Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 12 Հոկտեմբեր – 26 Նոյեմբեր 2012
Է. ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ
Եկեղեցւոյ կրօնական-արարողական պաշտամունքը, որպէսզի ըլլայ հրապուրիչ եւ ունենայ իր ներգործող ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն հոգեմտաւոր կեանքի վրայ, հարկ է որ ըլլայ հասկնալի լեզուով, այսինքն աշխարհաբարով, որ գործածական լեզուն է ժողովուրդին: Նոյն ատեն պէտք է ոչ-ձանձրանալի դարձնել արարողութիւններու տեւողութիւնն ու գեղարուեստական վայելչութիւնը։
Անշուշտ կարելի չէ ուրանալ որ գրաբար ոսկեղինիկ լեզուին արտադրած գանձերն ու ճոխութիւնները դարերու ընթացքին պիտի շարունակեն մնալ իբրեւ հայ ստեղծագործ մտաւոր երկունքի արտայայտութիւններ։ Այսօրուան մեր գրական լեզուի ճոխութիւնն ու յղկուած գեղեցկութիւնը մեծ մասամբ կը պարտինք Ոսկեդարեան լեզուի բարերար ազդեցութեան։ Բայց եւ այնպէս, գրաբար լեզուի վսեմութիւնն ու ճոխութիւնը պատճառ մը չէ որ մենք կապուած մնանք անոր՝ եկեղեցական մեր արարողութիւններուն մէջ, երբ այդ լեզուն օտարացած եւ անհասկնալի դարձած է ժողովուրդին։
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 12 Հոկտեմբեր – 26 Նոյեմբեր 2012
Է. ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ
Եկեղեցւոյ կրօնական-արարողական պաշտամունքը, որպէսզի ըլլայ հրապուրիչ եւ ունենայ իր ներգործող
Անշուշտ կարելի չէ ուրանալ որ գրաբար ոսկեղինիկ լեզուին արտադրած գանձերն ու ճոխութիւնները դարերու ընթացքին պիտի շարունակեն մնալ իբրեւ հայ ստեղծագործ մտաւոր երկունքի արտայայտութիւններ։ Այսօրուան մեր գրական լեզուի ճոխութիւնն ու յղկուած գեղեցկութիւնը մեծ մասամբ կը պարտինք Ոսկեդարեան լեզուի բարերար ազդեցութեան։ Բայց եւ այնպէս, գրաբար լեզուի վսեմութիւնն ու ճոխութիւնը պատճառ մը չէ որ մենք կապուած մնանք անոր՝ եկեղեցական մեր արարողութիւններուն մէջ, երբ այդ լեզուն օտարացած եւ անհասկնալի դարձած է ժողովուրդին։
Նկատի ունենալով որ աշխարհաբարն է մեր լեզուն այսօր, որ բիւրեղացած է գրաբարի նուիրական արմատական լեզուէն, եւ որ մեր ընկերային յարաբերութեան լեզուն է, մեր դպրոցներու լեզուն, մեր գրականութեան եւ հրապարակագրութեան լեզուն, ինչո՞ւ զայն չդարձնենք նաեւ եկեղեցւոյ արարողութեանց լեզուն, բան մը որ անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան համար։ Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է որ ժողովուրդը իր հասկցած լեզուով լսէ Աստուածաշունչի պատգամները, նոյն ատեն իր առանձնութեան մէջ կարդայ Սուրբ Գիրքը իր հասկցած լեզուով։
Անկասկած որ կարգ մը պահպանողական անձեր համաձայն չըլլան այս գաղաբարին: Բարեբախտաբար ժամանակն ու հարկը մասամբ մը լուծած են այդ հարցը, սակայն անհրաժեշտ է միաձեւութիւնը պահպանել բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, եւ ճիշդ այդ նպատակին համար, հարցը պէտք է իր վերջնական լուծումն ու վաւերացումը ստանայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն հեղինակութեանց կողմէ, եւ ո՛չ թէ թեմական կրօնական ժողովներու որոշումով կիսավաւերացուած-օրինականացուած։
Մարդկային տնտեսութեան մէջ, ամէն բան չափ ու սահաման ունի։ լաւագոյն կարծուած երաժշտական կտոր մը, որ իրաւամբ կրնայ գլուխ գործոց մը նկատուիլ երաժշտական քննադատներու կողմէ, կարելի չէ մտիկ ընել անդադրում, երկար ժամեր։ Նոյնպէս, կարելի չէ ամենահամադամ կերակուրն իսկ չափէն աւելի ուտել։ Ո՛չ ալ կարելի է պերճախօս քարոզիչ մը մտիկ ընել ժամերով։ Մարդ արարածը՝ որքան ալ համբերատար՝ կը յոգնի եւ կը ձաձրանայ երկարատեւ պաշտամունքէ կամ կրօնական արարողութենէ, թէկուզ ներկայացուի ան՝ անթերի մեծվայելչութեամբ եւ լրջութեամբ։
Մարդկային կենցաղային պայմանները փոխուած են եւ յաճախ կը փոխուին նոր մարտահրաւէրներու առաջ։ ինչպէս որ մարդկային ընկերութեան հաստատութիւնները կ’ենթարկուին փոփոխութեան, Եկեղեցին ալ զուրկ չի կրնար մնալ այդ բոլորէն որպէս կազմակերպեալ հաստատութիւն։ Հետեւաբար ժամանակի պահանջներուն համաձայն անհրաժեշտ է տնօրինել պարտն ու պատշաճը, մեր արարողութիւնները աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։
Այստեղ կ’արժէ յիշատակել որ ընդհանրապէս Հայց. Եկեղեցւոյ ժամակարգութիւնը, որ եօթէն իննի բարձարացուած է ժամանակի ընթացքին, կարգաւորուած է վանական միջավայրի համար, թէեւ այնտեղ ալ ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւններ կատարուած են եւ ժամերգութիւնները իրարու միացած կերպով կը կատարուին երկու բաժիններով՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան: Իսկ գաղութներու մէջ մասնաւորաբար, ժամերգութիւնները ամբողջութեամբ կորսնցուցած են իրենց հրապոյրը եւ հազիւ առաւօտու կրճատ ժամերգութիւն մը կը կատարուի Կիրակի օրերը Ս. Պատարագէն առաջ, իսկ ան ալ յաճախ կախեալ է հոգեւոր հովիւին տրամադրութենէն…։ Իսկ այն եկեղեցիները որոնք քիչ-շատ գիտակ սարկաւագ ու դպիրներ ունին՝ ծխատէր քահանային կ’օգնեն Աւագ Շաբթուան որոշ օրերու արարողութիւններուն, որոնք դա՛րձեալ կը կրճատուին մեծ չափերով:
Թէեւ մեր կիրակնօրեայ ժամերգութիւններուն եւ պատարագներուն մէջ կայ հոգեւոր զուարթութիւն մը՝ այլ խօսքով կենդանութիւն իր արարողական երգին եւ ձեւին մէջ, ատով հանդերձ՝ ժողովուրդը կը ձանձրանայ եւ ընդհանրապէս կ’արտայատէ զայն եկեղեցւոյ մէջ իր անտեղի երթեւեկով եւ անհամբեր կը սպասէ աւարտին, երբեմն ալ արարողութիւնը կիսաւարտ թողլով կը մեկնի եկեղեցիէն՝ ամենայն անտարբերութեամբ, դուրսը գաւիթին մէջ եւ կամ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ծխելու եւ կամ շատախօսելու ընկերոջ մը հետ։
Այս երեւոյթները մատնանիշ ընելով կ’ուզենք յայտնել թէ երկարատեւ արարողութիւնները երբ ձանձրացուցիչ են, կը դադրին հոգեւոր դաստիարակութեան միջոց ըլլալէ եւ Եկեղեցւոյ կեանքը կ’առաջնորդեն լճացումի եւ ուծացումի։
Արարողութիւններու տեւողութեան հետ սերտ կապ ունի նաեւ պաշտամունքի ձեւերուն վայելչութիւնն ու ներդաշնակութիւնը։ Շատ կարեւոր է երգեցողութեան գեղարուեստական բաժինը, որ հարկ է ըլլայ անթերի, հաճելի եւ հաղորդական։ Եկեղեցին՝ որ հաւաքականութիւնն է նոյն ինքն ժողովուրդին, պարտի ըլլալ ողջ մարմին իր պաշտամունքի բոլոր ձեւերուն եւ արտայայտութեանց մէջ, եւ ամէն տեղ արտացոլացնէ վայելչութիւնը երաժշտական գեղարուեստին իր բարձրագոյն կերպին մէջ։
Հայց. Եկեղեցին Շնորհալիի շրջանին կը պարտի իր երաժշտութեան եւ գեղեցիկ զգեստաւորումի վայելչութիւնը եւ չենք կրնար ուրանալ այն իրողութիւնը որ Արեւմուտքի հետ մեր շփումները թողած են իրենց ճաշակի դրոշմը մեր Եկեղեցւոյ կեանքին վրայ։
Երաժշտական եղանակ մը կամ շարական մը որպէսզի հասնի իր նպատակին՝ այսինք ներշնչումի յորդառատ աղբիւր դառնայ, հարկ է որ ներկայացուի վայելչութեամբ եւ արուեստի հասկացողութեամբ։ Բաւական չէ երգել, այլ պէտք է հասկնալ երգուածը՝ ապրիլ եւ ապրեցնել։
Ցաւ ի սիրտ կ’անդրադառնանք որ յաճախ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պակսի պաշտամունքի վայելչութիւնը. օրինակի համար՝ առանց լպռտելու, անթերի առոգանութեամբ կատարուած ընթերցումները, շարականներու կամ սաղմոսներու երգեցողութեան անյարիր եւ անհաճոյ անհատական մեկնաբանութեամբ կատարուած երգեցողութիւնները։ Շարքը կարելի է երկարել օրինակներուն, սակայն անհրաժեշտ չենք գտներ այստեղ մանրամասնօրէն մատնանշելու այդ ոչ-վայելուչ երեւոյթները, չշեղելու համար ընդհանուր նիւթէն։
Նոյնքան կարեւոր է պահպանել եկեղեցւոյ պատկառանքը։ Եկեղեցին շատ բան կը կորսնցնէ իր խորհրդաւորութենէն, երբ պարզ կենցաղային սկզբունքներ չեն յարգուիր այնտեղ։ Օրինակի համար անտեղի երթեւեկը թէ՛ ժողովուրդին, թէ՛ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն, եւ թէ դպիրներուն, փոքրիկներու աղմուկներն ու լացերը, կողմնակի խօսակցութիւնները, կոկորդ եւ քիթ մաքրելու ոչ-վայելուչ ձեւերը, բջիջային հեռախօսներու զանգերը –շարքը կարելի է երկարել–, այս բոլորն ալ դժբախտաբար տեղի կ’ունենան արարողութեանց ժամանակ եւ կը նսեմացնեն սրբավայրին պատկառանքը։
Անկասկած որ այս բոլորը կապ ունին մեր ժողովուրդի դաստիարակութեան հետ։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը, որուն մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ ժողովուրդի դաստիարակութեան հրամայականը, իրողութիւն մը որուն համար մեր եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնները պարտին միջոցներ ստեղծել ժողովուրդի ճաշակն ազնուացնելու համար, որովհետեւ՝ պէտք չէ մոռնալ որ ժողովուրդն է նոյն ինքն եկեղեցին։
Եկեղեցւոյ պատկառանքը պահելու առընթեր, անհրաժեշտ է նաեւ ապահովել հաւատացեալներու գործնական մասնակցութիւնը արարողութեանց՝ թէ՛ երգեցողութեան եւ թէ աղօթքներու մէջ։ Այսօր՝ գրեթէ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները որդեգրած են նման դրութիւն մը. նոյնպէս ալ Հայց. Եկեղեցին պարտի որդեգրել եւ քաջալերել հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։ Թէեւ կարգ մը հայ եկեղեցիներու մէջ կը լսենք ժողովրդային մասնակցութիւնը, բայց եւ այնպէս պէտք է դաստիարակել եւ ապահովել ժողովրդային մասնակցութիւնը ամէնուրեք, որպէսզի անոնք իրենց կրաւորական դիրքէն ելլելով, մաս եւ բաժին դառնան հոգեպարար արարողութեանց։
Վերեւ յիշատակուած երեւոյթը նորութիւն չէ Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ընդհակառակը, Ս. Պատարագի ատեն սարկաւագն ալ յաճախ կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն եւ կը խնդրէ որ բոլորն ալ Տէր ողորմեա՛ ըսեն “Ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ Տէր Ողորմեա”։ Ժողովուրդը անգիտակ այս իրողութեան, լուռ կը մնայ, որովհետեւ անհրաժեշտ դաստիարակութեան պակասը, զինք պահած է միշտ կրաւորական վիճակի մէջ։
Եզրակացնելով պիտի յայտնենք որ անհրաժեշտ է կրթել եւ դաստիարակել ժողովուրդը, որպէսզի մասնակցի արարողութեանց եւ իր մասնակցութեամբ աւելի մշակէ իր հոգեմտաւոր զգացումները եւ Շնորհալիներու խնկաբոյր աղօթքներն ու շարականները դառնան ճառագայթումները իր քրիստոնէական էութեան։ Այնուհետեւ ապրին եւ ապրեցնեն եկեղեցւոյ աղօթքներն ու շարականները իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ։
Ը. ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ոչ-քրիստոնէական՝ արեւելեան հին կրօններու մէջ եւս պահքը կամ ծոմապահութիւնը գոյութիւն ունեցած է։ Պրահմականութեան մէջ ծոմապահութիւնը մաս կազմած է ժողովուրդի ընկերային-հասարակական եւ հոգեւոր կեանքին։ Նոյնն էր սովորութիւնը եգիպտացիներու մօտ, որոնք մասնաւոր տօնակատարութեանց կը պատրաստուէին յատուկ ծոմապահութիւններով։ Յունական դիցաբանութեան մէջ ալ կը կարդանք ծոմապահութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ՝ ուր տեղի կ’ունենային Արամազդի եւ Սէրէզի տօնախմբութիւնները։ Հրեաներն ալ ծոմապահութեան գաղափարը ժառանգեցին եգիպտացիներէն, իսկ քրիստոնեաներն ու մահմետականները՝ հրեաներէն։
Կրօնաբարոյական ըմբռնումով՝ պահեցողութիւնը ձեւով մը լաւագոյն միջոցն է որով մարդ անհատը ոյժ կը ստանայ իշխելու իր մարմնին եւ նուաճելու իր կիրքերը։ Այս հասկացողութեան լաւագոյն օրինակը տուաւ Աստուածորդին՝ երբ կը պատրաստուէր իր երկրաւոր առաքելութեան։
Կրօնաբարոյական այս ըմբռնումէն անկախ՝ նկատի պէտք է ունենալ առողջապահական բարիքները, բժշկական անկիւնէն դիտուած։ Սննդառութեան չափազանցութիւնը այսօր տիեզերական վատառողջութիւն մը ստեղծած է։ Մարդիկ հիւանդ են՝ որովհետեւ սննդառութեան հետապնդումի չափազանցութեան մէջ ընկղմած են եւ շատակերութիւնը կը նկատեն հաճոյք եւ կենցաղավարութեան միակ նպատակ։
Եթէ մեր նախնիք աւելի առողջ, կայտառ եւ զօրաւոր էին քան մենք այսօր, պատճառներէն մէկն ալ այն էր–բացի չքաւորութենէն– որ անոնք իրենց ակամայ զրկումներու եւ կամաւոր ծոմապահութեան օրերը ապրեցան եւ այդպէսով թոյլ տուին որ իրենց մարմնի գործարանները իրենց պաշտօնը կատարեն կանոնաւորութեամբ։
Բժշկական հասկացողութեամբ՝ սնունդէ զրկումը նախ յառաջ կը բերէ քաղցի-անօթութեան զգացումը, տեսակ մը ջղային գրգրում ու ապա տկարութեան զգացում մը։ Սակայն եւ այնպէս, միեւնոյն ատեն շարժման մէջ կը դնէ թաքուն երեւոյթներ, որոնք շատ աւելի կարեւոր են մեր առողջութեան համար։ Օրինակի համար, լեարդին շաքարը շարժման մէջ կը դնէ, ինչպէս նաեւ ենթամաշկի ամբարներուն ճարպը, մկաններուն, գեղձերուն, լեարդային բջիջներու փրոթէինները (protein): Մարդկային մարմնին բոլոր գործարանները, իրենց սեփական նիւթերը կը զոհեն պահպանելու համար մարմնին առողջութիւնն ու սրտին ամբողջականութիւնը։ Մէկ խօսքով՝ ծոմապահութիւնը կը մաքրէ եւ կը կերպարանափոխէ մեր ամբողջ էութիւնը։
Բժշկագիտական փորձերը այսօր ցոյց տուած են որ որոշ ծոմապահութեամբ կարելի է ապահովել երկարակեցութիւն՝ նոյնիսկ անասուններու պարագային։ Հիմնուելով բժշկագիտական նման տուեալներու վրայ, կրնանք յայտարարել թէ՝ քրիստոնէական հին սովորութեամբ նուիրագործուած ծոմապահութիւնը եւ անոր գործադրութիւնը՝ ո՛չ միայն կրօնական, այլ եւ առողջապահական իմաստով կը նպաստէ մեր կազմախօսական գործարաններուն, իրենց սահմանուած պաշտօնները կանոնաւորապէս կատարելու։
Քրիստոնէական նախնական եկեղեցին պահք ըսելով ծոմապահութիւն կը հասկնար. իսկ այսօրուան պահքի հասկացողութիւնն ու եկեղեցւոյ հրահանգները յետսամուտ են ընդհանրապէս։ Ծոմապահութիւնը սահմանուած էր Զատկի տօնին պատրաստուելու համար։ Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի կամ ծոմապահութեան մերօրեայ հասկացողութեան տեղ՝ քառասուն ժամուան ծոմապահութիւն մը միայն գոյութիւն ունէր, ընդհանուր Եկեղեցւոյ հայրերէն Իրենիոսի վկայութեամբ։ Մերօրեայ Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութ շաբաթներէ, Առաջաւորացն ալ միասին հաշուելով։ Եւ որովհետեւ շաբաթ եւ կիրակի օրեր պահեցողութիւնը արգիլուած էր նզովքով (Կանոն Թադէոս առաքեալի թիւ 27), հետեւաբար ութ շաբաթներէն կիրակիներն ու շաբաթները (16 օր) զեղչելով կ’ունենանք Մեծ Պահոց քառասուն օրերը։
Ժամանակի ընթացքին Զատկի տօնին պատրաստուելու սովորութիւնը ընդհանրացաւ եւ ուրիշ տօներ ալ համեմատաբար ունեցան զիրենք կանխող նախապատրաստական պահեցողութեան օրերը։ Նոյն ատեն՝ տօնական օրերէն անջատաբար, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերն ալ յատկացուեցան պահեցողութեան։
Հետզհետէ ստուարացող պահեցողութեան այս կարգադրութիւնները ե՞րբ սկսած են մեր մէջ եւ եկեղեցական ո՞ր ժողովներու կողմէ սահմանուած եւ որոշուած են, կը մնայ անծանօթ։ Մեզի կը պակսին յստակ, ստոյգ որոշ տեղեկութիւններ։
Ահաւասիկ կարճ բացատրողական ներածականէ մը ետք տեսնենք թէ պահքը կամ ծոմապահութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան մեր կրօնաբարոյական կեանքին մէջ։ Դժբախտաբար՝ կրօնական գիտելիքներու եւ զգացումներու թուլացումին հետեւանքով, ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ պահքի սովորութեան եւ այսօր շատ փոքր եւ զանցառելի թիւով անհատներ կը պահեն պահքի սովորութիւնը, այն ալ կրճատուած ձեւով եւ անհատական հասկացողութեամբ ու մեկնաբանութեամբ։
Այսօր՝ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին կը մնայ պարտականութիւնը՝ նկատի առնել ժողովուրդի կողմէ արդէն իսկ ընդհանրացած այս զանցառութիւնները եւ, եթէ հարկ նկատեն, պաշտօնապէս ջնջեն նաեւ իրենց իմաստէն մերկացած պահքերը, եւ պահեն միայն մէկական շաբաթ պահք՝ Զատկի եւ Ծնունդի տօներուն համար։
Նկատի ունենալով պահքի կրօնական ըմբռնումի թուլացումը մարդկային կեանքին մէջ, որպէս միջոց մեղքերու թողութեան եւ հոգեկան մաքրագործումի, անհրաժեշտ է շեշտել պահեցողութեան առողջապահական ըմբռնումը եւ զայն դարձնել մարդկային ֆիզիքական կեանքը կանոնաւորող միջոց։ Դժբախտաբար մարդիկ այսօր դարձած են ստամոքս մը, եւ ամբողջութեամբ կլանուած վայելքի եւ հաճոյքի զգացումներէն։ Ամէն մտածում եւ աշխատանք նուիրած ու սեւեռած են ստամոքսի գոհացումին։ Մարդ արարածը կորսնցուցած է վայելքի կիրքերը սանձելու իր կարողականութիւնը։ Զրկումի գաղափարն իսկ անհանդուրժելի դարձած է բոլորին համար, որովհետեւ ան կը կաշկանդէ ախորժակներու եւ կիրքերու անսանձ կիրարկումը։
Այս բոլորէն վեր, անշուշտ կը մնայ ծոմապահութիւնը որպէս միջոց միստիք ապրումի եւ հոգեբանական ազնիւ հակումներու։ Դժբախտաբար քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած է հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթին ու բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները։ Շատ ունենալու եւ շատ վայելելու հրամայական պէտքն ու յօժարութիւնը քանդած են մարդուն հոգեկան եւ բարոյական տաճարը։
Բոլոր կրօններու հիմնադիրները, իրենց գործունէութեան պատրաստուած են ծոմապահութեան կամաւոր զրկումէ ետք։ Տիպար մարդուն արժէքը կը սկսի հիմնաւորուիլ այն օրէն՝ երբ ան կը սկսի տիրանալ ինզինքին իշխելու, ինքզինքը որոշ նպատակի մը առաջնորդելու կարողութեան։ Ահաւասիկ այդ նորաստեղծ անհատականութեան մեծապէս պիտի նպաստէ կամաւորապէս գործադրուած ծոմապահութեան ազնիւ սովորութիւնը։
Բոլորս ալ գիտենք որ սննդառութեան չափազանցութիւնը այսօր տիեզերական վատառողջութիւն մը ստեղծած է։ մարդիկ ոչ՛ միայն հիւանդ են բարոյականով, այլեւ ֆիզիքականով։ Չափազանցած չենք կրնար ըլլալ՝ եթէ յայտարարենք որ մեր վայելած առողջութիւնը արուեստական է։ Ահաւասիկ այս հիւանդագին մտայնութեան սերմերը պէտք է փնտռել մեր օգտապաշտ քաղաքակրթութեան հետապնդած ուղղութեան մէջ։
Արդեօք Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ մարդուն մէջ վերստեղծել կորսուած հոգեւոր ներդաշնակութիւնը։ Պիտի կարենա՞նք ունենալ ձեռնհաս առաքեալներ ու քարոզիչներ որոնք պիտի կարողանան այդ հրաշքը գործել, թէ՝ պիտի մնանք հին համոզումներու վրայ ձեւուած, լճացած եւ ուծացած մի կրօնական կազմակերպութիւն։
Բարեբախտաբար Հայց. Եկեղեցին կրօնական հաստատութեան մը հանգամանքէն անկախ, նաեւ ազգային աւանդութիւններու, ազգային միութեան եւ բաղձանքներու օրրան մըն է՝ միջնաբերդի հանգամանքով օժտուած։ Կրօնապէս ան կրնայ անտեսուած ըլլալ իր ժողովուրդէն՝ ինչպէս բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները այսօր, սակայն ոչինչ կը կորսնցնէ իր դարաւոր հմայքէն եթէ մեր նուիրեալ, իր կոչումին խոր գիտակցութիւնը ունեցող եկեղեցականութիւնը գիտնայ զայն մօտեցնել ժողովուրդի սրտին եւ հոգիին։
Թ. ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Փոքրիկ պատմական մը մեզ աւելի կը լուսաւորէ թէ ինչ հոլովոյթներէ անցած է ամուսնութիւնը մարդկային կեանքի հասարակական, ընկերային ու կրօնական կենցաղին մէջ։ Ժամանակին ամուսնութիւններ կնքուած են երեք տարբեր ձեւերով. ա.- Իբրեւ բնական դաշինք այր եւ կնոջ միջեւ, մշտական կամ ժամանակաւոր հանգամանքով։ բ.- Իբրեւ քաղաքական-ընկերային դաշինք, որուն վաւերացումը կու տար քաղաքային որեւէ պաշտօնատուն, եւ ծանօթ է քաղաքային ամուսնութիւն անունով։ գ.- Իբրեւ կրօնական դաշինք, երբ ամուսնութիւնը կը կատարուէր կրօնական ծէսով, մեհեանի կամ եկեղեցիի շրջանակին մէջ, իրաւասու պաշտօնեայի մը ձեռքով։
Հեթանոս աշխարհին անծանօթ չէր կրօնական ամուսնութեան տեսակը, եւ այդ հետեւանքով էր, որ ամուսնութիւն բառին որպէս համազօր՝ յոյները գործածեցին “Թելոս” բառը, “սրբազան արարողութիւն” նշանակութեամբ։
Հռոմայեցիներու շրջանին ալ երեք տեսակ ամուսնութիւններ կային. ա.- Քաղաքային եւ կրօնական ամուսնութիւն։ բ.- Քաղաքային դաշնադրութեամբ ամուսնութիւն (հեթանոսական Հռոմը կրօնական ամուսնութիւնը կը զլանար հասարակ ժողովուրդին եւ ստրուկներուն։ Բիւզանդիոնի քրիստոնեայ կայսրեր, հռոմէական հին հեթանոսական սովութիւններուն համաձայն, մինչեւ Թ. դար արգիլեցին ստրուկներուն կրօնական ամուսնութիւնը. անոնք միայն քաղաքային պսակով կ’ամուսնանային։ Միայն 1095 թուականին էր որ Ալեքսիս Կոմնենոս կայսրը վերցուց այդ արգելքը)։ գ.- Սովորութեամբ (usage) ամուսնութիւն, որ տեղի կ’ունենար առանց որեւէ պաշտօնական արարողութեան, վկաներու ներկայութեամբ եւ ամուսնացողներու յայտարարութեամբ։
Ամուսնութեան բնական եւ ընկերային դաշինքի հասկացողութիւնը, բնականաբար զանազան եւ այլազան փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ դարերու ընթացքին, տարբեր ժողովուրդներու մօտ։ Մերօրեայ ընդունուած սովորութիւնը՝ քրիստոնէական միակնութիւնն է։ Պատմութենէն մեզի ծանօթ է թէ նոյնիսկ քրիստոնէական կարգ մը աղանդաւորներու մօտ բազմակնութեան դրութիւնը գոյութիւն ունեցած է, եւ տակաւին մինչեւ այսօր ալ Միացեալ նահանգներու Եութա Նահանգին մէջ գոյութիւն ունին բազմակին ընկերութիւններ, մինչ անդին՝ մահմետականներ ալ սկսած են որդեգրել միակնութիւնը։
Հայ ժողովուրդի ընկերային կեանքին խորթ չեն նաեւ քաղաքային ամուսնութիւնները, որովհետեւ՝ կար ժամանակ մը երբ մեր մէջ ալ երկրորդ ամուսնութիւնը ներելի չէր, եւ բոլոր անոնք որոնք հարկադրուած էին իրենց կիներուն մահէն ետք ամուսնանալու, պարտաւորուած էին տեսակ մը քաղաքային ամուսնութիւն կատարելու, որովհետեւ՝ կրօնական պսակը կը զլացուէր անոնց եւ եկեղեցականներ չէին կրնար ներկայ գտնուիլ այդպիսի պսակներուն։
Ամուսնական կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունին երկու շատ կարեւոր հարցեր. Հաս (պորտ) եւ Ամուսնալուծում։ Հասի խնդիրը եկեղեցին լուծած է ճիւղահամարի դրութեամբ, ազգականութիւնը բաժնելով արենակցութեան, խնամիութեան եւ բարոյական ազգականութիւններու։ Մարդիկ երկար դարեր ամուսնացած են իրենց ամենամօտ ազգականներուն հետ, նոյն իսկ իրենց քոյրերուն հետ։ Այս էր սովորութիւնը Եգիպտոսի մէջ եւ գիտենք որ Կղէոպատրա (Cleopatra) թագուհին ամուսնացած էր իր եղբօր հետ։
Նմանօրինակ կեանքի սովորութիւններ պատճառ դարձան որ եկեղեցին յատուկ կանոններ որդեգրէ ճիւղահամարի առնչութեամբ։ Բարսեղի կանոնը (23), Աշտիշատի Ժողովը (363) , Շահապիվանի Ժողովը (447), Պարտաւի Ժողովը (771) եւ Սիսի ժողովը (1243-1246) բոլորն ալ յատուկ թելադրանքներ ըրին հասի կապակցութեամբ. միայն Սիսի Ժողովին ճիւղահամարի որոշումը իր ոյժը պահեց մեր մէջ, իբրեւ եօթ պորտի դրութիւն եւ վերջին դարեր շարունակեցին անոր գործադրութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ, մերթ ընդ մերթ բացառութիւններ արտօնելով։
1922 Նոյեմբեր 11-ին, Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս իր համար 645 Հայրապետական Կոնդակով նոր փոփոխութեան ենթարկեց ճիւղահամարի դրութիւնը եւ հիմը դրաւ արենակցական հինգերորդ եւ խնամիական չորրորդ ճիւղերու ամուսնութեան օրինաւորութեան։ Եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած այս դրութեան պէտք է նայիլ աւելի առողջապահական տեսակէտէն, որովհետեւ հաստատուած իրողութիւն է որ հեռաւոր մերձաւորութեամբ կատարուած ամուսնութիւնները շատ աւելի առողջ սերունդներ արտադրած են։
Այս բոլորէն վեր եւ անդին՝ ամուսնութեան պարագային հարկ է նկատի առնել ամուսնացող զոյգերուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ բարոյական առողջութեան անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ երբ կը մտաբերենք քսանմէկերորդ դարու փոխանցիկ հիւանդութիւններէ վարակուած զոյգերու ամուսնութիւններն ու կենակցութիւնները։
Ամուսնական կեանքի մէջ ստեղծուած ամենէն կնճռոտ հարցը ամուսնալուծումն (divorce) է, իր յարակից բոլոր պարագաներով եւ խայտառակութիւններով։ Հայց. Եկեղեցին հիմնուելով աւետարանական սկզբունքին վրայ , թէ “զոր Աստուած զուգեաց մարդ մի մեկնեսցէ”, երկար ատեն կառչած մնաց ամուսնութեան անլուծելիութեան գաղափարին, գէթ սկզբունքային գետնի վրայ, որովհետեւ նման սկզբունք մը գործադրելի չեղաւ ժողովրդական-հասարակական-ընկերային կեանքի մէջ։ Այրեր իրենց կիները թողլով կը վերամուսնանային զանազան պատճառներով։
Քրիստոնէական նախնական եկեղեցին ամուսնալուծումը կ’ընդունէր մարմնական բաժանումի ձեւին տակ, հետեւելով Պօղոս Առաքեալի պատուէրին («Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը: … Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ոչ թէ ես, այլ Տէրը.- Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ: Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ…:» (Ա. Կորնթ. Է. 2-3, 10-12)): Կաթողիկէ Եկեղեցին մինչեւ այսօր կը պաշտպանէ այս սկզբունքը, հակառակ այն իրողութեան որ զանազան ժամանակներու մէջ պապերը ամուսնալուծումներ արտօնած են թագաւորներու եւ իշխաններու պարագային՝ արտօնելով անոնց երկրորդ ամուսնութիւնը։
Քրիստոնէական միւս եկեղեցիները ընդունած են ամուսնալուծումի սկզբունքը, զայն նկատելով մարդկային կեանքի անխուսափելի իրողութիւն, եւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան վերապահած են անոր դրդապատճառներուն եւ օրինական ձեւականութեան ճշդումի գործը։ Օրինակի համար՝ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցին վաղուց ունեցած է իր ամուսնալուծումի օրինագիրքը, որուն մէջ կը կարդանք յատուկ վիճակներ որոնք պատճառ դարձած են ամուսնալուծումի. անհաւատարմութիւն, մեղապարտ յարաբերութիւն, անկարողութիւն, կրօնափոխութիւն, լքում, գանակոծում, լուսնոտութիւն, եւայլն:
Դժբախտաբար՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, սկիզբէն ի վեր կառավարուած է սովորութիւններով եւ երբեք պէտք եղած ուշադրութիւնը չէ դարձուցած ո՛չ միայն ամուսնալուծումի հարցին, այլ նաեւ ամբողջ կանոնական եւ ժողովական կազմակերպութեան գործին։ Շահապիվանի Ժողովն էր որ առաջին անգամ ըլլալով լրջօրէն զբաղեցաւ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու կենցաղի մաքրութեան հարցով եւ ամուսնալուծումի օրինական պատճառներ ցոյց տուաւ հետեւեալները. շնութիւն, ամլութիւն, հոգեկան եւ մարմնական արատ, եւայլն:
Այսօր ալ տակաւին Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ սովորութեամբ եւ գործնականապէս ընդունուած ու կիրարկուած ամուսնալուծումի օրինական պատճառներ եղած են,– մասնաւորաբար այ՛ն երկիրներու մէջ ուր Եկեղեցին կու տայ իր վճիռը որպէս օրինական հաստատութիւն,– կնոջ կողմէ (զարմանալի է թէ ինչո՞ւ ոչ երկուստեք) ամուսնական անհաւատարմութիւնը, կրօնափոխութիւնը, խելագարութիւնը (հաստատուելէ ետք թէ անբուժելի է), լքում ընտանեկան յարկի (որոշ ժամանակ), անկարողութիւն, եւայլն։
Տխուր է այն իրողութիւնը, որ Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ տակաւին, պահպանուած են եկեղեցական առանձնաշնորհումներէ ոմանք, որոնց վրայ հիմնուած՝ կրօնական հաստատութիւններ ամուսնալուծումներ կը կատարեն եկեղեցական շրջանակի մէջ, եւ քաղաքային իշխանութիւններ կ’ընդունին այդ ամուսնալուծումները որպէս օրինաւոր կատարումներ։ Ահաւասիկ այս պայմաններու ներքեւ երեւան եկաւ անցեալին մեր միաբանական տարիներուն, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի, կաշառակերութիւնը, եւ բոլոր անոնք որոնք չունին պէտք եղած քաղաքական-ընկերային, խնամիական յենակը, զոհ կը դառնան քմահաճոյքներու եւ կամայակատարութեանց։
Այստեղ կ’ուզեմ յիշատակել յիշողութեանս մէջ արմատացած եւ յաճախ միտքս ու հոգիս չարչրկող այն ամուսնալուծումը որ տեղի ունեցաւ վաթսունական թուականներուն Լիբանանի մէջ, երբ Առաջնորդ Սրբազանը բացայայտ կաշառակերութեան որպէս արդիւնք, կը հաւանէր ամուսնալուծում շնորհել այ՛ն երիտասարդին որ, հազիւ տարի մը ամուսնացած չքաւոր ընտանիքի մը աղջկան հետ, կ’ուզէր ամուսնալուծուիլ առանց որեւէ պատճառի, պարզապէս անոր համար որ ինք այդպէս կը փափաքէր։ Հազիւ թէ պաշտօնական վճիռը արձակուած, յանկարծ աղջկան կողմէ հարազատ մը ոտքի կ’ելլէ եւ բարձրաձայն կը գոչէ. “Սրբազան Հայր, եթէ քոյր մը ունիք, ինծի տուէք, տարի մը գործածեմ եւ ձեզի երեսուն հազար ոսկի դրամ տամ”։ Ահաւասիկ ողբերգութիւն մը որ յիշողութենէս երբեք չի հեռանար եւ դժբախտաբար մեր աղքատ ընտանիքներու աղջիկները մինչեւ այսօր ենթակայ են օրէնքի կոպիտ խախտումներուն ու այս անմարդկային ապօրինութիւններուն Միջին Արեւելքի մէջ, եթէ իրենց կը պակսի այն յենակը որ կրնայ իրենց պատիւն ու իրաւունքը պաշտպանել։
Բարեբախտաբար Արեւմտեան երկիրներու մէջ վերջ տրուած է այս տխուր անկանոնութեանց եւ ամէն ինչ տեղական օրէնքներու տրամադրութեանց համաձայն առնուած է Եկեղեցւոյ հեղինակութենէն եւ յաձնուած քաղաքային իշխանութեանց, որոնց մօտ՝ ամուսնացեալներ մարդկային իրենց արժանապատուութեամբ կը կարողանան պաշտպանել իրենց արդար իրաւունքները։
Անհրաժեշտ է նաեւ վերցնել Եկեղեցւոյ կողմէ դրուած եւ պարտադրուած պսակի օրհնութեան արտօնեալ օրերու հասկացողութիւնը։ Նման բարեփոխութիւն մը պիտի նպաստէ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ կարգապահական ոգիի զօրացման եւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան ամրապնդման։
Նկատի ունենալով որ քրիստոնէական Եկեղեցին ներդաշնակութիւն մը չունի ամուսնական խնդիրներու մէջ, այլեւս անհեթեթ իրողութիւն պիտի ըլլայ եթէ Հայց. Եկեղեցին պնդէ պսակադրութեան կանոններու վրայ, երբ պսակուիլ փափաքողը կրնայ ուրիշ եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ այդ եկեղեցւոյ թոյլտուութենէն օգտուելով։ Հետեւաբար ո՞ւր մնաց Հայց. Եկեղեցւոյ հեղինակութեան արժէքը։ Եթէ Հայց. Եկեղեցին չարտօնէ պսակել “արգիլեալ” օրերուն, եւ պսակուիլ ուզող զոյգը երթայ պսակուի ուրիշ եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ ին՞չ արժէք կ’ունենայ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնը։
Հայց. Եկեղեցին կարգ մը այլ իրողութիւններու կարգին՝ պէտք է նկատի առնէ նաեւ տարբեր եկեղեցիներու մէջ կատարուած ամուսնութիւնները։ Նկատի ունենալով ամուսնական խնդիրներու փափկութիւնն ու ընկերային բարդութիւնները, Հայց. Եկեղեցին հիմնովին պէտք է բարեկարգէ ամուսնութեան կանոնագրութիւնը, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ պաշտօնական եւ կանոնական հասկացողութիւն մը գոյացնէ նաեւ այլ եկեղեցիներու հետ, որպէսզի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը փոխադարձաբար յարգուի բոլորին կողմէ, եւ ժողովուրդը վարժուի օրինապահութեան եւ կարգապահութեան, եւ յարգէ իր ազգային եւ եկեղեցական կանոններն ու աւանդութիւնները։ Արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ օր մը հասնիլ այդ երազային իտէալ վիճակին. ժամանակը ցոյց կու տայ։
Ժ. ՏՈՄԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՇՏՈՑԻ ԿՐՃԱՏՈՒ
Ամէն ազգ եւ երկիր իր իւրայատուկ տոմարը ունենալով հանդերձ, պատշաճ նկատեց որդեգրել Յուլեան Տոմարը ( Հին Տոմարը կոչուած է Յուլեան, որովհետեւ կազմակերպուած էր Յուլիանոս Կայսեր օրով), եկեղեցական տօներու ներդաշնակութիւնը պահպանելու համար։ Յուլեան տոմարի գործածութիւնը շարունակուեցաւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու մէջ, մինչեւ որ 1582 թուականին Գրիգոր ԺԳ. Պապը, տոմարագիտութեան իր մասնագէտներուն հետ խորհրդակցութեամբ, երբ նկատեց որ Նիկիոյ Ժողովէն սկսեալ 1250 տարուան ընթացքին 10 օրուան տարբերութիւն մը յառաջ եկած է, եւ այդ տարբերութիւնը տարիներու ընթացքին կուտակուելով կրնայ ահաւոր վիճակ մը ստեղծել եկեղեցական տօնակատարութեանց թուականները ճշտելու ատեն, տաս օրուան յաւելում մը կատարելով տոմարին մէջ՝ նոյն տարուան Հոկտեմբեր 5-ը 15-ի վերածեց, եւ իր այս որոշումով հիմը դրաւ Նոր Տոմարին։ Նոր Տոմարը գործադրութեան դրուեցայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Արեւելեան ոչ-կաթողիկէ եկեղեցիները երկար ժամանակ կառչած մնացին Հին Տոմարին։
Այս իրողութիւնը չի նշանակեր որ Գրիգորեան Տոմարը, այսինքն Նոր Տոմարը զուրկ է ժամանակագրական թերութիւններէ, բայց եւ այնպէս իր ժամանակաչափութեամբ առաւելութիւններ ունի հինին վրայ, եւ իր հաշուական մեթոտը՝ համեմատաբար հինին՝ շատ աւելի կատարեալ է։
Քաղաքական պայմաններու բերումով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ 1923 Նոյեմբեր 9-ին, համար 349 Հայրապետական կոնդակով հարկադրուած զգաց պաշտօնապէս յայտարարելու թէ կ’ընդունի Նոր Տոմարի Գործածութիւնը։ Յաջորդող տարիներուն, քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով Ռուսաց պատրիարքը յանկարծ կը փոխէ իր որոշումը եւ կը վերադառնայ Հին Տոմարի գործածութեան, ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ դրացի քրիստոնեայ պետութեանց միջեւ յառաջ եկած դժուարութիւններու, նամանաւանդ զատկական տօնակատարութեանց առթիւ։ Այս բոլորին մէջ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Սուրբ Տեղեաց մէջ իր ունեցած աւանդական արարողական իրաւունքները պահպանելու համար՝ կառչած կը մնայ Հին Տոմարին։
Տոմարական այս շփոթ կացութիւնը անհասկնալի է եւ անըմբռնելի այսօրուան մեր նոր սերունդին, նամանաւանդ Արեւմտեան երկիրներու մէջ, ուր քաղաքական-տնտեսական-ընկերային պայմաններու բերումով, կամայ-ակամայ՝ Ս. Ծնունդը կը տօնենք երկու անգամ, ծիծաղ յառաջացնելով երբեմն քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ մեր ծանօթներուն եւ բարեկամներուն մօտ։
Այսօր՝ բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհի տոմարն է Նորը՝ այսինքն Գրիգորեան Տոմարը, եւ ոչ թէ Յուլեան Տոմարը: Պահելով հանդերձ Հայց. Եկեղեցւոյ տօներու աւանդական եւ պատմական հաշիւները, Նոր Տոմարի գործածութեամբ պիտի կարողանանք ներդաշնակութիւն մը ստեղծել քրիստոնէական աշխարհի մեծ տօներուն հետ։
Օրինակի համար՝ Հայց. Եկեղեցին, հետեւելով իր հնաւանդ աւանդութեան, Ս. Ծննդեան տօնը կը կատարէ Յունուար 6-ին, իսկ քրիստոնեայ աշխարհը Ս. Ծնունդը կը կատարէ Դեկտեմբեր 25.ին՝ նոր տոմարով։ Դարձեալ՝ Յոյն եկեղեցին, Ս. Ծնունդը կը կատարէ Դեկտեմբեր 25.ին, իսկ Փրկչին մկրտութեան յիշատակը, Յունուար 6.ին, մինչդեռ Հայց. Եկեղեցին Փրկչին Ծնունդն ու Մկրտութիւնը կը կատարէ Յունուար 6-ին միանգամայն՝ «Տօն Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» անուան տակ։
Աչքի զարնող իրողութիւն մըն է նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պէս քրիստոնեայ երկիրներու մէջ Զատկի տօնակատարութեանց տարբերութիւնը, ինչ որ մեզի մտածել կու տայ որ, արդէն ժամանակն է տոմարական հաշիւներու ներդաշնակութիւն մը ստեղծելու քրիստոնեայ ժողովուրդներու միջեւ, Յոյն, Լատին եւ այլ եկեղեցիներու մօտ, որոնք կը կազմեն Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։
Հայց. Եկեղեցւոյ տօնացոյցը հարուստ է քրիստոնէական Ընդհանուր Եկեղեցւոյ սուրբերու տօներով։ Ունինք նաեւ ազգային սուրբերու եւ նահատակներու հոյլ մը, որոնց յիշատակը պահուած է միայն Յայսմաւուրքի մէջ, որուն ընթերցումը շատոնց դադրած է մեր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ազգային սուրբերու եւ նահատակներու տօնախմբութեան եւ յիշատակութեան խնդրին մէջ, անհրաժեշտ է անյապաղ նկատի առնել հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր նահատակները, որոնց սրբացումի հարցը տակաւին իր արդար ու տրամաբանական լուծումին չէ յանգած։
Արդարեւ՝ հարկ չենք նկատեր տօնախմբութեանց եւ տոմարական հարցերու մանրամասնութեանց մէջ աւելի մտնելու, այն յոյսով որ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովը պիտի տնօրինէ հարկ եղած փոփոխութիւնները, զանոնք պատշաճեցնելով մերօրեայ քաղաքական-ընկերային եւ կրօնական արդի պայմաններուն։
Տօնացոյցի համընթացաբար, անհրաժեշտ է զբաղիլ Մաշտոցի հարցով, որովհետեւ մեր Եկեղեցւոյ ծիսական արարողութիւնները սերտ կապ ունին մեր ժողովուրդի կեանքին ու կենցաղին հետ — մկրտութիւն, պսակ, թաղում՝ թուելու համար մի քանին, որոնց կատարողութեան կանոնները արձանագրուած են Մաշտոցին մէջ։
Մաշտոցի բարեփոխութեան հարցին կարենալ ձեռնհասօրէն մօտենալու համար անհրաժեշտ է ճշդել թէ ի՞նչ նպատակի համար պատրաստուած է ան։ Մաշտոցը՝ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Եկեղեցւոյ եօթն Խորհուրդներուն մատակարարութեան ծիսագիրքը։ Սակայն հոն տեղ գտած են Խորհուրդներու մատակարարութեան կանոնական հատուածներէն դուրս նաեւ այնպիսի ծիսակատարութիւններ, որոնք կապ չունին այդ խորհուրդներուն հետ. օրինակ, “կանոն աղ օրհնելոյ”, “մատաղ օրհնելոյ”, “ջրհոր օրհնելոյ”, “զարմտիս, զարտ, զսերմն եւ զայլ այսպիսիս օրհնելոյ”, “աղօթք վասն բարձման երաշտի” եւայլն։ Այս յաւելուածական մասերը, որպէս ժողովրդական դարաւոր սովորութիւններ, ընդունուած են Եկեղեցիին կողմէ եւ պաշտօնականացած, առանց աղերս ու կապ ունենալու Մաշտոցի ծիսական յօրինուածութեան հետ։
Պէտք է արդար ըլլալ եւ խոստովանիլ որ մեր ծիսակատարութիւնները չափազանց երկար են եւ լեցուն կրկնութիւններով, ինչ որ պատճառ դարձած է որ կարգ մը եկեղեցականներ՝ ելլելով զանազան անձնական եւ ընկերային հաշիւներէ, յարմար նկատած են կրճատել արարողութիւնները պարագայական պատճառաբանութիւններով։
Բարեբախտաբար փոխուած են այդ հին սովորութիւնները եւ շատ մը ծիսական արարողութիւններէն զեղչուած են բաւականին աղօթքներ եւ շարականներ։ Սակայն այս բոլորը պէտք է կատարուին եւ վաւերացուին Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ընհանուր Ժողովին կողմէ, որպէսզի պահուին Եկեղեցւոյ արարողութեանց միակերպութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, եւ առիթ չտրուի Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն որ իրենք անհատապէս կատարեն այդ կրճատումները՝ ինչ-ինչ պատճառներով եւ պարագայական մեկնաբանութիւններով։
Ներկայ եղած եմ անձնապէս պսակի արարողութեան մը որ տեւած է միայն տաս վայրկեան, կրճատելով իմաստալից աղօթքներն ու շարականները՝ որովհետեւ ամուսնացող զոյգը եկեղեցի եկած էր ուշացումով, մինչ անդին՝ եկեղեցւոյ դրան մօտ կը սպասէր արդէն յաջորդ զոյգը, պսակուելու համար. մէկ խօսքով եկեղեցին դարձած էր մեծաքանակ վաճառականական գործարկութեան վայր։ Ահաւասիկ նմանօրինակ երեւոյթներ կը յուզեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կրօնաբարոյական զգացումները եւ կը նուազեցնեն Եկեղեցւոյ վեհութեան պատկերը հաւատացեալի աչքին։
Ներկայ եղած եմ, դարձեալ, յուղարկաւորութեան արարողութեան մը որ տեւած է ո՛չ առաւել քան եօթն վայրկեան եկեղեցւոյ մէջ, ու ապա ո՛չ առաւել քան տասն վայրկեան գերեզմանի օրհնութիւնը, որովհետեւ խորհրդակատար քահանան ունէր ուրիշ ժամադրութիւն մը։ Իսկ եթէ պատահէր որ հանգուցեալը ըլլար մեծահարուստ մը, անկասկած որ արարողութիւնը աւելի երկար պիտի ըլլար, ձանձրացուցիչ ըլլալու աստիճան, եւ պիտի շռայլուէին անյարիր եւ անպատշաճ գովասանքներ՝ նիւթական մեծ ակնկալութեանց ի խնդիր։
Այս երեւոյթներու կողքին կան նաեւ այլ իրողութիւններ, որոնց դէմ յանդիման կու գանք Արեւմտեան աշխարհի մէջ, կեանքի եւ կենցաղի նոր պայմաններու բերումով։ Այս իրողութիւններէն մէկն է դիակիզումը (cremation), որ հետզհետէ ընդունելութիւն գտած է նաեւ հայ ժողովուրդի մօտ զանազան պատճառներով, որոնց մասին անդրադառնալ աւելորդ կը նկատենք։ Նկատի ունենալով որ Մաշտոցի մէջ թաղման կարգի կողքին ոչինչ գրուած է դիակիզումի մասին, հետեւաբար արարողութիւն կատարող եկեղեցականը ի՞նչ աղօթքներով եւ արարողական ձեւերով պիտի ճանապարհորդէ հանգուցեալը։ Եթէ կատարուի Մաշտոցի կանոնը տառական ճշդութեամբ՝ անկասկած որ ծիծաղելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ ոչ հողի օրհնութիւն եւ ոչ ալ գերեզմանի օրհնութիւն կայ այնտեղ։ Ուրեմն՝ պէտ՞ք է արգիլել դիակիզումը: Անկասկած ոչ՛. որովհետեւ՝ հեղինակաւոր եկեղեցականներ, դիակիզման մէջ ոչինչ գտած են որ հակառակ է քրիստոնէական ոգիին եւ սկզբունքներուն եւ ընհակառակը զայն կը նկատեն առողջապահական տրամաբանական մեթոտ մը։ Ուստի՝ երեւան կու գայ անգամ մը եւս, թէ Հայց. Եկեղեցին ԱՅՍՕՐ հրատապ կարիքը ունի բարեկարգութեան։
Այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ նաեւ եկեղեցականաց յատուկ Վերջին Օծումին, երկարապատում աղօթքներով եւ ընթերցուածներով որոնք ձեւով մը կը նսեմացնեն յուղարկաւորութեան պատկառանքը, նկատի առնելով նամանաւանդ այն իրողութիւնը որ այդ բոլորը կը կատարուին դիականացած մարմնի վրայ, բան մը որ զուրկ է որեւէ հոգեւոր ազդեցութենէ, թէ՛ ննջեցեալին եւ թէ՛ մնացողներուն համար։ Հետեւաբար յոյժ կարեւոր է այս հարցը արծարծել յաջորդ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին։
Այս բոլորը թուեցինք ցոյց տալու համար որ երբ հարկը կայ փոփոխութեան, օրէնքը ինքնաբերաբար կը լուծուի, որովհետեւ մարդկային կեանքն ու կենցաղը ամէնօրեայ շարժման եւ եղափոխութեան մէջ է արդի ժամանակներու պայմաններու համաձայն, եւ Հայց. Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր փոփոխութեանց դիմաց։
Կան տակաւին Մաշտոցի այլ կանոններ որոնք պէտք է անյապաղ փոխուին եւ պատշաճեցուին արդի կենցաղային պայմաններուն, որովհետեւ անհրաժեշտ է կրօնքին տալ, ծէսէն եւ արարողութիւններէն անկախ՝ բարոյական եւ գեղագիտական նոր դիմագիծ մը, եւ անոր շօշափելի ներկայացումը եղող Եկեղեցին մատչելի ընել ժողովուրդին ամէնօրեայ կրօնաբարոյական կեանքին մէջ։
ԺԱ. Եւ Վերջ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՏԿԵՐԸ
Հայց. Եկեղեցւոյ վիճակի մասին երկար տարիներէ ի վեր կը խօսուի, կը գրուի, ճառեր կ’արտասանուին, եւ սակայն մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ շօշափելի գործնական փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ պատճառները զանազան եւ այլազան են։ Մեր եզրակացուցիչ յօդուածով պիտի փորձենք վերլուծել այդ գոյավիճակը որ կը յուզէ մեր ազգային-կրօնական կեանքը եւ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ անկարողութեան եւ ամլութեան՝ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու դիմաց։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, եօթանասուն տարիներ Խորհրդային Միութեան երկաթեայ բազուկին տակ հալածեալ պատանդ մնալէ ետք, ներկայիս անկախ Հայաստանի պետական նոր ղեկավարութեան տակ անգամ մը եւս կը փթթի ու կը ծաղկի եւ կը փորձէ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու դիմաց հասնիլ հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն։ Թէեւ, այնքան ալ հեշտ պիտի չըլլայ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ՝ նախ իրեն կը պակսի որակեալ հոգեւոր մշակներու բանակը, եւ երկրորդ՝ այդքան երկար տարիներ անկրօնութեան քարոզախօսութեամբ թրծուած սերունդ մը այնքան ալ շուտով իր վրայէն պիտի չկարենայ թօթափել համայնավարութեան քարոզախօսութեան սերմերը։
Այս անցումային պահուն, վերջին քսանամեակին, մեր հայրենիքին մէջ երեւան եկան նաեւ աղանդներ, որոնք փորձեցին եւ տակաւին կը փորձեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ, օգտուելով երկրին ռամկավարական արդի քաղաքական պայմաններէն։ Դժբախտաբար մեզի կը պակսի Ռուս Եկեղեցւոյ հեղինակութեան քաջութիւնը ճակատաբաց յայտարարելու՝ որ մենք բացարձակապէս կը մերժենք որեւէ ոտնձգութիւն, քրիստոնէական մարդասիրական անուան տակ կատարուած մոլորեցուցիչ բոլոր այն արարքները՝ որոնք կը հեռացնեն հայը իր պապերու հաւատքէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ բազմաչարչար խորանէն, ո՛ր կրօնական-մարդասիրական կազմակերպութեան անունով ալ կատարուած ըլլան անոնք։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, տարագրեալ իր ժողովուրդին հետ թափառելէ ետք, վերջապէս իր կայքը հաստատեց Լիբանանի Անթիլիաս փոքրիկ քաղաքի ծովեզերեայ ափերուն վրայ. այն վայրին մէջ՝ ուր հազարաւոր որբացած մանուկներ, ազատագրուած արիւնարբու Թուրքին եաթաղանէն, իրենց վաղուան երազները հիւսեցին՝ նոր արշալոյսներու ակնկալութեամբ։
Յարաբերաբար քառասուն երկար խաղաղ տարիներ (1930-1970) բաւականաչափ սերունդ մը պատրաստելէ ետք, յանկարծ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի քաղաքացիական եղբայրասպան պատերազմները եկան տապարը զարնելու այն մեծ աշխատանքին՝ որ սկսած էր Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի աննահանջ եւ աննկուն կամքով, Բաբգէն Կիւլէսէրեան եւ Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսներու խորունկ իմաստութեամբ, Զարեհ Փայասլեան եւ Խորէն Բարոյեան Կաթողիկոսներու կորովով։ 1970-ի քաղաքական պայմանները իրենց դառն դրոշմը թողուցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վրայ եւ շրջան մը ամլութեան դատապարտեցին զայն, եւ կարելի չեղաւ հոգեւոր մշակներու նոր սերունդ մը պատրաստել։ Բարեբախտաբար՝ քաղաքացիական պատերազմի դադարէն ետք, Կաթողիկոսութիւնը յաջողեցաւ տարիներու բացը մասամբ մը լեցնել՝ նոր մշակներու պատրաստութեամբ, որոնցմէ ոչ-զանցառելի թիւ մը դժբախտաբար զանազան անձնական, ընկերային եւ “քաղաքական” պատճառներով հեռացած է եւ կամ գձուձ քինախնդրութեամբ տակաւին մինչեւ օրս կը հեռացուի միաբանութենէն։
Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը որ միշտ յատուկ դիրք մը կը գրաւէ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ՝ իբրեւ Ս. Տեղեաց պաշտպան զուտ կրօնական կեդրոն մը, հակառակ քաղաքական փոփոխական պայմաններու, միշտ ալ փորձած է իր նախանձելի դիրքը պահել բոլոր միւս քրիստոնեայ համայնքներու կողքին։ Դժբախտաբար 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով, հակառակ իր վայելած երբեմնի քաղաքական բացառիկ պայմաններուն, չկրցաւ ինքզինք պարտադրել եւ արդարացնել նոր քաղաքական պայմաններու բացորոշ ճնշումին տակ։ Նոյն այդ պայմանները պատճառ դարձան նաեւ, որ պատրիարքական Ս. Աթոռը չկարենար իր Ժառանգաւորաց վարժարանին համար ուսանողներ հաւաքել Արեւելքի հայահոծ գաղութներէն, ինչպէս անցեալին կը կատարէր, լրացնելու համար իր միաբանական շարքերը։
Այսօր անոր վիճակը աւելի ողբալի է քան երբեք՝ զանազան պատճառներով։ Առաջին՝ քաղաքական անուղղակի, այլ բացորոշ հալածանք Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նկատմամբ: Վկայ՝ նաեւ այն իրողութիւնը, որ տակաւին չկրցանք աւարտել Ապրիլեան Նահատակաց յուշակեդրոնը, քաղաքական զանազան խաբուսիկ եւ կեղծ պատճառներով։ Երկրորդ՝ նոյն քաղաքական պատճառներու բերումով սկսած են նօսրանալ անոր զինուորեալ միաբանութեան շարքերը, որովհետեւ արգելքները շատ են Միջին Արեւելեան հայահոծ գաղութներէն ուսանողներ հաւաքելու, եւ երրորդ՝ նոյն պատճառները գուցէ նաեւ խոչընդոտեն նոր պատրիարքի ընտրութիւնը, որուն տխուր իրողութեան մասին անդրադարձանք մեր հինգերորդ յօդուածին մէջ՝ Վարչական Հարցեր խորագրին տակ։
Նոյնքան եւ առաւել եւս անփառունակ է Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան վիճակը։ Դարերէ ի վեր ազգին արեւմտեան հատուածին հոգեւոր-վարչական կեդրոն դարձած այս հաստատութիւնը՝ վերածուած է պարզ համայնքային դրութեան մը կեդրոնին, քաղաքական սրտաճմլիկ պայմաններու հետեւանքով։ Նոյնքան տխուր է պետութեան կողմէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի փակումը, որուն հետեւանքով կարելի չէ պատրաստել նոր հոգեւոր ու կրթական մշակներ, որոնց կարիքը այնքան կը զգացուի նամանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Որքան երախտապարտ պէտք է զգանք աւանդապահ Պոլսահայ գաղութին որ, ի գին ամէն տեսակի բարոյական եւ նիւթական զոհողութիւններու, տակաւին բաց կը պահէ իր վարժարաններուն ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն դռները, նոյնիսկ ա՛յն վայրերու մէջ ուր այլեւս հայեր չեն ապրիր։
Օրին, տեղական մամուլէն իմացանք նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ դժբախտ երեւոյթներն ու ելեւէջները, Մեսրոպ Պատրիարքի “անկարողութեան” որպէս հետեւանք։ Այսօր՝ որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն, դարձած ենք քաղաքական խաղաքարտ, եւ չենք զարմանար երբ ամէն հնարաւոր առիթով Թուրք պետութիւնը այս գոյավիճակը կ’օգտագործէ իր թաքուն նպատակներուն համար, ի հեճուկս մեր ժողովուրդի բարօրութեան։ Այս վերջինը հաւանաբար մեզի խնայուած պիտի ըլլար եթէ ունենայինք ողջմտութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութիւնը բարեկարգելու։
Ներկայիս մեզ մտահոգողը մեր նոր գաղութներն են, որոնք զանազան քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով հոս ու հոն ստուարացան Արեւմտեան աշխարհի մէջ։ Հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր կը գտնուի Հայաստանէն դուրս, սփիւռքի մէջ։ Այս օտար գաղթավայրերու մէջ վտանգուած է հայութեան գոյութիւնը, տիրող քաղաքականութեան ազդեցութեան եւ հեշտօրէն ձուլիչ պայմաններու տակ: Այլ խօսքով՝ հայկական գաղութներու խնդիրը ժամանակի հարց է, եւ եթէ մինչ այդ ազգովին լուծումի մասին չմատածենք՝ անխուսափելին պիտի պատահի։
Նկատի ունենալով այս տխուր հեռանկարը, անյապաղ պէտք է կազմակերպել հայ գաղութները, որպէսզի առաւելագոյն չափով դանդաղեցուի ձուլումի վտանգը։ Այս աշխատանքին գլխաւոր ազդակներէն մէկը պէտք է ըլլայ հայ վարժարաններու առաքելութիւնը։ Թէեւ վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին հոս ու հոն անբաւարար թիւով վարժարաններ բացուեցան, բայց եւ այնպէս չկրցան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը, զանազան պատճառներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանելու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ, ինչպէս ըրած էինք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ։
ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները իրենց անմատչելի գիներով չկրցան հրապուրել ծնողներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հանդէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։
բ. Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։
Եթէ մեր գաղթավայրերու մէջ ծնած եւ հասակ առած նորհաս սերունդը չկարենայ խօսիլ իր մայրենի լեզուն, եթէ չկարենայ իր մայրենի լեզուով գրել եւ կարդալ, որքան ալ ՀԱՅ անունը կրէ, ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ։
գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, կամ խնամիական եւ բարեկամական կապերուն:
Իրենց յիսնամեակին հասնող մեր կարգ մը ազգային վարժարանները, դժբախտաբար փակման սեմին կը կանգնին այսօր, եւ սակայն մենք ազգովին տակաւին միա՛յն կը խօսինք մեր գործելակերպը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականին մասին ու ո՛չ մէկ գործնական քայլի կը դիմենք։
Բարեբախտաբար հայ վարժարաններու առաքելութեան բացը, եթէ կարելի է ըսել, Հայց. Եկեղեցին մասամբ մը կը փորձէ լրացնել իր Կիրակնօրեայ վարժարաններով, որովհետեւ ժամանակը ցոյց տուաւ թէ հոն ուր կազմակերպուած եկեղեցի կայ, այնտեղ կ’ապրի հայութիւնը եւ կ’ապրի մասամբ իր ազգային աւանդութիւններով։
Բայց արդեօ՞ք կարելի է այնպիսի պատուար մը բարձրացնել այն մեծ հոսանքին դէմ, որ մարդկային ազատութեան պիտակին տակ կը խլէ եւ կը կործանէ ամէն ինչ որ հայկական է եւ եկած մեզի դարերու խորքէն։ Դժբախտաբար ժամանակը մեր մեծագոյն թշնամին է. եթէ չկարենանք արթննալ մեր թմբիրէն եւ կազմակերպուիլ ազգովին, պիտի ենթարկուինք մահաքունի։
Եթէ մեր Արեւմտեան գաղթավայրերու մէջ Հայց. Եկեղեցին, հայկական վարժարաններն ու հայ մամուլը պիտի չկարենան ապառաժեայ հիմը դառնալ մեր գոյութեան, այն ատեն մեր բոլոր ազգային ծրագիրներն ու բաղձանքները երազի մը խաբուսիկ հաճոյքը միայն պիտի տան մեզի։ Առանց հայեցի դաստիարակութեան, մեր բոլոր եկեղեցիներն ու վարժարանները պիտի ըլլան լոկ շէնքեր, մինչեւ որ հին սերունդը որ իր հայրենի աւանդութիւններով սնած ու մեծցած է, անցնի եւ երթայ պատմութեան գիրկը։
Կը կարծէինք որ նոյնը պիտի չըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող մեր եղբայրակիցներուն բախտը, ուր դէմ յանդիման կը գտնուին անոնք ոչ-քրիստոնեայ տարբեր թաղաքակրթութեան պատկանող ժողովուրդներու հետ ուստի եւ կարելի չէր նոյնիսկ մտածել ձուլումի մասին։ Դժբախտաբար Միջին Արեւելեան պատերազմներն ու արաբական նոր զարթօնքը իրենց տխուր դրոշմը կը դնեն այսօր մեր գոյութենական պայքարին վրայ։
Մեր յոյսը կը մնայ ներկայ երիտասարդութիւնը։ Որպէսզի Հայց. Եկեղեցւոյ վիճակը մեր բոլոր գաղթավայրերու մէջ կարենայ բարենորոգուիլ, բարեկարգուիլ եւ կատարել իր դարերու պատմական դերը, Հայ ժողովուրդը ՀԱՅ պահելու իր սրբազան առաքելութիւնը, անհրաժեշտ է որ հայ երիտասարդութիւնը օժտուի հայեցի դաստիարակութեամբ, իր աչքերը սեւեռած՝ դէպի հայրենիք։
Եթէ Հայց. Եկեղեցին կարողանար ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, այսօր շատ աւելի մեծ դեր կրնար խաղալ մարդկային հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ։