
Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ
Հեսլն նահանգի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ
Հարցում.- Կ’ապրիք ու կը գործէք եկեղեցական թէ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններով լի ժամանակներ՝ հաւատքի թէ ազգային ինքնագիտակցութեան, դաւանափոխ հայերու վերադարձին եւ այլ կարեւոր մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման։ Այս կապակցութեամբ ի՞նչ կը հաղորդեք մեր ընթերցողներուն:



Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ
Հեսլն նահանգի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ
Հարցում.- Կ’ապրիք ու կը գործէք եկեղեցական թէ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններով լի ժամանակներ՝ հաւատքի թէ ազգային ինքնագիտակցութեան, դաւանափոխ հայերու վերադարձին եւ այլ կարեւոր մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման։ Այս կապակցութեամբ ի՞նչ կը հաղորդեք մեր ընթերցողներուն:
Վերջերս արհեստավարժ խմբավար մը հրաւիրեցինք աշխատանքի, որ երաժշտական կրթութիւնը Հայաստանի մէջ ստացած է, որպէսզի երգչախումբեր կազմակերպէ՝ 3 համայնքներու մէջ երաժշտական թէ աշխարհիկ երգեր սորվեցնելով։ Մեր պատանիները ոչ միայն հայերէն դասընթացքներու կը հետեւին, այլեւ երգի ու երաժշտութեան, որ մեր հայկականութիւնը կ’արտացոլէ։ Կը մտածենք նաեւ թատերական խումբ մըն ալ ստեղծել՝ երիտասարդութիւնը աւելի կապելու հայ եկեղեցիին եւ հայկական ինքնութեան։ Գերմանիոյ մէջ այսօր հայկական աշխոյժ ազգային կեանք շատ քիչ կայ։ Ամէն դրական միջոց պէտք է կիրարկել կապուելու հայ երիտասարդին եւ բացատրելու եւ ըմբռնել տալու թէ ինչո՞ւ կարեւոր է կապուած մնալ հայութեան, եկեղեցիին, մշակոյթին…։
Այս բոլորէն դուրս, որուն մասին անդրադարձած ենք բազմիցս, դաւանափոխ հայերու հետ մեր հանդիպումն է։ Այսինքն կայ համշէնահայերու եւ մահմետականացած այլ հայերու խնդիրը։ Անոնք ծագումով հայեր են, որոնցմէ շատեր հալածանքներու պատճառով դաւանափոխ եղած են։ Կամաց-կամաց, այդ ժողովուրդին մէկ մասին, որոնց մէջ հայ ըլլալու շարժումը չէ մարած, վերադարձի շարժում մը սկսած է։ Այսօր մեր համայնքներու, առաջնորդարանի եւ ուրիշ գաղութներու մէջ ալ պէտք է կեցուածք մը ճշդել՝ որպէսզի կարողանանք այս ժողովուրդը իր ինքնութեան վերադարձնել։
Մկրտութիւններ եղած են, մեզի նոր մկրտութեանց դիմումներ կան եւ կայ այդ շարժը։ Անոնք բոլորը նոյն կարծիքը չունին, սակայն անոնց վերադարձը պէտք է տեղի ունենայ քրիստոնէութեան ինքնութեան հարցով։ Ճիշդ է որ հայութիւնը կազմակերպուած է Քրիստոնէութենէ աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, սակայն վերջին 1700 տարիներուն գերակշռողը քրիստոնէութեան ինքնութիւնն է, որով մենք ձեւաւորուած ենք որպէս ազգ եւ ժողովուրդ։ Ես այս կարծիքին չե՛մ որ՝ «ով որ քրիստոնեայ չէ հայ չէ…»։ Գերմանիան ազատ երկիր է եւ ամէն մարդ ազատ է իր ցանկացած հաւատքին հետեւելու կամ չհետեւելու: Բայց եւ այնպէս` ես անհաւատ եմ ըսող հայն անգամ կրողն է քրիստոնէական մշակոյթի, եթէ անգամ ինք գիտակից չէ այս իրողութեան: Իբրեւ հոգեւորական բնականաբար կը փափաքիմ, որ իսլամացած հայերու վերադարձը դէպի հայութիւն ըլլայ քրիստոնէութեան վերընդունման ճանապարհով, քանզի կը հաւատամ, որ այդ է ճիշտ եւ ընդունելի ճանապարհը:
Հարցում.- Բազմաթիւ կարծիքներ կան Գերմանիոյ հայերու թիւին մասին, նկատի առնելով որ վերջին տարիներուն բազմապատկուած է ան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ մասին։
Պատասխան.- Կան բազմաթիւ մօտաւոր թիւեր։ Ասկէ 15 տարիներ առաջ երբ Գերմանիա եկայ, կ’ըսուէր թէ 20,000 հայ կայ այստեղ։ Անոր վրայ ամէն տարի 4-5 հազար մը աւելցուցինք: Այսօր ոմանք կը խօսին 60 հազար հայերու մասին։ Ոչ մէկ յստակ վիճակագրութիւն բնականաբար չունինք, հակառակ որ բազմաթիւ ընտանիքներու հասցէներ կան Առաջնորդարանի տոմարներուն մէջ, սակայն շատ հայեր ոչ մէկ առնչութիւն ունին մեզի թէ հայ գաղութին հետ։
Հայաստանէն ալ հազարաւոր արտագաղթածներ կան։ Կը կարծեմ թէ 45-50 հազար է հայութեան թիւը՝ որոնց վրայ պէտք է աւելցնել համշէնահայերն ու դաւանափոխները՝ որոնց թիւին մասին ալ բազմաթիւ հակասական տուեալներ կան։ Ասոնց սիրտը փխրուն է։ Մէկ կողմէ անոնք գիտեն որ մահմետականացուած են, սակայն հայ են, իսկ միւս կողմէն հայ հանրութիւնը միատեսակ չի վերաբերիր ասոնց հանդէպ։ Մերժողական կեցուածք ունեցողներ ալ կան…։ Հանդուրժողներ եւ գրկբաց ընդունողներ ալ կան։ Անոնց համայնքային ներգրաւումն ալ բաւական դժուար է։ Այլազան եւ իրարամերժ մօտեցումներ կան։ Ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր եկեղեցին ու պետութիւնն ալ հասարակաց կարծիք ու դիրքորոշում որդեգրէր դաւանափոխ հայերուն հանդէպ։