Հայրենի Ընտրա-Դիմակահանդէս


Խորհրդարանական «Ընտրութիւններ»՝ Դարձեալ Առանց Ճշմարիտ Այլընտրանքի

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս , Լոս Անճելըս, 30 Ապրիլ 2012

Հրապարակագիր Սահակ Թութճեանի այս յօդուածը կամքէ անկախ պատճառներով կարելի չեղաւ ատենին հրատարակել: Այսուհանդերձ արծարծուած հարցերը կը մնան այժմէական եւ հետեւաբար գրութիւնը «Գեղարդ»ի ընթերցողներուն կը հրամցուի թեկուզ եւ ուշացումով:Խմբ.

«Հաւատանք, որ Փոխենք» կը կարդանք Սերժ Սարգսեանի ճառախօսական ամպիոնի կից ցուցատախտակին վրայ: Պահ մը կը տարուինք հարց տալ թէ այս լոզունգի մօտիկ կանգնած մարդը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագա՞հն է, թէ՞ գիւղական կիրակնօրեայ դպրոցի քիչ մը իւրօրինակ բայց բարի ուսուցիչը…: Տեսէք ինչե՜ր կը քարոզէ – օրէնք, հանդուրժողութիւն, չքաւորութեան վերացում, գործազուրկներու համար նոր աշխատատեղերու ապահովում, համագործակցութեան կամուրջներու կառուցում (!!!), համաձայնութեան քաղաքական մշակոյթ (???), միջազգային չափանիշերով թափանցիկ եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններ (!!!???), եւ դեռ ինչե՜ր: Կ'ըսէ՝ ընտրութիւններէն ետք բոլորս պիտի շարունակենք ապրիլ միասին, ուստի զիրար չվիրաւորենք, չվշտացնենք: Հաւաքուած ժողովուրդը անշուշտ կ'ուզէ հաւատալ (Տես վերը՝ պարբերութեան սկիզբի նախագահական գովազդը): Բայց ի՞նչպէս: Ի՞նչ հիման վրայ: Վերջապէս նախընթացներ կան, չէ՞: Ախր, օրինակ, այս նոյն մարդը չէ՞ր որ դեռ 2008ին խոստացաւ երկրի ամէն մէկ ընտանիքն ապահովել իր սեփական տունով: Ու հաւատացինք: Եւ սակայն տան շինութիւնը չէ մեկնարկուած իսկ մինչեւ այսօր…: Ի դէպ, ան իրեն համար քանի՜ քանի՜ պալատներ է կառուցել տուած մինչ այդ:
 


Խորհրդարանական «Ընտրութիւններ»՝ Դարձեալ Առանց Ճշմարիտ Այլընտրանքի

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս , Լոս Անճելըս, 30 Ապրիլ 2012

Հրապարակագիր Սահակ Թութճեանի այս յօդուածը կամքէ անկախ պատճառներով կարելի չեղաւ ատենին հրատարակել: Այսուհանդերձ արծարծուած հարցերը կը մնան այժմէական եւ հետեւաբար գրութիւնը «Գեղարդ»ի ընթերցողներուն կը հրամցուի թեկուզ եւ ուշացումով:Խմբ.

«Հաւատանք, որ Փոխենք» կը կարդանք Սերժ Սարգսեանի ճառախօսական ամպիոնի կից ցուցատախտակին վրայ: Պահ մը կը տարուինք հարց տալ թէ այս լոզունգի մօտիկ կանգնած մարդը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագա՞հն է, թէ՞ գիւղական կիրակնօրեայ դպրոցի քիչ մը իւրօրինակ բայց բարի ուսուցիչը…: Տեսէք ինչե՜ր կը քարոզէ – օրէնք, հանդուրժողութիւն, չքաւորութեան վերացում, գործազուրկներու համար նոր աշխատատեղերու ապահովում, համագործակցութեան կամուրջներու կառուցում (!!!), համաձայնութեան քաղաքական մշակոյթ (???), միջազգային չափանիշերով թափանցիկ եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններ (!!!???), եւ դեռ ինչե՜ր: Կ'ըսէ՝ ընտրութիւններէն ետք բոլորս պիտի շարունակենք ապրիլ միասին, ուստի զիրար չվիրաւորենք, չվշտացնենք: Հաւաքուած ժողովուրդը անշուշտ կ'ուզէ հաւատալ (Տես վերը՝ պարբերութեան սկիզբի նախագահական գովազդը): Բայց ի՞նչպէս: Ի՞նչ հիման վրայ: Վերջապէս նախընթացներ կան, չէ՞: Ախր, օրինակ, այս նոյն մարդը չէ՞ր որ դեռ 2008ին խոստացաւ երկրի ամէն մէկ ընտանիքն ապահովել իր սեփական տունով: Ու հաւատացինք: Եւ սակայն տան շինութիւնը չէ մեկնարկուած իսկ մինչեւ այսօր…: Ի դէպ, ան իրեն համար քանի՜ քանի՜ պալատներ է կառուցել տուած մինչ այդ:
 

Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկեց Ապրիլ 6ին ու կ'աւարտի Մայիս 4ին: Սպասուած արդիւնքներու վերաբերեալ հարցախոյզերու կանխատեսումները չափազանց հակասական են, խիստ կասկածելի եւ բոլորովին անվստահելի: Անոնց ետին գտնուող Կէլըփ Եւրոպա հաւաստի ոչ մէկ հանգամանք կամ աւանդոյթ ունի: Ամէն պարագայի, իր ընդհանրութեան մէջ առած՝ Հայաստանի ժողովուրդը վերապահ ու թերահաւատ է ընտրական ամբողջ գործընթացին, առասպելին, ֆարսին հանդէպ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին 9 կուսակցութիւններ ու կուսակցական-դաշինքային խմբաւորումներ, ինչպէս նաեւ անհատ թեկնածուներ:

Հակառակ ներկայացուած բազմաթիւ դիմումներու, Ազգային Ժողովը – անոր մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետական Կուսակցութեան որոշումով – մերժեց սոսկ համամասնական ընտրական գործընթացի անցնելու առաջարկը: Հետեւաբար, Հայաստանի ընտրական օրէնքը կը մնայ անփոփոխ: Այսինքն, խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ընթանան միաժամանակ համամասնական ու մեծամասնական ընտրացանկերով:

Համամասնական ցանկը կազմուած է առհասարակ կուսակցականներէ: Ազգային Ժողովը կ'որոշէ իւրաքանչիւր կուսակցութեան բաժին ինկող պատգամաւորներու թիւը՝ ըստ կուսակցութեան անդամներու ընդհանուր թիւին: Կուսակցութիւն մը կրնայ որեւէ թիւով թեկնածուներ ընտրութեան իջեցնել որեւէ տեղէ:

Միւս կողմէ՝ մեծամասնական ցանկը անձնական է – անձն է որ կ'որոշէ իր թեկնածութիւնը: Ուզողը կրնայ ներկայանալ որպէս թեկնածու: Յաճախ շրջաններէ են անոնք: Գործնապէս, առհասարակ հարուստները թիկունք կանգնած են թեկնածուին, որ ընդհանրապէս կ'ըլլայ իրենց մօտիկ բարեկամը, ընտանիքի մէկ անդամը, ազգականը, խնամին, եւ այլն:

ԽԱԲԵԲԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Զեղծարարութեան նրբագոյն արուեստի փորձառու հմուտ մայեսթրօն՝ Սերժ Սարգսեան, դեռ կը յամառի փայփայել իր հի՜ն պատրանքները: Ան կը ջատագովէ հարիւր տոկոսով արհեստական (synthetic), զուտ գովազդային ընտրական կեղծ ազատութիւն մը, որով կ'երազէ թէ շաքարապատուած դատարկ խօսքերն ու բովանդակազուրկ բարոյախօսական կրկնասացութիւնները բաւարար են՝ շլացնելու, խաբելու եւ ապակողմնորոշելու համար արտաքին աշխարհն ու մեզ – մէկ կողմէ՝ ուշիմ ու խորամանկ եւրոպացի դիտորդներն ու վերլուծաբանները, միւս կողմէ՝ համայն հայութիւնը եւ յատկապէս Հայաստանի ահաբեկուած, ընչաթափուած քաղաքացիները:

Զուգահեռաբար, երբեմն նուրբ աճպարարութիւններով ու երբեմն կոպիտ միջոցներով, ան չի վարանիր ձեռքի տակէ օգտագործելու հակաժողովրդական եւ ապօրինի ճնշումներու, սադրանքներու, սպառնալիքներու եւ զեղծարարութիւններու ամբողջ զինամթերքը:

Սերժ Սարգսեան տէրն ու տիրականն է Հանրապետական Կուսակցութեան, պետութեան, կառավարութեան, Սահմանադրական (Կոչուած) Դատարանի (որ ինքնի՛ն դատի ենթակայ ըլլալու է), օրէնսդրութեան, խորհրդարանի (իր Ապազգային Ժողովի), Էջմիածնի, ազատութեան, հայ ժողովուրդի, ըստ պահանջի մինչեւ մօտաւորապէս «մաքուր» 700,000-ի հասնող մեռածներու / մեկնածներու / կորածներու քուէներուն, եւ ամբողջ Հայաստանի: Իր սեփական Մեծ Տան, ինչպէս նաեւ իրեն հաւատարիմ ափ մը օլիկարխներու վարձու սպասեակներն են իշխանութեան բոլոր անդամներն ու պաշտօնեաները: Անոնց բոլորը լուռ սպասարկուներն են իր իշխանութեան ու կը ծառայեն անոր պահպանման ու վերարտադրութեան սորբ գործին –

Դպրոցներ կը փակեն՝ ուսուցիներուն այսպէս ասած «բարեկամական» խորհուրդ տալով ներկայ գտնուիլ Հանրապետական Կուսակցութեան հանրահաւաքներուն՝ եթէ չեն ուզեր վտանգել իրենց պաշտօնը:

Նոյն բեմադրութիւնը՝ կառավարական այլ սպասարկութիւններու պաշտօնեաներուն՝ «բարեկամական» նոյնատեսակ յանձնարարութիւններով:

Ընդդիմութեան հաւաքներուն կ'ուղարկեն յատուկ լուսանկարիչներ, որոնք հետաքրքրուած չեն բեմահարթակին վրայ ելոյթ ունեցողներով, այլ մօտէն կը նկարեն հաւաքին եկողները՝ վախի մթնոլորտ ստեղծելու համար անոնց մօտ:

Վախի նոյն ձեռնտու մթնոլորտի առաւել եւս ամրապնդման նպատակով, ծեծի սանձազերծումներ կը կազմակերպեն ընդդիմադիր թեկնածուներու կարգ մը կողմնակիցներուն ու գործակիցներուն դէմ, յաճախ մութին ու մեկուսի վայրերու մէջ : (Շատ մեծ քաջութիւն կը ցուցաբերեն երբ խոշոր ոհմակով կը յարձակին փոքրաթիւ անզէն խմբակի մը վրայ)

Ընդդիմադիր հանրահաւաքներու եկողները կը խոչընդոտեն՝ անոնց ճամբաները փակելով, օթոպիւսները արգիլելով եւ այլ կերպերով:

Թաղի իշխանական կամակատարները տունէ տուն կը մտնեն, կաշառք կը յանձնեն եւ անձնագիրը կ'առնեն՝ Հանրապետական կուսակցութեան ընտրացուցակներուն վրայ անուններն «ամրագրելու» համար:

Առանց այլեւայլի ուղղակի կը սպառնան ընդդինադիր թեկնածուներու սատարող գործիչներուն:

Նոյնպէս ուղղակի սարսափ ստեղծելով մարդոց կը սպառնան գործէ արձակել, կամ հարկային պաշտօնեաներ ուղարկելով խանութը փակել տալ, եթէ չքուէարկեն յօգուտ իրենց թեկնածուին:

Այո՛, թերեւս ոմանք դեռ սիրտ ունին հաւատալու իշխանութեան ջատագովներու թմբկահարած ապագայ իւրովի փոփոխութիւններուն: Սակայն, Աստուա՜ծ իմ, Սերժ Սարգսեանի կերպարանափոխած Հայաստանի մէջ որքա՜ն դժուար է հետեւիլ դէպքերու գահավէժ հոլովոյթին՝ իշխանական այլանդակիչ ծուռ հայելիներուն ընդմէջէն: Այնտեղ իրերն ու իրադրութիւնները որքան փոխուին, այնքան կը մնան նոյնը – եթէ, անշուշտ, չփոխուին դէպի աւելի վատը:

ԳԱՐՇԱՀՈՏ ՃԱՀՃԱԽՈՒՏԸ

Արտաքնապէս կը թուի թէ քարոզարշաւն ու ընտրապայքարը բնականոն հունի մէջ են – նորմալ, ինչպէս սովոր են որակել Հայաստանի մէջ: Ներքնապէս, սակայն, եւ ըստ էութեան, իշխանական կուսակցութիւններու խորապէս գաւառային – չըսելու համար խաւարային – ճղճիմ, հակաժողովրդական, հակաժողովրդավարական ու կարճատես մարտավարութիւնը կ'ընթանայ զեղծարարութեան, կաշառքի եւ փտածութեան գարշահոտ ճահճախուտին մէջ:

Հասարակութիւնը ջլատելու, ապակողմնորոշելու եւ անղէկ ու շփոթած թուլակամ զանգուածի մը վիճակին մէջ պահելու համար, բռնատիրական իշխանութիւնները ըստ երեւոյթին անգամ մը եւս յաջողութեան ճամբուն վրայ են իրենց աւանդական միջոցներով ու լծակներով: Թէեւ, առ երեւոյթ, այդ ճամբան այնքան ալ հեշտ չի թուիր ըլլալ որքան նախորդող ընտրութիւններուն: Սակայն անոնք կը կիրարկեն փորձուած եւ արդիւնաւէտ նկատուած վերիվերոյ նոյն հի՜ն մեթոտները – ընդդիմադիր ուժերու պառակտում, ժողովրդանուէր անկաշառ տարրերու եւ խմբաւորումներու վհատեցում ու հալածանք, «կարճ յիշողութեամբ» տառապող քաղաքացիներու լռեցում՝ ընտրակաշարք-ողորմութեամբ՝ “փոխան պնակ մը կերակուրի”:

Իշխանական ճամբարի քարոզարշաւն ու նախընտրական պայքարը կը ղեկավարեն իշխող համախմբման երկու «երէց» անդամները – գեր-օլիկարխ Սերժ Սարգսեան անհատապէս կը գլխաւորէ Հայ Հանրապետական Կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), եւ գեր-օլիկարխ Գագիկ Ծառուկեան անձամբ կը հետեւի իր «սեփականութիւնն» եղող Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան (ԲՀԿ) աշխատանքներուն: Երրորդը՝ Արթուր Պաղտասարեանի Օրինաց Երկիր Կուսակցութիւնը (ՕԵԿ) կարելի է շինծու միաւոր մը նկատել որու միակ դերը ընդդիմադրութիւն տերմինի վարկաբեկումն է եւ մանաւանդ ընդդիմադիր դաշտի պառակտումը: Չորրորդը կը հանդիսանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) որ ատենէ մը ի վեր ինքզինք հեռացած կը յայտարարէ իշխող համախմբումէն եւ առերեւոյթ կ'աջակցի ընդդիմադիր ուժերուն: Սրտանց կը մաղթենք որ ընթացիկ շաբաթը գայ գործնապէս հաստատելու Դաշնակցութեան դեռ եւս երերուն եւ էապէս բանաւոր այս կողմնորոշումը՝ որպէսզի ան կարենայ մասնակից դառնալ՝ հայութեան ներկայ եւ գալիք ծանր ու բախտորոշ տագնապներու բաղձալի յաղթահարման:

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ

Քսանամեայ անկախութեան երեք նախագահներն ալ գործօն կերպով կը մասնակցին խորհրդարանական ներկայ ընտրապայքարին: Անոնցմէ առաջինին ու վերջինին մասնակցութիւնը ակնյայտ է: Երրորդը ատիկա կ'ընէ՝ իրեն մօտիկ կուսակցութեան մը եւ կամարար նախկին նախարարի մը միջոցով որ մետասաներորդ ժամուն միացաւ այդ նոյն կուսակցութեան:

Դժբախտաբար նախնական տուեալները կը յուշեն, հակառակ նշմարելի կարգ մը ճաքուածքներուն ու շնչասպառութեան նշաններուն, թէ իշխանութեան համախմբական դաշինքի անդամներուն միջեւ աշխատանքի համակարգումը այդքան ալ չէ խզուած տակաւին: Եւ այդ համակարգումը կը հետապնդէ, գլխաւորաբար, ընդդիմադրութեան պառակտումը: Պատճառներ կան՝ տարակուսանքով դիտելու ընդդիմադիր դաշտի հետ առնչուող միջ-կուսակցական, միջ-կազմակերպական վերջին մերձեցումները, բաժանումներն ու դիրքափոխումները: Եղած չքմեղանքներն ու արդարացման փորձերը մասամբ տրամաբանական տոկոս մը պարունակելով հանդերձ, այս վերադիրքաւորումները լրջօրէն մտահոգիչ են՝ ճշմարիտ ընդդիմութեան շահերու տեսակէտէ: Այսպէս, կարելի չէ առանց թերահաւատութեան ողջունել՝ ճիշդ նախընտրական շաբաթներուն, իշխանական համախմբումի դեռ եւս անդամ կուսակցութեան մը մասնակի արագ տեղաշարժը դէպի ընդդիմադիր դաշտ – կամ նոյն համախմբումի նախկին սիւներէն այլ կուսակցութեան մը ընդդիմադիր դերակատարումը՝ որոշ ատենէ մը ի վեր: Նոյնպէս, կարելի չէ անտարբերութեամբ դիտարկել՝ մինչեւ հիմա ընդդիմադիր նկատուած շարք մը կուսակցութիւններու եւ անոնց պատասխանատուներու պահուածքը, յայտարարութիւնները, չքմեղանքներն ու փոխադարձ մեղադրանքները՝ ընդդիմութիւն դաւանող այլ կուսակցութիւններու դէմ:

Այս ենթաթեքսթի ֆոնին վրայ, օրինակ, նախընտրական քարոզարշաւէն զգալիօրէն առաջ, բաւական լպրծուն կացութիւն մը ստեղծուեցաւ երբ Հայ Ազգային Կոնգրեսը (ՀԱԿ) երկխօսութիւն առաջարկեց Սերժ Սարգսեանին՝ հրատապ առկախ խնդիրներու լուծման ելքեր միասնաբար որոնելու համար: ՀՀԿ-ի տէրն ու տնօրէնը (Սարգսեան) լիազօրութենէ զուրկ կարգ մը կուսակցականներ ուղարկեց հանդիպումներուն՝ առ ի ձեւականութիւն: Երկխօսութիւնը ձախողեցաւ՝ գլխաւորաբար արծարծուած խնդիրներու հանդէպ – սկսելով 2008 Մարտ Մէկի ողբերգութենէն – Սերժ Սարգսեանի աւանդական վերաբերմունքին հետեւանքով՝ ուր մեղրածոր խօսքն ու մենատիրական գործը հակադիր բեւեռներու – եթէ ոչ տարբեր մոլորակներու – բնակիչներ են: ՀԱԿ-ը այնուհետեւ մօտեցաւ ԲՀԿ-ին, որ տակաւին իշխող համախմբումի անդամ է, եւ որ համագործակցութեան յուշագիր ունի այդ համախմբման հետ: Բայց նոյն ատեն ԲՀԿ կարեւոր տարակարծութիւններ ունի՝ իշխող համախմբումէն ներս Սերժ Սարգսեանի մենիշխանութեան վերաբերեալ, ուր որոշումները Սարգսեանի / ՀՀԿ-ի բացարձակ մենաշնորհն են: ԲՀԿ-ի առաջնահերթ մտահոգութիւնն է չէզոքացնել այս մենաշնորհը եւ զայն փոխարինել յարաբերաբար ընդլայնուած մոտելով մը, ուր իրակա՛ն խօսք ունի ի՛նք եւս – որոշ փոխ-հատուցողական փոքր բաժին մըն ալ վերապահելով, թերեւս, կարգ մը ոչ-իշխանական ուժերու՝ իր ծրագրի յաջողեցման անոնց աջակցութեան համար: Ահա այս զարգացումներու ատեն եւ անոնց մթնոլորտին մէջ է որ հիմնուեցաւ Ընտրութիւններու Վերահսկման Միասնական Աշխատակազմը՝ ՀԱԿ-ի, ԲՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն Կուսակցութեան յանձնառութեամբ: Աշխատակազմի անդամներէն Ժառանգութիւնը, սակայն, կը դժգոհի թէ՝ ԲՀԿ-ի հետ ՀԱԿ-ի իրականացուցած նման գործակցութեան հետեւանքով (ՀՅԴ-ի ալ մասնակցութեամբ), իշխող քաղաքական համախմբման մէջ ուժային կեդրոնը պարզապէս Հանրապետականէն (ՀՀԿ) կը տեղափոխուի Բարգաւաճ (ԲՀԿ)՝ առանց որ ընդդիմութիւնը որեւէ շօշափելի շահ ունենայ անոր մէջ (բացի, վստահաբար, ընդդիմութեան պառակտումէն ու դիմափոխութենէն): Պէտք չէ մոռնալ նաեւ թէ ԲՀԿ-ի հոգեկան կնքահայրերէն մէկը՝ Ռոբերտ Քոչարեան, Հոկտեմբեր 27ի եւ Մարտ Մէկի ոճիրներու մօտիկ կանգնած փոքրաթիւ անձերէն է, իսկ մետասաներորդ ժամու ԲՀԿ-ական Վարդան Օսկանեանը՝ իր սերտ գործակիցը: Միւս կողմէ, խորհրդարանական ընտրութեան կողքին ու թերեւս անկէ ալ աւելի, ներկայիս տեղի ունեցող դիրքորոշումներու եւ դիրքափոխումներու գերագոյն կիզակէտն են ոչ միայն խորհրդարանական ընտրութիւնները, այլ նաեւ, կարեւոր մասամբ, գալ տարի ըլլալիք նախագահական ընտրութիւնները: Ահա այս վերջիններուն համար է որ արդէն սկսած են վերադասաւորումներ կանխատեսել ու հարկ եղած նախաքայլերն առնել ե՛ւ իշխանական, ե՛ւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ որոնելով իրենց յաջողութեան նպաստող ամէնէն յուսալի դաշնակիցները:

Այստեղ ընտրական գործընթացը կը մօտենայ այն կարմիր գիծին որ կը բաժնէ երկու բոլորովին հակադիր կեցուածքներ: Գիծին մէկ կողմը կայ՝ ժողովրդավարական ու սահմանադրական նորմերու հանդէպ սկզբունքային դիրքաւորումը: Իսկ միւս կողմը կայ՝ իշխանութեան հասնելու եւ շուկայիկ սակարկութեամբ զայն քանի մը կողմերու միջեւ բաժնուելու կոչուած անսկզբունք, պատեհապաշտ փոխ-համաձայնութիւններու աւանդոյթը: Վերջին մօտեցմամբ ձեւակերպուած «գործնապաշտ» քաղաքականութիւնը (realpolitik) կրնայ որոշ արագ շահաբաժիններ ապահովել ենթակային (այս պարագային, օրինակ, ՀԱԿ-ին), բայց ատակ է նոյն ատեն զայն հիմնովին հեռացնելու քաղաքական այն սկզբունքային մեկնակէտէն ու նպատակէն՝ որու խոստումով ճամբայ հանուած էին իր հետեւորդները: Այս առնչութեամբ, կը կարծենք թէ յստակեցման կը կարօտի ՀԱԿ-ի առաջնորդին պնդումը թէ՝ «քաղաքականութիւնը, այո, դաշնակից որոնելու արուեստ է», եւ թէ «ով կը համաձայնի մեզ հետ համագործակցել, մեծ սիրով կը համագործակցենք:»

Ակնկալուած առաջին հակազդեցութիւնը չուշացաւ յայտնուելու: Ժառանգութիւնը մերժեց մասնակցիլ ՀԱԿ / ԲՀԿ / ՀՅԴ կեդրոնախոյս մերձեցման՝ վերի յիշատակուած պատճառաբանութեամբ, եւ որոշեց սեփական ուժերով յառաջ տանիլ ընտրապայքարը: Նոյն ատեն, իշխանութեան դէմ «ապստամբութեան» մասին հռետորական ակնարկութիւններ ալ ըրաւ, (աւելի ետք նոյնն ըրաւ Դաշնակցութիւնը՝ «կէս ժամուայ յեղափոխութեան» մասին) ու յիշեցուց նաեւ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի գալիք նախագահական թեկնածութիւնը: Տարակոյս չունինք թէ շատ մօտիկ ապագային կ'իմանանք ՀԱԿ-ի, ԲՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի նախագահական թեկնածուներուն անունները եւս: Այն ատեն շատ ուշ պիտի ըլլայ հարց տալ թէ՝ քանի իւրաքանչիւր մասնակից իր հետ պիտի բերէր նախագահական իր թեկնածուն, բա ինչո՞ւ համար եղաւ այս խայտաբղէտ «ընդդիմադիր» «մերձեցումը» կամ, աւելի ճիշդ՝ մէկտեղումը: Բացատրութեան համար պիտի հարկադրուինք դիմելու ուղղակի Սերժ Սարգսեանին, քանի շատ մեծ հաւանականութեամբ իր մօտ կը գտնուի պատասխանը:

Ուստի՝ զգոյ՜շ: Այո, հասկնալի է թէ, իշխանութեան կողմէ ճնշման ու մաշեցումի երկա՜ր գործողութիւններէն ետք, յոգնած ու շնչասպառ եղած են ընդդիմադիր դաշտի խաղընկերները: Անոնք կ'ուզեն անպայման արձանագրել յաջողութեան որոշ կէտեր – բան մը որ մարդկայնօրէն բացատրելի է եւ ըմբռնելի: Նման մանր-քաղաքական հապճեպը, սակայն, կրնայ հասարակութեան ամէնէն առողջ շրջանակները, ներառեալ ընդդիմադիր քաղաքացիները, համակել այն ջլատիչ եւ անախորժ նախազգացումով թէ այս անգամ եւս փոփոխութեան յոյսը ցնորք է, թէ դարձեալ յաջողելու վրայ է իշխող անսկզբունք եւ անարգ համակարգը – լաւագոյն պարագային՝ անոր մէկ անզանազանելի երկուորեակը: Նման հիասթափութիւնը, միանալով արտագաղթի պատճառած անընդհատ արիւնաքամութեան, կարող է ճակատագրական համեմատութիւններու հասցնել՝ քաղաքական գործընթացի հանդէպ արդէն լայնատարած անվստահութեան խորացումը:

Հայ պետականութեան հեռահաս կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է՝ վերջ տալ անձի մը կամ կուսակցութեան մը ձեռքերուն մէջ երկրի քաղաքական ու տնտեսական բացարձակ մենաշնորհի մինչեւ այսօր կիրարկուող միակեդրոն դրութեան, զայն միանգամընդմիշտ փոխարինել՝հարազատօրէն սահմանադրական անշրջելի կարգերով: Անոր հասնելու համար բացարձակ անհրաժեշտութիւն է հայ բոլոր ժողովրդավարական ուժերու սերտ համագործակցութիւնը: Խորհրդարանէն ներս կամ դուրս, խորհրդարանական ներկայ ընտրապայքարին մասնակից կամ ոչ, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ՝ ընդդիմադիր ու ժողովրդավար բոլոր կազմակերպութիւններն ու հոսանքները կարեւոր դեր ունին Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան գալիք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային ոչ-հեշտ բայց դեռ հնարաւոր ու պատկերացնելի վերածնունդին մէջ: Մեր հայրենասէր առողջ բոլոր ուժերու ընդհանրական զօրակոչն ու համախմբումն է միայն որ կարող է կասեցնել ցեղասպանութեան համազօր արտագաղթը, հայրենիքի թալանը ափ մը ոճրագործ հայակերպերու կողմէ, եւ վերջապէս յեղափոխական միջոցներով սանձել ու դատական գերագոյն ատեանի առջեւ կանգնեցնել հայրենիքի քաղաքական ու տնտեսական բռնաբարիչները:

Եւ Հայաստանի խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւնները կարեւոր հանգրուան մը կը նշեն՝ այդ երկար ու դժնդակ ճանապարհին վրայ:
 

1 comment
  1. Shnorhakalootyun

    Հարգելի պրն. Սահակ Թութճեան,

    Ընդունեք ջերմ ողջույններս ու շնորհակալություններս Ձեր հիանալի, բազմակողմանի, բովանդակալից ու  բարձորակ լեզվով շարադրված հոդվածի կապակցությամբ:

     «Նոր խոսք» norkhosq.net մեր կայքէջը «Գեղարդ» -ից արտատպել է Ձեր հոդվածը, որի համար շնորհակալ ենք նաև մեր «Գեղարդ»- ին:

    Հնարավորության դեպքում խնդրում եմ կապվեք ինձ հետ՝ [email protected] էլ. հասցեով:

    Հարգանքներով՝

    Արամայիս Միրզախանյան, Ստոքհոլմ

     

     

     

Comments are closed.

You May Also Like