«Հայկական Վերածնունդ»ի Հաղորդագրութիւնը

«ՀայկականՎերածնունդ» շարժումի ներկայացուցիչներու տարեկան ժողովը […] անհրաժեշտ կը համարէ եղած ուժերը եւ միջոցները անյապաղ զօրաշարժի ենթարկել ՝ նպատակ ունենալով Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը դիմաւորել հեռացնելով Հայաստանի մէջ հաստատուած ապօրինի ու ապազգային վարչակարգը եւ երկրին մէջ վերահաստատել ժողովրդային կամքն ու իշխանութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պետականօրէն կազմակերպել համազգային ներուժը եւ զայն գործադրել վերահաս աղէտէն խուսափելու համար:

Փարիզ, Սեպտեմբեր 10, 2014

Սեպտեմբեր 5էն 7 Փարիզի մէջ գումարուեցաւ «Հայկական Վերածնունդ» շարժումին ներկայացուցիչներու տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցան ԱՄՆ-ու, Գանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Լիբանանի «Հայկական Վերածնունդ» շարժումի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Նախախորհրդարանի ներկայացուցիչները:

Ժողովը քննարկեց Հայաստանի և հայութեան ներկայի իրավիճակի արտակարգ բնոյթը և անոր յաղթահարման կարելի միջոցները:

Մեծ Եղեռնի 100րդ տարելիցի շեմին, Հայաստանը և հայութիւնը Ցեղասպանութեան հետևանքներու յաղթահարման ու հայ ժողովուրդի անհերքելի իրաւունքներու վերատիրացման ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրելու փոխարէն յայտնուած են իրենց գոյութեան սպառնացող արտակարգ իրավիճակի մէջ:

Այդ արտակարգ իրավիճակը կը դրսեւորուի ազգի և պետութեան արտաքին ու ներքին գործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները ընդգրկող համակարգային տագնապով:

Արտաքին ասպարէզին մէջ Հայաստան չէ կայացած որպէս միջազգային յարաբերութիւններու տէ ֆաքթօ կողմ: Այդ պատճառով, հայկական պետութիւնը յայտնուած է այնպիսի գործընթացներու յորձանուտին մէջ, որ յղի է ինքնիշխանութեան վերջնական կորուստով, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Արցախի տարանջատումով եւ յետագայ օտարացումով:

Բացի ատկէ՝ Հայաստանի այսօրուան պաշտպանական ուժը բաւարար չէ, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել արագօրէն ապակայունացող տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած եւ օր ըստ օրէ հզօրացող ծայրայեղական ուժերուն, ինչպէս նաև իր աւանդական հակառակորդներու հաւանական ոտնձգութիւններուն, յատկապէս, եթէ ատոնք տեղի ունենան միաժամանակ:

Ներքին ասպարէզին մէջ իրավիճակը նախ եւ առաջ կը բնութագրուի երկրին մարդկային ու բնական միջավայրերու անապատացումով: Մարդաթափութեան աստիճանի հասնող արտագաղթը երկիրը կը զրկէ կենսունակութեան ներուժէն, իսկ բնական պաշարներու անխնայ եւ գիշատիչական սպառումը անոր հողերը կը վերածէ կեանքի հետ անհամատեղելի միջավայրի:

Այս ամէնը հետեւանք է Հայաստանի մէջ հաստատուած նորգաղութային տիրապետութեան եւ ժողովուրդի իշխանութեան իւրացման, որուն կ՚ընկերակցին պետական կառավարման լիակատար և ամբողջական ձախողութիւն, արհեստավարժութեան բացակայութիւն, իրաւունքի, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համատարած ոտնահարում, ինչպէս նաեւ աղէտալի խորութեան ու ծաւալներու հասնող համընդհանուր կաշառակերութիւն:

Այս բոլորին հետեւանքով Սփիւռքը կը կորսնցնէ իր Հայրենիքին հետ կապը եւ գոյատևման շարժառիթները և ատիկա ա՛լ աւելի ահագնացող ընթացքով ալ կ՚ուծանայ:

Միեւնոյն ժամանակ, որքան ալ իրավիճակը ահազանգային ըլլայ, Հայաստան եւ հայութիւնը դեռ ունին զայն յաղթահարելու և միանգամայն նոր որակի պետութիւն եւ  կազմակերպուած ազգային համակարգ ստեղծելու ուժեր և միջոցներ:

«ՀայկականՎերածնունդ» շարժումի ներկայացուցիչներու տարեկան ժողովը` նկատի առնելով այդ ուժերու եւ միջոցներու սպառման ընթացքը, ինչպէս նաեւ ատոնց եւ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու ոչ նպաստաւոր յարաբերականութիւնը, անհրաժեշտ կը համարէ եղած ուժերը եւ միջոցները անյապաղ զօրաշարժի ենթարկել ՝ նպատակ ունենալով Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը դիմաւորել հեռացնելով Հայաստանի մէջ հաստատուած ապօրինի ու ապազգային վարչակարգը եւ երկրին մէջ վերահաստատել ժողովրդային կամքն ու իշխանութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պետականօրէն կազմակերպել համազգային ներուժը եւ զայն գործադրել վերահաս աղէտէն խուսափելու համար:

You May Also Like