրութեան սերունդ:

Կը նշանակէ թէ՝ հայկական կուսակցութիւններու եւ այսպէս ըսած անոնց կենսունակութիւնը ապահովելու վստահուած նոր սերունդին միջեւ սկսած է առաջանալ մտահոգիչ վիհ մը:

Իսկ ատիկա արդեօ՞ք տեսանելի եւ զգալի չէ: Կուսակցութիւնները եւ մանաւանդ անոնց ղեկավարութիւններու  մեծ մասը, արդեօք անդրադարձա՞ծ են այս հակոտնեայ իրավիճակին:

Եթէ այո՛, ապա, ինչո՞ւ կը մնան ձեռնածալ եւ չեն լծուիր արագ ու գործնական բարեկարգելի միջոցներու:

Եթէ ո՛չ, ապա, պէտք է ընդունիլ որ այլեւս սխալ բան մը կայ կուսակցութիւններէն ներս:

Երկու պարագաներուն ալ, հարցումը անխուսափելի է:

Հայկական կուսակցութիւնները, այս գործընթացով կամ կաղապարումով, ընելիք ունի՞ն, թէ՞՝ ամէն ինչ ձգուած է անցեալէն ժառանգուած գաղափարական թէ ինչքային “հարստութիւններուն” տէր դառնալուն, պատահական առաջնորդներու նշանակումին (կամ տեղադրման), աշխատանքային ժամանակավրէպ եղանակներու վրայ յամենալուն:

Այս հրատապ նիւթը, զոր կ’ արծարծենք այսօր, շատ փշոտ է եւ ունի բազմաշերտ քննարկումներու անհրաժեշտութիւն, սակայն, կը կարծենք թէ, հայկական կուսակցութիւնները կամ (հայաստանաբնակներու որակումով) աւանդական կուսակցութիւնները, որպէսզի չմնան… աւանդութեան գերիները ու չապրին երազային անցեալի յուշերով, ուրիշ ելք չունին, բացի՝

  • Վերատեսելու ներկայի կարգավիճակը
  • Արդիականացնելու կանոնադրութիւնը
  • Վերանորոգելու անդամաշարքը
  • Կարեւորելու մտաւորականութիւնը
  • Վերակառչելու սկզբունքներուն
  • Ներգրաւելու երիտասարդութիւնը
  • Սիրաշահելու հասարակութիւնը
  • Վերագտնելու ժողովրդականութիւնը
  • Բիւրեղացնելու ղեկավարութիւնները

Ոմանք կրնան սրտնեղիլ այս “սուր” խորհրդածութենէն, ուրիշներ՝ չհամաձայնիլ, սակայն, չոր իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, երբ կայ “ահազանգող իրավիճակ”ի մը վտանգաւոր սահանքը, որ ոմանց պարագային հասած եւ անցած է “կարմիր գիծ”ը:

Լռե՞լ, համակերպի՞լ, թէ՞՝ ցնցել ու բարեփոխել:

Հո՛ս է հարցերուն-հարցը:

Հո՛ս է գիտակցութեան հրամայականութիւնը:

Հո՛ս է գործի լծուելու անյետաձգելիութիւնը:

Մենք համոզուած չենք ու չենք ալ ուզեր համոզուիլ, որ հայկական կուսակցութիւնները ընելիք չունին, բայց գործել ներկայ ուղիով ու շառաւիղով, ուրիշ տեղ մը խաւարամտութեամբ ու նեղմտութեամբ, այլ հորիզոնականի մը վրայ ալ՝ ինքնասիրահարուածութեամբ եւ անձնակեդրոնութեամբ, ո՞վ կրնայ հաւաստիացնել, թէ ո՞րքան կրնան տեւել անոնք եւ ո՞րքան համաժողովրդական կրնան դառնալ ու մնալ…:

 

 

You May Also Like