«Հայ Գրականութեան Շաբաթներ»ուն Ծիրին Մէջ

Պարոյր Աղպաշեանի Գիրքերու Մակագրութիւն Ազդակ Օրաթերթ, 2 Ապրիլ 2011

Երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն 6:00, Համազգայինի գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Աղպաշեանի «Ապրուած հրապարակագրութիւն» եւ «Պատառիկներ մեծերէն» գիրքերու մակագրութիւնը` «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ու ծիրին մէջ:


Պարոյր Աղպաշեանի Գիրքերու Մակագրութիւն Ազդակ Օրաթերթ, 2 Ապրիլ 2011

Երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն 6:00, Համազգայինի գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Աղպաշեանի «Ապրուած հրապարակագրութիւն» եւ «Պատառիկներ մեծերէն» գիրքերու մակագրութիւնը` «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ու ծիրին մէջ:

Համազգայինի գրատարածին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան մասին խօսելով` Պ. Աղպաշեան դիտել տուաւ, որ իբրեւ մտայղացում գիրքերու մակագրութեան այս գաղափարը գնահատելի է: «Մեր դասական իրավիճակին մէջ ասիկա երեւոյթ մըն է, եւ կը յուսամ, որ աւելի արհեստավարժ հիմքերու վրայ կը դրուի, աւելի մասնագիտական մօտեցումով կը կազմակերպուի ու փորձառութիւնը կը դառնայ աւելի արժեւորուած եւ աւելի յարատեւ ու արդիւնաբեր», ընդգծեց Պ. Աղպաշեան:

Հայ գիրքի ճակատագիրին, հայ գիրքերուն ու ընթերցողներուն միջեւ կապին մասին «Ազդակ»ի հարցումին պատասխանելով` Պ. Աղպաշեան ըսաւ, որ ինք հայ գիրքի մասին ժխտական մօտեցում չունի, մանաւանդ որ հայ գրողը, ստեղծագործողը, մտաւորականը պիտի գրէ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, ընթերցող ունենայ կամ ոչ: Ըստ անոր, այս հարցին կարելի է մօտենալ երկու ձեւով. հայ գրողը պիտի գրէ ինքնիրեն գոհացում պատճառելու համար, երկրորդ` բան մը կտակելու, բան մը ձգելու զգացումը կ՛ունենայ: «Իսկ ընթերցողներու պարագային, ասիկա մղձաւանջ մըն է, որ ամէնքս կը զգանք: Ասոր ախտաճանաչումը կատարելը կարճ ժամանակի մէջ եւ արագօրէն չ՛ըլլար, այլ կարիք ունի ուսումնասիրութեան, որպէսզի գիտնանք պատճառները եւ փնտռենք դարմանումները, թէեւ բաւական դժուար է ատիկա կատարել: Պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ ձեւերու պէտք է դիմենք, որպէսզի ընթերցող-հեղինակ յարաբերութիւնները ամրապնդուին», դիտել տուաւ Աղպաշեան:

Ան նշեց, որ տիրող կացութիւնները կրնան տխրեցնող ըլլալ, սակայն երբեք յուսահատեցնող պէտք չէ ըլլան հեղինակներուն եւ ընթերցողներուն համար, այլ` պայմանները պէտք է բերրի դարձնել, արգասաբեր դարձնել:

«Նոր սերունդին մօտ ընթերցանութեան նահանջը, հայ գրականութեան հետ կապի նուազագոյն աստիճանի գոյութիւնը ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենան անոնց կազմաւորման վրայ» հարցումին պատասխանելով` Պարոյր Աղպաշեան ըսաւ, որ անոնք մեծ անդրադարձ կրնան ունենալ` դիտել տալով, որ պէտք է մասնագէտներու կողմէ սերտուի կացութիւնը, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ այս անջրպետը ինչո՞ւ կը յառաջանայ: «Ես կը կարծեմ, որ ծնողք, շրջանակ, դպրոց առանցքին մէջ սխալ բան մը կայ: Աւելի դիպուկ ըլլալու համար ըսեմ, որ նախապէս կար հայեցի դիմագիծ ունեցող, մշակութային-ակմբային դրութիւնը, որ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի, այս պատճառով ալ պակաս մը, բացակայութիւն մը պիտի նշմարուի: Մեր ծնողները, որոնք երիտասարդ են, համալսարանաւարտ են, իրենք է, որ հայ գիրքը, գրականութիւնը, ընթերցանութիւնը ո՛չ կը քաջալերեն, ո՛չ ալ կը մղեն իրենց զաւակները դէպի անոնց կողմը: Անոնք կը բաւարարուին դպրոցական շրջանակներու մէջ իրենց զաւակներուն մատուցուածով, հայերէն խօսելով, հայ մշակոյթին մօտիկ ըլլալով: Բայց եւ այնպէս ժամանակը ցոյց կու տայ, որ ասոնք միայն բաւարար չեն, որովհետեւ զգալի բաց մը գոյութիւն ունի ներկայ սերունդին եւ հայ գիրի, գրականութեան, մշակոյթին միջեւ: Այս հարցը բաւական բարդ է, գիտաժողովի կը կարօտի, որպէսզի ախտաճանաչումը կատարուելէ անդին երթանք եւ լուծումներ գտնենք», նշեց Աղպաշեան:

Աւարտին ան ըսաւ, որ «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ուն հետեւած է ինք, եւ մտաւորականը ոգեւորեցնող զգացումներ կը յառաջացնեն նման նախաձեռնութիւններ, սակայն պէտք է համապատասխան մթնոլորտը ստեղծուի, պէտք է բացատրել, ինչպէս նաեւ այս մթնոլորտը դպրոցական, միութենական կառոյցներուն մէջ ալ տարածել եւ բոլորին հասանելի դարձնել: Պէտք է ընթերցողներուն հասնելու ուղիները գտնել:

Ըստ Պ. Աղպաշեանի, ասիկա միայն լիբանանահայութեան խնդիրը չէ, այլեւ համայն հայութեան` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ուստի բոլորս պէտք է միասնաբար նստինք եւ ելքերու մասին մտածենք:

«Պատառիկներ Մեծերէն»

Թորոս Թորանեան, Հալէպ, 20 Մարտ 2011
 
Յուշերու այս փունջով, ազգային հասարակական գործիչ, խմբագիր, հրապարակագիր, ուսուցիչ ու դասախօս Պարոյր Աղպաշեանը շարունակելով իր հօր՝ Յովհաննէս Աղպաշեանի հրապարակագիրի ու երգիծաբանի գործը, մեզի կը ներկայացնէ բնորոշիչ պատառիկներ լիբանանահայ երախտարժան դէմքերէն տասնեօթին:
 
Եւ քանի որ այս գիրքին 87 էջերէն մեզի ներկայացուած անձնաւորութիւններուն բոլորն ալ անձամբ եւս ծանօթ են մեզի, գործին ընթերցումը կատարեցինք անմիջապէս:
 
Այս հատորեակին բոլոր հերոսները, բացի Յովհաննէս Աղպաշեանէն, պատկանած են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու եղած նաեւ նոյն կազմակերպութեան ղեկավարները կամ կողմնակիցներըՊարոյր Աղպաշեան իր այս մեկտեղումով իր խօսքը կ՝ուզէ հասցնել այս կազմակերպութեան այսօրուան պատասխանատուներուն, որուն պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթին եղած է գլխաւոր խմբագիրը ամբողջ 17 տարիներ:
 
Այստեղ խօսողը մէկն է, որ գործակցած է յիշուող բոլոր անձերուն հետ:
 
Խմբագիր Պարոյրը, անյիշաչարօրէն կը ներկայացնէ եւ նոյն ատեն ունի շնորհակալութեան խօսքեր այն ղեկավարներուն նկատմամբ, որոնց շունչին տակ հասակ առնելով ինք իր համալսարանական ուսումնառութենէն ետք, Երեւանէն Պէյրութ վերադառնալով եղած է անոնց գործակիցը:
 
Այստեղ ճնշուող սիրտի մը կը հանդիպինք, սրտցաւ սիրտի մը, եւ այդ սիրտը Պարոյր Աղպաշեանին սիրտն է.- «Երկար ժամանակէ ի վեր, ինծի համար աճող մղձաւանջ դարձած էր այն տխուր իրավիճակը, որուն մէջ կը գալարուէր, անցեալի իր հոյակապ իրագործումներով, շինիչ ներդրումներով ու հանրանպաստ դերակատարութիւններով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը» կը գրէ Աղպաշեան, ու կը շարունակէ.- «Երկար մտածումներէ ետք, անձնական դիտարկումներով, արժեւորումներով ու դատումներով, որոշեցի «կենդանացնել» ՌԱԿի այն մեծերը, որոնց հետ ապրելու, յարաբերելու, զրուցելու ու մանաւանդ անոնցմէ սորվելու բացառիկ առիթներ ունեցայ»:

Իր «աճող մղձաւանջով» ի՞նչ ըսել կ՝ուզէ Պարոյր ԱղպաշեանՆախ կ՝ուզէ շեշտել վաստակաւորներուն արժանիքներըԱպա, այսօր, պաշտօնի վրայ գտնուողներուն յիշել տալ կ՝ուզէ այն աւանդը զոր կտակեցին մեկնող մեծերը, որպէսզի նորերը տէր կանգնին այն պարտականութեանց եւ պատասխանատուութիւններուն զորս ժառանգեցինՈւ տակաւին, «Նոր սերունդին սորվեցնել երախտաւորներու փաղանգին ոգիին եւ ուղիին հարազատ մնալու անհրաժեշտութիւնը, վերանորոգ վճռականութեամբ անոնց գործը շարունակելու հեռանկարով»:
 
Գիրքը կը բացուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի երբեմնի դասախօս՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանով, որ կը սիրէր կրկնել.- «Պտի, պտի, պտի չկայ, այլ՝ գործ»Ան այն ղեկավարն էրոր գործել տալ կ՝ուզէր:
 
Ապա կու գայ Գերսամ Ահարոնեանը, որ որպէս ուսուցիչ ու պատմաբան եւ մանաւանդ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետ, իր շինիչ յօդուածխմբագրականներով, «Գալ տարի՝ Վան» կարգախօսով գաղութին եւ ոչ միայն գաղութին տուաւ արեւելում, ցոյց տալով Երեւանի ու Ս. Էջմիածինի ճամբան:
 
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, համեստագոյն մարդը ահա, որ կրնար որպէս փաստաբան ապրիլ լաւագոյն պայմաններու մէջ, բայց, նախընտրեց ծառայել ազգին, միշտ կրկնելով.- «Տղաք, մեր մօտ բաժանում չկայ, այլ՝ միացում»:
 
Բայց պատահեցաւ հակառակըԱ՛յդ է Աղպաշեանի ցաւը:
 
Յաջորդը ճարտարապետ Յակոբ Դաւիթեանն է՝ մուսալեռցի, որուն եղբայրը՝ Դաւիթ Դաւիթեան հակահիթլէրեան պայքարի մարտիկ եղաւ, Ֆրանսայի մէջ, յար եւ նման Միսակ ՄանուշեանինԱն անընդհատ նորերուն կը կրկնէր.- «Մեզի պէտք է թարմ շունչ, դուք կրնաք ըլլալ արժանաւորները»:
 
Ահա Մելգոնեանի շրջանաւարտներէն՝ Հայկաշէն Ուզունեանը, որ դէմ էր երիտասարդներու միջեւ տիրելիք տարակարծութիւններունԲան մը, բաղձանք մը, որ առ այսօր հեռու է իրականութիւն ըլլալէ:
 
Պայծառ անուն մը եւս՝ Անդրանիկ Անդրէասեան, որ այս տողերը ստորագրողը մղեց աշխատակցիլ իր խմբագրած «Նոր Օր»ին երբ ես կ՝աշակերտէի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան:
 
Ան ըսած է.- «ՌԱԿի ուժը իր մտաւորականութեան մէջ է»:
 
Յիրաւի, ՌԱԿը հարուստ է իր մտաւորականներով, որոնք կազմակերպութեան ուժը եղած ըլլալով, պատճառ դարձան նաեւ անոր երկփեղկումին:
 
Ահա՛, այդ է ցաւը Պարոյր Աղպաշեանին ու ցաւը բազմաթիւ հայերու, որոնք այս կազմակերպութեան բարգաւաճումը կ՝ուզէին:
Անկուսակցական մը վերջապէս՝ ՎահէՎահեան բանաստեղծը, որ կրկնած է.- «ՌԱԿին կարեւոր դեր մը վերապահուած է Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ»Ճի՛շդ բնորոշում:
 
Ո՞վ չէ ճանչցած Արա Թօփճեան մանկավարժ ու տնօրէն այս խստամբեր նուիրեալը, որ փափուկ սիրտի տէր մը եղած է, հետեւեալ բնորոշ սկզբունքով.- «ՌԱԿը միշտ պէտք է ինքզինք վերանորոգէ եւ երիտասարդացնէ»Այդպէս ընելու համար անհրաժեշտը միասնականութիւնն է եւ ոչ տարանջատումը:
 
Չի մոռցուիր սասունցի Օննիկ Սարգիսեան նուիրեալ մանկավարժն ու խմբագիրը, մշակոյթի գործիչը, որ ամբողջ սերունդ մը մայրենիով մկրտեց Հալէպի թէ Պէյրութի մէջ, որուն խօսքը, ահա՛.- «ՌԱԿը է նաեւ մշակոյթի կուսակցութիւն»Հոյակա՛պ բնորոշում:
 
Միշտ Հալէպէն, ահա բազմաբնոյթ աշխատանքներ նախաձեռնող՝ ակնաբոյժ Ռոպերթ Ճեպեճեանը, որ պատգամի մը պէս կրկնած է.- «Հայաստանը մնալու համար անվտանգ, պէտք է գիտնալ զայն պահել. ՌԱԿը ա՛յս արեւելումին մէջ պէտք է մնայ»:
 
Այսօր եւ միշտ ի զօրու է այս միտքը:
 
Արեան ճանապարհով բժիշկ Յարութիւն Եոզկաթեան ռամկավար էր, որ կը կրկնէր.- «Ինաֆ իզ ինաֆ»Այսինքն՝ ալ կը բաւէ՛, գործ տեսնենքԽօսքի վարպետ ըլլալը քիչ էՊէտք ունինք գործի վարպետներու:
 
Ուրիշ նուիրեալ մըն ալ եղաւ Յովհաննէս Թապագեանը, մանկավարժ ու հրապարակախօս, որուն երբ հանդիպեցայ Լոս Անճելըսի իր բնակարանին մէջ, հիւանդ էրԱն ըսաւ.- «Մենք ինչ գործ ունէինք Ամերիկայի մէջ»Այո՛, Թապագեանին պէտք ունէինք Լիբանանի մէջ:
Ան կը սիրէր կրկնել.- «Հայրենասիրութիւնը գո՛րծ է, ՌԱԿը ա՛յդ գործին լծուած է»:
 
Իսկ մանկավարժ ու դասագիրքերու հեղինակ Համբարձում Գումրուեանին համար.- «ՌԱԿը անփոխարինելի գաղափարախօսական վարդապետութիւն է»:
 
Իսկ Լիբանանի փաստաբանական կաճառի անդամ՝ Նուպար Թուրսարգիսեանը ըսած է.- «ՌԱԿԹՄՄը միշտ վերելքի եւ առաջնորդութեան ընթացքի մէջ եղած է»:
 
Աննման Զաւէն Կոստանեանը հապա, որուն հետ համագորակցեցաւ այս տողերը գրողը Հայաստանի երգի ու պարի համոյթին՝ Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեամբ, Պէյրութ եղած միջոցին, երբ տոմսերու վաճառքէն միութիւններու համար գոյացաւ 144000 Լիբանանեան ոսկի, ան, յաւելեալ բոլոր ծախսերուն համար ինք կ՝ըլլար վճարողը ու ես նօթ կ՝առնէիԻնք համաժողովրդական մարդ, միշտ ըսած է.- «ՌԱԿը ժողովրդական է իր ծնունդով, ներկայով ու ապագայով»:
 
Մարտական տղայ էր Զօհրապ Քէշիշեանը, որուն երբ հանդիպեցայ, Հալէպի «Օթէլ Պարոն»ի մուտքին, ան ըսաւ.- «Գրիչդ դալար մնայ, շարունակէ գրել»Ան էր հետեւեալ արտայայտութեան տէրը.- «ՌԱԿը իմ աշխարհս է, իսկ ես՝ անոր համեստ ծառան»Համեստ, ըմբոստ ու նուիրեալ, զոհ՝ ապաժամ գնդակի:
 
Անկրկնելի նուիրեալ Յովհաննէս Աղպաշեանով կը փակուին այս քիչ խօսքերու մէջ մե՜ծ ցաւ յայտնող գիրքին էջերը, ուր իր երգիծական գործերը Խիկար ստորագրող Աղպաշեանը ըսած է.- «Իմ գաղափարական հաւատամքս իմ ժողովուրդս է»:
 
Այս գիրքին պարունակին տասնեօթ ներկաներէն հինգը եղած են Մելգոնեանցի.- Գերսամ Ահարոնեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Օննիկ Սարգիսեան, Համբարձում Գումրուեան եւ Յովհաննէս Աղպաշեան, ու չորս հոգի Մելգոնեանի դասախօսներ, այլապէս պաշտօնավարած.- Գերսամ Ահարոնեան, ՎահէՎահեան, Արա Թօփճեան եւ Օննիկ ՍարգիսեանԱյսքան մը մասնակցութիւն Մելգոնեանէն ՌԱԿի յաջողութիւններուն մէջ, քիչ թիւ մը չէ, կարծեմ:
 
Այո՛, մեր գաղափարական հաւատամքը ըլլալու է մեր ժողովուրդը բարձրաձայնելու համար, նաեւ այն որ ՌԱԿը նոր շունչով շարունակելու է իր յիրաւի ազգօգուտ ճամբան, որուն համար, վստահ եմ, շնորհակալ եղողներու առաջին շարքին վրայ պիտի գտնուի այս գիրքին հեղինակը, որ ամէնէն առաջ իր՝ Յովհաննէս հօրմէն եւ մուսալեռցի Մարի մօրմէն ժառանգած հայրենասիրութեամբ յայտնի է բոլորիս, յատկապէս իր հրատարակած հրապարակագրական յօդուածներով ու վեցեակ մը գիրքերով:


 

Անդրադարձ՝ Պարոյր Աղպաշեանի
«Ապրուած Հրապակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով» Գիրքին
Պէյրութ – 2010, 446 էջ, Գ. Հատոր

 
Էօժէնի Դանիէլեան, Հալէպ, Ազդակ Օրաթերթ, 8 Ապրիլ 2011

Հեղեղայի՛ն գրիչ…

Մարդկային ո՛չ մէկ ձեռք կրնայ ջնջել ձեր աստղագիր անունը՝ հայ թերթի ու մամուլի անմահութեան կամարէն:

Խորհրդաւոր ձեր անունը, որ արժանի է հերոսի կոչման, կը յամենայ մեր շրթներուն վրայ…

Պարոյր Աղպաշեան

Ան որ է՛ր եւ յաւէտ պիտի ըլլա՛յ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ մորմոքող բաբախուն հոգի մը եւ խուզարկու միտք մը՝ իր սրտի եւ գրչի վրայ:

Էութեանս բաժակը լեցուած էր անհանդուրժելի եւ աղմկայարոյց դառնութեան ու վիշտի խռովայոյզ զգացումներով, երբ կարդացի հետեւեալ տողերը՝

«Շնորհապարտութիւն՝ ընտանիքիս՝ Անիին, Շողերին ու Հերային, որոնք ազգային-հասարակական կեանքիս ու լրագրական-խմբագրական ասպարէզիս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, ամենայն հանդուրժողութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերեցին»:

Մեծութիւն մը, բոլոր մեծերուն ճակատագրով…:

Հարազատի նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցման ազնուութեամբ՝ խմբագրական չափանիշով յաջողած եւ յաղթանակած այս վկայութիւնները, դիմագիծ ու հոգի տուած են հատորին եւ պերճացուցած հեղինակին անունը՝ նոր ու փառաւոր երանգներով:

Ահա այս արուեստն է, որ համակրելի կ՝ընէ խմբագիր՝ Դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունին:

Հեղինակը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ այս հատորին մեկենասութիւնը բուխ նախաձեռնութեամբ եւ օրինակելի պատրաստակամութեամբ ստանձնած գանատաբնակ (Թորոնթօ) ազնուահոգի ազգային՝ Անդրանիկ Չատըրճեանին:

Անուն մը, որ կը խորհրդանշէ մտաւորական մարդու խառնուածք, երբ իր օժանդակութիւնը ի սպաս կը դնէ հատորի մը հրատարակութեան, իբրեւ փոխանցելի մնայուն գործ, որ կը տրոփէ հայրենի կեանքով եւ ազգային խռովքներով:

Հեղինակը սոյն հրատարակութեամբ անգամ մը եւս քաղաքական երեւոյթներու մասին իր արտադրած գերազանցօրէն յուզիչ եւ պերճախօս գրութիւններու իմաստուն համբաւովը կը ճախրէ, իսկ երբ կ՝ընթերցենք՝ «Երկու խօսք»ի տողերը, կարծես ոլորապտոյտ փոթորիկ մը իր յորձանքին մէջ կ՝առնէ մեզ ու կ՝աղաղակենք…

Ո՞վ պիտի գրաւէ գացողներուն տեղը…

Հատորի բովանդակութիւնը բաժնուած է գլխաւոր եօթը մասերու:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ-ի, որ ծնունդ առած է 1 Հոկտեմբեր 1921ին, Պոլսոյ մէջ, եւ անոր կարգ մը ականաւոր ղեկավարներուն մեծ ու նուիրական գործունէութեան պաշտամունքը ունեցող գրութիւնները կը վկայեն մեզի հեղինակի յարաճուն հիացումը, որ ենթակայ է զգացական եւ իմացական բարձրագոյն գիտակցութեամբ իր խառնուածքի մղումներուն:

Գրութիւններուն մէջ իրենց հաւասարակշիռ զօրութիւնը գտած են հայրենիքն ու ազգային ապրումները:

Ծայրայեղ մարդասէր եւ ազգասէր ոգիով գրած է կուսակցութեան սպասարկուներուն մէջ իրենց վաւերական տեղը գրաւած կարեւոր անձնաւորութիւններուն մասին, թափանցած է անոնց հոգեկան երեւոյթներուն եւ զանոնք արտայայտած խիստ բնական, պատկերալից եւ ճշգրիտ տուեալներով: Դրսեւորուած արժանիքներով ենթակաները դարձած են մարդահաճոյ էակներ, որոնցմէ են՝

Ուսուցիչ – դասախօս՝ Գերսամ Ահարոնեան
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան
Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հեղինակը հոգիի նուրբ զգացումներով ու յուզումներով հանդիսացած է մեր հայրենիքի մեծագոյն իրադարձութիւններու մեկնաբանը:

Կատարեալ ճշդութեամբ ներկայացուցած ու վերլուծած է քաղաքական խորունկ վիշտերն ու անոնց աննկարագրելի տխրութիւնը, ժամանակակից մեծ դէպքերն ու ողբերգական խորագոյն հարցերը: Աղմկալից եւ հեւ ի հեւ հետաքրքրութիւն առթող յօդուածները, ուր մարդկութեան բոլոր տենչանքներն ու սրտի թռիչքները արձագանգ գտած են, իրական օգուտ ընծայած են ժողովուրդին ներշնչելով միտքերու ցանկալի ազատագրում:

Քաղաքական երեւոյթներուն մասին իր ստորագրած գերազանցօրէն յուզիչ եւ պերճախօս գրութիւններով՝ ցոյց տուած է թէ մեծ դիւրութեամբ է որ թափանցած է մարդոց հոգիներուն անմխրճելի խորքը: Գրագէտն ու քննադատը իր անձին մէջ միաձուլուած ըլլալով՝ իր խմբագրականները զգլխիչ տպաւորութիւն կը ձգեն:

Հեղինակին ոճը, դարձուածքները եւ սրամիտ երգիծական հովը անխուսափելի տարրեր են գրուածքներուն մէջ, ինչ որ հրապարակագրական հեգնութեան զգալի դրոշմ մը կը կրեն:

ՂԱՐԱԲԱՂ
Պատմական ճշմարտութիւնները կարելի չէ լռեցնել, ուստի հեղինակը ալեկոծ հոգիով քաղաքական ամենաբարձր ոլորտներուն մէջ թեւածելով լուսարձակի տակ առած է անցեալի ցաւալի իրադարձութիւնները, որոնք անգամ մը եւս կը վերապրեցնեն ազգովին ապրած, քամուած, հալածուած ըլլալու մեր ողբերգութիւնը, սակայն այսօր կ՝ապրինք շատ աւելի շեշտուած խոր ու սրտառուչ իրողութիւն մը, որ մեր տոկալու, հոգեպէս մեծնալու եւ մեր ճակատագրին դէմ խիզախած ըլլալու յաղթանակն է:

Այս գլուխով մենք լրիւ կերպով առիթը ունեցանք թափանցելու Ղարաբաղի իրադարձութիւններու էութեան եւ անոր հաւանական լուծման:

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ
Հեղինակը գործնական նպատակով զինուած գրած է այս խմբագրականները, որոնք ոչ միայն կը բացայայտեն հայ դպրոցին ներկան, այլեւ յստակ կերպով կը մատնանշեն ապագայ ուղեգիծը:
Արձագանգած է դասակարգ մը ծնողներու՝ ճոխ այլազանութեամբ կիրքերու, հակումներու եւ խառնուածքի պատկերազարդ պատմութիւնները, յանդիմանած՝ անոնց պախարակելի գործունէութիւնն ու կեցուածքները, յատկապէս զգուշացնելով զանոնք օտար դպրոցներէն:

Ներկայացուած այդ երեւոյթներուն ամբողջական ամփոփումը համեմած է սուր դիտողութիւններով, թելադրանքներով եւ յստակ լուծումներու ուրուագծով:

Մաղթենք, որ հեղինակը՝ մռայլ երեւոյթներու մատնանշումով, կարենայ պայծառացնել մարդոց միտքերն ու հոգիները:

ՄԱՄՈՒԼ
Մամուլը՝ ղեկավարի մը ուժգնութեամբ, կարող է բարոյապէս ազդել մտքերու եւ սրտերու վրայ: Ան որպէս առաջնորդող՝ սրամիտ եւ տաք շունչով կը ներկայացնէ օրուան կեանքը, կ՝անդրադառնայ առօրեայ դէպքերու, եղելութիւններու եւ ուշագրաւ դէմքերու:

Լիբանանեան մամուլը՝ հեղինակը կը համարէ այն անփոխարինելի դաշտը, ուր կարելի է գտնել խօսքի ու մտքի ազատութիւնը: Ի զուր չէ ըսուած՝ ժողովրդավար երկիրներու համար մամուլը չորրորդ իշխանութիւնն է, որ ունի իր հեղինակութիւնը, ուժականութիւնն ու գրաւչութիւնը: Անոր տեղը չեն կրնար գրաւել տեղեկատուական ու լրատուութեան այլ միջոցներ, որքան ալ արագընթաց, անմիջական կամ հրապուրիչ ըլլան անոնք:

Հայ մամուլը իր ազգային հպարտութեամբ ներկայացուցիչն է մեր ազգին, լեզուին եւ մշակոյթին: Իր տողերուն մէջ կը բաբախեն մեր ժողովուրդին բոլոր խորունկ խռովքներու սերմերը: Հոն յիշատակուած իրադարձութիւնները առնուած են հայրենիքի եւ Սփիւռքի առօրեայ կեանքէն եւ մեզ անմիջապէս շրջապատող միջավայրէն: Այս ձեւով կը պատկերացնէ մեր կեանքը, մեր ազգային եւ հանրային կեանքի յոռի կամ խորհրդածելի երեսները:

Հայ մամուլը դաստիարակիչ բեմ է գրական, գեղարուեստական ճաշակ մշակելու համար եւ ամէնէն էականը սերունդ կը թրծէ այլասերումի յորձանքին դէմ պայքարելու վճռակամութեամբ:
Յարգանք եւ պատկառանք մամուլի ուղղամիտ եւ անաչառ խմբագիրներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆ
Լիբանանի պատերազմի ներշնչումներէն ծնունդ առած այս գրութիւններով հեղինակը վերլուծական շունչով փորձած է կատարեալ ճշդութեամբ հայելիացնել անոր արիւնալի տագնապը, քաղաքական խորունկ վիշտերն ու աննկարագրելի տխրութիւնը:

Յարատեւ որոնումի անոր բոցավառ կիրքը՝ երեւոյթները դիտելու, անկէ տպաւորուելու եւ անոր հակազդելու ուղիղ, հատու եւ վճռական գիտակցութիւնն ու խիզախութիւնը ծնունդ տուած են այս աղմկալից յօդուածներուն, որոնց մէջ իրենց հաւասարակշիռ զօրութիւնը գտած են քաղաքականն ու ազգայինը:

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
Հեղինակը քաղաքական հարցերու խորաթափանց իմաստասէր իր թռիչքները պարզած է դէպի քաղաքական լայն յուզումներ եւ գրիչը շարժած սպառնալից անիրաւ ճնշումներու դէմ:

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ, ամէնէն ծանրակշիռ հիմնախնդիրը համարած է Պաղեստինեան հարցը: Ա.Մ.Նահանգներ իր կողմնակալութեամբ աւելի մթագնած է կացութիւնը, որուն միացած է նաեւ Մ.Ա.Կ.ը: Արաբական աշխարհի մէջ, ամէնէն աւելի լիբանանցիք ու սուրիացիք զօրակցած են պաղեստինցիներուն:

Անդրադարձած է Իրաքը հարստահարելու եւ ստրկացնելու դիտաւորութեամբ ամերիկացիներու բարբարոսական յարձակման:

ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը, որ կայացած է Իսթանպուլի մէջ, արդիւնքն եղած է Ա.Մ.Նահանգներու բացայայտ մղումին՝ օգտուելու համար Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքէն եւ իրականացնելու Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու երազանքը:

Գիրքը կը տրոփէ նաեւ «Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով»՚Բ. հատորին պատուարժան անձնաւորութիւններու վկայութիւններով եւ կարծիքներով: Հերթական կարգով կ՝արտագրեմ անունները:

– Պերճ Սեդրակեան – նախագահ Հ.Բ.Ը.Միութեան

– Մ. Հացկենց, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

– Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան – նախագահ Հայկազեան Համալսարանի

– Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեան, Պէպօ Սիմոնեան, Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Սարգիս Նաճարեան, Արա Արծրունի, Երուանդ Պապայեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Զաւէն Ղարիպեան, Լալա Մինասեան, Թամար Յովհաննիսեան, Էօժէնի Դանիէլեան, Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Երան Գույումճեան, Ժիրայր Նայիրի:

Հեղինակը իր իմաստութեան համբաւովը ճախրած է:

Կարելի չէ չհիանալ կարդալով այս գիրքը, որ կ՝արտացոլացնէ հեղինակին ուսումնասիրական տքնութիւններն ու քննախուզութիւններու տագնապը:

Ուշագրաւ խորագիրները, բացագանչութիւններով համեմուած երբեմնի սրամիտ եւ զուարթախառն ոճը, ժպիտներ կը յառաջացնեն դիմագիծերու վրայ, որոնք կը քօղարկեն հոգին դղրդեցնող տագնապներն ու յուզումները:

«Սուրը փառքով դրուած պատեան»ին առջեւ կը խոնարհիմ ու այրող արցունքը կը բարձրանայ աչքերուս մէջ:

Ճակատագրի հեգնա՜նք…
 

You May Also Like
Read More

Forty Thousand March in Istanbul

Forty Thousand March in Istanbul http://webtv.hurriyet.com.tr/2/27168/0/1/on-binler-hrant-icin-yuruyor.aspx http://news.am/arm/photos/sessions/istanbul-mourns-over-hrant-dink-memory/ BBC Article http://www.bbc.co.uk/news/world-europe-16632890 Hrant Dink’s Message in Turkish http://www.agos.com.tr/
Read More