Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Սեպտեմբեր – 5 Հոկտեմբեր 2012
Գ. ԿԵՆՑԱՂ
Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով, այլ խօսքով՝ մեր խօսքերն ու քարոզները կը դառնան լոկ անիմաստ շրթնային ծառայութիւն, ինչպէս կը տեսնենք բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ համեստ քահանային մօտ։
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Սեպտեմբեր – 5 Հոկտեմբեր 2012
Գ. ԿԵՆՑԱՂ
Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք
Ընդհանրապէս երբ կենցաղի մասին կը խօսինք, կարծէք թէ կ’ակնարկենք կուսակրօնութեան մասին: Այս է ժողովրդային ընդհանուր հասկացողութիւնը։ Կուսակրօնութեան գլխաւոր ջատագովը եղած է Պօղոս Առաքեալ. «զի որ անկինն է՝ հոգայ զՏեառն, թէ ո՛րպէս հաճոյ լիցի Տեառն. եւ որ կանամբին է, հոգայ զաշխարհիս, թէ ո՛րպէս հաճոյ լիցի կնոջ իւրում: … զի կոյսն հոգայ զՏեառն, զի իցէ սուրբ մարմնով եւ հոգւով, եւ առնակինն հոգայ զաշխարհիս, թէ որպէս հաճոյ լիցի առն իւրում:» («որովհետեւ կին չունեցողը միայն Տիրոջ հոգը կ’ունենայ, ջանալով Տիրոջ կամքը ընել. մինչդեռ ամուսնացած մարդը երկրաւոր հոգեր կ’ունենայ, ջանալով իր կնոջ կամքը կատարել: … չամուսնացած կինը կամ կոյսը Տիրոջ հոգը կ’ունենայ եւ կը ջանայ մարմինով եւ հոգիով Աստուծոյ նուիրուիլ. մինչ ամուսնացած կինը երկրաւոր հոգեր կ’ունենայ, ջանալով իր ամուսինին կամքը կատարել:» (Ա. Կորն. 7:32-34)) Այլ խօսքով, Եկեղեցւոյ պաշտօնեան պէտք չէ կլանուած ըլլայ իր աշխարհիկ եւ ընտանեկան հոգերով։ Ան պէտք է հայր ըլլայ ոչ՛ միայն մի քանի զաւակներու, զորս կրնայ ունենալ ի մարմնոյ, այլ պէտք է ըլլայ հայրը բազմաթիւ հոգեւոր որդիներու, իր նուիրական կոչումին ծառայութեան դաշտին մէջ։
Պօղոս Առաքեալի տուած պատճառաբանութիւնները սակայն, հիմնաւոր չեն կրնար ըլլալ այսօր՝ երբ մարդկային ընկերային պայմանները ամբողջովին փոխուած են եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւններն ալ ջնջուած, իսկ կնոջ ներկայութիւնը իր ամուսնոյն կեանքին մէջ ունեցած է աւելի դրական ներդրում իր մասնակցութեամբ անոր հոգեմտաւոր աշխատանքներուն մէջ՝ քան ժխտական։ Դիտեցէք ձեր շուրջը գտնուող Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներու պաշտօնէութիւնը եւ դուք եղէք դատաւորները։
Միշտ կարծուած է որ ամուսնութիւնը հոգեւորականին ուսերուն պիտի բեռցնէ ընտանեկան այնպիսի ծանր հոգեր եւ ընկերային ու տնտեսական պատասխանատուութիւններ, որ անոր սէրը իր հօտին հանդէպ պիտի նուազի, ուստի ան պիտի չկարենայ իր բովանդակ կորովով նուիրուիլ իր կոչումին՝ այսինքն Եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն։ Այսպէս մտածողներ չարաչար կը սխալին, որովհետեւ ան որ իսկական կոչումը ունի իր առաքելութեան, եւ ունի նուիրումի անսակարկ ոգի, ոչ մէկ կերպով կրնայ շեղիլ իր առաքելութեան պարտականութիւններէն եւ պարտաւորութիւններէն։
Կուսակրօնութեան հարցը վարդապետական ըլլալէ առաջ եւ աւելի՝ կարգապահական է: Հետեւաբար ընդհանուր գիծերով անդրադառնանք անոր պատմական զարգացումին։ Նախ, պէտք է ըսել որ այս հարցը ո՛չ այսօրուան հարցն է եւ ո՛չ ալ միջնադարու։ Առաքելական օրերէն կայ ան, եւ այդ մասին կը կարդանք Աւետարանի՝ մասնաւորաբար Պօղոս Առաքեալի թուղթերուն մէջ, ուր ան յորդորելով հանդերձ թէ «պատուական է ամուսնութիւնը, եւ անկողինը՝ սուրբ» (Եբր. 13:4), սակայն կը թելադրէ. «… ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս: Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ’ըսեմ.- Աւելի լաւ կ’ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ» (Ա. Կորն. 7:7-9), նոյն ատեն կշտամբելով հոգեւորականաց սանձարձակ կեանքը, թելադրելով որ «եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին …» (Ա. Տիմ. 3:2)։ Այս բոլորը մեզի կը թելադրեն որ քրիստոնէական գիտակցութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունէր ամուսնութիւնը, եւ նոյն ատեն մեզ իրազեկ կը դարձնեն այն իրողութեան որ նախնական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յաճախակի էին աշխարհականներու եւ եկեղեցականաց կեանքի սայթաքումները։
Ընդհանուր եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Տերտուղիանոսի խօսքերէն յստակ կերպով կը հասկնանք որ իր օրերուն եպիսկոպոսներ բազմակնութեամբ ապրած էին, եւ ինչպէս Նազիանզացին ալ կը վկայէ՝ հայրը եպիսկոպոս էր իր ծնած ատեն։ Պատմականօրէն շարքը երկար է նմանօրինակ երեւոյթներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եկեղեցիներու մէջ։ Մեր նպատակէն չշեղելու համար կը խուսափինք յաւելեալ պատմական մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու…։
Դ. դարուն էր որ նշանաւոր Եկեղեցական Հայրերէն Ոսկեբերան, Եւսեբիոս, Կիւրեղ Երուսաղէմացի եւ ուրիշներ փափաքեցան կուսակրօնութեան հարցը բերել Նիկիոյ Ժողովին եւ առաջարկել որ ամուսնացեալ եկեղեցականներ հրաժարին իրենց կիներէն եւ ընդունին կուսակրօնութիւնը։ Նմանօրինակ առաջարկներու կը հանդիպինք նաեւ այլ Եկեղեցական Ժողովներու մէջ եւ սակայն ո՛չ մէկ ժողով կրցաւ պաշտօնականացնել նման առաջարկ մը եւ պարտադիր դարձնել կուսակրօնութիւնը։
Միայն Զ. դարուն էր (534 թ.) որ Բիւզանդիոնի կայսր Յուստինիանոսի օրինարգիրքը արգիլեց ամուսնացեալ քահանաներուն եկեղեցական աստիճանի բարձրացումը, յայտարարելով որ «զաւակ ունեցողը չի կրնար եպիսկոպոսանալ», պատճառաբանելով որ եպիսկոպոսը, որպէս հոգեւոր հայր հաւատացեալներու, պէտք է զերծ մնայ մարմնաւոր հոգերէ։ Այս մտածողութիւնը եկեղեցական նուիրագործում ստացաւ Է. դարու վերջերը, 692 թուականին, Կ. Պոլսոյ Տրուլլեան ժողովին մէջ, թելադրելով որ եպիսկոպոսը պարտի զգաստ կեանք մը ապրիլ, իսկ եթէ ամուսնացած է, կինը պարտաւոր է վանք քաշուիլ եւ իր ամուսինէն ստանալ իր ապրուստը։ Իսկ քահանաները, սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները պարտին ամուսնանալ ձեռնադրուելէ առաջ։
Ահաւասիկ այս եղաւ եկեղեցականաց կենցաղի հարցին ստացած վերջին ձեւը Յոյն եւ Արեւելեան միւս Եկեղեցիներուն մէջ Է. դարէն սկսեալ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս որոշումները պատճառ դարձան որ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն աստիճանները բաց պահուին միայն կուսակրօն եկեղեցականներու առջեւ։ Սակայն Արեւմտեան Եկեղեցին որ ջատագովը դարձաւ այս նոր հասկացողութեան չկրցաւ ընդհանուր հանգամանք մը տալ անոր, որովհետեւ մինչեւ ԺԵ. դարու վերջերը տակաւին գույութիւն ունէին ամուսնացեալ քահանաներ եւ եպիսկոպոոսներ Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ։
Հայց. Եկեղեցւոյ պարագային այլ նոյնը կատարուեցաւ։ Յուստինիանոսի օրինագիրքին ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ պատմական հանգամանքներ, յարացոյց են եւ կը հաստատեն որ Արեւելեան Եկեղեցիներու սկզբունքներն են որ մեզ առաջնորդած են այս ուղղութեամբ։ Կուսակրօնութիւնը վանական կեանքի մէկ արգասիքն է եւ յետսամուտ է մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, որովհետեւ մինչեւ հինգերորդ դար՝ մեր կաթողիկոսներն ալ ամուսնացած էին եւ կաթողիկոսական աթոռն ալ ժառանգական էր մինչեւ Սահակ Պարթեւ, երբ այս վերջինը չունեցաւ արու զաւակ մը որ բարձրանար կաթողիկոսական աթոռ։
Կուսակրօնութեան մուտքը Հայց. Եկեղեցիէն ներս՝ ժողովական կանոններու սեղմումներուն ենթարկած է կուսակրօնները, եւ արգիլած՝ անոնց պաշտօնավարութիւնը թեմերէ ներս։ Այս մասին կրնանք կարդալ Ս. Սահակի կանոններուն մէջ (38րդ յօդուած) ուր ցոյց կը տրուի թէ վանքերը շինուած են կուսակրօններու համար։ Այս կանոնը իր ոյժը պահեց դարերու ընթացքին։ Իսկ Շնորհալի Հայրապետ իր “Առ կրօնաւորս խարազնազգեացս որ ի վանորայս” թուղթով կ’արգիլէ կուսակրօններուն թողուլ իրենց վանքերը եւ հաստատուիլ քաղաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, նոյն ատեն թելադրելով ամուրի երիտասարդ քահանաներուն (հաւանաբար կ’ակնարկէ այրիացած քահանաներուն) որպէսզի վանք քաշուին, որվհետեւ, կ’ըսէ, «աշխարհիկ իր կեանքին մէջ իր պաշտօնին բերմամբ միշտ յարաբերութիւններ ունենալով կիներու հետ եւ զանոնք խոստովանեցնելով, կարելի չէ սրբութեամբ ծառայել Աստուծոյ» ։
Կուսակրօններու յատուկ այս յանձնարարութիւններն ու վանարգելումը ապացոյց են որ մեր Եկեղեցւոյ հայրերուն անծանօթ չէր կուսակրօն եկեղեցականներու գայթակղական կեանքը քաղաքներու մէջ, եւ այդ պատճառով ալ անոնք արգիլեցին կուսակրօններուն շփում եւ յարաբերութիւն ունենալ ժողովուրդին հետ։ Այս խիստ օրէնքները պատճառ դարձան որ կուսակրօններ իրենց ժամանակը նուիրեն Ս. Գրոց ընթերցման, գրականութեան, թարգմանութիւններու, ձեռագիրներու ընդօրինակութեան, գրչագրութեան եւ զարդանկարչութեան։
Ահաւասիկ հպանցիկ կերպով ներկայացուցինք կուսակրօնութեան զարգացման ընթացքը իր կարգ մը գիծերուն մէջ։ Բայց անհրաժեշտ է իմանալ թէ այս բոլորը որքա՞ն համապատասխան ներդաշնակութիւն ունին ԱՅՍՕՐ մեր հոգեմտաւոր կարիքներու դաշտին մէջ ։
Անշուշտ դիւրաւ ըմբռնելի եւ հասկնալի է թէ նման արգելքի դրութիւն մը կուսակրօններու կեանքին մէջ կարելի պիտի չըլլայ շարունակել, նկատի ունենալով որ ընկերային բարքերու թուլացումը, բարեկեցիկ տուներու ազգակցութիւնը կուսակրօն վանականներու հետ, եւ մանաւանդ ամուսնացեալ եկեղեցականներու կրթական անկեալ վիճակը՝ պիտի դիւրացնէին կուսակրօններու վազքը դէպի քաղաքներ եւ դէպի թեմական պաշտօններու բարձրացում։
Ամուսնացեալ եկեղեցականներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան բացակայութիւնը պատճառ պիտի ըլլար որ անոնք դառնային միայն խորհրդակատարներ, ամբողջութեամբ զուրկ եւ սնանկ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) եկեղեցագիտական եւ աստուածաբանական բոլոր գիտութիւններէն, ինչ որ իր կարգին առիթ եւ պատճառ պիտի դառնար որպէսզի համեմատաբար զարգացած կուսակրօններ ուղղուին դէպի քաղաքներ եւ կատարեն հովուական պաշտօններ։ Երբեք զարմանալի չէ այս իրողութիւնը, որովհետեւ երբ քահանան անկարող կը դառնայ գոհացում տալու իրեն յանձնուած հօտին հոգեւոր եւ բարոյական պէտքերուն, ժողովուրդը անյապաղ կը դիմէ կուսակրօններուն։ Նոյնն է պարագան ամէն տեղ այսօր, նամանաւանդ Արեւմտեան երկիրներու մէջ։
Ահաւասիկ այս նորաստեղծ կացութիւնը,–այսինքն կուսակրօնութեան վանական կեանքէն հեռացումն ու նոր քաղքենիութիւնը,– պատճառ դարձաւ որ ամբողջութեամբ անտեսուի ամուսնացեալ քահանաներուն զարգացման կարեւորութիւնը, որու հետեւանքով ամուսնացեալ քահանայութեան շարքերը ստուարացան մեծաւ մասամբ անուս, անմշակ, բարոյական արժանիքէ ու նկարագրէ զուրկ կարգ մը մարդոցմով — ժամկոչներով, իրենց արհեստներուն մէջ ձախողած, սնանկացած, կոչումէ զուրկ անհատներով, որոնք քահանայութիւնը նկատեցին նոր ասպարէզ՝ ապահով կենցաղ մը ունենալու համար։ Եւ այս բոլորին տխուր արդիւնքը եղաւ այն՝ որ կուսակրօններ, հակառակ եկեղեցական կանոններու, մենատէրները դառնան եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններուն եւ պաշտօններուն։
Այնքան ատեն որ Հայց. Եկեղեցին կը շարունակէ այս եկեղեցական դասակարգի երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյն պաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կը շարունակեն ըլլալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21–րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովրդին հոգեմտաւոր կարիքները։
Բոլորիս ծանօթ է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարգ մը կուսակրօններուն ապրած ցոփ ու անպարկեշտ կեանքը Արեւմտեան աշխարհի, եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն հետեւանքով Եկեղեցին ո՛չ միայն նիւթական հսկայական գումարներ տուժեց, այլեւ հաւատացեալներու հսկայ բազմութիւններ հեռացան Եկեղեցւոյ խորանէն։ Դժբախտաբար նոյնն է եղած, առաւել կամ նուազ չափով, հայ կուսակրօնին կենցաղը վերջին հարիւրամեակին։ Անբասիր (անբիծ, անարատ, մաքուր) յորջորջումը ծաղր մըն է պարզապէս, նետուած՝ յարաբերաբար ժուժկալ կենցաղ ունեցող կուսակրօններուն երեսին, որոնք հաւանաբար մատի վրայ կը համրուին եթէ ուզենք արդար ըլլալ մեր ախտաճանաչումին մէջ։
Թէեւ շատ հակիրճ ակնարկութիւններ կատարեցինք պատմականօրէն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պատահած կուսակրօններու սայթաքումներու մասին, բայց այսօր մեր աչքին առջեւ կը պարզուին խայտաբղէտ սայթաքումներ եւ գայթակղութիւններ։ Կը ճանչնանք կուսակրօն եկեղեցականներ որոնք ապօրէն յարաբերութիւններ մշակած են իրենց հոմանուհիներուն հետ, ուրիշներ՝ ամուսնացած են եւ զաւակներու տէր են։ Այստեղ կրնամ վկայակոչել Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրութիւնները իր միաբաններուն, մասնաւորաբար համայնավար վարչակարգի տարիներուն. «Սիրելի միաբաններ, քաջածանօթ եմ որ հակառակ մեր եկեղեցական օրէնքներուն կը կենակցիք կանանց հետ եւ ձեզմէ շատեր զաւակներ ալ ունին: Լաւ կ’ըլլայ որ առ նուազն պետական ամուսնութիւն կնքէք, որպէսզի ձեր զաւակները ապօրէն չնկատուին»: Ահաւասիկ անկեղծութիւնը որ կայ Հայրապետին խօսքերուն մէջ, տեսնելով իր շուրջ կատարուած անուրանալի մարդկային բարոյական սայթաքումները։
Դարձեալ, դժբախտաբար, վերջին հարիւրամեակին՝ չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը (Գերագոյն Խորհուրդ, Ազգային Ընհանուր Ժողով իրենց բոլոր յարակից մարմիններով) որ գործադրէր Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ կը հրամայէ «կարգալոյծ ընել եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»։ Վերջին յիսուն տարիներուն, մեր միաբանական կեանքի տարիներու ընթացքին,– անկէ ներս եւ դուրս, եւ անկէ ետք ալ,– տեսած ենք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ որոնք անպատկառ շնականութեամբ գլխէ հանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները, պատճառ դարձած են ընտանեկան քայքայումի, ուրիշներ՝ իրեց վարքով դէպի անձնասպանութիւն մղած են կանայք, իսկ ուրիշներ մանկապիղծ եղած են: Իսկ այս բոլորէն վեր ու անդին, եւ աւելի սարսափելին՝ ներկայութիւնը միասեռականներուն–արուամոլ թէ՛ իգացեալ։ Բազում են նաեւ կուսակրօններէ (վարդապետ, եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս) ծնած երեխաները…:
Այստեղ դարձեալ կը վկայակոչեմ 1920–ական թուականներուն Բենիկ Վարդապետին «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ’արտայայտուի այսպէս. «Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքի մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ վարդապետը, եւ Հայրապետներից եւ ո՛չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենց ամուսիններից։ Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ Եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այս հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ, առաջնորդ դառնայ։ Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….»:
Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ։ Բենիկ Վարդապետին յօդուածը պարզապէս ցոյց կու տայ որ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, Էջմիածինը՝ դարձած էր ապականութեան բոյն մը։ Արդեօք տարբե՞ր է պատկերը այսօր մեր նուիրապետական ա՛յլ Աթոռներէ ներս….։
Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան որ կուսակրօնութիւնը ժամանակավրէպ իրողութիւն մըն է, եւ բոլոր անոնք որոնք կը տուայտին այդ կեանքին մէջ՝ կ’ապրին իսկական ինքնախաբէութեամբ։ Կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ պահպանել ու շարունակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան։
Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ։ Բնութեան օրէնքը անտեղիտալի է եւ միշտ յաղթական ամենազօրաւոր կամքին դէմ։ Հետեւաբար, երբ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեան օրէնքին, կուսակրօններուն օրինաւոր ամուսնութիւն կնքել արգիլելով ՝ քաջալերած կ’ըլլանք անոնց մեղապարտ եւ ապօրէն կենակցութիւնը։ Այս բոլորը քաջաբար գիտնալով, անհրաժեշտ է բարեփոխել դժբախտաբար շնութեան համազօր դարձած կուսակրօն կենցաղը, եւ ազատ թողուլ բոլոր փափաքողները՝ օրինաւոր ամուսնութիւն կնքելու, իսկ կամաւոր կուսակրօններուն թելադրել եւ պարտադրել որ ապրին աղօթանուէր վանական կեանք մը, եթէ իսկապէս կ’ուզենք պահպանել եւ պարտադրել Աւետարանին բարոյականը, եթէ կ’ուզենք պահպանել ամուսնութեան սրբութիւնն ու ընտանեկան պարկեշտութիւնը եւ ունենալ իր կոչումին գիտակից եւ հաւասարակշռուած մտքով ու նկարագրով եկեղեցականներ։ Աստուծոյ գործին նուիրուած ծառայական կեանքը՝ անպայմանօրէն չէ՛ կապուած կուսակրօն կենցաղի հետ։
Վերջին հարիւրամեակին՝ մասնաւորաբար 1917-ի համագումարի ընթացքին կուսակրօնութեան հարցի մասին երեւան եկած են երկու մտածողութիւններ: Անոնցմէ առաջինը համաձայն եղած է կուսակրօնութեան ջնջումին, զայն նկատելով անբնական երեւոյթ, եւ ուխտադրժումը՝ անխուսափելի (ակնյայտ են փաստերը բոլոր նուիրապետական Աթոռներէ ներս)։ Իսկ երկրորդը համաձայն եղած է կուսակրօնութեան պահպանումին, պնդելով որ ուխտադրժութիւնը չի կրնար հիմք ծառայել անոր ջնջումին, որովհետեւ սեռային անհաւատարմութիւնը եւ ամուսնական ուխտադրժումները տեղի կ’ունենան նաե՛ւ ամուսնացեալ քահանաներու (մեզի ծանօթ պարագաները շատ են) եւ աշխարհականներու մօտ։
Այս երկրորդ մտածողութեան ջատագովներուն յառաջ բերած պատճառաբանութիւնները, մեր կարծիքով, օրինական-իրաւաբանական եւ կրօնական տեսակէտէ խախուտ հիմք ունին, որովհետեւ մէկուն գործած ոճիրը չի կրնար արդարացում ծառայել ուրիշի գործած ոճիրին, քաջ գիտնալով որ կուսակրօնին ուխտադրժութիւնը անխուսափելի է մարդկային սեռային կազմախօսական տեսակէտով, հետեւաբար բնական (եթէ կարելի է այսպէս ըսել)՝ կուսակրօնի պարագային, իսկ խոտորում (aberration) եւ դիպուածական երեւոյթ՝ ամուսնացածներու պարագային։ Կ’արժէ այստեղ յիշեցնել որ երկու դասակարգերու մէջ գործուած ուխտադրժութիւնները, իրենց հետեւանքներով, ժամանակին ենթակայ էին օրինական կանոններու առանձին պատժամիջոցներուն։ Կուսակրօնին գործած շնութեան պատիժը «կարգազրկութիւն»ն էր Շահապիվանի Ժողովի կանոններուն 14-րդ յօդուածին համաձայն, մինչ շնացող աշխարհականին պատիժն էր, Ժողովի կանոններուն 3-րդ յօդուածին համաձայն, «կշտամբանք օգտակար խօսքով, ծեծով եւ տուգանքով» (անշուշտ քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր իր օրէնսդրութեամբ՝ չ’ընդունիր որեւէ ծեծ)։
Բոլորս ալ լաւ գիտենք որ եկեղեցականը պէտք է ըլլայ օրինակելի տիպար մը իր ժողովուրդին, եւ հետեւաբար անոր բարոյական սայթաքումները կրնան ստեղծել համայնական եւ համահայկական գայթակղութիւններ։ Աշխարհականներու եւ ամուսնացեալներու պարագային, ուխտադրժութեան երեւոյթները այսպէս ասած՝ բացառիկ են եւ շատ փոքր տոկոսային յարաբերութիւն մը կը ներկայացնեն ժողովուրդի թիւին հետ։ Սակայն կուսակրօններու պարագային ուխտադրժութեան պարագաները դարձած են անգիր օրէնք։ Եզրակացնելով, կրնանք ըսել որ կուսակրօն կենցաղը պահպանել կը նշանակէ պոռնկութիւնն ու սեռային անբարոյութիւնը նուիրականացնել կրօնքի ճամբով։
Այս բոլորը քաջ գիտնալով հանդերձ, ժողովուրդը անտարբերութեամբ կը նայի եկեղեցականներու ցոփ կեանքին, ձգելով ամէն ինչ պատահականութեան եւ կեանքի բախտախաղին։ Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ՝ անհրաժեշտ է ունենալ իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան, նուիրումի սէրը։ Այլ խօսքով, հոգեւոր մշակներ՝ որոնք իրենց ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կրնան նոյնանալ իրենց ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն եւ ցաւերուն հետ, հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն։
Բոլոր անոնք որոնք կը ջատագովեն կուսակրօնութեան պահպանումը, առարկելով թէ կուսակրօն հոգեւորականութիւնը անհրաժեշտ է Եկեղեցւոյ գոյութեան պահպանումին համար, ոչ՛ մէկ իրաւական եւ փաստական տուեալներու վրայ կը հիմնեն իրենց համոզումները։ Հետեւաբար մեզի կը մնայ ընդունիլ թէ ի՛նչ որ անբնական է եւ գայթակղեցուցիչ՝ չի՛ կրնար օժանդակել Եկեղեցւոյ առողջ գոյութեան։ Անբնական այս իրողութիւնը միայն քայքայիչ ոյժ մը կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար՝ Եկեղեցի մը որ իր գոյութեան պահպանութիւնը յանձնած է բնականէն իրենց ուխտը դրժելու նախասահմանուած կուսակրօններու ձեռքը՝ դատապարտուած է ամլութեան, քաքայումի եւ խորտակումի։
Մեր բոլոր փոքր եւ բարձրաստիճան եկեղեցւոյ պաշտօնեաները որոնք ամուսնացած էին առաջին հինգ դարերուն, արդեօ՞ք նուազ գիտակից էին իրենց կոչումին, եւ նուա՞զ անձնուրացութեամբ պաշտպանեցին ու պահպանեցին Եկեղեցիին գոյութիւնը։ Արդեօ՞ք նուազ ապահով է Անկլիքան Եկեղեցիին գոյութիւնը այսօր՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան ձեռքին մէջ։ Եւ արդեօ՞ք նուազ պահպանուած են Բողոքական յարանուանական եկեղեցիները ամուսնացեալ քարոզիչներու ձեռքին մէջ։ Հետեւաբար կարելի է ըսել որ մեր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան տեւականութիւնը կամ գոյութիւնը կախեալ է նախ՝ իր հոգեւորականութեան՝ մասնաւորաբար ամուսնացեալ եկեղեցականութեան հոգեւոր ու մտաւոր մակարդակի բարձրացումէն եւ անոր գործունէութեան ասպարէզին ընդլայնումէն, եւ երկրորդ՝ անոր կարգապահութեան ոգիէն։
Այսօր դժբախտաբար՝ Եկեղեցին կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը, որովհետեւ այլ ազդակներու կողքին՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան մտաւոր ու հոգեւոր պատրաստութեան բացակայութիւնը եւ մասնաւորաբար կուսակրօնութեան ապրած ցոփ եւ անբարոյ կեանքը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) նսեմացուցած են Եկեղեցւոյ պատկերը իր ժողովուրդին առջեւ։ Հետեւաբար ի՞նչ է բարւոք լուծումը այս իրողութեան եւ ինչպէ՞ս փրկել Եկեղեցին իր գահավիժումէն։
Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ու միշտ եղած են անհատներ որոնք նախընտրած են ամուրի մնալ զանազան պատճառներով։ Ոմանք կը սիրեն ապրիլ առանձին, խաղաղ, ամուսնական կեանքի աղմուկէն եւ տաղտուկէն հեռու։ Ուրիշներ ալ այնքա՛ն գրաւուած են իրենց մասնագիտական գործով կամ արուեստով՝ որ ժամանակ չունին ուրիշ բանի մասին մտածելու եւ ուրախութեամբ կը հրաժարին ամուսնացեալ կեանքի մը առաւելութիւններէն։ Իսկ ոմանք ալ այնպիսի ասպարէզներու մէջ են որ ամուսնական կեանքը կրնայ խոչընդոտ մը հանդիսանալ իրենց բնականոն կեանքին։ Եւ կան տակաւին այնպիսիներ որոնք կը նախընտրեն մնալ ամուրի զանազան եւ բազմազան պատճառներով։
Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է բաց թողուլ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական կարգերը քահանայութեան առջեւ, եւ կուսակրօնութիւնը վերածել կամաւոր վանական դրութեան մը՝ փափաքողներուն համար։ Իսկ կրօնական աստիճաններու բարձրացումը հիմնուած պէտք է ըլլայ ոչ՛ թէ եկեղեցականին ամուրի կամ ամուսնացեալ ըլլալուն, այլ անոր պատրաստութեան եւ նկարագրի ապացուցեալ արժանիքներուն վրայ։
Նմանօրինակ միտք մը կ’արտայայտէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան իր «Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Խնդիրներ» յօդուածաշարքին մէջ, ըսելով. «շնորհիւ այս ազատ կենցաղի ընտրութեան ուրիշ կարեւոր խնդիր մըն ալ պիտի գտնէ իր լուծումը, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր աստիճանները այս կերպով բաց կը մնան միայն արժանաւորներու առջեւ։ Անարժան մը, որովհետեւ կուսակրօն մըն է, չի կրնար բարձրանալ, զոր օրինակ վարդապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին, չի կրնար առաջնորդ ըլլալ. եւ ասոր հակառակ, արժանաւոր մըն ալ, որովհետեւ ամուսնացած է, չի զրկուիր այդ աստիճանէն եւ պաշտօնէն։ Եկեղեցւոյ պաշտօններուն մէջ յառաջացումներ եւ վարձատրութիւններ կը հիմնուին, եւ պէտք է հիմնուին, շինուած եւ փորձուած արժանիքի վրայ. այսինքն այնպիսի արժանիքներու վրայ, որոնք ինքնին կ’արտացոլան կոչումի եւ նկարագրի տէր եւ լաւ պատրաստուած ուսեալ հոգեւորականի մը կեանքին եւ գործունէութեան արդիւնքներէն»։
Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան եւս հետեւեալ կարծիքը կ’արտայայտէ իր «Սիոն»ի յօդուածներէն մէկուն մէջ. “ քանի որ սուրբ է ամուսնութիւնը եւ քրիստոնէական կրօնի Խորհուրդներէն մին, քանի որ Հայաստանեայց Եկեղեցին, չմերժելով ամուսնացեալներուն քահանայացումը, նովին իսկ էապէս ընդունած կ’ըլլայ արդէն սա սկզբունքը թէ ամուսնական կեանքը ժխտումը չէ հոգեւորականութեան, քանի որ անցեալին մէջ, այս կամ այն կերպով, ամուսնացեալներուն առջեւ չէ փակուած աստիճանային բարձրացումին ճամբան, ինչո՞ւ այսօր, իր անցեալէն նոյնիսկ իրեն մատուցուած փաստով կամ լոյսով չկարենայ ընդառաջել ներկայի պահանջներուն, յեղաշրջում մը յառաջ բերելով իր կազմին կամ կարգին վրայ՝ որ չունի վարդապետական կամ դաւանական որեւէ կողմ, եւ թոյլ չտալով որ ի սպառ մեռելութեան դատապարտուի եկեղեցական պաշտօնէութիւնը»։
«Շեշտելով հանդերձ այն խոշոր դժուարութիւններուն վրայ, որոնք ի սկզբան մանաւանդ պիտի յառաջ գան, երբ ընդունուի ու գործադրուի քահանայական ասպարէզի բացման սկզբունքը, որոնք, սակայն եւ այնպէս, բոլորովին ալ անյաղթելի խոչընդոտներ չեն կրնար ըլլալ իմաստուն եւ զօրեղ իշխանութեան մը համար. իրականութիւն է թէ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ընդլայնման ժամը: Զայդ կը պահանջէ ոչ՛ միայն դարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ոչ կրօնքին հոգին, եւ ոչ մեր Եկեղեցւոյ նախկին եւ նոյնիսկ ներկայ իարաւաբանութիւնը»:
Որեւէ ընկերութեան մէջ յառաջ եկած փոփոխութիւնները սկիզբ չեն առներ իշխանութեան բարձր աթոռներու վրայ բազմած օրէնսդիրներու նախաձեռնութեամբ։ Փոփոխութիւնները յառաջ կու գան իբրեւ հետեւանք ժողովրդական ճնշումներու եւ կարիքներու, որ իր ամէնօրեայ ապրումներուն մէջ փորձառութեամբ կը զգայ տիրող օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն ամլութիւնն ու անբաւականութիւնը։ Ահաւասիկ, հիմնուելով այս ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ՝ վերջին հարիւրամեակին կուսակրօնութեան կանոնէն շեղումներ արտօնուեցան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Կարգ մը կուսակրօն եկեղեցականներ հեռանալով իրենց վանական կեանքէն՝ ամուսնացան եւ ընտանիքներ կազմեցին, բայց յետոյ հրաւիրուեցան շարունակելու իրենց եկեղեցական ասպարէզը, որովհետեւ համայնավար վարչակարգի տիրապետութեան տարիներուն խիստ պակասը կար հոգեւորականներու, մասնաւորաբար հայրենիքէն ներս։
1922 թուականին Գէորգ Ե. Կաթողիկոս նշանակելի քայլ մը առաւ որ լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ կուսակրօնութեան կանոնին վրայ։ Լուսաւորիչ-Սահակ Պարթեւի օրերէն սկսեալ մինչեւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս, Եկեղեցին երբեք չէր արտօնած այրիացած քահանաներու վերամուսնութիւնը, որովհետեւ Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն արգիլուած էր ամուսնութիւնը ձեռնադրութենէն ետք։ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս քաջութիւնը ունեցաւ, համախորհուրդ իր եպիսկոպոսներուն, հրատարակելու կոնդակ մը ուղղուած ամբողջ հայութեան։ Այդ կոնդակով ան արտօնութիւն կու տար եպիսկոպոսներուն որ թոյլատրեն այրիացեալ քահանաներու վերամուսնութիւնը։ Այս արարքով վեհափառը բեկանած եղաւ Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնը, որուն համաձայն՝ ոչ՛ մէկ հոգեւորական, որքան ատեն որ կը մնար կարգին մէջ՝ չէր կրնար ամուսնանալ։
Թէեւ այս հարցը ենթարկուած չէ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի մը պաշտօնական որոշումին, եւ սակայն անիկա սկիզբ դրաւ նոր հասկացողութեան մը. «Հարկ լուծանէ զօրէնս»։ Համաշխարհային առաջին պատերազմին հետեւանքով ահազանգային վիճակ մը ստեղծուած էր Հայաստանի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Այրիացեալ քահանաներու ծառայութիւնը այդ օրերուն կենսական անհարաժեշտութիւն էր եւ հաւանաբար անոնց այրի մնալը կը հեռացնէր զիրենք Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն։ Իմաստուն որոշում մըն էր Գէորգ Ե.ի կարգադրութիւնը, որ մեծապէս օգտակար եղաւ Եկեղեցւոյ գոյութեան եւ ծառայութեան յարատեւման։
Այրիացեալ քահանաներու վերամուսնութիւնը արտօնող այս կոնդակը շատ սերտ եւ նշանակալից դեր ունեցաւ յաջորդող տասնամեակներու մտածողութեան վրայ։ Հոգելոյս Վազգէն Կաթողիկոս, նկատի ունենալով կուսակրօններու հեռացումը միաբանական կեանքէն, ինքն ալ հետեւեցաւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի օրինակին եւ մտածողութեան, եւ իր յատուկ որոշումով, պաշտօնապէս յայտարարեց ըսելով՝ “ոչ յօրինակ այլոց” եւ արտօնեց որ յոյլ մը կուսակրօն եկեղեցականներ ամուսնանան եւ շարունակեն իրենց եկեղեցական ծառայութիւնը։ Թէեւ իր արարքով՝ բեկանած եղաւ Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնը, եւ սակայն նկատի ունենալով օրուան պահանջն ու կարիքը հոգեւոր մշակներու, այդ յոյլ մը պատրաստուած կուսակրօն եկեղեցականները փրկեց ու պահեց Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, եւ այսօր անոնք աշխուժութեամբ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնները։ Կորսնցուցի՞նք բան մը. անկասկած ո՛չ: Ընհակառակն, շահեցանք, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ճիշդ եւ արդար էր իր կշռադատումներուն մէջ։
Կուսակրօնութեան հարցը այսպէս պարզելէ ետք, մեր համոզումն ու կարծիքն է որ, Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին մէջ, այս խնդիրը լուծելու համար անհրաժեշտ է ազատ թողուլ եկեղեցականութեան թեկնածուները իրենց կենցաղային ընտրութեան մէջ, եւ անոնց մէջ փնտռել մարդկային ազնիւ նկարագրի արժանիքներն ու աստուածատուր շնորհները։
Դ. ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԱՊՐՈՒՍՏԸ
Նկատի ունենալով ներկայ դարու հասարակական-տնտեսական պայմանները, կրնանք ըսել որ դրամը յատուկ դեր ունի ապրելու արդի պայմաններուն մէջ: Թէեւ այդպէս չէր անցնող դարերուն, սակայն Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը վարձատրելու սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն կապակցաբար այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ իրողութեան մը, որ կը յուզէ Եկեղեցւոյ պաշտօնեան ի տես իր անձուկ նիւթական գոյավիճակին (բացառութիւնները շա՜տ)։ Հայց. Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը եւ անոր եղանակը անհրաժեշտ է որ ստանան համահաւասար պատուաւոր ձեւ մը, որպէսզի որեւէ կերպով չվիրաւորեն անհատին արժանապատուութիւնը, եւ հետեւաբար այս վիրաւորական ձեւերն ու նիւթական անձուկ պայմանները հեռու չպահեն արժանաւորները՝ որոնք պիտի փափաքէին հոգեւոր ծառայութեան դաշտ մտնել։
“Պիտի ապրինք վերջապէս, –կ’ըսէ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան,– բայց պէտք է ապրինք պատուով, առանց մուրացկանի դիրքին մէջ ձգելու ո՛չ Աստիճանը որ ունինք եւ ո՛չ Սքեմը որ կը կրենք։ Բայց ո՛չ ալ այս երկուքը պէտք է ծառայեցնենք իբրեւ միջոց ճոխ եւ փարթամ կենցաղի մը յղփանքին, որ շատ աւելի անվայել եւ անպատիւ է հոգեւորականին համար”։
Խորէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց իր Օգոստոս 1, 1937 թուակիր Զեկուցումին մէջ, որ առաքուած էր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն, հետեւեալ ձեւով կը բնութագրէր ամուսնացեալ հոգեւորականութեան ապահովութեան խնդիրը. “Հայոց եկեղեցում ընդունուած սովորութեան համաձայն՝ աշխարհիկ հոգեւորականութիւնը իր պաշտօնավարութեան համար որոշ եւ հաստատուն վարձատրութիւն չի ստանում, այլ ապրում է օրինակատարութիւններից ստացած կամաւոր տուրքերով եւ գանձանակադրամով։ Վարձատրութեան այս եղանակը այլ ասպարէզներում չի կիրառւում, եւ ներկայ հասկացողութեամբ եւ քահանայութեան իր իսկ ըմբռնմամբ համարւում է այդ ձեւը վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ, որի պատճառով քահանայութիւնը յաճախ կորցնում է իր ներքին անկախութիւնը եւ ենթարկւում անհատ ծխականների քմահաճոյքին, ուստի առաջարկւում է ազնուացնել նիւթական վարձատրութեան ձեւը, ընդունելով ռոճիկի տւչութեան սկզբունքը, որ որոշ տեղերում արդէն ընդունուած է”։
Բարեբախտաբար, Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, պատրիարքներու եւ առաջնորդներու վարձատրութեան հարցը պատճառ դարձաւ որ լրջօրէն մտածենք այս հարցի մասին, եւ ժամանակի ընթացքին տակաւ առ տակաւ այս սկզբունքը սկսաւ որդեգրուիլ նախ հարուստ եկեղեցիներու մէջ, ու ապա ի սփիւռս աշխարհի, եւ այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Եթէ ազգովին կը պահաջենք որ մեր հոգեւորականութիւնը ունենայ բարձր արժանիքներ, –զինուած՝ կոչումով, նկարագրով եւ ուսումով,– նոյնքան պարտինք ազգովին մտահոգուիլ անոնց արդար եւ արժանավայել վարձատրութեամբ։ Այլ խօսքով՝ ժողովուրդը պարտաւոր է հոգալ իր հոգեւորականներուն ապրուստը՝ ապահովելու համար անոր արժանիքներուն ամբողջական ներգործութիւնը հոգեւոր սպասաւորութեան կեանքին մէջ, որուն որպէս արդար հետեւանք՝ պիտի վերանան գայթակղութիւնները Եկեղեցւոյ մէջ, նամանաւանդ երբ քաջ գիտենք որ արծաթսիրութիւնը մարդկային տկարութիւններէն մէկն է։
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ հետեւաբար խուսափելու է շուկայական ամէն տեսակի հաշիւներէն եւ տգեղութիւններէն, չարատաւորելու համար անոր խորհրդաւոր նուիրականութիւնն ու սրբութիւնը։ Հոգեւոր պաշտօնեան պէտք չէ ակնկալէ եւ նայի ժողովուրդի ձեռքին ամէն անգամ որ հոգեւոր եւ այլ ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, նամանաւանդ՝ աղօթքներու եւ կամ խորհրդակատարութեանց համար։ Ան, որպէս եկեղեցւոյ թոշակաւոր սպասաւոր, պարտի իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր կատարած արարողութեանց վրայ առանց մտքի դեգերումներու։ Նիւթական հոգերէն պէտք չէ որ գրաւուի ան, ընդհակառակը իր բովանդակ հոգեմտաւոր ոյժերը պարտաւոր է ուղղելու իր հոգեւոր ծառայութեան արդիւնաւորութեան վրայ։ Մեր անձնական փորձառութեամբ տեսած ենք որ պարկեշտ եւ պարտաճանաչ, իր կոչումին գիտակից եկեղեցականը միշտ ալ ունեցած է գոհացուցիչ ապրուստ եւ հանգիստ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միշտ ալ գնահատած է իր արժանաւոր հոգեւորականները։
Դժբախտաբար այս փափուկ եւ կնճռոտ հարցը տարբեր կերպարանք կը ստանայ բոլոր անոնց պարագային` որոնք եկեղեցական ասպարէզ մտած են ոսկեհանք մը գտնելու եւ հարստանալու միտումով: Անոնք, սակայն, իրենց ընչաքաղցութեամբ որքա՛ն ալ հարստանան՝ դարձեալ գոհ պիտի չմնան իրենց վիճակէն, որովհետեւ, յղփացած իրենց երկրաւոր հարստութեամբ, պիտի զրկուին աստուածատուր երկնաւոր օրհնութիւններէն։
Հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական ձեռնադրութեան ժամանակ կ’ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնային, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ (Մարկ. 10:28: Հմմտ.՝ Մատթ. 19:27): Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:
Դժբախտաբար կարգ մը եկեղեցականներ, որոնք կը “ծառայեն” հարուստ եկեղեցիներու մէջ, զուրկ եւ դատարկ հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան ու կը հպարտանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութեանց փետուրներով։ Եկեղեցականներ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) որոնք այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ ու չարաշահելով ժողովուրդին քրիստոնէական հոգեւոր ազնիւ զգացումները կը ոտնակոխեն քրիստոնէական բոլոր սկզբունքները։ Իսկական եկեղեցական մը, երբ իր արժանավայել ամսաթոշակը կը ստանայ՝ իր եւ իր ընտանիքին մարդկային կարիքները բաւարարելու չափ, այնուհետեւ ի՞նչ կը մնայ իրեն մտահոգուելիք՝ եթէ կը հաւատայ իր ուխտին եւ առաքելութեան։
Իսկ մասնաւորաբար բոլոր այն կուսակրօն եկեղեցականները, որ կը բնակին եւ կը գործեն մեծ քաղաքներու մէջ՝ հոգեւոր հովուի, քարոզիչի կամ առաջնորդական պաշտօններու բերումով, իրենց յատկացուած շռայլ ամսականներով Արեւմտեան աշխարհի եւ նամանաւանդ Ամերիկաներու մէջ կրնան շատ հանգիստ քրիստոնէավայել կեանք մը ունենալ, հեռու մնալով ամէն զեխութենէ: Ուստի հարկ չկայ որ մտահոգուին իրենց ապագայով, եթէ իսկապէս կը հաւատան իրենց կոչումին եւ առաքելութեան։ Ներկայիս ա՛յս է հոգեւորականներու ապրուստին եւ կամ ապահովութեան հարազատ պատկերը։
Թէեւ անցեալին հոգեւորականաց վարձատրութեան անբաղձալի վիճակը առիթ տուած է անկարգութիւններու, եւ երբեմն ալ գայթակղութեան տեսարաններու, (ինչ կը վերաբերի պսակի, ժամուցի, աջահամբոյրի, հիւանդաց այցելութեան, միջնորդական աշխատանքի, նշանի եւ պսակի օրհնութեան, թաղման եւ գերեզմանի օրհնութեան, տնօրհնէրքի առթիւ ծխատիրական արշաւանքի անհամութիւններու, կեղծ փաստաթուղթերու պատրաստութեան) պատճառ դառնալով որ անոնք՝ հոգեւորականները պիտակուին իբրեւ “հոգեւոր մեծապատիւ մուրացկաններ”, այսօր սակայն՝ երբ ժամանակներն ու պարագաները փոխուած են՝ որեւէ պատճառ չկայ որ եկեղեցականը իյնայ այս գայթակղալի վիճակներուն մէջ երբ կը բաւարարուի իրեն բաժին ինկած, իր ուսման եւ արժանիքներուն համաձայն տրուած աշխատավարձքով։
Հոգեւորականը պիտի ծառայէ ժողովուրդին՝ առանց անոր ծառան ըլլալու, առանց նիւթական հաշիւներով հոգաբարձուներու եւ ղեկավարներու քմահաճոյքին խաղալիք դառնալու։ Ու պիտի ծառայէ ան՝ անսակարկ կերպով որպէս եկեղեցւոյ սպասաւոր: Իսկ եկեղեցին (այսինքն հաւատացեալներու հաւաքականութիւնը) ի՛նք պէտք է ստանձնէ իր պաշտօնեային արդար վարաձատրութիւնը, հեռու պահելով զայն աշխարհիկ բոլոր մտահոգութիւններէ, որպէսզի ան չտարուի ագահ կիրքերէ եւ շուայտ կեանքի հակումներէ, այլ ապրի իր պատուով եւ արժանապատուութեամբ։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութիւնը, համագործակցաբար աշխարհական ղեկավարներու, պարտի արդարութեամբ ղեկավարել եւ հոգալ եկեղեցականաց ապրուստի հարցը, առիթ չտալով որ իր պաշտօնեաները նիւթական մտահոգութիւններով անտեսեն իրենց հոգեւոր պարտականութեանց նուիրական աշխատանքները եւ իրենց գործելակերպով սեփական դիրքն ու վարկը դարձնեն ծաղրանքի առարկայ։
Եթէ մեր ժողովուրդը կ’ուզէ բարեկարգեալ եկեղեցի մը՝ բարեկարգեալ եկեղեցականութեամբ, պարտի լրջօրէն հետաքրքրուիլ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքով, հասկնայ եւ ըմբռնէ իրեն ինկած պարտականութեան կարեւորութիւնն ու լրջութիւնը, բարեկարգութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ եւ զայն կատարէ խոր եւ անկեղծ գիտակցութեամբ։
Ե. ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ կարեւոր հարցերէն մէկն է նաեւ հոգեւոր իշխանութեան, նուիրապետական կարգերու եւ կամ աստիճաններու վերակազմութիւնը։ Նկատի ունենալով մեր շեշտադրումը որ այսուհետեւ Եկեղեցոյ բոլոր աստիճանները պէտք է բաց ըլլան արժանաւորներու առջեւ՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ (ընտրութիւնը անհատինն է), կրկնապէս կարեւոր կը դառնայ Եկեղեցւոյ աստիճաններու վերակազմութեան անհրաժեշտութիւնը։
Քրիստոնէական Նախնական Եկեղեցւոյ հնաւանդ կանոններուն հետեւութեամբ, Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական հիմնական աստիճանները երեք են. սարկաւագութիւն, քահանայութիւն եւ եպիսկոպոսութիւն: Ասոնցմէ զատ, այսօր Հայց. Եկեղեցին ունի երկու պատրիարքութիւններ՝ Երուսաղէմ եւ Կոստանդնուպոլիս, որոնք յառաջ եկած են պատմական-քաղաքական պարագաներու բերումով, եւ որոնք խորքին մէջ վարչական բնոյթի պաշտօններ են: Դարձեալ, այս բոլորին կողքին ու անոնցմէ վեր՝ ունինք նաեւ կաթողիկոսութիւն, որ դա՛րձեալ ըստ էութեան՝ վարչական պաշտօն է, զոր կրողը, որպէս եպիսկոպոսապետը իր վարչական ու հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ինկող թեմերուն, իր անձին մէջ կ’ամփոփէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը: Այս պատճառով ալ, սոյն հանգամանքը շեշտելու եւ կաթողիկոսութեան հմայքը բարձրացնելու նկատումով, Հայց. Եկեղեցին կաթողիկոսներուն համար միւս նուիրապետական աստիճաններուն նման հաստատած ու վերապահած է յատուկ ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւն մը: Ըստ այսմ, այսօրուան դրութեամբ, մեր Եկեղեցւոյ մէջ ունինք երկու կաթողիկոսութիւններ՝ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, պատուոյ նախամեծարութեամբ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսական Աթոռին:
Հայց. Եկեղեցւոյ գործնական կեանքին մէջ ներկայիս իրողաբար կը գործեն քահանայութիւնը (ամուսնացեալ եւ կուսակրօն իր զոյգ թեւերով), եպիսկոպոսութիւնն ու կաթողիկոսութիւնը։ Թէեւ Ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ ունինք քահանայութենէ առաջ եկեղեցական պաշտօններու ա՛յլ եօթն աստիճաններ, սակայն անոնք Եկեղեցւոյ գործնական կեանքին մէջ ձեւակերպութենէ անդին չեն անցնիր, նամանաւանդ նկատի ունենալով որ այդ պաշտօններէն շատեր վերածուած են վարձաւոր ծառայութեան՝ ինչպիսին են ժամկոչութիւնն ու լուսարարութիւնը, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ են հոգեւոր աստիճաններու հանգամանքէն։
Եօթներորդ աստիճանը որ սարկաւագութիւնն է, մեծ կարեւորութիւն ունէր Առաքելական շրջանին եւ իր գործնական գոյութիւնը կը զգացնէր հոգեւոր մատակարարութեան դաշտին մէջ. վկայ՝ մարտիրոսացած սարկաւագներու պատմութիւնները, որոնք կը ճոխացնեն քրիտոնէական Ընդհանուր Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը։
Հակառակ անոր որ սարկաւագութիւնը կարեւոր պաշտօն մըն է Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, դժբախտաբար անոր կարեւորութիւնը կը շեշտուի միայն վանական կեանքէն ներս։ Այսօր՝ վայելչօրէն պատրաստուած սարկաւագներու պակասը զգալի է մեր արտասահմանեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Հայց. Եկեղեցին այնքան տկարացած է իր բարեկարգչական կեանքին մէջ, որ յաճախ սարկաւագներու չգոյութեան հետեւանքով քահանաներ պարտաւորուած կ’ըլլան իրե՛նք կատարելու սարկաւագի պաշտօնը, նամանաւանդ Պատարագի ատեն։
Այսօր կը կանգնինք նոր հրամայականի մը առջեւ: Անհրաժեշտ է մեր թեմական կեանքէն ներս ստեղծել սարկաւագաց յատուկ լուրջ դասընթացքներ, նուիրեալներու մէջ սերմանելու համար Ստեփանոսներու կոչումի եւ ծառայութեան ոգին եւ անոնց ներշնչելու Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան տեսլականով։
Հայց. Եկեղեցին, ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ, եւ մասնաւորաբար՝ Արեւելեան Եկեղեցիները, արարողական բնոյթ ունի իր բարդ եւ ժամակարգութեան պաշտամունքի արարողութեանց կերպին մէջ։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ ունենայ իր պաշտօնին գիտակից, պատրաստուած պաշտօնէութիւն մը, իր արարողութիւնները բարձրագոյն մակարդակով մատուցանելու համար իր հաւատացեալներուն։ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ մը կեանքին համար անհրաժեշտ կենսական պայմաններ են ասոնք, այսօրուան մեր հոգեւոր պէտքերուն եւ պայմաններուն համաձայն։
Ահաւասիկ դասակարգութեանց ճշդումին հետ զուգահեռաբար կ’ընթանայ նաեւ վարչական ծառայութեանց շրջաններու սահմանումն ու ճշդումը։ ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցին կը գտնուի նոր պայմաններու, վիճակներու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Բարեկարգութեան եւ ազգային գիտակցութեան վերակերտման եւ վերանորոգութեան գործին մէջ, Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական վերակազմութեան գործը պիտի ըլլայ բարեկարգութեան հրատապ հարցին ամենէն ուշագրաւ կէտերէն մէկը։
Չենք վարանիր ըսելու, որ վարչական վերակազմութեան եւ բարեկարգութեան հարցին կապուած է Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն (պաշտօնէութեան) պաշտօնավարութեան սահմանը։ Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական կեանքի աւանդական եւ նախկին դրութեան համաձայն, կային կարգ մը անփոփոխ վիճակներ. օրինակի համար՝ ձեռնադրուած քահանայ մը կամ թեմի մը վրայ ձեռնադրուած եպիսկոպոս մը մինչեւ մահ տէրն էր իր ծուխին կամ իր թեմին, եթէ, եպիսկոպոսի պարագային, աւելի բարձր պաշտօններու կոչուելով, պարտաւոր չըլլար հեռանալու իր պաշտօնէն: Նոյնն էր նաեւ կաթողիկոսներու եւ պատրիարքներու պարագան, պաշտօններ՝ զորս կը վարէին ցկեանս։
Այսօր սակայն, ինչպէս որ քաղաքական եւ տնտեսական կենցաղի մեր պայմանները փոփոխուած են ժամանակի պահանջներուն համաձայն, նոյնպէս պարտաւոր ենք փոփոխութիւններ կատարել Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութեան մէջ։ Արդէն ժամանակը լուծած է շատ մը հնադարեան սովորութիւններ, մասնաւորաբար ժառանգական իրաւունքը՝ ըլլայ ան քահանայութեան եւ կամ կաթողիկոսութեան պաշտօններու պարագային։
Այս սովորութիւններէն զատ պատմութեան ընթացքին կը հանդիպինք նաեւ կաթողիկոսներու, որոնք իրենց կտակներով թելադրութիւններ ըրած են իրենց յաջորդներու ընտրութեան համար։ Նոյնպէս, կը տեսնենք նաեւ՝ միաժամանակ գոյութիւն ունեցող կաթողիկոսական աթոռներու դրութին մը, ինչպէս նաեւ աթոռակից կաթողիկոսներու շարք մը, օրուան պահանջներէն եւ կարիքներէն ծնած։
Ահաւասիկ նմանօրինակ քաղաքական պայմաններու արգասիքը եղաւ Հայց. Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ստեղծումը՝ Օսմանեան Պետութեան Սուլթան Ֆաթիհի օրով, 1461 թուկանին, Յովակիմ Եպիսկոպոսի առաջին պատրիարքութեամբ. պատրիարքութիւն մը որ այդ օրերուն աւելի մեծ հանգամանք կը վայելէր յաչս Օսմանեան պետութեան, քան մեր միւս նուիրապետական Աթոռները՝ Էջմիածին, Կիլիկիա, Աղթամար եւ Երուսաղէմ։
Դարձեալ այս նոր քաղաքական պայմաններու մէջ բոլորովին յեղաշրջուեցան եկեղեցական վարչութեան հասկացողութիւնն ու անոր հին ըմբռնումները։ Ժողովուրդի ձայնին կամ քուէին արժէքը առաջնորդներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու ընտրութեան ժամանակ ի յայտ բերաւ անհրաժեշտութիւնը օրէնքի կիրարկումին, եւ հետեւաբար առաջնորդներ եւ պատրիարքներ ենթարկուեցան եւ կապուեցան կանոնական պարտականութեանց՝ իրենց վարչական գործերուն մէջ։
Սահմանադրութեան հաստատումը, մասնաւորաբար Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան մասին մէջ, բարերար մեծ դեր ունեցաւ մեր ազգային-եկեղեցական բոլոր գործունէութեանց վրայ։ Այնուհետեւ որոշուեցաւ թէ ի՛նչ օրինական կերպով պիտի ընտրուին (թէեւ կոպիտ խախտումները բազմաթիւ են մինչեւ մեր օրերը) եւ ի՛նչ օրինական պարագաներու մէջ պիտի դադրին պաշտօնավարելէ, եւ ի հարկին ինչպէ՛ս կրնան դարձեալ վերընտրուիլ պատրիարքները կամ եպիսկոպոսները։
Ճիշտ այստեղ է որ կանգ պիտի առնենք պահ մը, եւ աւելի խորը թափանցելով՝ աշխարհը կառավարող սահմանադրական ընդհանուր եւ մարդկային հիմնական սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերու վրայ հիմնուելով պիտի յայտարարենք, որ Հայց. Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն պաշտօնը՝ որ կաթողիկոսութիւնն է, պատշաճ է որ ենթարկուի նաեւ կանոնական պարտաւորութեանց եւ պաշտօնավարութեան սահմաններու։ Այլ խօսքով՝ նկատի առնել ենթակային տարիքի հարցը եւ պաշտօնէութեան տեւողութեան սահմանը եւ ըստ այնմ ճշտել ընտրելի թեկնածուները։
Տարիքի հարցը անհրաժեշտ է, որովհետեւ մարդ արարածը իր կամքէն անկախ ֆիզիքական չափ ու սահման մը ունի իր տոկունութեան մէջ, իր պաշտօնը արդիւնաւորապէս կատարելու համար։ Նմանօրինակ սահմանումներ թէ՛ թեմակալ առաջնորդութեան, թէ՛ պատրիարքութեան եւ թէ՛ կաթողիկոսութեան պարագաներուն՝ օգտաւէտ են ըլլա՛յ անհատին բարւոք կեցութեան, ըլլայ Եկեղեցւոյ առողջ մտածողութեան համար։ Անհրաժեշտ չենք գտներ աւելի պարզաբանել տարիքի հարցը, որովհետեւ բարձրագոյն պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուած անձը, թեւակոխելով որոշ տարիքի մը սահմանը, պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը նոյն աշխուժութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է որ քաշուի եւ հանգստանայ, Եկեղեցիին խնայելով նորանոր բարդութիւններ: Իսկ եթէ տակաւին առոյգ եւ կորովի է հանգստեան կոչուող ենթական, կրնայ իր հանգստեան ժամանակ իր տարիներու փորձառութեամբ ձեռք բերած գիտելիքները ի սպաս դնել նոր քատրերու դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ բանասիրական աշխատանքներու արդարօրէն գնահատելի աշխատանքին մէջ։
Այս իրողութեան գործնական-ժխտական վկայութիւնները կը տեսնենք ԱՅՍՕՐ թէ՛ Երուսաղէմի եւ թէ՛ Պոլսոյ պատրիարքութեանց մօտ։ Եթէ ունենայինք վարչական բարեկարգեալ վիճակ, թէ՛ եկեղեցականներուն եւ թէ ժողովուրդին խնայած պիտի ըլլայինք նորանոր բարդութիւններ մեր եկեղեցական, ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ եւ առիթ պիտի չտայինք շողոքորթներու որ օգտագործեն այս դժբախտ առիթները, իրենց փառասիրութենէն եւ շահամոլութենէն մղուած։
Այսօր ամբողջ աշխարհ, բացի այն երկիրներէն որոնք կը ղեկավարուին միահեծան բռնիշխանական պետերու կողմէ, կը ղեկավարուի սահմանադրական օրէնքներով եւ յստակ յատուկ պաշտօնավարութեան տարի սահմանած է իր երկրի ղեկավարին համար: Միացեալ Նահանգներու պարագային, օրինակի համար, Նախագահը իր պաշտօնավարութեան քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, օրէնքի տրամադրութեամբ կը դադրի իր պաշտօնէն։ Իսկ այն պարագային երբ ան հաւատարիմ եղած է իր պաշտօնին ու երկրի սահմանադրական օրէնքներուն, եւ որոշ չափով արժեցուցած իր պաշտօնավարութիւնը՝ իր ժողովուրդի ակնկալիքներուն համաձայն, ժողովուրդը դարձեալ կրնայ ընտրել զինք յաջորդ քառամեայ շրջանի մը համար եւս։
Այս օրէնքը որ որդեգրուած է աշխարհի մեծագոյն ժողովրդապետական պետութեանց կողմէ կրնայ օրինակ ծառայել նաեւ մեզի: Ինչու՞ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի օրէնք մը ոչ՛ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ Պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար:
Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին կը տեսնենք որ կաթողիկոսական ընտրութիւնները միակերպ չեն եղած երբեք: Նաեւ պատմութենէն գիտենք որ կաթողիկոսներ գահընկեց եղած ու անոնց տեղ ուրիշներ ընտրուած են, եւ ոմանք ալ ունեցած են աթոռակիցներ։ Հետեւաբար՝ պատճառ մը չկայ որ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ ներկայ դարու ոգիին համաձայն ընտրական նոր դրութիւն մը, հաստատելով տարիքի եւ պաշտօնավարութեան սահմաններ՝ թեմակալներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու պաշտօններուն համար։
Չէ՞ք կարծեր որ մեծ իմաստութիւն կայ նման մտածողութեան մէջ, երբ նկատի առնենք այն իրողութիւնը որ մարդիկ կրնան կա՛մ ֆիզիքապէս տկարացած ըլլալ, կամ գոհացուցիչ չէ իրենց կատարած պաշտօնը, եւ կամ ալ կան այնպիսի չնախատեսուած պատճառներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան առողջ եւ ողջամիտ պաշտօնավարութեան մը։ Հետեւաբար այդ պաշտօնեաներու դադրեցումը կը խնայէ թէ՛ անհատին հոգեմաշում, եւ թէ հայ ժողովրդեան կեանքի նոր ալեկոծումներ, ինչպիսիք են այսօր Պոլսոյ եւ Երուաղէմի պատրիարքութեանց վիճակները։
Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութեան վերակազմութեան հարցի լուծումէն կախեալ են անոր առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներու պարտաւորութեանց արդար եւ ճշմարիտ լուծումը:
Զ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Բարեկարգութեան մէջ կարեւոր խնդիրներէն մէկը լուծուած կ’ըլլայ եթէ նկատի առնենք ժողովուրդի դաստիարակութեան պարագան նոր ժամանակներու պայմանններու համաձայն եւ նոր հասկացողութեան լոյսի տակ: Եւ որպէսզի կարենանք յաջողիլ մեր դաստիարակչական առաքելութեան մէջ, հարկ է որ նկատի առնենք 21րդ դարու արդիական մեթոտները եւ զանոնք կիրարկենք քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ։
Հայց. Եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց հանդիսաւորութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը անկասկած մեծապէս կը նպաստեն հաւատացեալներու հոգեւոր դասիարակութեան աշխատանքին, սակայն եւ այնպէս բաւարար չեն մշակելու ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը իր բոլոր երեսներուն վրայ։ Անհրաժեշտ է բարեզարդել Եկեղեցւոյ խորանը — բեմը, որպէսզի ան կարենայ կատարել իր դաստիարակիչ դերը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքի վերազարթման աշխատանքին մէջ։
Դժբախտաբար այսօր մեր Եկեղեցւոյ բեմերը լուռ են այն իմաստով, որ այնտեղ չկան հոգեւոր նկարագիր ունեցող քարոզներ։ Մեր բեմերը դարձած են ազգային, վարչական եւ այլ ընկերային հարցեր լուծելու քարոզախօսութեան դաշտ։ Բեմ ելլողներ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) յաճախ զուրկ են սուրբ-գրական եւ կրօնական այլ գիտութիւններէ որպէսզի կարենան իրենց քարոզախօսութիւնը ծառայեցնել ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակման։
Ահաւասիկ թէ ինչու կը շեշտենք անհրաժեշտութիւնը իրենց կոչումին եւ նուիրումին գիտակից, պատրաստուած եկեղեցականներու (այս մասին լայնօրէն անդրադարձանք մեր երկրորդ յօդուածաշարքին մէջ, ուր շեշտեցինք անհատի մը նկարագրին երեք արժանիքները. Կոչում-Նուիրում-Ուսում), որոնք պիտի կարենան Եկեղեցւոյ բեմը դարձնել զուլալ, մշտահոս ակնաղբիւրը Աւետարանի ճամբով հոգեւոր ճշմարտութիւններու ժողովրդականացումին։
Սուրբ Գիրքը անհրաժեշտ է մատչելի եւ հասկնալի դարձնել մեր ժողովուրդին։ Բարեբախտաբար ներկայիս աշխատանք կը տարուի Սուրբ Գրքի աշխարհաբարի նոր թարգմանութեան, հետեւաբար կ’ակնկալենք որ ան համասփիւռ հայութեան կարենայ մատչելի դառնալ նուազագոյն գիներով, որովհետեւ Սուրբ Գիրքի առանձնական ընթերցումն ու սերտողութիւնը, Եկեղեցւոյ բեմէն անոր ընթերցման եւ մեկնութեան կողքին, մեր ժողովուրդը պիտի պահեն կրօնական կեանքի մթնոլորտին մէջ, եւ պիտի ցանեն անոր մէջ աստուածային շնորհներու առատաբաշխ սերմերը։
Սուրբ Գիրքի եւ հոգեւոր գրականութեան սերտողութիւնը մեծ նպաստ պիտի բերէ մեր ժողովրդային դաստիարակութեան, որուն պիտի ընկերանայ նաեւ հովուական այցելութիւնը որպէս կարեւոր ազդակ հոգեւոր դաստիարակութեան. Հովուական Աստուածաբանութեան գիտութեամբ զինուած հոգեւոր մշակներ տուն առ տուն պիտի կարենան տարածել աստուածային պատգամը եւ ներշնչեն ու դաստիարակեն ժողովուրդը հոգեւոր կեանքի օծութիւններով։ Հայց. Եկեղեցւոյ մշակը պատրաստ պէտք է ըլլայ հովուական այցելութեան՝ իր հոգեւոր հմտութեամբ, նկարագրի բարեսրտութեամբ, կոչումի անձնուիրութեամբ եւ հաստատուն, ապառաժեայ փորձառութեամբ։
Իմաստուն հոգեւորականը անշահախնդիր եւ արթուն խորհրդատուն է իր ժողովուրդին եւ միշտ պատրաստ է իր ծառայութիւնները մատուցանելու իր խնամքին յանձնուած իւրաքանչիւր անհատին։ Բարեկարգ եկեղեցի մը կենդանի է եւ աշխոյժ՝ իր բարեկարգ ժողովուրդով, այլ խօսքով՝ հոգեւոր դաստիարակութեամբ եւ աստուածատուր շնորհներով զինուած ու պատրաստուած ժողովուրդով։
Հայ ժողովուրդի կրօնական դաստիարակութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը պիտի խաղան մեր համասփիւռ հայ վարժարանները եւ կիրակնօրեայ վարժարանները։ Դժբախտաբար սակայն, այսօր մեր գաղութէն ներս կը գտնենք հայ վարաժարաններ, ուր կրօնական գիտելիքներ երբեք չեն դասաւանդուիր զանազան ընկերային-քաղաքական պատճառներով։
Նոյնքան անհրաժեշտ կը գտնենք Սուրբ Գրոց սերտողութեան եւ մեկնաբանութեան շաբաթօրեայ պահերը՝ մասնաւորաբար պատրաստուած մեր նոր սերունդին համար։ Հոգեմտաւոր սնունդի այս մատակարարումը շատ անհրաժեշտ է զինելու մեր երիտասարդութիւնը ընդդէմ նորելուկ, խաբուսիկ, ժամանակաւոր աշխարհային հրապոյրներու։
Կրկնակի անհրաժեշտութիւն կը զգանք մեր եկեղեցիները օժտելու նիւթական առողջ միջոցներով, եւ քաջալերելու որ անոնք զբաղին նաեւ հոգեւոր գրականութեան մշակմամբ եւ չտարածեն միայն լրատուական թերթիկներ՝ եկեղեցւոյ հոգեհանգիստներն ու նուիրատուութիւնները յայտարարելու։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ամսաթերթ՝ ըլլայ իր ծուխին համար հոգեւոր դաստիարակութեան եւ ներշնչման յորդառատ աղբիւր։
Կասկած չունինք որ այսօր հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիին, հոգեւոր պաշտօնեաներուն, եւ հաւատքի հանդէպ որոշ անտարբերութիւն մը ունի կամ կը ցուցաբերէ, եւ դժբախտաբար ոմանց մօտ այդ անտարբերութիւնը հասած է արհամարհանքի աստիճանին։ Պատճառները շատ են. ըլլան անոնք ընկերային-բարոյական, եւ հոգեբանական։ Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ փորձենք վերլուծել շարժառիթներն ու պատճառները այդ անհոգութեան եւ անտարբերութեան։
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ քրիստոնէութիւնը կրօնք է, եւ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը՝ հոգիներու փրկութեան գործն է, Աւետարանի քարոզութեան ճամբով՝ մարդ արարածը պատրաստելու համար հանդերձեալ կեանքին: Քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներն ու գործիչները Աւետարանի քարոզութեան առընթեր զբաղեցան նաեւ բարոյական եւ ընկերային գործերով: Անոնք փնտռեցին ընկերութենէն հալածուածներն ու թշուառները, անկեալներն ու կարօտեալները, եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն մէջ արթնցուցին վաղուան ազատութեան յոյսը։ Հիւանդներու սնարին մօտ տարին աւետարանական մխիթարութեան շունչը եւ կազմակերպեցին հասարակաց սեղաններ՝ կերակրելու անօթիներն ու սովածները։
ԱՅՍՕՐ, սակայն, Հայ Եկեղեցին ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթ կը պարզէ մեր աչքերուն առջեւ։ Փակուած են Մեծն Ներսէսներու հաստատած անկելանոցներն ու հիւանդանոցները, աղքատանոցներն ու հիւրանոցները, եւ ժողովուրդը թողուած է իր տառապանքին մէջ անմխիթար, այլ խօսքով՝ յանձնուած կեանքի բախտախաղին (թէեւ՝ ուրախութեամբ կ’իմանանք որ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. զանազան շինարարութիւններով, կը փորձէ վերակենդանացնել Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ սպասաւորութեան դաշտը, Մեծն Ներսէս Հայրապետի օրինակով)։
Այն ահաւոր տագնապը, որուն ենթարկուած են այսօր աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները, արդիւնքն են Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկուն՝ ընկերային կոչման թերացումին։ Եկեղեցին պահ մը չանդրադարձաւ որ ծէսերն ու վարդապետութիւնները առանձինն անկարող պիտի ըլային կենդանի պահելու կրօնական որեւէ հաստատութիւն։ Որքան քիչ է ընկերային օժանդակութեան գործընթացը Եկեղեցւոյ մէջ, այնքան անհրապոյր է Եկեղեցւոյ կրօնական ձեռնարկը իր ժողովուրդի աչքին։ Որքան տկար է բարոյական ներշնչումի աղբիւրը Եկեղեցիէն ներս, այնքան տկար է անոր քաշողականութիւնն ու հմայքը ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցին, Հայց. Եկեղեցին ալ մէջը ըլլալով, ո՛չ միայն արհամարեց կարօտեալն ու աղքատ դասակարգը, այլեւ քաջալերեց հարուստին մոլութիւններն ու փառասիրութիւնները։ Խորհուրդներու մատակարարութիւնը սակագիներով պղտորեց։ Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը շուկայի վերածեց՝ հաստ ու բարակ մոմերու վաճառքով։ Փառաւոր հանդիսութիւններով պատուեց այլասերած հարուստներու բորբոսած դիակները եւ աղքատին վերապահեց անհոգի եւ սնանկ արարողութեան մը փշրանքները։
Քրիստոնէական Եկեղեցին, մասնաւորաբար Կաթողիկէ եկեղեցին, շատերէ երազուած արքայութիւնը հարուստներուն վաճառեց, եւ անոնց առջեւ փակեց դժոխքին դռները՝ վճարուած հսկայական գումարներու փոխարէն, իսկ ժողովուրդի աղքատ եւ միջակ դասակարգերը, որոնք բո՛ւն իսկ ժողովուրդն են՝ այսինք Եկեղեցւոյ իսկական գանձը, զրկեց երկրաւոր եւ երկնային բարիքներէն։
Եկեղեցին առողջ է եւ կենդանի երբ մղում կու տայ ընկերային ծառայութեան եւ կը խորտակէ պատուարները խտրականութեան, արուի եւ էգի, հարուստի եւ աղքատի։ Ժամանակն է այրելու մեր Եկեղեցւոյ խորհուրդներու սակագիներու ցանկերը, աղօթքները դրամով ծախելու սովորութիւնները, անարժաններու՝ դրամին փոխարէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Մեսրոպի, Շնորհալիներու եւ ա՛յլ անուններով շքանշաններ տալու սովորութիւնները, կարենալ իրականացնելու համար մահամերձ հաւատքին վերակենդանացումը։
Արդի կրօնական անտարբերութեան սերմերը պէտք է փնտռել մեր օգտապաշտ քաղաքակրթութեան հետապնդած ուղղութեան մէջ։ Մեզ առաջնորդող քաղաքակրթութիւնը որ ծանօթ է քրիստոնէական (շատ անգամ նաեւ՝ Յուդայաքրիստոնէական (Judeo-Christian) քաղաքակրթութիւն անունով, նիւթականացուցած է ամէն ինչ՝ նոյնիսկ մարդը։ Մեքենական յառաջդիմութիւնները, քիմիական զարգացումները, ճարտարարուեստական յաջողութիւնները, ստամոքսի եւ քսակի հետ կապ ունեցող խնդիրները՝ հիմը կը կազմեն դժբախտաբար այսօրուան կրօնքին։
Այս բոլոր ախտաճանաչումները կատարելէ ետք, պիտի կարենա՞նք արդեօք յայտարարել որ Հայց. Եկեղեցին պատրաստ է վերստեղծելու կորսուած կրօնական ներդաշնակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Դժուար է պատասխանել, որովհետեւ մեզի կը պակսին ձեռնհաս հոգեւոր մշակներ եւ քարոզիչներ այդ մեծ հրաշքը իրագործելու համար։
Պէտք չէ թողուլ որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կանգնի գահավիժումի եզրին։ Անհրաժեշտ է որ մեր Եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնները, ընդառաջելով ժողովրդական ընդհանուր բաղձանքին եւ ժամանակի պէտքերուն ու մարտահրաւէրներուն, բարեկարգիչ ձեռնարկներով Եկեղեցին անգամ մը եւս մատչելի դարձնեն իր ժողովուրդին եւ անոր հոգեմտաւոր ծով կարիքներուն։
Սիզբը տես Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Հրատապ Հարցը (Ա և Բ)