
16ամեայ Սասուն-Տիգրան Մոսքոֆեան
“Ռուկպի”ն, “տղամարդոց մարզաձեւը” կը նկատուի միլիոնաւոր խաղացողներու եւ համակիրներու կողմէ Բրիտանիայէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Աւստրալիա. Ֆրանսայէն՝ Ռումանիա ու Հայաստան, որուն ազգային հաւաքականի “հայրերը” եղած են ֆրանսահայերը։



16ամեայ Սասուն-Տիգրան Մոսքոֆեան
“Ռուկպի”ն, “տղամարդոց մարզաձեւը” կը նկատուի միլիոնաւոր խաղացողներու եւ համակիրներու կողմէ Բրիտանիայէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Աւստրալիա. Ֆրանսայէն՝ Ռումանիա ու Հայաստան, որուն ազգային հաւաքականի “հայրերը” եղած են ֆրանսահայերը։
Սասուն-Տիգրան Մոսքոֆեան…։
Այս անունը հայկական մարզական շրջանակները շատ պիտի լսեն յետագայ տարիներուն։ 16ամեայ տաղանդաւոր մարզիկը, Անգլիոյ “Ռուկպի”ի ֆետերասիոնի անդամ է, եզրային յարձակող՝ Հերթֆորթշայրի գաւառի Old Albanian խումբին, միաժամանակ ըլլալով բազմաթիւ բաժակներ ու մրցանակներ ստացած Հերթֆորթշայրի “Ռուկպի”ի դպրոցի խումբին խմբապետը եւ գաւառի հաւաքականին փոխ-խմբապետը։ “Ռուկպի”ի դպրոցը կը հրաւիրէ շրջանի ամենէն տաղանդաւոր մարզիկները՝ ապագային զիրենք ուղարկելու Անգլիոյ լաւագոյն ակումբներուն եւ ազգային հաւաքականին մաս կազմելու։
Ճիշդ է որ այսօր դժուար է մրցիլ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի նման ահարկու հաւաքականներուն դէմ, սակայն այս խիզախներու մարզաձեւը արդէն իսկ բաւականին ժողովրդականութիւն սկսած է վայելել ոչ միայն հնդկահայութեան եւ ֆրանսահայութեան մօտ, այլեւ Մայր Հայրենիքի մէջ։ Բաւականին “արիւնալի” խաղաձեւ մը, սեխաձեւ գնդակով, որուն աստղերը ոչ պակաս ժողովրդական են, քան ֆութպոլի կուռքերը։
Լոնտոնի մէջ ծնած, Սասուն-Տիգրան Մոսքոֆեանին մօր կողմէն մեծ հայրը Եթովպահայ երկարամեայ կրթական մշակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Մելքոնեան կրթական հաստատութեան նուիրեալ՝ Տիգրան Որբերեանն է, իսկ հօր կողմէն մեծ հայրը, զէյթունցի հերոս նահատակ՝ “տասնապետ” Համբարձումի որդի Տիգրան Մոսքոֆեանը։
Փոքր տարիքէն արտակարգօրէն աշխոյժ, բնածին մարզիկ, անգլիահայ “Ռուկպի”ի բարձրացող աստղը, իր ծննդավայրին եւ մայր հայրենիքի յոյսերէն մէկն է՝ ապագայ բարձրունքներ նուաճելու համար։