Եագոպ Քիւնցլեր, Պէյրութ, Մարտ 1938
Գերմաներէն բնագրէն հայերէն թարգմանութիւնը` Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի
Փոքր Ասիոյ Տաւրոսեան լեռներուն մէջ կը գտնուի փոքրիկ քիւղաքաղաք Հաճընը: Աշխարհամարտէն առաջ անոր բնակիչները մեծաւ մասամբ հայեր էին: Ասոնց մէջ կ’ապրէր խաղաղ եւ աշխատասէր Յովակիմը, որ մասնագիտութեամբ արհեստաւոր մըն էր: Ան ունէր մեծ ընտանիք, սեփական տուն, այգի եւ մարգագետին մը: Բայց լաւագոյնը` ան ունէր անսասան հաւատք մը աստուածային սիրոյ եւ տնօրինումին վրայ:
Քանի որ ան ի վիճակի չէր փոքր տառերով կարդալու, ատենին կրցած էր իրեն համար ճարել մեծատառ Աստուածաշունչ մը, որ իր առաջնորդող աստղն էր: Դեռ եւս 1895 թուականին, երբ թուրքերը արիւնահեղութիւն մը իրագործեցին հայոց մէջ, ան ճանչցաւ զԱստուած, որուն վրայ դրաւ իր ամբողջ վստահութիւնը:
Եագոպ Քիւնցլեր, Պէյրութ, Մարտ 1938
Գերմաներէն բնագրէն հայերէն թարգմանութիւնը` Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի
Փոքր Ասիոյ Տաւրոսեան լեռներուն մէջ կը գտնուի փոքրիկ քիւղաքաղաք
Քանի որ ան ի վիճակի չէր փոքր տառերով կարդալու, ատենին կրցած էր իրեն համար ճարել մեծատառ Աստուածաշունչ մը, որ իր առաջնորդող աստղն էր: Դեռ եւս 1895 թուականին, երբ թուրքերը արիւնահեղութիւն մը իրագործեցին հայոց մէջ, ան ճանչցաւ զԱստուած, որուն վրայ դրաւ իր ամբողջ վստահութիւնը:
Նախապէս տարբեր եղած էր: Իր երիտասարդ տարիքին ան հետեւած էր սխալ ճամբաներու: Բայց իր դարձէն քիչ մը ետք, եկաւ ժամանակը երբ ան արժանացաւ “գտնելու”, յայտնաբերելու երջանկութիւնը, որ ամենաբարձրն է: Այսպէս, ան միացաւ բողոքական համայնքին, եւ շուտով այնտեղ դարձաւ հաւատարիմ եւ սիրուած սարկաւագ մը:
Սակայն ետքը Համաշխարհային Պատերազմը սկսաւ: Մինչ այդ, իր երեք որդիներն ու երեք դուստրերը չափահասներ դառնալով, բացի կրտսերէն, ամուսնացած էին: Բայց այս կրտսեր որդին մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէր իրեն, քանի որ ան յեղափոխականներուն միացած էր:
“Ինչո՞ւ համար պարզապէս թոյլ տալ որ թուրքերը մեզ սրախողխող ընեն”, կ’ըսէր պատանին, եւ փոխանակ ինչպէս ուրիշ հազարաւոր հայեր որոնք թուրքերու կողմը կը զինուորագրուէին, ան դէպի լեռները փախաւ, ուր նաեւ ուրիշ համախոհներ գտաւ:
Յովակիմ կառավարութեան դէմ անհնազանդութեան կողմնակից չէր: Ուստի ան միշտ կ’աղօթէր հազիւ քսանամեայ իր խեղճ զաւակին համար, որ այժմ կը թա-փա¬ռէր լեռներուն մէջ:
Այնուհետեւ Թուրքիոյ հայերուն համար եկաւ այն սարսափելի ժամանակը` 1915 թուականը: Թուրքերը հայաթափեցին ամբողջ քաղաքներ: Անոնք բոլորը հարկադրուեցան բռնելու տարագրութեան ճամբան: Մարդիկ բաւականաչափ տեղեակ են թէ ինչ կատարուեցաւ այդտեղ:
Յովակիմ նմանապէս տարագրուեցաւ իր հարազատներուն հետ: Միասին գրեթէ ոչինչ կարելի էր վերցնել, լոկ այն՝ ինչ հնարաւոր էր կրել: Մնացած բոլորը պէտք էր ետին ձգել: Վերցնելով խուրջին մը, ինչպէս Արեւելքի մէջ սովորութիւն էր գործածել, ան իր մեծ եւ ծանր Աստուածաշունչը դրաւ անոր գրպանը: Առանց ատոր ինք չէր կրնար երթալ այդ մահուան ուղին:Աստուածաշունչը իրեն մխիթարութիւն եւ քաջութիւն պիտի պարգեւէր, ու ամէն օր, իր երկարատեւ ճամբոդութեան ընթացքին, ան գտաւ անոր մէջ այն` ինչ որ ինք, նաեւ իրեն հետ շատ մը ուրիշներ, պէտք ունէին:
Տարագրութեան ճամբուն նաեւ իր չարչարակից ուղեկիցներուն ան միշտ կը կարդար այդ Աստուածաշունչէն: Մինչ տարագրութեան այդ երթին մէջ իր հետը եղող զաւակներէն ու թոռներէն, ինչպէս նաեւ ուրիշ ազգականներէն ոմանք արդէն մեռած էին, հասան Մեսքենէ: Յովակիմ, իբրեւ արհեստաւոր, շրջան մը կրցաւ այստեղ մնալ իր հարազատներուն հետ, որքան որ անոնք դեռ կ’ապրէին: Տասնեակ հազարաւոր տարագրուածներ կու գային ու կ’երթային` շարունակելով իրենց մահուան ճամբան: Յովակիմ շնորհիւ, իր Աստուածաշունչին, շատերուն եղաւ մխիթարող մը, իրենց մահ-ուան չուերթին մէջ գտնուող այդ մահապարտներուն անոր մէջէն ընթերցելով շարունակ:
Պատերազմը վերջապէս աւարտեցաւ: Այժմ մեր Յովակիմն ալ իր հարազատներուն հետ կրնար իր հայրենիքը վերադառնալ: Ո՞ւր կրնար ըլլալ գէթ իր որդին` Արթինը: Ան յատկապէս զինք յիշած էր իր ամենօրեայ աղօթքներուն մէջ: Ու տես, վերա¬դարձի ճանապարհին անսպասելիօրէն ան կը յայտնուի Հալէպի մէջ: Ուրեմն ան ողջ մնացած էր, եւ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ թշնամիներուն միանալով մարտնչած էր ոխերիմ թշնամի` թուրքերուն դէմ: Ան իր զինուորական համազգեստով կը ներկայանայ իր հարազատներուն: Գոհա´ր մը, երիտասարդ փեսացո´ւ մը: Իսկ երբ ան իր ծերունի հօրմէն տեղեկանալ կ’ուզէ եթէ ան տեղահանութեան միջոցին իր հետ նաեւ վերցուցած էր իր ունեցուածքին արժէքաւոր կալուածագրերը, ան կը պա¬տասխանէ թէ ամենաթանկագինը` իր Աստուածաշունչը փրկած էր, բայց բոլոր մնա¬ցածը` ո´չ: “Դուն դեռ պիտի հասկնաս,- կը շարունակէ ան,- որ օր մը Աստուա¬ծա¬շունչը քեզի համար ալ պիտի ըլլայ ամենամեծ գանձը”:
Յովակիմ նորէն կրցաւ վերադառնալ իր հայրենի փոքրիկ քաղաք Հաճընը: Բայց միայն կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, որովհետեւ երբ Քէմալ Փաշայի ապստամբութիւնը հայերը կրկին մատնեց աղիտալի վիճակի մը, պաշարուեցաւ նաեւ Հաճընը: Զայն հրկիզեցին նուաճելու ընթացքին: Ծերունի Յովակիմն այլեւս չկրցաւ փախչիլ: Ան իր շուրջ հաւաքեց իր հարազատները եւ սկսաւ անոնց կարդալ իր սիրելի Աստուածաշունչը, մինչեւ որ կրակին բոցերը իր փոքրիկ տունն ալ լափեցին հին Աստուածաշունչին հետ մէկտեղ: