Լիլային

– «Մեր տունը աղբիւրէն դէպի վեր, 5-րդ տունն էր»:
– «Մենք կը բնակէինք աղբիւրին վարի թաղը»:
Լիլային



– «Մեր տունը աղբիւրէն դէպի վեր, 5-րդ տունն էր»:
– «Մենք կը բնակէինք աղբիւրին վարի թաղը»:
օրուան ծրագիրը՝
Թանաշեաններուն տունը հաւաքուիլ, լոլիկի ջուրի պատրաստութեան համար. Մանուկեաններուն տան մէջ խաղողի պաստեղ պատրաստել. ցորենը ընտրել Միքայէլեաններուն տունը, աղբիւր տանիլ ու լուալ, ապա ջաղացք փոխադրել ու աղալ, որպէսզի ձմեռուայ պաշար՝ ձաւարը, ծեծածը, հատիկը, ալիւրը ստացուէր:
Խրախուսուած Լիբանանի հոգատար ֆրանսական իշխանութեան ներկայութենէն՝ գաղթական հայեր, ընդհանրապէս արհեստաւորներ՝ դերձակ, ատաղձագործ, մեքենագէտ եւ այլն եկած եւ հաստատուած էին Պեքաայի հովիտի գիւղաքաղաքներուն՝ Պաալպեքի, Ռայաքի, Զահլէի եւ Շթորայի մէջ:


Շթորան իր աշխարհագրական դիրքով՝ Պէյրութ-Դամասկոս-Պաալպէք-Ռաշայա խաչմերուկին վրայ գտնուելով յատուկ կարեւորութիւն ունէր լիբանանի քաղաքական ղէկը ստանձնած քրիստոնեայ տարրին եւ անոր նեցուկ կանգնող հոգատար իշխանութեան համար: Այս անկիւնէն դիտուած՝ հայերու ներկայութիւնը մեծապէս բաղձալի էր Շթորայի տեղացի քրիստոնեայ բնակչութեան համար:
Աւելի ուշ, Ալեքսանտրէթ Սանճագի պարպումով, Մուսա լերան ժողովուրդին բնակութեան վայր կը տրամադրուէր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող՝ Լիբանանը Դամասկոսի կապող մայրուղիին վրայ, Այնճարի մէջ:
Մինչեւ Լիբանանի հանրապետութեան առաջին քաղաքացիական ներքին խռովութիւնները 1958-ին, Շթորան իր չոր եւ առողջարար օդով կը հրապուրէր գիւղագնաց հայեր, որոնք քաջալերուած ազգականներէ կամ բարեկամներէ, կը փափաքէին ամէն գնով հոն ունենալ տուն մը, հողաշերտ մը: Թէեւ այդ դէպքերէն ետք խանդավառութիւնը կը պակսէր, սակայն հայ աւանը կը շարունակէր պահել իր ուրոյն դիմագիծն ու ներկայութիւնը մինչեւ քաղաքացիական եւ համայնքային բախումները 1975-էն սկսեալ:
Շթորան կը հրապուրէր նաեւ մտաւորական զարգացում եւ հակումներ ունեցող հայերը, որոնք կու գային Պէյրութէն եւ մօտիկ գիւղերէն՝ Պար Իլիասէն, Զահլէէն, Այնճարէն, մտքով ու հոգւով հաղորդուելու մեծ յարգանք վայելող շթորաբնակ ազգային դէմքերէն ՝ Ն. Աղբալեանէն, Ա. Յովհաննէսեանէն, Գ. Կիւզելեանէն , Գ. Գուտուլեանէն: Ն. Աղբալեանի ճիգերով է որ հիմը դրուեցաւ Շթորայի բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոնին, որ հետագային կոչուեցաւ Աղբալեան կեդրոն: Երկար տարիներ, Աղբալեան կեդրոնի սրահը ծառայեց ԼՕԽ-ի ամառնային կազդուրման կայանի բարենպաստ աշխատանքին:
7-8 ընտանիքներու տան կահ-կարասին «լեռներու հարս»ին, փոստային տանիքը բեռնաւորած, իրենց տէրերով միասին,կը սկսէր դանդաղ եւ ծանր մագլցումը օձապտոյտ լեռնային ճամբաներէն վեր: Ճամբուն երկուքէն երկուքուկէս ժամ տեւողութեան ընթացքին, գիւղագնացները աւելի եւս կը մտերմանային իրարու: Տղամարդիկը իրենց ազգային եւ միութենական հարցերը կը ծեծէին: Տանտիկինները, ձմեռուայ պաշարի պատրաստութեան առնչուող իրենց ամառուայ ծրագիրները կը մշակէին. իսկ պատանիները, պարսատիկի, «չաթալի» բաղկացուցիչ մասերով զինուած, ամէն մէկ ծառի ճիւղին նայելով, իրենց պատրաստելիք «չաթալը» կ’երազէին ստեղծել:
Լեռնային ճամբուն գագաթնակէտին՝ Տահր էլ Պայտարի բարձունքին, Պէքաայի դաշտի հսկայ պաստառը կը բացուի, համայնապատկեր մը, որ ճամբորդները զքանչացման խօսքերով եւ խորունկ շունչով մը կը դիմաւորեն: Հեռուն՝ կանաչ, սրճագոյն, մոխրագոյն փռուած «գորգերը», երազային աշխարհի մը մտքի դռները կը բանան: Տղաքը անմիջապէս կ’երեւակայեն ֆութպոլ խաղալ քառանկիւն դաշտերուն վրայ կամ որսի երթալ պարտէզներուն մէջ:
Խիտ ծառաստաններուն մէջէն, տեղ-տեղ վեր կ’ելլէ բարակ ծուխ, գիւղական լաւաշ հացի թոնիրներէն, որոնց թխուած լաւաշի եւ այրած փայտի հոտը հեռուէն իսկ, մտքերու մէջ կ’արթնցնէր զգայարաններէ փոխանցուած նախկին ամրան յիշատակները:
Ճամբորդները, իրենց աչքերը սեւեռած գծագրուած պատկերին վրայ, ուրախութեամբ կը վերյիշեն վայրէջքին վրայ գտնուող գիւղերուն անունները՝ Մտէյրիժ, (ը)Ժտիդա, Գապ էլիաս, Պար էլիաս…, մինչեւ հասնին իրենց վերջնական կայքին:
Տեղաւորելէ ետք իրենց ընտանիքները՝ տղամարդիկը գրեթէ ամէն օր Պէյրութ կ’իջնէին գործի: Առաւօտ, շատ կանուխ, լուսաբացէն առաջ, Զաքարին կամ Լութֆիկին «փոստան» կը հաւաքէր իր ճամբորդները եւ կը տանէր զանոնք գործի: Իսկ երեկոյեան, ընտանիքի անդամներ, խումբ առ խումբ կանգնած ճամբուն եզերքը, իսկ ուրիշներ ծառերու վրայ ելած, կը սպասէին հայրիկներուն վերադարձը: Ծառին վրայ ելլողը կը պոռար.
– Հեռուն տեսայ, կարծեմ Զաքարին փոստան է:
Գուշակողը ոչ անպայմանօրէն ճիշդ կ’ըլլար: Ան յաճախ կը սխալէր, երբեմն դիտմամբ,կատակը իրականութեան հետ խառնելով:
– «Մէկ, երկու, երեք, ասիկա է հայրիկին փոստան»:
– «Ոչ, քու բախտդ չի բռնեց, հիմա ես պիտի փորձեմ . մէկ, երկու, երեք…»:
Իսկ ան որ պարտուէր եւ երրորդ ինքնաշարժը հայրիկը չբերեր, ստիպուած էր գործ մը ընելու՝ աղբիւրէն կուժով ջուր տանելու տուն, փուռէն հաց բերելու, մայրամուտին տան կազէ լապտերը վառելու, հաւերուն կեր տալու …:
Գիւղը մնացողները, ամբողջ օրուայ ընթացքին կը վայելէին Շթորայի բարիքները: Արշալոյսին, կաթնավաճառը կը բերէր թարմ կաթ, իսկ տան կից հաւնոցէն եկող կտկտոցը նշան էր, թէ թարմ հաւկիթները պատրաստ էին: Թոնիրներէ ելած ծուխն ու այրած ալիւրին հոտը, լաւաշ հացի սիրահարները կ’ուղղէր դէպի այդ կողմ: Անդին չարաճիճի տղաք իրենց նախօրօք ծրագրած պարտէզ մը, այգի մը ասպատակելու աշխատանքով կը զբաղէին օրուայ վերջաւորութեան տեղացի պահակին, «նաթուր»ին հետ հարց ստեղծելով:
Սովորութիւն դարձած էր նաեւ, մի քանի ընտանիքներ միասնաբար համաձայնած, վարձելու այգի մը, որու առատ բերքէն բաժին կը հանուէր ազգականներու, բարեկամներու եւ կազդուրման կայանին:
Կէսօրէ ետքը հանգիստի ժամն էր, երբ արեւու ճառագայթներէն շիկացած գիւղը զովացնելու նպատակաւ, նախախնամութիւնը կը ղրկէր Պեքաայի դաշտին հովը, շթորացիներուն համար «խենթ հով»ը, որ կը բանար գիւղի բարտիներուն լեզուները: Ամբողջ Շթորան կը խշշար: Մայրամուտին հետ, «խենթ հով»ը կը հեռանար՝ զով եւ օդասուն հետքեր ձգելով իր ետին: Ընթրիքէն ետք, մանաւանդ լուսնակ գիշերով, խումբ առ խումբ, երիտասարդներ դուրս կ’ելլէին քալելու եւ ամբողջ Շթորան կը լեցուէր երգով ու երաժշտութեամբ:
– Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին …
Առաջնորդութեամբ դդումէ լապտերներ բռնողներու, «վերի» շթորացիներու խումբը, զինուած մանտոլինով եւ աքորտիոնով, կը կտրէ Շթորա-Զահլէ մայր պողոտան միանալու համար «վարի» շթորացիներուն, որոնց մէջ արուեսագէտներ չէին պակսեր: Խումբը կ’անցնի Աղբալեան կեդրոնին առջեւէն՝ ուղղուելով դէպի Այնճար- Դամասկոս տանող մայրուղին: Ինքնաշարժներու երթեւեկը չէր խանգարեր «գիշերաշրջիկները» որոնց շուրջպարերը ճամբուն մէջտեղը սեւով եւ ճերմակով ուրուականներու խորհրդաւոր պատկեր մը կը գծէր: Հազուադէպ եկող ինքնաշարժ մը կանգ կ’առնէր մինչեւ երգիչներն ու պարողները քաշուին ճամբուն եզերքը:
Օթել Մասապքին, գիշերային պտոյտի ելլողներուն այլ զբօսման վայրն էր, ուր եւրոպական, արաբական երաժշտութեան հետ կը միացուլուէր նաեւ հայկականը:
Ամռան վերջաւորութեան, գիւղը կը պարուրուէր տեսակ-տեսակ հոտերով ՝ եռացող լոլիկի, խաշած ցորենի, հալած պաստեղի, մալեզի , թարխանայի եւ այլ ձմեռնային պաշարներու պատրաստութեան առթիւ: Իսկ այգեկութքէն ետք արտօնուած էր մտնել տեղացիներուն այգիները եւ օգտուիլ մոռցուած ողկոյզներէն: Ասոր կ’ըսէին «պաշշախ»: Ճարպիկ տղաք, իրենց որսորդական արշաւներու ընթացքին կը հետազօտէին այգիներն ու պարտէզները, որոնց հունձքէն ետք, կարելի էր « պաշշախ» ի երթալ հոն: Որոշուած օրը, զինուած պարկերով, կ’արշաւէին պտուղի պարտէզները, սոխի, գետնախնձորի արտերը եւ թռչուններու, դաշտային կենդանիներու բաժին լքուած պտուղներով ու բանջարեղէններով բեռնաւորուած, կը վերադառնային տուն:
Գետինը, կար դաշնամուրի մը մնացորդ ստեղնաշարը, իսկ կափարիչը, կը ծառայէր որպէս լուացարանի դուռ տունը գրաւող նոր բնակիչներուն համար: Նուագարանին տախտակէ մնացեալ մասերը շատ հաւանաբար գործածուած էին որպէս վառարանի փայտ:
2 comments
Իր պարզութեամբ շատ տպաւորիչ
Իր պարզութեամբ շատ տպաւորիչ գրութիւն մըն է Հայկական Շթորային մասին յուշերը: Եգիպտահայ ըլլալովս հանդերձ, ես ալ առիթը ունեցած եմ մի քանի անգամ Լիբանանի լեռները/գիւղերը ամառուայ ամիսները մնալու ուստի այս գրութիւնը շատ հարազատօրէն խօսեցաւ սրտիս:
Haygagan Shtoran
Haygagan Shtoran menk al pnagadz yenk` 1950 aganneren minchev 1973, veri Shtoran, aveli jishte Jalelan.
Ints hamar zarmanali e sagayn aghpurin masin krvadze. Eem badanutyans (1966-1973) doonere arten choor ooneyin.
Hadganeshagan eyin bduydnere kughen tebi lernere, oor yeregoyan zov kamin bar ge prner tsoreni tashderoon hed.
Chem mornar "choorenage" vor kughen tebi lernere mod 20 vayrgyani hediodn djampa me ooner. Hon eyin Sahnaouiyin khntsori, khaghoghi, enguzeniyee yev tzeniyi bardeznere. Leran sdorodeen hosogh bagh choore anbayman tsemerooge ge djatetsner…
Veri Shtorayen ge hishem "Durziyeen tchaghatske", Digin Valantinin pdzakhentroren hokatsvadz bardeze,
Beseregin aykin, Serjane, Doozekmege… Bakhashnere, Assafnere, Cherkeze, Zakarin doone,
Hay Avedaranaganneroon yegeghetsin, Guleserianneroon, Kalfayanneroon paravor doonere, Mekhrtar Atanase…
Menk ge pnageyink veri Shtoran, aghpuren tebi tsakh, yerrort doone` Konyalianneroon anmichabes kove.
Hayrs doone kner er gardzem 1969-een, Hovsepianneren.
Shad bidi oozeyi veraganknel gabes Khajag? oo Houry Konyalianneroon hed. Zirenk chem desadz 1974-en eever.
Ooneyink nayev ayl tratsiner, tejpakhdapar ge tjvaranam anoonnere hisheloo.
Nor Darvan oo Zadgevan artsagurtneroon kugh gelleyink, oo mdnelov "Ziraat"e medzakanag tulip ge havakeyink yev artsagoorten yedk ge pereyink tbrots.
Antranig, Ara, Mher Dakesianner.
Comments are closed.