Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշագրութեանց Վաւերգրողը

Յարութիւն Իսկահատեան

Արմէն Ա., Պէյրութ, 18 Մարտ 2015

Մօտէն ճանչնալէս ետք Յարութիւն Իսկահատեանը, լաւ հասկցայ այն դրդապատճառները, որոնք   յիսուն տարեկան հասակէն ետք մղած են աւելի մօտէն հետաքրքրուելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան թէեւ պատմաբան մը չէ, ոչ ալ բանասէր, սակայն ցարդ երեք հարիւրէ աւելի յուշագրական գիրքեր կարդալով ուսումնասիրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իսկահատեանի կեանքի ասպարէզը եղած է քաղաքաշինական ճարտարագիտութիւնը: Միայն վերջին տասը տարիներուն է որ ան նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուսաումնասիրութեանց: Ինք կը պատմէ թէ իր հայրական մեծ մայրը ինչպէս իրեն փոխանցած է հայոց բռնագաղթի դրուագները` Կիլիկիոյ Կարս Պազար աւանէն մինչեւ Մուսուլ եւ ապա ողջ վերադարձ դէպի Ատանա: Այդ դրուագները ան գրի առած ու հրատարակած է իր  «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Դ. Գիրք»-ին մէջ:

Իսկահատեանի մեծ հայրը` Կարապետ Իսկահատեան, իր եղբօր Փանոսի հետ, բռնագաղթի հրամանին չէ ենթարկուած ու Ամանոսի Կեաւուր Տաղլարը կոչուած լեռներուն վրայ թուրքերուն դէմ երկու տարի զէնք բարձրացուծ է: Կարապետ ապա զէնքը ձեռքին գաղթած է դէպի հարաւ եւ անցնելով Երուսաղէմէն հասած է մինչեւ Փոր Սայիտ: 1919-ի սկիզբը ան Ատանա վերադառնալով ամուսնացած է Մարիամ Էքմէքճեանի հետ: Այս եւ ուրիշ հազարաւոր դրուագներ շատ ազդած են Յարութիւնի հոգեբանութեան վրայ եւ ան հաստատ որոշում տուած է ի մի հաւաքելու զանոնք ու հատորներով հանրութեան հրամցնելու: Ցարդ հրատարակուած են հինգ հատորներ: Արդէն պատրաստ է վեցերորդ հատորը: Իսկահատեան կը շարունակէ ուսումնասիրել ու հաւաքել:

Յարութիւն Իսկահատեան կ’ըսէ թէ յուշագրութիւնները վաւերագրական բնոյթ ունին, ուստի անոնք Հայ Դատի պաշտպանութեան գծով իբր փաստ կրնան ծառայել միջազգային դատարաններու առջեւ: Ան յուշագրական հաւաքումի իր գործին մէջ անպայման կը ներառէ օտար կամ ոչ հայ ականատես վկաներու յուշերը:  Իսկահատեան նոյնպէս կ’ընդգրկէ իր գործերուն մէջ վիպականացած յուշագրութիւններ, որոնք հիմնուած են իրական կեանքի դրուագներու վրայ: Ընդհանրապէս ան կը կարդայ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն յուշագրութիւնները, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ:

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշագրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հերոսամարտերը: Թուրքին գործած ոճիրներուն իբր բնական հակազդեցութիւն, շատ մը վայրերու մէջ հայեր ծառացած են թուրք թշնամիին բռնակալութեան դէմ: Անոնք զէնք բարձրացնելով իրենց գոյութիւնը պահած կամ նաահտակուած են: Իսկահատեան հերոսամարտերն ալ կ’ընդգրկէ իր գործերուն մէջ: Վանի, Զէյթունի, Եդեսիոյ, Հաճընի, Շապին Գարահիսարի, Այնթապի-1921, Կարս Պազարի-1909, Մոխրաբերդի եւ այլ քաղաքներու ու աւաններու 1895-ի, 1909-ի եւ 1921-ի հերոսամարտերը ընդգրկուած են Յարութութիւն Իսկահատեանի գործերուն մէջ, յաճախ մէկէ աւելի յուշագրութիւններու ընդնէջէն: Ընդգրկուած են նաեւ գոյապայքարներ, ինչպիսին են Ագ Տաղի եւ Չորք Մարզպանի գոյապայքարները:

Յարութիւն Իսկահատեան իր ուսումնասիրած յուշագրութիւններուն մէջ նկատած է զուգահեռներ, որոնք «փաստագրական տուուեալներ» վերնագրելով զետեղած է իր գիրքերուն առաջին էջերուն վրան, երբ նոյն անձը կամ նոյն դէպքը յիշուած է իրարմէ բոլորովին անկախ երկու կամ աւելի յուշագրող հեղինակներու գործերուն մէջ:

Իսկահատեան հաւակնութիւնը չունի յայտարարելու թէ իր կատարած եւ կատարելիք գործը ամբողջական է: Ընդհակառակն, ան միշտ կը քաջալերէ ուրիշները որ նոյնպէս Մեծ Եղեռնի յուշագրութիւններու հաւաքման գործին լծուին: Ան միշտ փափաքած է ականատես վկաներու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու վկայութիւնները ի մի տեղ տեսնել:

Յարութիւն Իսկահատեան բազմաթիւ յուշագրութիւններու ամփոփումներուն մէջ, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն եւ գիւղերուն մասին պատմական եւ աշխարհագրական տեղեկութիւններ կու տայ, ըստ կարելւոյն:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրոյցի մը ընթացքին ան կը յիշէ հետաքրքրական երուոյթ մը, որ մեծ տարբերութիւն կը նկատուի դիմադրող հայուն եւ ենթարկուող հայուն ճակատագիրներուն միջեւ: Ան նկատած է թէ ընդհանրապէս այն հայը, որ դիմադրած է կամ հնարագիտութեամբ փախուստ տուած է վտանգէն ու չարիքէն կամ բանտէն, ողջ մնացած է, եւ նոյնիսկ իրեն հետ փրկած է ուրիշներու կեանքը, իսկ ենթարկուող հայուն ճակատագիրը բացարձակ մեծամասնութեամբ վերջ գտած է ողբերգութեամբ: Իսկահատեան կ’ըսէ թէ զինեալ դիմադրութիւնը եւ պայքարը մէծ դեր խաղցած են հայոց գոյատեւման մէջ:

Յարութիւն Իսկահատեան այսպիսով իր լուման ներդրած կ’ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վաւերագրման եւ հայկական պահանջատիրութեան խթանման:

Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակից Յարութիւն Իսկահատեանին:

You May Also Like
Read More

Խոստովանութիւն

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 12 Մարտ  2013 Խոստովանութի՞ւն պէտք է բնութագրել, թէ ինքնագիտակցութեան կամ ինքնաճանաչման գերագոյն արտայայտութեան երեւոյթ:…
Read More