Մեր տեսակցութիւնը Ազունիէի Հայ Ազգ. Բուժարանի տնօրէն՝ Պր. Տիգրան Պօյաճեանի հետ, շահեկան բազմաթիւ երեսներ ունէր: Լիբանանի մէջ գործող Հայ Ազգային Բուժարանը Սփիւռքի կարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է, որ արժանի է հոգածութեան եւ գուրգուրանքի:
Մեր տեսակցութիւնը Ազունիէի Հայ Ազգ. Բուժարանի տնօրէն՝ Պր. Տիգրան Պօյաճեանի հետ, շահեկան բազմաթիւ երեսներ ունէր: Լիբանանի մէջ գործող Հայ Ազգային Բուժարանը Սփիւռքի կարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է, որ արժանի է հոգածութեան եւ գուրգուրանքի:
Շատ սիրով: Հայ Ազգային Բուժարանը ստեղծուած է 1923-ին, Լիբանանի ծովեզերեայ Մաամլթէյն կոչուած շրջանին մէջ: Այդ քայլը արդիւնքն էր գաղթական հայութեան մէջ տարածուած թոքախտի հիւանդութեան: Գաղթական հայորդիները, թշուառութեան եւ թերասնութեան պատճառաւ, կը վարակուէին այդ սոսկալի ախտէն: Տեսիլք ունեցող մարդիկ նախաձեռնած են այս կառոյցը հաստատել: Հարկ կը համրեմ գէթ երկու անուններ յիշատակել. Վեր.Ենովք Հատիտեանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Սահակ Խապայեան Վեհափառին: Անշուշտ մեծ թիւով նուիրեալ անհատներ ունեցած են իրենց բաժինը, բայց վերոյիշեալները առանցքային դեր խաղացած են այս ծրագրի յաջողութեան մէջ:
Նկատելով, որ Մաամլթէյնը ծովեզերեայ դիրք ունի, այնքան ալ նպաստաւոր չէր բուժարանին համար: Հարկ էր գտնել հովասուն եւ անտառային շրջան մը: Երկար փնտռտուքներէ ետք, այս վայրը, Ազունիէն ընտրուած է: Բուժարանը հոս փոխադրուած է 1937-ին: Այս ընտրութիւնը, բոլորին հաստատումով, շատ ճիշդ եղած է:
Շուրջ 90-ամեայ այս հաստատութիւնը կը պատկանի Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական Յարանուանութեանց: Երկու եկեղեցիները սերտ կերպով համագործակցած են այս ամողջ տեւողութեան ընթացքին: Հաստատութիւնը եղած է օրհնութիւն մը թէ հայութեան եւ թէ Մ. Արեւելքի ժողովրուրդներուն համար: Բազմաթիւ հայորդիներ եւ արաբ հայրենակիցներ, հոս գտած են բժշկական խնամք եւ դարմանում:
Հ.2. Հիմա երբ թոքախտը կորսնցուցած է իր նախկին վտանգը եւ ուժգնութիւնը, ինչո՞վ կ’արդարանայ Բուժարանին գոյութիւնը:
Շատ ճիշդ է, որ թոքախտը այսօր չի ներկայացներ նախկին ահազանգային վիճակը, բայց մենք կը շարունակենք մեր ծառայութիւնները մատուցել կրծքային հիւանդութիւններէ տառապողներու: Այսօր մեր Բուժարանը, ամբողջ Լիբանանի տարածքին, միակն է իր տեսակին մէջ, եւ որպէս այդպիսին՝ կը վայելէ պետական հոգածութիւն:
Բացի ատկէ, հաստատութիւնը նաեւ, ժամանակի պահանջներուն եւ պայմաններուն պատշաճեցնելով ինքզինք, կը ծառայէ որպէս տարեցներու տուն: Արդարեւ, մեծ թիւով տարեցներ հոս կը վայելեն հոգածութիւն եւ մնայուն կերպով բժշկական հսկողութեան տակ են:
Հ 3. Այս երկուքը, կրծքային հիւանդանոց եւ ծերանոց, ինչպէ՞ս կարելի եղած է համատեղել:
Պարզ է: Կրծքային բաժանմունքը եւ ծերանոցը լրիւ անջատ են, առանձին շէնքերու մէջ: Հոս նաեւ յայտնեմ, որ ստեղծուեցաւ բանտային
բաժանմունք, բնականաբար Ներքին գործոց նախարարութեան հետ կնքուած պայմանագրութեան մը հիման վրայ: Բանտերու մէջ կրծքային հիւանդութիւններէ վարակուած բանտարկեալներ, հոս կը բերուին բուժումի համար:
Հ.4. Կարելի՞ է իմանալ երկու բաժանմունքներուն տարողութիւնները:
Կրծքային բաժանմունքին մէջ կրնան բուժուիլ 30-50 հիւանդներ: Ծերանոցը կը պատսպարէ շուրջ 100 տարեց:
Հ 5. Դուք ե՞րբ ստանձնեցիք տնօրէնի պաշտօնը. նախապէս ի՞նչ փորձառութիւն ունեցած էք այս մարզին մէջ:
Այս հաստատութեան տնօրէնութիւնը ստանձնեցի 1 Յուլիս 2006-ին: Անմիջապէս ըսեմ, որ հազիւ պաշտօնս ստանձնած՝ 14 Յուլիսին, պայթեցաւ իսրայէլեան նորագոյն ներխուժումը: Շատ դժուարին օրեր ապրեցանք. կար մթերքի եւ դեղորայքի ապահովման հարց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու խանգարումին պատճառաւ, չափազանց դժուար եղաւ: Բայց կրցանք տոկալ եւ շրջանցել այդ շատ դժուարին 34 օրեայ տագնապը: Մեծ դաս եղաւ այդ մեզի համար: Հիմա մենք միշտ մեր տրամադրութեան տակ ունինք դեղորայքի, սննդամթերքի եւ վառելանիւթի պահեստներ:
Խոստովանիմ, որ հիանդանոցային մարզին մէջ ոչ մէկ փորձառութիւն ունեցած եմ: Սակայն Միտըլ Իսթ Օդանաւային ընկերութեան մէջ վարչական լայն փորձառութիւն ունեցած եմ, որպէս տնօրէն:
Հ 6. Ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել անձնակազմին մասին:
Անձնակազմի ընդհանուր թիւն է եօթանասուն: 9 բժիշկ ունինք, որոնցմէ երկուքը մնայուն կերպով հոս կը բնակին եւ 24 ժամուայ վրայ 24 ժամ հերթապահութիւն կը կատարեն: Ունինք 30 հիւանդապահ-հիւանդապահուհի: Մնացեալները վարչական եւ այլ պատասխանատութիւններ ունին:
Աւելցնեմ, որ մեր հիւանդապահ – հիւանդապահուհիները, պարբերաբար, վերաորակաւորման յատուկ ծրագիրներու կը հետեւին, հոս, հաստատութենէն ներս:
Հ 7. Անցեալ ամառ կատարուեցաւ հիմնանորոգութեան ենթարկուած յարկի մը բացման հանդիսութիւնը: Կարելի՞ է խօսիլ վերջին շրջանին, հաստատութենէն ներս կատարուած բարեփոխութեանց մասին:
Առաջին հերթին, կայունութեան այս մթնոլորտին մէջ, հետզտհետէ կ’աւելնայ թիւը մեր այցելուներուն, ըլլան անոնք միութիւններ թէ անհատներ: Այցելուները իրենց հետ կը բերեն ուտելիք, նուէրներ եւ, յատկապէս՝ ուրախութիւն: Արդարեւ, ընկերութենէն հեռու ապրող մեր պապիկներն ու մամիկները մեծապէս կ’ուրախանան, երբ «դուրս»ի աշխարհէն մարդիկ զիրենք յիշելով, հոս կը փութան:
Մեր շէնքերը, որոնց մէկ մասը աւելի քան 70 տարուան կեանք ունի, բաւական տխուր վիճակ կը պարզէին: Այսօր այլ է կացութիւնը: Մեր խնամակալութեան հանգուցեալ (մահացած 2006-ի աշնան) ատենապետ՝ Տիար Զօհրապ Թորիկեանի սերտ բարեկամ՝ Տէր եւ Տիկին Բիւզանդ Գէորգեանները, ի յիշատակ իրենց սիրելիին, կատարեցին 180,000 տոլարի իշխանական նուիրատութիւն մը: Սոյն նուիրատութեամբ կարելի եղաւ գլխաւոր շէնքին 3-րդ յարկին հիմնանորգութիւնը, շէնքին դուրսի մասը ներկուեցաւ: Վերելակը փոխուեցաւ եւ տանիքը դարմանուեցաւ խոնաւութեան դէմ: Այդ յարկին վրայ կառուցուեցաւ նաեւ գրադարան-հիւրասրահ մը, որ կոչուեցաւ Զօհրապ Թորիկեանի անունով:
Նորոգութեան ենթարկուած յարկին կահաւորումը իրագործուեցաւ շնորհիւ ամերիկեան USAID կազմակերպութեան կատարած նուիրատութեան՝ 50,000 Ամ. Տոլ.:
Այս աշխատանքներուն աւարտը նշուեցաւ վերոյիշեալ հանդիսութեամբ, որ կարեւոր թուական մը պիտի մնայ մեր տարեգրութեանց մէջ:
Անցնող 3 տարիներուն ընթացքին գնեցինք երկու մինի-պաս: Ցանկապատը եւ պահակատունը նորոգուեցան:
Անցեալ գարնան հաստատութիւնը օժտուեցաւ արեգակնային դրութեամբ ջերմասարքերով: Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ Նիւ Եօրքի մեր խնամակալ մարմնի ( 42,000.00 Ամ. Տոլար ) նուիրտութեան շնորհիւ: Ասկէ զատ նոյն մարմինը նախապէս մեզի նուիրած էր Ք ճառագայթի նոր սարք մը:
Շնորհիւ այս նորոգութեանց, պէտք է ըսել, որ հաստատութիւնը հիմնովին բարեփոխուեցաւ եւ ստացաւ թէ բարեկարգ եւ թէ ալ, պէտք է ըսել, զուարթ մթնոլորտ մը:
Շնորահկալութիւն բոլոր նուիրատուներուն՝ անհատ թէ կազմակերպութիւններ:
Մեզի համար տաղտուկ էր կոյուղիի ջուրերու հարցը: Նոյնիսկ մեր դրացիներուն հետ որոշ դժուարութիւններ կը պատճառէր մեզի այդ մէկը: Հիմա արդէն իսկ աւարտեցաւ կոյուղիի մը կառուցումը, կարգ մը դրացիներու գործակցութեամբ: Այդ տաղտուկէն ձերբազատուած ենք այլեւս:
Զանազան աղբիւներէ կը հոգացուին մեր եկամուտները: Նախ կայ պետական յատկացումը, որ կը կազմէ հիմնական եկամուտի աղբիւրը: Ապա Նիւ եորքի մեր խնամակալութիւնը, եռամսեայ դրութեամբ, կը կատարէ իր յատկացումը: Ճինիշեան Ֆոնտը կը կանգնի մեր կողքին: Ասկէ զատ, անհատական նուիրատութիւններ, հետզհետէ, սկսած են աւելի շօշափելի դառնալ: Անշուշտ հիւանդները, իրենց հերթին, որոշ վճարում կը կատարեն:
Բայց, նկատի առնելով մեր կարիքներուն մեծացումը եւ սղաճը, հաստատութիւնս միշտ պէտքը կը զգայ իրեն նեցուկ կանգնող նորանոր անհատներու եւ կազմակերպութեանց:
Հ.9. Շինարարական այլ ծրագիրներ ունի՞ք:
Անշուշտ: Գլխաւոր շէնքին գետնայարկին նորոգութիւնը, որ շատ անհրաժեշտ էր, արդէն իսկ ձեռնարկուած է: Թէեւ խնամակալութիւնը իր սնտուկէն կը կատարէ այս աշխատանքը, բայց մեծապէս գնահատելի պիտի ըլլար եթէ բարերար կամ բարերարներ ստանձնէին այդ աշխատանքին Ֆինանասւորումը: Կ՝ակնկալենք, որ մինչեւ յառաջիկայ ամրան վերջը, այդ աշխատանքը աւարտի:
Նաեւ գործադրութեան պիտի դրուի մարզումի, Ֆիզիո-թերափիի բաժանմունքի մը ծրագիրը: Նկատելի է, որ այս մարզին անհրաժեշտութիւնը մեծ է, մեր շրջանին մէջ:
Հ. 10. իսկապէս որ բաւական լայնածիր են ձեր ծրագիրները:
Իրաւունք պիտի տամ ձեզի, պայմանով որ յիշեմ գլխաւոր ծրագիր մը, որ կոթողական է: Արդարեւ, իսրայէլեան 1982-ի ներխուժումի օրերուն, հաստատութիւնը վերածուած էր ճակատի: Կիւլպէնկեան շէնքը, որ կը ծառայէր որպէս խլիրդի ուսումնասիրութեան կեդրոն, շատ ծանր կերպով վնասուած էր. ուղղակի ռմբակոծութեան ենթարկուած էր: Ներկայիս այդ շէնքը տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ: Խնամկալութեան որոշումով, այդ շէնքը պիտի նորոգուի: Ծրագիրը պատրաստութեան մէջ է: Վստահաբար մեծածախս բան մը պիտի ըլլայ: Աստուծոյ հրամանով, այդ ծրագիրը հարկ է որ իրագործուի: Հարկ է, որ հայորդիներ այս մասին մտածեն եւ գործնականի անցնին: Այդ շէնքին հիմնանորգութիւնը, ծառայութեան աւելի լայն հորիզոններ պիտի բանայ հաստատութեանս առջեւ:
Հ . 11 . Վերը ըսիք, որ այս հաստատութիւնը կը պատկանի Առաքելական եւ Աւետարանական Յարանուանութեանց. սոյն եկեղեցիներուն պատասխանատուները ինչ ձեւով կը վերաբերին հաստատութեան հանդէպ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու Մերձ. Արեւելքի Հայ Աւետ. Եղեցիներու Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, իրենց օրհնութեամբ եւ անմիջական կերպով կը հետեւին հաստատութեան: Իրենց խորհուրդներովը եւ այցելութիւններովը միշտ նեցուկ կը կանգնին մեզի:
Արդէն բոլորս ալ հաստատեցինք անցեալ Սեպտ.ի 11-ին, զոյգ պետերը եւ գաղութիս կրօնական թէ ազգային պատասխանատուներ, փութացած էին հոս, բաժնեկցելու համար նորոգութեանց աւարտը նշող հանդիսութեան ուրախութիւնն ու հպարտանքը:
Հ.12. Յաճախ յիշեցիք խնամակալութեան մասին. ինչպի՞սի կազմ մըն է այդ:
Խնամկալութիւնը կը բաղկանայ 8 անհատներէ: Իւրաքանչիւր կրօնապետ կը նշանակէ չորսական անդամ: Ըստ կանոնագրութեան, կազմին ատենապետը պէտք է ըլլայ Հայ Առաքելական, փոխ ատենապետը՝ Աւետարանական. ատենադպիրը՝ Առաքելական եւ գանձապահը՝ Աւետարանական: Խնամակալութեան կազմը կը նշանակուի չորս տարուայ համար:
Հ. 13. Ներկայ խնամակալութեան կազմը ե՞րբ նշանակուած է, ի՞նչ կրնաս ըսել անոր գործունէութեան ոճին մասին:
Ներկայ կազմը նշանակուած էր 2003-ի Նոյեմբերին: Այդ միջոցին որոշ անդամներ դուրս եկան կազմէն, ուրիշներ նշանակուեցան անոնց տեղ: Հարկ է արձանագրել, որ կազմի Ատենապետ՝ Տիար Զոհրապ Թորիկեան մահացաւ 2006-ին: Փոխանցման շրջանի մը համար Փոխ Ատենապետ՝ Տիար Ներսէս Պաղտոյեան վարեց ատենապետւկթիւնը: Ներկայ ատենապետն է Տոքթ. Փաօլօ Գազազեան, որ միեւնոյն ատեն Լիբանանահայ Բժշկ. Միութեան ատենապետն է:
Ինչ որ նկատած եմ, այս կազմը շատ հեզասահ ձեւով կը տանի աշխատանքները: Ընդհանրապէս որոշումները կ՝առնուին միաձայնութեամբ: Նաեւ թափանցիկութեամբ կ՝աշխատի: Հետամուտ է հաստատութեան բարենորոգումներով, թէ որպէս շէնք եւ թէ որպէս մարդուժ: Ըսել կ՝ուզեմ, հոգ կը տանի որ նորոգութիւններ կատարուին, որպէսզի հոս ապաստան գտնողները արժանավայել կեանք մը ապրին, նաեւ ստանան հարկ եղած խնամքը: Անձնակազմի գծով, օրինակ, կը կատարէ վերաորակաւորում, յատկապէս հիւանդապահուհիներու պարագային:
Կազմը նաեւ հետամուտ է խնայողութեամբ շարժիլ, աւելորդ վատնումներէ խուսափելու համար: Բայց միշտ նախանձախնդիր է, որ հոն ապաստան գտնողները ստանան հարկ եղած պիտոյքները: Նաեւ կը ջանայ զուարթ մթնոլորտ ստեղծել հաստատութենէն ներս: Այս մէկը օրինակ նկատի առնուեցաւ երբ շէնքին ներքին մասը պիտի ներկուէր: Միւս կողմէ, պաշտօնեաներուն իրաւունքները լի ու լի կը հատուցուին: Նոյնիսկ պետական «տաման»-ի մօտ, ոչ մէկ պարտք կամ առկախ հարց կայ այսօր:
Պէտք է հաստատել որ Ազունիէի ներկայ գրեթէ նախանձելի կացութիւնը կը պարտինք ներկայ խնամակալութեան մտայնութեան եւ գործելաոճին:
Հ.14. Այս հարցազրոյցը փակելու համար, ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Այս հաստատութիւնը, իր աշխարհագրական դիրքին բերումով, ձեւով մը հայութեան երախտագիտութեան գեղեցիկ արտայատութիւնն է Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս ՇուՖի շրջանին:
Նորանոր ծրագիրներ կը մշակուին: Կարիքները լայն են: Կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ կարելի ըլլայ լաւագոյնս շարունակել հաստատուոթեան ծառայութիւնները:
Այս բոլորը կ’ենթադրեն մեր ազգի զաւակներուն, ի սփիւռս աշխարհի, իրենց առօրեայ հեւքին մէջ, յիշեն, որ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը կանգուն եւ նաեւ ծաղկուն է: Հարկ է թիկունք կանգնիլ անոր, որպէսզի ոչ միայն շարունակէ ծառայել մեր ազգակիցներուն, այլ նաեւ ընդարձակէ իր ծառայութիւնները:
Խորին շնորհակալութիւն ձեզի, Պր. Համօ ՄոսկոՖեան, այս շահեկան հարցազրոյցին համար: Թո՛ղ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ ձեզի:
1 comment
Azounieh
Comments are closed.