Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 2010

Հրայր Ճէպէճեանի «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» հատորին յօդուածները կամ յուշագրութիւնները նախապէս լոյս տեսած են 1979-2010 տարիներուն՝ Լիբանանի «Ջանասէր», «Արարատ», «Զարթօնք» եւ յատկապէս «Ազդակ» թերթերուն մէջ: Էջեր, որոնք դրոշմը կը կրեն Հայկազեան, ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարաններէն Տնտեսագիտութեան Մագիստրոսի տիտղոսով շրջանաւարտ եւ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Կեդրոնական Գրասենեակի անդամ Հրայր Ճէպէճեանի ապրումներուն եւ գիտական մտքին: Աստուածաշունչի ծառայութեան երկարամեայ պաշտօնավարութիւնը Հրայր Ճէպէճեանը դարձուց օդակայանէ օդակայան թռչող աշխարհաքաղաքացի առաքեալ մը, անոր ընծայելով առիթը շրջելու Հոնկ Քոնկէն Քամչաթքա, Լոս Անճելըսէն Երեւան, Պէյրութէն Պոլիս, Հնդկաստանէն Ափրիկէ:
Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 2010



Հրայր Ճէպէճեանի «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» հատորին յօդուածները կամ յուշագրութիւնները նախապէս լոյս տեսած են 1979-2010 տարիներուն՝ Լիբանանի «Ջանասէր», «Արարատ», «Զարթօնք» եւ յատկապէս «Ազդակ» թերթերուն մէջ: Էջեր, որոնք դրոշմը կը կրեն Հայկազեան, ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարաններէն Տնտեսագիտութեան Մագիստրոսի տիտղոսով շրջանաւարտ եւ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Կեդրոնական Գրասենեակի անդամ Հրայր Ճէպէճեանի ապրումներուն եւ գիտական մտքին: Աստուածաշունչի ծառայութեան երկարամեայ պաշտօնավարութիւնը Հրայր Ճէպէճեանը դարձուց օդակայանէ օդակայան թռչող աշխարհաքաղաքացի առաքեալ մը, անոր ընծայելով առիթը շրջելու Հոնկ Քոնկէն Քամչաթքա, Լոս Անճելըսէն Երեւան, Պէյրութէն Պոլիս, Հնդկաստանէն Ափրիկէ:
Իր պաշտօնին բերումով՝ ան Սփիւռքի քառուղիները կտրեց ու մեղուի պէս քաղեց Սփիւռքով ցիրուցան ծանօթ թէ անծանօթ «հայու բեկորներ»ու խապրիկներն ու ապրումները: «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» հատորին շօշափած նիւթերը ընթերցողին գլխապտոյտ կը պատճառեն իրենց այլազանութեամբ եւ կը յիշեցնեն Վահրամ Մավեանի աշխարհը: Ան իւրաքանչիւր երկրէն անցնելուն՝ որոնեց հայը, հանդիպեցաւ հայերուն, խօսեցաւ անոնց մասին, խօսեցուց զանոնք, միշտ ներշնչուելով օրուայ հրատապ իրականութիւններէն: Հեղինակին նախասիրած նիւթը կը մնայ հա՛յը, հային տագնապը, հային անցեալը, ներկան ու ապագան, հային լինելութիւնը, հային հաւա՛տքը ու անոր բարոյական արժէքները: Հրայր Ճէպէճեանի բնաբանը կրնայ ըլլալ. «Վասն Կրօնից եւ Հայրենեաց»: Ան շփուեցաւ նաեւ միջազգային դէմքերու հետ, բայց մնաց հա՛յ, հայի ցաւով եւ յոյսերով, յուշերով ու փուշերով եւ ակնկալութիւններով:
Գիրքը
Հատորը կը բաղկանայ հինգ մասերէ.
Ա) Ազգային, ուր հեղինակը կը բնորոշէ ու կը ջատագովէ հայութեան համար ազգային

արժէքներ հանդիսացող անցեալի եւ ներկայի դէպքերն ու անձերը. հայկական դաստիարակութիւնն ու աւանդոյթները, հայ գիրքը եւ Թարգմանչացը: Կը խօսի նաեւ ազգային գովելի կամ խոտելի երեւոյթներու մասին:


Բ) Համասփիւռքեան, ուր ան կ՝անդրադառնայ Սփիւռքի տարածքով հայի անունը պանծացնող անցեալի ու ներկայի դէմքերուն ու դէպքերուն, հաւատքի, մշակոյթի ու նուիրումի մարդոց մասին: Կը շեշտէ օտարութեան մէջ հայուն մղած պայքարը հայ մնալու համար, հայու ցուցաբերած հաւատարմութիւնը իր պահանջատիրութեան եւ 24 Ապրիլին:
Գ) Քրիստոնէական, որ կը պարունակէ քրիստոնեայ մտածողութեան նուիրուած խոհուն էջեր՝ Պօղոս առաքեալի շունչով: Հեղինակը կը քննարկէ կեանքի բարոյական արժէքները ու կը պատասխանէ հոգեւոր հարցումներու եւ կը կատարէ հարցադրումներ:
Դ) Լիբանանեան, ուր ան իր մանկութեան վերյիշումներուն ընդմէջէն կ՝ապրի Լիբանանի թաղային կեանքին ու պատերազմի քաղցր ու տխուր յիշատակները, դէպքերն ու դէմքերը: Կը փորձէ բ բնորոշել լիբանանահայի զոյգ պատկանելիութեան յատուկ դիմագիծը, անոր համարկումի հարցը՝ իր բնակած երկրին հետ:
Ե) Համայնքային, ուր հեղինակը՝ որպէս Աւետարանական Համայնքի զաւակ, կը քննարկէ իր համայնքին կառոյցները, կարիքներն ու յեղաշրջումի պահանջքները ու անոնց մասին կը յայտնէ իր տեսակէտներն ու վերապահութիւնները, միշտ զգայուն սրտով եւ մեծ յարգանքով:
Գրիչը
Ընկերաբան, պատմաբան, հոգեբան, աստուածաբան ու քանի՞ ուրիշ «բան»երու տիտղոսակիր՝ Հրայր Ճէպէճեան իր շօշափած հարցերուն մէջ ո ՛չ միայն ուրոյն կեցուածք ու տեսակէտ ունի, այլ նաեւ զանոնք ներկայացնելու դիպուկ լեզու: Զգայուն սիրտ մը ու միտք մը, որուն տեսողութենէն ոչինչ կը վրիպի: Յանձնառու եւ պայքարող գրիչ ու խիզախ ոճ: Կտրուկ ու տպաւորիչ տիտղոսներու սիրահար: Կը սիրէ ցնցել ընթերցողը եւ «սըսփենս» արթնցնող կացութիւնները, ինչպէս՝ հայի եւ թուրքի հանդիպումներ՝ միջազգային համագումարներու առթիւ: Հեղինակին համար՝ կեանքը մարտահրաւէր մը կը մնայ: «Մարտահրաւէր» բառը իր մօտ յաճախանք մըն է, որ կը գրաւէ նաեւ կարգ մը յօդուածներու վերնագրերը: Գիրքին տիտղոսն անգամ կը խօսի «գոյապայքար»ի մը մասին:
Հրայր Ճէպէճեանի «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», անոր լոյս ընծայած այս առաջին գիրքը՝ ընթերցողը շնչահեղձ կը թողու:
Գրիչդ դալա՛ր, Հրա՛յր Ճէպէճեան…: Յաջորդ հատորին սպասումով…:
Հեղինակի գիրքէն օրինակներ ստանալու համա դիմել՝
Hrayr Jebejian
6 Damaskinou Str.
Flat 301, 1070
Nicosia, Cyprus
e-mail:hrayrjATotenettel.com