Հայու Կալուածներ Նուիրուած Որպէս «Արեան Գին»

Մուրատ Պարտաքճը, «Հապեր Թիւրք», 11 Նոյեմբեր 2012
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Մուրատ Պարտաքճըն ծանօթ է իբրեւ թրքական պաշտօնական թեզը պաշտպանող պատմաբաններէն մին:

Դարձեալ ինքն էր, որ բացայայտեց եւ հրատարակեց Թալէաթ փաշայի օրագիրները նկատուող նշանաւոր «Սեւ տետրակ»-ը, որուն մէջ տեղահանուած հայերուն թիւը (միշտ Թալէաթի հաշիւներով) կը բարձրանար մինչեւ 972,000-ի:

Ներկայ յօդուածով Պարտաքճըն թեթեւ հեգնական ոճով մը կը ջանայ նեղի դնել Հասան Ճեմալը` «բացայայտելով» Աթաթիւրքին եւ իր կառավարութեան կողմէ իր ընտանիքին տրուած հայու պատկանող կալուածներով:

1915-ը Իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» Նկատուող Հասան Աղբարիկին Ընտանիքին Հայու Պատկանող Կալուածներ Նուիրուած Էր Աթաթիւրքին Կողմէ` Որպէս «Արեան Գին»

Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութեան ղեկավարներէն Ճեմալ փաշային թոռը` Հասան Ճեմալ վերջերս հրատարակած իր գիրքին մէջ 1915-ի դէպքերը կը բնութագրէ իբրեւ «ցեղասպանութիւն»… Գիրքին անունն ալ արդէն կը կոչուի «1915 – Հայոց ցեղասպանութիւնը»

Մուրատ Պարտաքճը, «Հապեր Թիւրք», 11 Նոյեմբեր 2012
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Մուրատ Պարտաքճըն ծանօթ է իբրեւ թրքական պաշտօնական թեզը պաշտպանող պատմաբաններէն մին:

Դարձեալ ինքն էր, որ բացայայտեց եւ հրատարակեց Թալէաթ փաշայի օրագիրները նկատուող նշանաւոր «Սեւ տետրակ»-ը, որուն մէջ տեղահանուած հայերուն թիւը (միշտ Թալէաթի հաշիւներով) կը բարձրանար մինչեւ 972,000-ի:

Ներկայ յօդուածով Պարտաքճըն թեթեւ հեգնական ոճով մը կը ջանայ նեղի դնել Հասան Ճեմալը` «բացայայտելով» Աթաթիւրքին եւ իր կառավարութեան կողմէ իր ընտանիքին տրուած հայու պատկանող կալուածներով:

1915-ը Իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» Նկատուող Հասան Աղբարիկին Ընտանիքին Հայու Պատկանող Կալուածներ Նուիրուած Էր Աթաթիւրքին Կողմէ` Որպէս «Արեան Գին»

Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութեան ղեկավարներէն Ճեմալ փաշային թոռը` Հասան Ճեմալ վերջերս հրատարակած իր գիրքին մէջ 1915-ի դէպքերը կը բնութագրէ իբրեւ «ցեղասպանութիւն»… Գիրքին անունն ալ արդէն կը կոչուի «1915 – Հայոց ցեղասպանութիւնը»

Հասան աղբարիկ իր մեծ հօր` Ճեմալ փաշային ալ մաս կազմած Իթթիհատ եւ թերաքքըի ղեկավարութեան 1915-ի դերակատարութեան վերաբերեալ կ՛ըսէ, թէ` «կը բաժնէ հայ ժողովուրդին ցաւերը», եւ ճիշդ ա՛յս կէտէն մեկնելով` գրի կ՛առնուի գիրքը…

Ճեմալ փաշան, բաղդատելով Իթթիհատ եւ թերաքքըի ղեկավար տարրի մնացեալ անդամներուն, ամէնէն քիչ մեղադրուողն է 1915-ի դէպքերուն կապակցութեամբ: Տեղահանութեան ընթացքին, ծովուժի նախարարութեան կողքին, իբրեւ չորրորդ բանակի հրամանատար, գտնուած է Դամասկոսի մերձակայքը, եւ կը պատմուի, թէ այդ շրջանները ղրկուող հայերուն հանդէպ լաւ վերաբերում ունեցած է, աշխատած է արգելք հանդիսանալ, որպէսզի անոնք աւելի վնաս չկրեն եւ դպրոցներ բացած հայ որբերուն համար…

Նախագահին Ստորագրութիւնը

Բնականաբար բոլոր այս յիշուածները լաւ բաներ են, եւ հակառակ որ տեղահանութեան որոշումը տուողներուն մէջ գտնուած է Ճեմալ փաշան, յամենայն դէպս դիմացի կողմէն իրեն համար տրուելիք դրական կէտերը կ՛աւելցնեն…

Սակայն երբ Հասան աղբարիկ նիւթը օրակարգի կը բերէ, կէտ մը կայ, որ կը մոռնայ, աւելի ճիշդը` կ՛ենթադրեմ, որ չի գիտեր. Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի նախագահութեան շրջանին` 1927-ին, հայերէն մնացած կարգ մը կալուածներուն նուիրումի  պարագան Ճեմալ փաշային, այսինքն` Հասան աղբարիկին ընտանիքին, նախարարաց խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումով…

Լքուած Կալուածները Բաժնուեցան

Դէպքերը զարգացած են հետեւեալ ձեւով.

1925 թուականի դեկտեմբերին Անգարայի մէջ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստուեր է «Հայկական կոմիտէներու կողմէ մահափորձի ենթարկուած եւ նահատակուած պետական մարդոց ընտանիքներուն համար տրուելիք փոխհատուցումներու» վերաբերեալ: Օրէնքը վաւերացուելէ ետք այս ընտանիքներուն զանազան կալուածներ տրուած են իբրեւ փոխհատուցում: Կալուածներու բաժանումի ընթացքին կանոն մը կայ, որ բծախնդրօրէն յարգուած եւ գործադրուած է, որուն համաձայն, տրուած կալուածները հարկ էր որ պատկանէին «Էմվալի մէթրուքէ»-ին, այսինքն բռնագաղթի ենթարկուած եւ չվերադարձած եւ կամ Թուրքիայէն մէկ անգամ ընդ միշտ հեռացած հայերուն կողմէ լքուած կալուածներ պէտք էր, որ ըլլային: Ասիկա կը նշանակէր, որ փոխհատուցումները պետութեան ձեռքով բաժնուած տեսակ մը «արեան գին» էին…

Պետական արխիւներուն մէջ բաւական թիւով փաստաթուղթեր կան, որոնք կը վերաբերին այն կալուածներուն, որոնք բաժնուեցան հայերու կողմէ սպաննուած պետական մարդոց ընտանիքներուն: Ըստ փաստաթուղթերուն, բաժանումի կիրարկումը սկսեր է տակաւին 1922 թուականին, այսինքն` օրէնքին վաւերացումէն ալ առաջ, եւ տեւած է մինչեւ 1940-ական թուականները, երբ Իսմեթ Ինէօնիւն էր օրուան նախագահը:

Ընտանիքներուն Բոլորը Աղքատ Էին

Այսօր այս էջերուն մէջ տեղ պիտի տամ վաւերաթուղթի մը, որուն համաձայն, 1927 թուականին Մուսթաֆա Քեմալին ստորագրած որոշումնագիրով մը Ճեմալ փաշայի ընտանիքին կը փոխանցուէր Վիչեն Հոգուչեան անունով հայ հայրենակիցի մը պատկանող կարգ մը կալուածները, որոնք կը գտնուէին Պոլսոյ Ֆերիքէօյ կոչուող թաղամասին մէջ: Նոյն նիւթին կապակցութեամբ, մեծ թիւով վաւերաթուղթեր տեղ պիտի գտնեն մօտերս հրատարակուելիք գիրքիս մէջ, որոնք առնչուած են նաեւ Իթթիհատ եւ թերաքքըի հետ…

Սակայն քանի նիւթը բացուած է, կ՛ուզեմ նշել կէտ մը, որ կը չարչրկէ միտքս:

Ես մօտէն ճանչցած եմ ընտանիքները կարգ մը իթթիհատականներու, որոնք մահացան աքսորի մէջ…

Հասարակաց կէտ մը ունէին այս ընտանիքները. հարուստ չէին անոնք եւ մեծամասնութիւնը շատ համեստ պայմաններու մէջ կ՛ապրէր: Իրենց հայրերն ու մեծ հայրերը տարիներով պետութեան գլուխը գտնուած էին, բայց չէին գողցած եւ իրենց զաւակներէն եւ թոռներէն ոմանք նեղութեան մէջ կ՛ապրէին: Օրինակ, Իթթիհատ եւ թերաքքըի նշանաւոր ներքին գործոց նախարար, ապա վարչապետ Թալէաթ փաշային կինը` Հայրիյէ Թալէաթ հանըմ, որ 1983-ին մահացաւ, նիւթական առումով փայլուն վիճակ մը չունէր: Նոյնպէս, Ճեմալ փաշայի նման կարկառուն իթթիհատականի մը թոռը` Հասան Ճեմալին ալ ընտանիքը ունեւոր վիճակ մը չունէին. Հասան աղբարիկին հայրը` Ահմեթ Ճեմալ, որ փաշային անդրանիկն էր, տարիներով Ալփուլլու շաքարի գործարանին մէջ պաշտօնավարած էր իբրեւ թարգման:

Թէ ինչո՛ւ հայերու կողմէ սպաննուած իթթիհատական ղեկավարներու ընտանիքներուն տրուած կալուածները չբարելաւեց անոնց ապրուստի պայմանները, նիւթ կրնայ ծառայել տարբեր ուսումնասիրութեան մը:

Ո՞վ Տուաւ Ճեմալ Փաշային Դէմ Մահափորձի Հրամանը

1872 թուականին Միտիլլիի մէջ ծնած Ահմեթ Ճեմալ փաշան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասը տարիներու փոքրաթիւ ղեկավարներու շարքին իր կարեւոր տեղը ունէր:

Պատերազմական դպրոցէն շրջանաւարտ, պաշտօններ կը ստանձնէ կայսրութեան տարբեր շրջաններու միաւորներուն մէջ. կ՛անդամակցի Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութեան: Սկիւտարի կառավարիչ կը կարգուի, ապա` Պոլսոյ կուսակալ:

Պատմութեան մէջ Ճեմալ փաշային գլխաւոր դերակատարութիւնը սկսաւ, երբ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն նշանակուեցաւ ծովային նախարար: Այս պաշտօնին զուգահեռ, 1916-ին կը նշանակուի չորրորդ բանակի ընդհանուր հրամանատար, որ կայք հաստատած էր կայսրութեան միջինարեւելեան հողատարածքներուն վրայ: Այս շրջանին անգլիացիները Եգիպտոսէն դուրս նետելու երկու գործողութիւններն ալ ձախողութեան մատնուեցան: Դամասկոս գտնուած միջոցին արաբ ազգայնականներուն հանդէպ շատ խիստ վարուեցաւ եւ Պոլսոյ դէմ ըմբոստացած 32 արաբ մտաւորականներ կախաղան բարձրացուց: Այս պատճառով փաշան արաբական պատմութեան մէջ պիտի յիշուէր իբրեւ «Արաբական աշխարհի ամէնէն մեծ թշնամին»:

Յետ պատերազմի, 1918-ի նոյեմբերին, մնացեալ իթթիհատական ղեկավարներուն հետ միասին Թուրքիայէն հեռանալով` կը հաստատուի Գերմանիա: Այդտեղէն կ՛անցնի  Ռուսիա, եւ 1920-ականներու սկիզբը, իբրեւ միջնորդ, ջանք կը թափէ, որ Անգարա լաւ յարաբերութիւններ ունենայ Մոսկուայի հետ: 1921-ի գարնան Աֆղանիստանի թագաւոր Էմանուլլահ խանին հրաւէրով եւ 31 հետեւորդներով Քապուլ կ՛երթայ «ընդհանուր քննիչ»-ի տիտղոսով եւ կ՛աշխատի արդիականացնել աֆղանական բանակը: 1922-ի գարնան կարգ մը հանդիպումներ ունենալու համար Աֆղանիստանէն Եւրոպա կ՛երթայ, յետոյ երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութենէ մը ետք Վրաստան կ՛անցնի…

Դժբախտ վերջաւորութիւնը Թիֆլիսի մէջ կը պատահի. խորհրդային ներկայացուցիչներուն հետ տեսնուելու համար պատրաստուող Ճեմալ փաշան եւ երկու զինակիցները` տեղակալ Սիւրէյեա պէյ եւ հազարապետ Նուսրեթ պէյ, 21 յուլիս 1922-ի գիշերը մահափորձի մը զոհ կ՛երթան:

Տարիներ ետք Ճեմալ փաշային աճիւնները Կարնոյ մէջ հողին կը յանձնուի, սակայն մինչեւ այսօր բանավէճի նիւթ է, թէ զայն սպաննողները հայե՞րը, թէ՞ ռուս գաղտնի սպասարկութիւնները եղած էին…

 

You May Also Like
Read More

Գաբրիէլը Ղափանի Մէջ

Զուարթ Աբէլեան, 2008 Զուարթ Աբէլեանի այս գրութիւնը լոյս տեսաւ 2008–ին Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին ի պատիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մը առիթով՝…
Read More