
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 29 Մարտ 2012
«Բաւական աշխատանք տարած ենք, որպէսզի Վալեթան եւ Երեւանը դառնան քոյր քաղաքներ: Կը սպասենք գործնական միջոցառումներու կարգաւորման»: Վարդգէս Դարբինեանն է, որ 2005 թուականին իր կնոջ` Լիլիթին հետ Հայաստանէն հաստատուած է Մալթայի Վալեթա մայրաքաղաքը: «Այս ձեւով դարձեալ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մալթայի կառավարութեան», շարունակեց ան:



Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 29 Մարտ 2012
«Բաւական աշխատանք տարած ենք, որպէսզի Վալեթան եւ Երեւանը դառնան քոյր քաղաքներ: Կը սպասենք գործնական միջոցառումներու կարգաւորման»: Վարդգէս Դարբինեանն է, որ 2005 թուականին իր կնոջ` Լիլիթին հետ Հայաստանէն հաստատուած է Մալթայի Վալեթա մայրաքաղաքը: «Այս ձեւով դարձեալ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մալթայի կառավարութեան», շարունակեց ան:
Մալթա կը հաշուէ մօտաւորապէս 410 հազար բնակիչ: Կղզիին աշխարհագրական դիրքը զայն դարձուցած է գաղթականներու եւ քաղաքական սպաստանեալներու կեդրոն: Շատ է թիւը ափրիկեան ցամաքամասէն «փախչողներուն», որոնք կայք հաստատած են այս կղզիին վրայ` սպասելով աւելի բարւոք դասաւորումի մը` եւրոպական այլ երկիրներու ապաստանեալի իրաւունք ստանալու իրենց ճիգերուն մէջ:
Բայց Վարդգէսին «երախտագիտութիւնը» ունի իր պատմութիւնը, որուն մէջ ես ալ «ման եկայ» 25 փետրուարէն 2 մարտ 2012-ին` մէկ շաբթուան աշխատանքային կեցութեանս ընթացքին:
Հայերուն առաջին զանգուածը այս կղզիին վրայ ապաստան գտած է 1374-էն` Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք: Երկրորդ զանգուածը եկած է 1915-ին Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք: Իսկ երրորդը 1990 թուականներէն սկսեալ` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք:
Հայկական պատմական «կոթող» պէտք է նկատել «Թալիեսէ» (Սուրբ Լիզա) եկեղեցին, որ կառուցուած է 1620 թուականին, հայկական գաղութին կողմէ, որպէս հայկական եկեղեցի: Եկեղեցին այսօր սեփականութիւնն է եւ կը գործածուի կաթողիկէ տեղական համայնքին կողմէ: Հայկական գործօն գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս 250-300 անդամ, որոնք եկած են մայր հայրենիքէն, 1990 թուականներէն սկսեալ: Իսկ նախկին գաղութին «բեկոր»-ները կը հաշուեն մօտաւորապէս 300 անձ, որոնք գիտեն միայն, թէ իրենց նախահայրերը հայեր եղած են:
«Ամէն ձեւով կը փորձենք հայ մնալ», Վարդգէսն է դարձեալ զրուցակիցս: Համակարգչային
Եկեղեցական Ս. պատարագ չի մատուցուիր հետեւողական կերպով: «Ատենը մէկ քահանայ մը կու գայ եւ եկեղեցական արարողութիւն կը կատարենք», կ՛ըսէ Վարդգէս: «Ծրագիր մը ունինք` փոքր մատուռ մը կառուցելու, բայց կը սպասենք կառավարութեան վաւերացումին»:
Հայկական գաղութը Մալթայի մէջ պաշտօնապէս ճանչցուած է 2009-ին` իբրեւ «Հայ-մալթական կազմակերպութիւն»: Այս կազմակերպութեան ճամբով աշխատանք կը տարուի հայկական մշակոյթը ծանօթացնել տեղական իրականութեան մէջ, նաեւ` զարգացնել հայ-մալթական յարաբերութիւնները:
Այդ յարաբերութեան մէջ կայ երախտագիտութեան արտայայտութիւնը, որ մարմնաւորուած է խաչքարի կոթողով` մայրաքաղաքի Վալեթայի կեդրոնական «Հասթինկզ» պարտէզին մէջ տեղադրուած:
Գեղեցիկ է խաչքարը` իր հայկական ինքնութեամբ եւ մշակոյթով: Մտայղացումն է Աշոտ եւ Վերա Պոյաճեաններուն, կ՛արտայայտէ հայուն երախտագիտութիւնը Մալթայի ժողովուրդին` երկու հանգրուաններու ընդմէջէն: 1375-ին եւ 1915-ին հոն ապաստան գտած է հայութիւնը: Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներ են, զորս հայ ժողովուրդը կ՛արտայայտէ այս խաչքարով եւ յուշակոթողով` նոյնինքն հայուն երկու պատմական ողբերգական ժամանակաշրջաններուն Մալթան ունենալուն իբրեւ ապաստանարան:
Թէեւ հպարտ էի խաչքարով եւ անոր տուն տուող «երախտագիտական» արտայայտութիւններով, բայց կար նաեւ տխրութիւնը` այդ հայկական յուշակոթողին պատմական ու ներկայ իրավիճակին առնչութեամբ:
Կրնայի հասկնալ ու տեսնել հայուն առաջին եւ երկրորդ երախտագիտութեան տուն տուող պատճառները.
Բայց չէ՞ որ կայ պատմութեան ընդմէջէն ձեռք բերուած փորձառութիւնը` նոյնինքն Մալթայի մէջ: Այն 300 հայկական իրականութիւնը, որ միայն «գիտէ, թէ իր նախահայրերը հայեր եղած են…»: Նաեւ կայ «Թալիեսէ» եկեղեցին, որուն հայկական ինքնութիւնը այսօր միայն պատմութեան արխիւներուն մէջ յիշատակուած է: Եթէ առաջին եւ երկրորդ երախտագիտութիւնները եւ անոնց տուն տուող պատճառները կամովին չէին, արտաքին ազդակներու վրայ հիմնուած էին, բայց ինչպէ՞ս նկարագրել եւ վերլուծել երրորդը: Ներկայ անկախացած հայրենիքէն դուրս եկող հայորդիներէ կազմուած նոր սփիւռքահայ իրականութիւնը:
Այս անգամ խօսողը Լիլիթն է` Վարդգէսին կինը: Ան կառչած է իր ինքնութեան եւ հայկական արժանապատուութեան: Բայց կը հաւատայ եւ կը փափաքի, որ Հայաստանի մէջ «քաղաքացիների համար ապահովուեն եւ կիրարկուեն հաւասար օրէնքներ: Այդ դէպքում, մեր կարծիքով, ամէն ինչ լաւ կը լինի…»:
Եւ անհրաժեշտ է ոչ միայն հաւատալ, բայց նաեւ աշխատիլ, որպէսզի «ամէն ինչ լաւ լինի»:
Խաչքարը, յուշակոթողը, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ երախտագիտութիւնները պիտի արդիւնաւորուին, երբ հայը հաւատայ, բայց անպայմանօրէն աշխատի, որպէսզի «ամէն ինչ լաւ լինի…»:
Բայց մինչ այդ կան հայուն երեք երախտագիտութիւնները, որոնց ետին կայ պատմութեան փորձառութիւնը, անկէ յառաջացած ցաւը:
Եւ այս ցաւն է, որ պիտի յաղթահարենք:
Երեք երախտագիտութիւններուն արգասիքը ցաւը յաղթահարելուն մէջ է:
Հայուն երեք երախտագիտութիւնները: Ցաւը յաղթահարել, բայց անպայմանօրէն նորը շինել, որպէսզի «ամէն ինչ լաւ լինի»: