[…] Շատ գրուած ու խօսուած է Լիբանանի հայ գաղութին՝ սփիռքահայութեան ազգային գոյատեւման պայքարին մէջ անոր գրաւած անփոխարինելի դերին մասին: Ան իրաւամբ նկատուած է արտասահմանի հայութեան բաբախուն սիրտը, ազգապահպանումի պայքարի առաջին գիծին վրայ: Այս բոլորը ճիշդ էին երէկ, արդեօք ճի՞շդ են նաեւ այսօր, եւ արդեօք ճիշդ պիտի ըլլա՞ն գալիք ժամանակներուն …:
[…] Շատ գրուած ու խօսուած է Լիբանանի հայ գաղութին՝ սփիռքահայութեան ազգային գոյատեւման պայքարին մէջ անոր գրաւած անփոխարինելի դերին մասին: Ան իրաւամբ նկատուած է արտասահմանի հայութեան բաբախուն սիրտը, ազգապահպանումի պայքարի առաջին գիծին վրայ: Այս բոլորը ճիշդ էին երէկ, արդեօք ճի՞շդ են նաեւ այսօր, եւ արդեօք ճիշդ պիտի ըլլա՞ն գալիք ժամանակներուն …:
Անկասկած այդ յաջողութիւններուն մէջ անհրաժեշտօրէն շատ մեծ դեր ունէր հայրենիքը: Ինչպէս միւս գաղութներու, Լիբանանահայութեան համար ալ ազգային հպարտութեան մեծ ազդակ էր հրաշալի յարութիւնը հայրենիքին, որուն շնորհիւ աւելի ամրապնդուեցան հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ Հայաստանէն մեզի այցելեցին մտաւորականներ, արուեստագէտներ, արուեստի ու մարզական խումբեր, խանդավառելով Լիբանանահայութիւնը, զայն աւելի եւս մօտեցնելով եւ կապելով մեր արմատներուն, պատմութեան, մեր ազգային աւանդութիւններուն ու մեր դարաւոր հարուստ մշակոյթին:
Լիբանանահայ գաղութին վայելած առաւելութիւններուն մասին բազմաթիւ անգամներ գրուած եւ խօսուած են, թէ՝ շնորհիւ այդ առաւելութեան ան կարողացաւ պատրաստել մտաւորական ուժեր իրեն եւ ամբողջ սփիւռքին համար: Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը, բայց յատկապէս Լիբանանահայ գաղութը մատակարարեց հոգեւորականներ, ազգային գործիչներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, բեմադրիչներ, պարուսոյցներ, նաեւ առաջնորդող ղեկավար դէմքեր: Եւ շնորհիւ այս մատակարարութեան բազմաթիւ գաղութներ իրենց կենսունակութիւնն ու զարթօնքը ապրեցան, կ’ապրին ու պիտի շարունկեն ապրիլ:
Մեր գրիչներէն ու բեմբասացներէն ոմանք, յաճախ կը խօսին Լիբանանի դժբախտ դէպքերուն մասին, որ պատճառ եղան կարեւոր թիւով պատրաստուած մտաւորական ուժերու մեկնումին: Իրականութեան համապատասխան ըլլալով այս մտահոգութիւնը, պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ինչ ալ եղան պայմանները՝ կայ ու պիտի մնայ տակաւին Լիբանանահայ զանգուածը, իր ամբողջական կառոյցներով ու առաջնորդներով:
Տնտեսապէս բազմապիսի դժուարութիւններով հանդերձ, տակաւին Լիբանանահայ գաղութը, ի վիճակի է մտաւորական նոր ուժեր պատրաստելու ամբողջ սփիւռքին համար: Առանց թերգնահատելու ուրիշ գաղութներու կարելիութիւնները, այս իմաստով Լիբանանահայութեան դերը անփոխարինելի է, եւ ոչ մէկը այս ուղղութեամբ կրնայ զայն փոխարինել:
Գիտենք թէ բոլոր գաղութներն ալ ունին իրենց յատուկ պայմանները, իրենց մտահոգութիւններն ու իրագործելի ծրագիրները եւ իրենց նիւթական դժուարութիւնները, այնուամենայնիւ Լիբանանահայութիւնը արդարօրէն կ’ակնկալէ որ սփիւռքահայ գաղութներ շարունակեն բերել իրենց բարոյական եւ նիւթական նեցուկը մեր գաղութին: Նաեւ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, հոն մայր հողին վրայ, մեր արդար ակնկալութիւնն է որ հայրենիքը շարունակէ բարձրացնել մեր ժողովուրդին բարոյական կորովը, զայն փրկելու համար այն հոգեբանական վիճակէն, որուն մէջ մխրճուած է ան, յատկապէս տնտեսական ապրուստային կլանիչ պայմաններէն:
Անկասկած, այս օրերուն կան կազմակերպութիւններ ու յատկապէս անհատներ, որոնք նիւթական մեծղի զոհողութիւններով շնորհակալ աշխատանք կը կատարեն, սակայն, անկեղծ ըլլանք խոստովանելու որ անոնք քիչով կը բաւարարեն ու կը գոհացնեն մեր ժողովուրդին պապակած հոգիները:
Այս բոլոր ակնկալութիւնները արդար եւ տեղին ըլլալով եւ նաեւ գնահատելով մեր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն զոհողութիւններով լեցուն գործունէութիւնը, եկէք հարց տանք թէ այս օրերուն անոնք կը ծառայե՞ն իրենց ճիշդ նպատակին: Եկէք անկեղծ ըլլանք եւ կշիռքի վրայ դնենք, մերօրեայ զոհողութիւնները ի՞նչ արդիւնք տուած են կամ արդարացուցա՞ծ են գործնականօրէն: Արդեօք մեր գործունէութիւններուն արժեչափերը նոյն համեմատութեամբ կը վերանորոգուի՞ն ու կ’այժմէականա՞ն:
Եկէք իրատես ըլլանք ճիշդ տեսնենք եւ ընդունինք բացթողումները եւ մեր գործելաձեւերը առաջ մղենք համաձայն ստեղծուած եւ պարտադրուած ներքին եւ արտաքին կացութիւններուն, յանուն նախ գաղութին ապա համագաղութային եւ յատկապէս համայնքին շահերուն, որպէսզի իրաւունքը ունենանք ակնկալելու այն ինչ որ պիտի տան մեզի սփիւռքի միւս գաղութները եւ հայրենիքը:
Լրջախոհութեամբ եւ լայնախոհութեամբ մեր աչքերը ուղղենք եւ հարց տանք թէ ի՞նչ կը պատահի մեր շուրջը եւ աշխարհի մէջ, ինչո՞ւ երկիրը գործօն հրաբուխի մը նման յարաժամ կը մխայ, ինչո՞ւ վրիժառութենէն փրփրած բերաններ եւ ատելավառ պայքարներ խռովութիւն կը սփռէն աշխարհի չորս ծագերուն:
Հակասութիւններու եւ անարդարութիւններու այս աշխարհին մէջ հաւատքը կրնայ միայն մղիչ ուժ ըլլալ մեզի նման ճակատագիր ունեցող ժողովուրդներուն: Եւ մենք ունինք այդ հաւատքը, ունինք հիմքերը այդ հաւատքին, եւ անով է որ պիտի դիմագրաւենք գալիք բոլոր հանգրուանները պատմութեան:
[…] Մեր անկեղծ ակնկալութիւնն է որ հայրենիք եւ սփիւռք առաւել հոգածութեան առարկայ դարձնեն Լիբանանահայութիւնը, ի մասնաւորի անոր հաստատութիւնները, կազմակերպութիւններն ու մամուլը, ի շահ բովանդակ հայութեան: