Հայ Կերպարուեստը Մոնաքոյի Մէջ

Հարցազրոյց Noah’s Ark Gallery-ի Տնօրէն, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեանի Հետ
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 6 Փետրուար 2011

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Հերկելեան, կարո՞ղ էք որոշ տեղեկութիւններ տալ Մոնաքոյի 2011թ-ի արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին ու ձեր ցուցասրահին մասնակցութեան մասին։

Հարցազրոյց Noah’s Ark Gallery-ի Տնօրէն, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեանի Հետ
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 6 Փետրուար 2011

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Հերկելեան, կարո՞ղ էք որոշ տեղեկութիւններ տալ Մոնաքոյի 2011թ-ի արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին ու ձեր ցուցասրահին մասնակցութեան մասին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քաջալերուելով 2010թ-ի Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" (Special Edition) միջազգային ցուցահանդէսին մեր արձանագրած նիւթական եւ բարոյական յաջողութիւններէն՝ այս տարի եւս որոշեցինք մասնակցիլ "Մոնաքօ 11" միջազգային ցուցահանդէսին։ Մենք բաւական կապեր ստեղծեցինք հրատարակութիւններու հետ՝ որոնցմէ ամենէն նշանակալիցը "Լիւքս Իմմօ" (Luxe Immo) արուեստի հրատարակութիւնն է։ Երկու տարուան բաց պայմանագիր մը կնքեցինք, ուր եթէ երկուստեք դժգոհութիւններ չունենանք պայմանագիրը վերանորոգուած կը նկատուի։ Այս արուեստի ամսաթերթը ունի 18700 մասնագէտ-բաժանորդներ (Արուեստաբաններ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ)։ Այն կը տարածուի աշխարհի 23 երկիրներու 370 քաղաքներու մէջ ու կը հրատարակուի 4 լեզուներով (Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Իտալերէն եւ Ռուսերէն)։ Անոր ընթերցողներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 2.5 միլիոնով։ Այնտեղ հրատարակուած յօդուածներէս վերջինը պիտի ըլլայ Մոնաքոյի մեր տաղաւարին մասին։ Հոն ընդհանրապէս պիտի ներկայացնենք հայ եւ լիբանանցի արուեստագէտներ։ Նախկին Խ. Միութեան արուեստը զիրենք աւելի կը հետաքրքրէ, որ նորութիւն մըն է միջազգային արուեսին մէջ։ Բացառուած չէ որ գրեմ նաեւ օտար արուեստագէտներու մասին։ Պատուէր մը արդէն ստանալով Ճէյն Սեյմուրէն։

Հ.- Անցեալ տարուան Մոնաքօյի հռչակաւոր ցուցահանդէսին՝ ինչպէ՞ս Noah Ark-ը եւ հայկական կերպարուեստը մեծ յաջողութեան հասաւ, յատկապէս Վահրամի ստեղծագործութիւններուն հետ, որոնք արժանացան բարձր գնահատանքի եւ աննախընթաց գինով վաճառուեցան։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը։

Պ.- Անցեալ տարուան Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" ցուցահանդէսին արդիւնքները փայլուն էին։ Միայն մէկ նկար չվաճառուեցաւ, որովհետեւ այն ալ վնասուած էր։ Հետաքրքրութեան պատճառը այն է որ նախկին Խ. Միութենէն եկած կերպարուեստը ինչ որ նորութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ անհեթեթի ուժգին դրսեւորումն է որ կու գայ խորհրդային կացութաձեւի, անտրամաբանական դրութենէն։ Թէեւ անհեթեթը գոյութիւն ունէր գերիրապաշտ արուեստին մէջ՝ սակայն այդպէս ուժեղ ձեւով չէր արտայայտուած։

Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ։ Մենք թէ՛ որակ ու թէ՛ քանակ ունինք։ Այն չի՛ վերաբերիր միայն անոնց որոնք Noah’s Ark-ը կը ներկայացնեն։ Ուրիշներ ալ շատ կան, բայց համապատասխան շուկայ չունինք։ Շուկայ չըլլալու պատճառն այն է որ մենք չենք կազմակերպուած, նախ պետականօրէն չունինք ազգային մշակութային քաղաքականութիւն։ Պէտք է ունենանք։ Իսկ մշակման պարագային անպայմանօրէն պէտք է Սփիւռքի մասնագէտները մասնակցին։ Իբրեւ ազգ եւ պետութիւն՝ ո՛չ մեր դիրքը բարձր կը գնահատուի, ո՛չ ալ մեր հանքերը մեծ արժէք մը կը ներկայացնեն։ Տնտեսապէս ու ռազմապէս ալ զօրաւոր չենք, բայց հզօր ենք մշակութապէս։ Մենք մրցունակ ենք մեր մշակոյթով միջազգային գետնի վրայ։ Պէտք է ուժ տանք մշակոյթին։ Noah’s Ark-ին իրագործումը լումա մըն է այս բոլորին մէջ։ Ուրիշներ ալ կրնան հայկական մշակոյթը միջազգային գետնի վրայ լաւապէս ներկայացնել։

Հ.- Ինչպէս գիտենք, որպէս արուեստաբան, Luxe Immo-էն առաջ կ՝աշխատակցէիք Ամերիկայի Fire Arts-ին, Monday Morning-ին եւ այլ թերթերու, ամսագրերու։ Որոշ տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ այդ մասին։

Պ.- Իրականութեան մէջ Luxe Immo-ի խմբագրապետը, Տէյվիտ Տիւպուա, զիս գտաւ Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուող «Fire Arts»-ի միջոցով, որ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ ու միջազգային բոլոր ցուցահանդէսներուն կը բաժնուի։ Հոն է որ Տիւպուա կարդացած էր Վահրամ Դաւթեանի մասին յօդուածս։ 2002թ-էն սկսեալ, Նիւ Եորքի Art Expo-ին կը մասնակցինք եւ մեզի հետ հարցազրոյցներ կ’ունենան Art World News-ը, Art Business-ը եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ։ «Fire Arts»-ի խմբագրապետը եւս՝ Վիքթոր Գորպս, ցանկացաւ հարցազրոյց մը ունենալ՝ զրուցելու համար Խ. Միութեան "ապսուրտ"- գերիրապաշտ արուեստին մասին։ Առաջարկեց որ այդ մասին յօդուած մը գրեմ՝ Վահրամ Դաւթեանի մասին։ Ան բարձր գնահատանքի արժանացաւ, այնուհետեւ պայմանագիր կնքեցինք Վիքթոր Գորպսի հետ՝ որմէ ետք կը շարունակեմ աշխատակցիլ այդ հեղինակաւոր ամսագիրներուն։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Monday Morning-ին՝ ապա հանգուցեալ Մըլհէմ Քարամ՝ իր մահէն առաջ այցելեց մեր ցուցահանդէսը՝ ու երբ Fine Arts-ի յօդուածը տեսաւ՝ առաջարկեց անգլերէնով աշխատակցիլ Monday Morning-ին։ Այսինքն ձեւով մը ինծի առաքելութիւն տրուած է այս թերթերուն մէջ հայ արուեստը ներկայացնելու, ծանօթացնելու։

Հ.- Հայ կերպարուեստի, գեղանկարչութեան ներկայացումը Մոնաքօյի նման միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ՝ ի՞նչպիսի ապագայ կը խոստանայ։

Պ.- Ամէն ինչ կախեալ է մեր մշակոյթէն (որովհետեւ մեր ինքնութիւնը մեր մշակոյթին մէջ անթեղուած է) կազմակերպուածութենէն։ Եթէ մենք չենք ուզեր կազմակերպուիլ՝ չենք կրնար արդիւնքներու հասնիլ, նուաճումներ արձանագրել։ Իբրեւ սկիզբ՝ շատ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ կրնար ըլլալ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած արուեստի համա-հայկական խորհրդաժողովը, կերպարուեստի գործիչներու մասնակցութեամբ։ Այդ ուղղութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը, աշխատանքներ կը տանի որպէսզի կազմակերպէ երկրորդը, աւելի ընդարձակ՝ որ յատուկ որոշումներ առնուին, խմորուին ու կազմուին հայ արուեստագէտներու միութիւն մը, խմբուինք հայրենիքի շուրջ եւ գործակցաբար կարողանանք զարգացնել թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ Սփիւռքի մշակոյթը լայն հասկացողութեամբ (որուն մէջ կ’ընդգրկուին բոլոր արուեստները)։ Եւ օգտագործենք նաեւ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ։ Այսինքն՝ մեր ազգային վարկը բարձրացնենք, ամրապնդենք մշակոյթի ճամբով։

Շնորհակալութիւն նաեւ քեզի Համօ որ առանձին միութեան մը չափ գործ կը կատարես մշակութային ու քաղաքական գետնի վրայ՝ մանաւանդ անթեղուած հայերու պահանջները ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու մէջ։

Տեսնել Ապրիլ 2010-ի նախորդ զրոյցը
You May Also Like