Հայց. Եկեղեցին Պատանդ է

Ոսկան Մխիթարեան, 3-17 Դեկտեմբեր, 2013

-Ե և Զ-

Դ.Եկեղեցականի հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի վերանորոգումը,
հեռու մնալով աշխարհիկ բոլոր «բիզինէսներէն»:

Դժբախտաբար շատեր եկեղեցական կ՛ըլլան որովհետեւ քաջութիւնը չունին աշխատելու, եւ  պատրաստ հաց մըգտնելու ակնկալութեամբ կը մտնեն հոգեւորականութեան շարքերէն ներս, նոյն ատեն գոհացում տալով իրենց փառասիրական անյագ զգացումներուն: Մեր այս տեսութիւնը արմատացած է մեր ժողովրդական առածին մէջ. «Գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ»:

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, այսօր Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան շարքերը լեցուցած են (բացառութիւնները միշտ յարգելի) միջակէն վար ուսուցիչներ, ժամկոչներ, շարական երգելու յարմար ձայն ունեցող դպիրներ, այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ բարեկամական կապեր ունեցող անձեր: Ահաւասիկ՝ այս բոլորը քահանայական կարգի հոգեւոր սպասարկութիւնը համարած են հացի ապահով ճամբայ եւ անաշխատ միջոց մը հանգիստ ապրելու համար:


Ոսկան Մխիթարեան, 3-17 Դեկտեմբեր, 2013

-Ե և Զ-

Դ.Եկեղեցականի հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի վերանորոգումը,
հեռու մնալով աշխարհիկ բոլոր «բիզինէսներէն»:

Դժբախտաբար շատեր եկեղեցական կ՛ըլլան որովհետեւ քաջութիւնը չունին աշխատելու, եւ  պատրաստ հաց մըգտնելու ակնկալութեամբ կը մտնեն հոգեւորականութեան շարքերէն ներս, նոյն ատեն գոհացում տալով իրենց փառասիրական անյագ զգացումներուն: Մեր այս տեսութիւնը արմատացած է մեր ժողովրդական առածին մէջ. «Գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ»:

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, այսօր Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան շարքերը լեցուցած են (բացառութիւնները միշտ յարգելի) միջակէն վար ուսուցիչներ, ժամկոչներ, շարական երգելու յարմար ձայն ունեցող դպիրներ, այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ բարեկամական կապեր ունեցող անձեր: Ահաւասիկ՝ այս բոլորը քահանայական կարգի հոգեւոր սպասարկութիւնը համարած են հացի ապահով ճամբայ եւ անաշխատ միջոց մը հանգիստ ապրելու համար:

Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք, ինչպէս ժողովուրդը վարժ է ըսելու՝ «աշխարհի քերականութիւնը կլլած» մտած են եկեղեցական ասպարէզ, այն ակնկալութեամբ որ օր մը կը դառնան հարուստ թեմի մը «Առաջնորդ»ը ( աւելի պատշաճ պիտի ըլլար զիրենք կոչել հետեւորդ) մանաւանդ Արեւմտեան երկիրներու մէջ, եւ կամ պատրիարք եւ, ինչու չէ, կաթողիկոս, կեղեքելու համար հայ ժողովուրդի ազնիւ հոգեւոր զգացումները եւ ամբարելու սեպհական հարստութիւն: Դժբախտաբար, այս իրականութեան մէջ, ստուերի մէջ կը կորսուին արժանաւոր, վաւերական հոգեւորականները, որոնք բացառութիւններ են, եւ սակաւաթիւ՝ անոնց շարքերը:

Նկատի ունենալով որ մեր մտահոգութիւնը եկեղեցականներու հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի կամ կոչումի վերանորոգումն է, անհրաժեշտ է որ Եկեղեցին, որ նոյն ինքն ժողովուրդն է, ոգեւորուի, կենդանանայ եւ ներշնչէ այնպիսի անձեր, որոնք կրօնական գիտակցութեամբ լեցուն են եւ պատրաստ են ծառայութեան, ինչպէս Քրիստոս աւետարանեց:

Եկեղեցականներու պատրաստութիւնն ու վերարժեւորումը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել չափանիշ մը, այլ խօսքով՝ հոգեկան եւ մտաւոր զարգացման մակարդակը բարձր պահել եւ պարտադրել ու պահանջել որ ուսուցանելու եւ առաջնորդելու ատակ անձնաւորութիւննե՛րը միայն կարենան եկեղեցական դառնալ, եւ դռները փակել «բիզինէս» մտայնութիւն ունեցող վաշխառուներուն առջեւ:

Կանգնած ենք այնպիսի աշխարհափոփոխութեան սեմին, ուր հոգեւոր ծառայութեան ասպարէզը հրապոյր չունի այլեւս եւ եկեղեցականութիւնն ալ իր շռայլ եւ վաւաշոտ կենցաղով  նսեմացուցած է հոգեւոր առաքելութեան անդաստանին վարկը:

Կասկած չկայ մեր բոլորին մտքին մէջ, որ Քրիստոնէական Եկեղեցին կրօնական տագնապէ կ՛անցնի զանազան պատճառներով, եւ Հայց. Եկեղեցին ալ անմասն չէ մնացած այս տագնապներէն, որովհետեւ մարդիկ չեն ուզեր մշակել իրենց հաւատքի կարողութիւնները, կուրացած՝ աշխարհիկ նիւթական պատուարներով:

Ինչպէս կ՛երեւի մեր վերլուծումներէն, շատ մը հոգեւորականներու եւ հոգեւոր կարգ ստանալու թեկնածուներու մտքին մէջ ակնյայտ շփոթ մը կայ հոգեւորական կոչում եւ եկեղեցական ասպարէզ հասկացութեանց միջեւ: Բոլոր անոնք, որոնք զգացած են ծառայելու կոչումը, եւ այդ գիտակցութեամբ մտած են հոգեւորականութեան շարքերը, անոնք անպայման կը յաջողին ըլլալ տիպար եկեղեցականներ եւ ընդհանրապէս, երբ արժանի են, փառքը այդպիսիներուն ետեւէն կը վազէ եւ ո՛չ թէ իրենք կը հետանդեն փառքը:  Իսկ անոնք որոնք եկեղեցականութիւնը կը տեսնեն որպէս ասպարէզ, որովհետեւ ունին «բիզինէս»ի հոգեբանութիւն,  չեն կրնար հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ կոչում եւանսակարկ ծառայութիւն, որովհետեւ իրենց ամբողջ էութիւնը սեւեռած են եկեղեցական ասպարէզի ընձեռած դիրքերուն եւ պաշտօններուն վրայ, փառք եւ դրամ հետապնդելով:

Այս երկրորդ խմբակի անդամներուն անբնական կեանքը լեցուն է սայթաքումներով եւ գայթակղութիւններով, որուն ականատես է այսօր համասփիւռ հայութիւնը:            

Ո՞ւր մնացին Հայց. Եկեղեցւոյ հոյակապ մեծ դէմքերը, որոնք փայլեցան վանքերու, թեմերու եւ կաթողիկոսարաններու մէջ ու արդիւնաւորեցին իրենց բոլորանուէր ծառայութիւնները անկորնչելի արժէքներով:

Մեր հազարամեայ վանքերը, որոնք պատիւ կը բերեն հայութեան, դարձան մտքի եւ հոգիի ամրոցներ իրեն հոգեւոր ճառագայթումներով: Իսկ այսօր՝ ապականութեանց եւ սանձարձակութեանց բոյն..:

Անհարաժեշտ է որ փոխուի մեր վանքերէն հասնող սերունդներու հոգեբանութիւնը, որպէսզի կարենան նուիրուիլ հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան՝ մեր ժողովուրդին կեանքի նոր պայմաններուն եւ կարիքներուն համաձայն, հայրենիքէն ներս եւ դուրս:

Եթէ հայ եկեղեցականութիւնը կը քննադատուի այսօր, այն պատճառով  է որ անոր մէջ կը բացակայի կոչումը: Կոչումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այլազան շնորհներու ամբողջական ներդաշնակութիւն մը, որուն բացակայութիւնը կը խոտորէ ժողովուրդը իր կրօնքի հոգեւոր խորհուրդէն, եւ որմէ զերծ եղող եկեղեցականը չի՛ կրնար մատակարել հոգեւոր կեանքի սնունդ:

Փաստուած իրողութիւն է, որ յեղյեղուկ բնաւորութեամբ եւ աննկարագիր եկեղեցականներ, որոնց մասին մամուլը կ՛անդրադառնայ լայնօրէն ամէն օր իր էջերուն մէջ, վտանգաւոր եղած են եւ ե՛ն Եկեղեցիին համար ամէն կերպով, գայթակղութիւն եւ բարոյական սկզբունքներու խախտում պատճառելով իրենց շրջապատին մէջ:

Հոգեւոր պաշտօնեան իր նկարագրո՛վ միայն կրնայ արժեւորել իր ծառայութեան վաստակը եւ այդ կերպո՛վ կրնայ վստահութիւն ներշնչել  իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալներու բազմութեան: Դժբախտաբար սակայն, ժողովուրդը այսօր չի ներշնչուիր իր հոգեւոր պաշտօնեաներէն, որովհետեւ անոնք դարձած են տեսակ մը մեքենայ՝ խորհուրդներ մատակարարելու, իբրեւ պահանջ ձեւակերպութեան:

Նկատի ունենալով քսանմէկերորդ դարաշրջանի ընկերային, հոգեւոր-մշակութային, հասարակական եւ հոգեբանական վիճակները  մեր ժողովուրդին, անհրաժեշտ է եւ պարտաւոր ենք աւելի խնամքով մօտենալ կոչումով թեկնածուներուն, որոնք պիտի նուիրուին Աւետարանի ծառայութեան, եւ հեռու պահել բոլոր անոնք, որոնք այլ ազդակներու տակ եւ թաքուն նպատակներով կը մտնեն Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտ:

Հայց. Եկեղեցին ներկայիս կը գտնուի իր ամենափափուկ եւ ամենազգայուն շրջանին մէջ: Կրօնական դաստիարակութեան չափանիշները ամէնուրեք թուլցած են եւ մեր երիտասարդները հեռացած են կրօնքի եւ հայրենիքի առողջ ըմբռնումներէն:  Նոր շաժում մը անհրաժեշտ է որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ դուրս գայ իր կրաւորական վիճակէն:

Ո՞վ պիտի կարենայ այդ աշխատանքը տանիլ այսօր եթէ ոչ իր կոչումին արժանի եւ հաւատարիմ, իր ազնիւ համոզումներուն կառչած հոգեւոր սպասաւորը: Հոգեւոր սպասաւորութեան դաշտը երբ վերածուած է ասպարէզի, «բիզինէս»ի, այնուհետեւ կարելի չէ խօսիլ հաւատքի մասին. հոն ուր հաւատք ու համոզում չկայ, կոչում եւ նուիրում կը դառնան անհասկնալի իրողութիւններ:

 – 6-

 Ոսկան Մխիթարեան, 17 Դեկտեմբեր, 2013

Ե. Ինչպէս աշխուժացնել եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ հասարակական առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործել ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այլ խօսքով՝ ըլլալ ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար:

Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի կանոններուն մէջ հետեւեալ ձեւով սահմանուած է Եկեղեցի հասկացողութիւնը.«Քանզի եկեղեցի մեզ ո'չ ցուցանէ պատուիրանն Աստուծոյ որ ի քարանց եւ ի փայտից է շինեալ, այլ զհաւատով շինեալ զազգս մարդկան ի վերայ վիմին հաստատութեան. ապա ուրեմն ճշմարիտ հաւատն է եկեղեցի, որ գումարէ եւ շինէ զմեզ ի մի միաբանութիւն գիտութեան որդւոյն Աստուծոյ» («Որովհետեւ Եկեղեցին քարեղէն կամ փայտէ շինուած Աստուծոյ պատուիրանը չէ՛ որ կը ցուցնէ մեզի, այլ հաստատուն վէմի վրայ հաւատքով կերտուած մարդկային ցեղը. ապա ուրեմն Եկեղեցին՝  ճշմարիտ հաւատքն է, որ Աստուծոյ Որդին ճանչցողներու միաբանութեան մը մէջ կը մէկտեղէ մեզ:»  («Սոփերք Հայկականք», Բ., էջ 100-101): Պարզ բացատրութեամբ՝  ժողովուրդը նոյն ինքն Եկեղեցին է, եւ ո՛չ թէ քարէ կամ փայտեայ շէնքը:

Պատմութենէն գիտենք որ հայ հոգեւորականը եղած է ժողովուրդին դաստիարակը թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ՛ եկեղեցւոյ շրջաբակէն դուրս, անոր ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ:

Հսկայ քայլ մը նուաճած կ՛ըլլանք Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ, եթէ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց տայ այսօր եկեղեցականութիւնը, եւ անգամ մը եւս ստանձնէ ժողովուրդին կրօնական դաստիարակութիւնը, ներկայ դարուն պայմաններուն եւ պէտքերուն համաձայն, եւ զայն արտացոլացնէ ժողովուրդի ընկերային հասարակական կեանքին մէջ:

Առաջին. Եկեղեցին լաւագոյն բեմն է կրօնական դաստիարակութեան համար, եթէ ունենանք անշուշտ՝ Ս. Գրոց գիտութեամբ պատրաստուած եկեղեցականներ, որոնք պիտի խուսափին հոգեւոր նկարագիր չունեցող քարոզներէն, եւ քարոզի քօղին տակ՝ ազգային եւ վարչական հարցեր չարծարծեն: 

Եկեղեցին որպէսզի կարենայ իր դաստիարակչի դերը լաւագոյնս կատարել, անհրաժեշտ է որ ըլլայ մշտահոս ակնաղբիւրը Աւետարանի հոգեւոր ճշմարտութիւններու ճառագայթող լոյսին:

Երկրորդ. նոյնքան անհրաժեշտ են կիրակնօրեայ դպրոցները եկեղեցիներու կողքին, որովհետեւ հոն ջամբուած կրօնական ուսուցումները, նոյնքան կենսական եւ դաստիարակիչ են որքան եկեղեցւոյ բեմերը, նամանաւանդ մեր նորահաս սերունդին համար, որուն պիտի յանձնենք մեր ինքնութեան գոյութենական պայքարի ջահը:

Երրորդ. նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի կենցաղային նոր պայմաններն ու պարտաւորութիւնները, յոյժ կարեւոր են հովուական այցելութիւնները՝ որպէս գործնական ազդակ հոգեւոր դաստիարակութեան: Առաւել եւս, նոյնքան կարեւոր է կարեկցիլ ժողովուրդի ցաւերուն եւ հասնիլ, որքան կարելի է, անոնց ընկերային, հասարակական կարիքներուն:

Աննպատակ չէ, որ մեր Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան ուսուցման մէջ կարեւոր դեր եւ տեղ տրուած է Հովուական Աստուածաբանութեան, որովհետեւ այդ գիտութեամբ պատրաստուած եկեղեցականը, իր հմտութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով,  կ՛առինքնէ հաւատացեալները եւ անոնք ալ իրենց կարգին կ՛ոգեւորեն եւ կ՛աշխուժացնեն Եկեղեցին:

Չորրորդ. եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, շաբաթական Սուրբ Գրոց սերտողութեանց պահեր ստեղծել: Նկատի ունենալով որ կրօնական դաստիարակութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկն է Սուրբ Գրքի սերտողութիւնը,  պարտինք զայն մատչելի ընել ժողովուրդին, նոյն ատեն քաջալերելով եւ խրախուսելով, որ անոր համընթաց առանձնական ընթերցումը վառ պահէ ընթերցող անհատին ուշադրութիւնը կրօնական կեանքի եւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ:

Եւ վերջապէս, ճոխացնել ժողովուրդի կեանքը հոգեւոր գրականութեամբ, որպէսզի լուրջ հրատարակութիւններու ընկալումի ճամբով, աւելի կարենան մօտենալ Աստուծոյ ճշմարիտ լոյսին: Դժբախտաբար հոգեւոր գրականութեան բացակայութիւնը զգալի է ամէնուրեք: Եկեղեցին, իբրեւ կեանք ունեցող հաստատութիւն, ամրօրէն կապուած է ժողովուրդի կեանքին, եւ որպէսզի զայն կարենայ ներկայացնել՝ չի կրնար քարացած մնալ հոն ուր որ է այսօր, երբ իր շուրջ ամէն ինչ յարատեւ շարժման մէջ է:

Եկեղեցին կենդանի է, երբ կենսունակութիւն կայ իր ներսը, երբ կը քալէ ժամանակին հետ ապահով եւ ինքնավստահ քայլերով, երբ իր ժողովուրդին հետ է եւ կ՛առաջնորդէ զայն նոր դարաշրջանի պահանջներուն եւ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերուն համեմատ:

Հայց. Եկեղեցին քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց յստակ կեցուածք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ լուսաւոր մտատիպար եկեղեցականներ, որոնք կարենան խանդավառել ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները, անոր բարոյական սկզբունքներու իմացումը եւ ամրապնդեն պատասխանատուութեան ոգին:

Այս մտատիպար եկեղեցականները պիտի փնտռեն աղքատները, զրկուածները, հիւանդները, հալածուածները եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն խորը պիտի արթնցնեն օրուան զրկանքներուն հանդուրժելու կորովը եւ վաղուան ազատութեան անկորնչելի յոյսը եւ, Առաքեալներու օրինակով՝ հիւանդներու սնարին մօտ տանին Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան շունչը:

Դժբախտաբար, ներկայի եկեղեցականները իրենց կենցաղով նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթականին եւ բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները, եւ խորտակած են անոնց ազնուատենչ իտէալները եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրութեան:

Հայց. Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ վերստեղծել կորսուած ներդաշնակութիւնը իր հոգեւոր առաքելութեան: Հաստատական պատասխան մը տալու համար, հարցը բաւականին բարդ է եւ կնճռոտ, որովհետեւ մեզի կը պակսին ձեռնհաս առաքեալներ ու քարոզիչներ այդ մեծ հրաշքը կատարելու համար:

Բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր Հայց. Եկեղեցին պէտք ունի լուսաւոր մտատիպարներու, սիրոյ եւ խաղաղութեան ներկայացուցիչներու, հերոսներու եւ «մարտիրոսներու», որոնք պիտի կարենան խանդավառել մեր հոգեկան խոյանքները եւ բարոյական իմացումները:

Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ լոյսին, կեանքը տառապանքի շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Եւ այդ շղթան անտանելի է նոյնիսկ եթէ ան շինուած ըլլայ ոսկիով: Հայ ժողովուրդը, կրօնական տեսակէտէ, կը գտնուի ահաւոր փլուզումներու առջեւ եւ նիւթն ու ունայնութիւնն են որ կը շրջապատեն զինք:

Ժամանակն է որ Եկեղեցին աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով:

 

 

 

2 comments
  1. Եկեղեցականը ոչ Եկեղեցին

    Ոսկան Մխիթարեանի յօդուածաշարքին հետեւած եմ  որոշ վերապահութիւններով: Բայց  ամբողջութեամբ կը բաժնեմ իր այս յօդուածը, հաւանաբար յօդուածաշարքին վերջինը:

    Քանի մը օր առաջ լրացուցի Արա Ակինեանի «ՀԱՅՐԻԿ ՀԱՅՐԻԿ» գիրքին ընթերցանութիւնը: Հետեւալ նախադասութիւնով պիտի եզրակացնէի իր այս յօդուածը – “Ժամանակն է որ եկեղեցականը աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով:"

  2. Ցաւոք սրտի

    Ոսկան Մխիթարեանի յօդուածը՝ ցաւոք սրտի իրատես և տխուր պատկեր մը ներկայացնէ մեր Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն: Մենք մեզ կը կոչենք Քրիստոնեայ միայն անունով և կուրանանք անոր էական իմաստը և բուն կորիզը, որ է Ինքը Քրիստոս, Աստծոյ Միածին որդին:

    Ինչպէս կարելի է բաղդատել մեր փառասիրութիւն փնտռող եկեղեցականները, սիրոյ, խոնարհութեան և սրբութեան ռահվիրայ Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ ինքզինք զոհեց որ մենք ունենանք  կեանք և աւելի կեանք:

    Չի մոռնանք որ Քրիստոսը դատապարտողները՝ այդ ժամանակուայ կրօնականներն էին և ոչ հասարակութիւնը: Ցաւոք սրտի նոյն վիճակը կը ներկայացնեն շատ մը Հայ եկեղեցականներ իրենց երկբայելի կենցաղով:

    Աստուածավախ առաջնորդը ծառայող է, ոչ թէ պատիւ կամ փառք ցանկացող անհատ:

     

Comments are closed.

You May Also Like