«Հացի, օդի եւ ջուրի նման,
հպարտութեան պէտք ունինք»։
Վահան Թէքէեան
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, Յունիս 2012
Նուրիձա Մաթոսեան մանկութիւնը անցուցած է Կիպրոս: Ուսանած է Անգլիա եւ Պետֆորտ համալսարանէն վկայուած է փիլիսոփայութեան մէջ: Նաեւ հետեւած եւ մասնագիտացած է երաժշտութեան եւ թատրոնի մէջ: Ներկայիս կ'աշխատակցի «Պի.Պի.Սի.»-ի տեղեկատուութեան ցանցին եւ կը թղթակցի միջազգային թերթերու, ինչպէս՝ «Տը կարտիըն» եւ «Ինտիփենտընթ փոսթ»՝ ստորագրելով գեղարուեստական բնոյթի զանազան յօդուած-վերլուծումներ: Սակայն, ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց իր պատրաաստած «Հրանդ Տինք. Երկու ազգութեան սիրտը» քառասուն վայրկեաննոց կարճ ֆիլմն է: Նուրիձա Մաթոսեան արժանացած է միջազգային մրցանակներու իր այս ֆիլմին պատրաստութեան համար:
«Հացի, օդի եւ ջուրի նման,
հպարտութեան պէտք ունինք»։
Վահան Թէքէեան
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, Յունիս 2012
Նուրիձա Մաթոսեան մանկութիւնը անցուցած է Կիպրոս: Ուսանած է
Նուրիձան կը զրուցէ Հրանդ Տինքի հետ. ան կը խօսի եւ Տինքը կը պատմէ: Նուրիձա Մաթոսեան կրցած է դուրս բերել Տինքին՝ «Հասարակ մարդուն» ներաշխարհը, մանկութենէն սկսելով, եւ հոգեմտաւոր աշխարհը՝ հայեցակէտը, ինքնութեան պրպտումները, հայ-թուրք յարաբերութիւնները, քրիստոնէական ու հոգեւոր արժէքները…: Եւ այս կարճ ֆիլմին մէջէն Նուրիձա Մաթոսեան յաջողած է բացայայտել Տինքին «սիրտը» եւ այդ սրտին տրոփիւն տուող «հպարտութիւնը», որ չդադրեցաւ տրոփելէ՝ նոյնիսկ իր մահէն ետք:
«Հայը համազօր է հայհոյանքի այս երկրին մէջ», կը խօսի Տինք: «Թուրք ժողովուրդը ոչ միայն չի գիտեր Ցեղասպանութեան մասին, բայց նաեւ կը հաւատայ, թէ հայը թուրքն է որ սպաննած է», կ'ըսէ ան: «Ուրեմն այս ժողովուրդը (իմա՝ թուրքը) պէտք է սորվի իրականութիւնը», կ'եզրակացնէ ան:
Եւ այս «իրականութիւնը» սորվեցնելը Տինքին կեանքը տարաւ մինչեւ կատարելութիւն, որ վերջացաւ անարգ սպանութեամբ: Տինքի կեանքը եղաւ համակ աշխատանք եւ նուիրում այս «իրականութեան» համար, եւ անոր համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց ան:
Նուրիձա կը շարունակէ. «Ի՞նչը կը կապէ քեզ այս երկրին»: Տինքի հաստատ պատասխանը. «Իմ երկիրս է…: Իմ արմատներս հոս են: Եթէ պիտի փլեն՝ մենք նորէն պիտի շինենք…»: Եւ արմատները, նոյնինքն արմատերուն կապուած հողը, շատ բան կ'աւելցնեն Տինքի հպարտութեան վրայ:
Բայց Նուրիձա կը շարունակէ «անհանգստացնել» Տինքը. «Հոս մէկ հատ հայ չեմ տեսներ ես…»: Հոս ի յայտ կու գան Տինքին պայծառատեսութիւնը եւ յստակատեսութիւնը: Հպարտութիւնը կը խթանէ զինք, որպէսզի ան աներկիւղ պատասխանէ՝ «Ես կը տեսնեմ. տեսի՞լք թէ իրականութիւն՝ կը տեսնեմ»: Եւ Տինքը կը տեսնէ՝ քանի ունի հպարտութիւնը իր «պապերուն»: «Իմ պապերուս երկիրն է այս…»:
Նուրիձա Մաթոսեան Տինքին կ'ընկերակցի մինչեւ վերջ: Կը սկսի տեսնել Տինք մարդը եւ անոր մէջ մտահոգութիւնը, որ շաղախուած է վախով: Մահուան սպառնալիքներ ստացած է, եւ այս անպայմանօրէն կը մտահոգէ՝ չէ՞…: Մարդկային ո՞ր էակը պիտի չունենայ նոյն զգացումները:
Հետեւելով ֆիլմին ու նայելով Տինքի աչքերուն եւ նայուածքին՝ Մաթոսեան կը սկսի տեսնել անոր ներաշխարհին անորոշութիւնները: Տինք սակայն գիտէ թէ ինչպէ՛ս պիտի յաղթահարէ այդ ներաշխարհը: Հայ Աւետարանական Պատանեկան Տան մէջ սորված է, թէ «Տէրը իմ հովիւս է, բանի մը կարօտը պիտի չունենամ»: «Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ'առաջնորդէ (Սաղմոս 23)։
Մաթոսեանի հետ կ’ապրիս Տինքի «հանդարտութիւնը», որ զինք կը պահէ զգաստ՝ շարունակելու համար իր երթը «իրականութեան» պայքարին համար։ «Պատմութեան մէջ մէկ դարը մէկ նախադասութեամբ կ’անցնի», կը շարունակէ Տինք։ Ուրեմն, կայ աշխատանքին ու գործին անհրաժեշտութիւնը։ Եւ հոս՝ Տինք դէմ առ դէմ կու գայ իր կեանքի «ճակատագրին» եւ իր «հպարտութիւնը» կապած անոր կ'ըսէ. «Եթէ ես երթամ, անշուք չեմ երթար», որովհետեւ ան գիտէ, թէ Հրանդ Տինք «ինչ գործեր ըրած է»։
Տինքի «հպարտութիւնն» է այս, հողին ու արմատին ինքնագիտակցութիւնը, որ զինք կը մղէ Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան «իրականութեան» համար ամբողջ կեանք մը նուիրելու։ Կեանք մը՝ որ ձգտեցաւ կատարելութեան եւ այդ կատարելութիւնը զինք տարաւ նահատակութեան։
Տինք կարողացած էր «գուշակել», թէ «անշուք պիտի չերթար» եւ թէ՝ «ինչ գործեր ըրած էր», որովհետեւ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակը մինչեւ այսօր կ'արձագանգէ՝ «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք…»։ Ու տակաւին, Տինքի հպարտութիւնը խթանեց գաղտնի մնացած, պահուըտած եւ կորսուած շատ մը հայեր, որպէսզի վերագտնեն նաեւ իրենց «հպարտութիւնը»։
Եթէ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան յիշատակութեան հարիւրամեակի սեմին, այս պիտի նշանակէր, թէ պիտի հաւատանք Տինքի պէս «ինչ գործեր ընելու» անհրաժեշտութեան։ Իսկ այս գործերը կրնան իրականանալ, եթէ մեր մէջ ամրապնդենք «հայուն հպարտութիւնը»։ Այս այն հպարտութիւնն է, որով մեր նախահայրերը չզիջեցան ու չսակարկեցին ո՛չ ազգային ինքնութիւն եւ ոչ ալ քրիստոնէական հաւատք։
Այս այն հպարտութիւնն է, որ մեր նախահայրերը մղեց, որ Տէր Զօրի դժոխքէն դուրս գան կենդանի ապրող իրականութիւն։ «Այս ապրող իրականութիւնը հիւղաւանները եւ թիթեղապատ տնակները վերածեց կազմակերպուած սփիւռքի։ Հայուն հպարտութիւնը գերակայութեան եւ գերադասութեան համար չէ, եւ ոչ ալ դիմացինը արհամարհելու եւ ստորնացնելու մէջ։ Այս այն հպարտութիւնն է, որ պիտի մղէ մեզ՝ հայրենիք եւ սփիւռք տէր կանգնելու մեր ազգային արժէքներուն, քաջ գիտնալով որ այս արժէքները շատ բան տուած են համաշխարհային քաղաքակրթութեան։ Եւ այս նոյն հպարտութիւնն է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ պահանջատիրութեան գործընթացը պիտի վերածէ զգաստութեան կեանք մը, ուր նուիրումի եւ զոհողութեան տրամադրութիւնները պիտի դառնան տեսլական։
«Հրանդ Տինք. երկու ազգութեան սիրտը»։ Եթէ թուրքին սրտին վրայ կայ Ցեղասպանութեան ծանրաբեռնուածութիւնը, եւ անպայմանօրէ՛ն կայ, նոյնիսկ երբ կը դրժէ այդ իրականութիւնը, հայուն սրտին մէջ կայ պահանջատիրութեան հպարտութիւնը։ Եւ այս հպարտ սիրտով Հրանդ Տինք կրցաւ «ճեղքել» թուրքին սիրտը։
Հայը այսօր պէտք ունի «հացի, օդի եւ ջուրի»։ Բայց նաեւ պէտք ունի «հպարտութեան»։ Հայուն հպարտութիւնն է այս, որ պէտք է վերականգնել հարիւրամեակի նախօրեակին, եւ այս հպարտութիւնն է, որ հայը պիտի խթանէ, որպէսզի «շատ գործեր ընէ…»։
***
Ի յիշատակ Ֆելիքս Յարութիւնեանի որ քաղցկեղի
զոհ գնաց Մայիս 18-ին Երեւանի մէջ
«Սիփան»-ի Աղջիկներուն Հեզաճկուն Պարը
«Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում
ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում»
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 12 Մայիս 2012
Հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց երբ հպարտօրէն խօսեցաւ իր
Բայց նախ կայ ասացուածք-իրագործում մը, զոր պէտք է ընդլայնել:
Պատանեկութեանս օրերուն կարդացած եւ լսած էի ժողովրդական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Գործ մը սկսէ հայու պէս եւ վերջացուր անգլիացիի պէս»: Բայց ինչո՞ւ հայը կրցած էր խլել լաւ գործ սկսողի համբաւը եւ անգլիացիին զիջած նոյն գործը աւարտողի համբաւը: Ո՛չ մէկ գիտական բացատրութիւն կայ, այլ ժողովրդական ասացուածք ըլլալով` հիմնուած էր փորձառութեան եւ դէպքերու զարգացումներու վրայ…: Բայց «Սիփան»-ի փորձը շրջեց ժողովրդային այս ասացուածքը:
Ֆելիքս Յարութիւնեանը` հայրենի արուեստագէտը, միջազգային ելոյթներու մասնակիցն ու մրցանակակիրը, «Սիփան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնեց 2011-ին: Ան իր բծախնդիր, խստապահանջ եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կրցաւ պարախումբը հասցնել գեղարուեստականօրէն բարւոք մակարդակի: Բայց ոչ միայն այդ: Ան յաջողեցաւ հայ մշակոյթի սէրը դարբնել իւրաքանչիւր պատանիի եւ երիտասարդի սրտին ու հոգիին մէջ, որպէսզի անոնք մէկ կողմէ պարեն, բայց միւս կողմէ ապրին հայ մշակոյթը: Ասիկա այն «սիրոյ» նկարագրականն է, որ Եղիշէ Չարենց կը փորձէր բացատրել իր բանաստեղծութեան մէջ: Հայկական մշակոյթը պէտք է ապրիլ եւ իւրացնել, ապա պարել, որպէսզի ստեղծուի սէրը նոյնինքն «հեզաճկուն պարին» նկատմամբ:
2012 տարուան փորձառութիւնը քիչ մը տարբեր եղաւ:
Ֆելիքսի անակնկալ անհանգստութիւնը առկախեց լաւ սկսած աշխատանքը…: Եւ հիւանդութիւնը եւ աշխատանքներու առկախումը ստեղծեց մէկ կողմէ անորոշութիւն, բայց միւս կողմէ հոգեկան ճնշում…: Եւ հարցումը` «ինչպէ՞ս պէտք էր վերջացնել լաւ սկսուած աշխատանքը…»:
Գօգօ Քէլէշեանը Ֆելիքսին աշակերտներէն է` Պէյրութի Համազգայինի «Քնար» պարախումբէն: Ֆելիքսի բծախնդիր եւ հետեւողական ցուցմունքներուն եւ վարժութիւններուն միջոցով Գօգոն սկսած է խօսիլ տալ իր մասին լիբանանահայ եւ լիբանանեան պարարուեստի տարբեր շրջանակներուն մէջ: Աւելի լաւ դասաւորում կարելի չէր ընել, երբ ուսուցիչը` Ֆելիքս Յարութիւնեան գործը յանձնեց եւ փոխանցեց Գօգոյին, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել լաւ սկսած, բայց առկախ մնացած աշխատանքները:
Կիպրոսի Համազգայինի վարչութիւնը եւ «Սիփան» պարախումբի անդամները մայիս 5-ին կրցան ապացուցել, որ լաւ սկսած աշխատանքը հայուն կողմէ կարելի է նաեւ վերջացնել` նոյնինքն հայուն միջոցաւ: Ուժական ներկայութիւն, բեմական գեղեցիկ ստեղծագործական միտք եւ աշխատանք, համաչափ շարժում եւ գունագեղ տարազներ: Այս ամէնը մեծ խճանկարի մը մէջ ստեղծեցին գեղարուեստական բարձրորակ եւ հաճելի երեկոյ-համոյթ մը:
Երեկոյին գեղեցիկ մտայղացումներէն էր «Նանոր» մանկապատանեկան պարախումբը` թիւով քսանվեց հոգի, որոնք ցոյց տուին, որ ոչ միայն կարելի է աշխատանքը լաւ ձեւով ամբողջացնել, բայց նաեւ լաւապէս ծրագրել յառաջիկայ տարիներուն համար: Ֆելիքսին եւ ապա Գօգոյին ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր մանկապատանեկան այս աշխատանքը եւս յաջողցնել` ինչ որ լաւ գրաւական մը կրնայ հանդիսանալ յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներու համար: Յայտագիրին մասնակցեցաւ «Արտուտիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը:
«Սիփան» պարախումբի լաւ սկսած, ապա ընդհատուած, բայց դարձեալ վերակազմակերպուած «ջանքերը» ուրախացուցին Ֆելիքսը, հպարտացուցին Գօգոն, բայց անպայմանօրէն խանդավառեցին կիպրահայ գաղութը…: Ֆելիքսին ուրախութիւնը այն էր, որ իր մեծ աշխատանքը կիսատ եւ անաւարտ չմնաց: Գօգոյին հպարտութիւնը` թէ անորոշ եւ կիսատ մնացած գործը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարելի եղաւ յաջողցնել: Բայց հանդիսատեսին խանդավառութիւնը անոր այն ապրումն էր, թէ հայ մշակոյթը ապրող իրականութիւն է` հարուստ եւ բարձրորակ, եւ թէ նոր սերունդը ատակ է իւրացնելու զայն եւ բաժնեկցելու հաւաքական կեանքին մէջ…: Այս իրականութիւնը բաժնեկցիլը նոյնինքն Եղիշէ Չարենցի մեծ սէրն է` «անուշ Հայաստանին» եւ անոր աշխարհատարած նայիրեան աղջիկներու «հեզաճկուն պարին»:
Այս սէ՛րն է, որ հայ ժողովուրդը ողջ պիտի պահէ, բայց նաեւ` ապրող եւ կենսունակ իրականութիւն:
Եթէ մենք սիրեցինք «Սիփան»-ի աղջիկներուն հեզաճկուն պարը, բայց նաեւ ապրեցանք պահը հայ մշակոյթի արժէքին: Այս արժէքն է, որ պէտք է պահել եւ փոխանցել:
Մինչ այդ, պէտք է հաւատալ, թէ` «գործ մը կարելի է սկսիլ հայու պէս` եւ անպայմանօրէն ամբողջացնել` նոյնպէս հայու պէս»:
Ֆելիքս եւ Գօգօ…: Ուսուցիչ եւ աշակերտ…: Գործը հայօրէն սկսան եւ հայօրէն ամբողջացուցին…: