Հայ Մամուլը Կրնա՞յ Դասուիլ «Չորրորդ Իշխանութեան» Կարգին

 Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 3 Սեպտեմբեր 2015

Հայ մամուլի անմխիթար, նոյնիսկ անբաղձալի վիճակը, այսօրուան ու մանաւանդ վաղուան հաշւոյն, ուղղակի սահմռկեցուցիչ ու փշաքաղիչ է, համարեա ամէն օր իր մթագնող ու շիջող հետեւանքներով:

 

Ինչպէս խմբագրական երկարատեւ գործունէութեանս ընթացքին, նաեւ անցնող շուրջ եօթը տարիներուն, առիթ չեմ փախցուցած ահազանգելու այս մասին, ձայն բարձրացնելու, զգաստութեան հրաւիրելու:

 Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 3 Սեպտեմբեր 2015

Հայ մամուլի անմխիթար, նոյնիսկ անբաղձալի վիճակը, այսօրուան ու մանաւանդ վաղուան հաշւոյն, ուղղակի սահմռկեցուցիչ ու փշաքաղիչ է, համարեա ամէն օր իր մթագնող ու շիջող հետեւանքներով:

 

Ինչպէս խմբագրական երկարատեւ գործունէութեանս ընթացքին, նաեւ անցնող շուրջ եօթը տարիներուն, առիթ չեմ փախցուցած ահազանգելու այս մասին, ձայն բարձրացնելու, զգաստութեան հրաւիրելու:

Տակաւին տասնամեակ մը առաջ, հայ մամուլը, այսպէս թէ այնպէս, ընդունելի ու տանելի մակարդակի վրայ էր, բովանդակութիւնը գրաւիչ էր, հեղինակութիւններ կը ստորագրէին, խմբագրական ու հրապարակագրական զգալի անձնակազմ կար:

Այդուհանդերձ, հայ մամուլը գոհացուցիչ ըլլալէ հեռու էր, գլխաւորապէս հետզհետէ այն մռայլող հեռանկարէն, որ ինքզինք սկսած էր հարկադրել, յատկապէս սուր աչքին ու զգօն հետեւողականին համար հայելիի նման պարզ ըլլալով հայ մամուլին գահավիժային հոսքը, սպասելի դառն արգելակումով:

Ժամանակը ցոյց տուաւ այդ թաւալքին բերած խոպանութիւնը, ի տես հայ մամուլին վիճակուած տխուր ճակատագիրին, որ, այսօր, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն կողմերու մօտ, արդէն նշմարելի է:

Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն արձանագրուած հայ մամուլին, տեղ մը՝  նահանջը, տեղքայլումը, ուրիշ տեղ մը՝  տերեւաթափումը, խաւարումը, լուրջ, իրապաշտ եւ ազդու քննարկումներու օրակարգ չդարձաւ, ոչ ալ համապատասխան գործնական, արդիւնաւէտ ու շօշափելի դարմանումներու, զայն մատնելով կամ թողլքելով ժամանակաւոր կարգադրութիւններու, պատահական եւ անցողակի տնօրինումներու, երբեմն ալ՝  անհեռատես եւ անտեղի միջամտութիւններու:

Ընդհակառակը՝  անտարբերութիւնը եւ անփութութիւնը, որոշապէս աւելի հող շահեցան, ի տես հայ մամուլին դալկութեան ու տժգունութեան, որ արդէն այսօր հիւանդկախ վիճակ մը կը ներկայացնէ, հոգեվարքային գոյժի մը մօտալուտ ըլլալու ազդանշանը տալով:

Այն ինչ որ կը կատարուի՝  հայ մամուլը կենդանի պահելու կամ զայն փրկելու, ոչ մէկ կասկած, շնորհակալ ճիգ է, բայց, արդեօ՞ք ատիկա փրկութիւն է, լուծում կամ դարմանում, այնքան ատեն որ՝  

Քատրային պատրաստութիւն գրեթէ չկայ, ոչ ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարուած է կամ տարուելու նախանշաններ կը տեսնուին:

-Կարգ մը պատասխանատուներ, անպատասխանատուութեամբ կամ անձնածառայութեամբ կը վերաբերուին, կը գործեն կամ կը շահարկեն մամուլը:

-Կոչումէ կամ առաքելութենէ զուրկ տարրեր կը մնան  «ի պատուի», եսեր գոհացնելու ու միջակութիւններ պահելու դիտաւորութեամբ:

-Վերլուծական ու մեկնաբանական գրութիւններ զգալիօրէն հազուադէպ են, քանի վերլուծող ու մեկնաբանող միտք չկայ, գրիչներ կը պակսին:

-Յաճախ յոյս կը դրուի համացանցի «պատրաստ»ի նիւթերուն վրայ, որոնք երբեմն չորութեան ու տափակութեան չափ կ’աղաւաղեն գրաւոր խօսքի կենդանութիւնը:

Իսկակա՛ն խմբագիրներու չգոյութիւնը կամ կիսագոյութիւնը արդէն աւեր գործող ազդակ մըն է, որ հետզհետէ ինքզինք աւելի կը զգացնէ, քանի խմբագրական գործը շնորհք մըն է, կարողութիւն մը, ամէն մարդու տրուած չըլլալով, ոչ ալ ամէն մարդ կրնայ անոր տիրապետել:

Ճիշդ է, թէ արդիական միջոցները, արագընթաց հնարաւորութիւններն ու նորագոյն պայմանները, ձեւով մը,  «տկարացուցած» են գրաւոր խօսքի ազդեցութիւնը եւ դերակատարութիւնը, բայց, ատոնք իրաւունք կու տա՞ն հայ մամուլը անշքացնել կամ… սնանկացնել:

Բնական է, ո՛չ, բայց, ի՞նչ կը կատարուի զայն փրկելու, վերականգնումի ի՞նչ քայլեր կ’առնուին, կենդանացնելու ի՞նչ նախաձեռնութիւններու կը դիմուին եւ բարեկարգումի ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակուին:

Պատասխանները այս հարցադրումներուն ո՛չ քաջալերական են, ո՛չ յուսադրական, ո՛չ ալ լաւատեսական, պարզապէս անոր համար, որ մամուլի հասկացողութեան, անոր դերակատարութեան, առաջնորդութեան եւ առաքելութեան մասին գիտակցութիւնը թոյլ է, հազիւ տեսանելի կամ առկայելի է:

Յանցանքը «իտալացիներուն» մօտ պէտք չէ փնտռել, այլ՝  հայկականներուն, որոնք (իբր թէ) հայ մամուլ կը պահեն, կը գլխաւորեն կամ կը հովանաւորեն, առանց ստանձնելու անոր հեզասահ հրատարակութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

Այդպիսիներէն մեծամասնութեան մօտ «բոյն» դրած է կրաւորականութիւնն ու թափթփածութիւնը, պարագայականութիւնն ու անփութութիւնը, որովհետեւ, մամուլը իրենց համար «խաղալիք» մըն է, որուն հետ կը վերաբերին կամայական, անհատական կամ հատուածական քմահաճոյքով:

Իսկ այդ վերաբերմունքները, ի՞նչով կրնան նպաստել մամուլի առողջացման ու կենսաւորման դաստիարակութեան, լրագրական, հրապարակագրական, տեղեկագրական ու լուսաբանական առումներով, հայ մամուլը վերածելով անհրապոյր, անգոյն եւ անդիմագիծ կոյտի մը:

Առաւել կամ նուազ չափով, միթէ ասիկա չէ՞ հայ մամուլին ԿԱՑութիւնը, որովհետեւ անիկա կ’ընթանայ այդ յաճախականութեամբ, դարձդարձիկութեամբ ու զիկզակութեամբ, խախտելով ու խամրելով անոր երթին ապագան:

*******

Չմոռնա՛լ, որ հայ մամուլը, իր արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներով, ի մասնաւորի առաջինին, ինչպիսի՜ հարուստ դիրք ու խորք ունեցած էր եւ ինչպէ՜ս դարձած էր պայծառաբաշխ փարոս, անպետական եւ անանկախական հայ ժողովուրդը առաջնորդելով, լուսաւորելով, հայրենասիրական ոգի ու կենսարար շունչ փոխանցելով, առաւել՝  կառչածութիւն սնուցանելով հայ մշակոյթին եւ արուեստին, աւանդութիւններուն եւ նուիրականութիւններուն:

Յետեղեռնեան շրջանին եւս, հայ եկեղեցիի ու դպրոցի կողքին, հայ մամուլը վերածաղկեցաւ, վերածնունդ ու վերազարթօնք ապրեցաւ իր բազմացանց ու բազմասեռ հրատարակութիւններով, որոնք օրինակելիօրէն շարունակեցին անցեալի դաստիարակչական ու կառուցողական, լուսաւորական ու հայրենաբաղձական միտումները:

Այդպէս էր հայ մամուլը, իր մարդուժով, խմբագրուժով, ընթերցաուժով ու տարածաուժով, դառնալով հզօր զէնք մը հայապահպանութեան, հայակերտութեան, հայակապուածութեան ու հայադրոշմութեան:

Անտարակոյս, իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակուեցան այդ լուսաւոր աղբիւրէն, նոյնիսկ… անուսներ, կիսուսներ կամ թերուսներ, հայ մամուլին նկատմամբ յարգանք ունենալով, փնտռելով զայն, մանաւանդ երբ կը տեսնէին, թէ հայ մամուլի պահապանները ո՜րքան հմուտ հեղինակութիւններ էին, հրապարակագիրները ո՜րքան ամրօրէն փարած էին անոր:

Հայ մամուլին նուիրուածներն ու ծառայողները, աշխատակիցներն ու զինուորագրեալները, այսպէ՛ս կը պահէին զայն, կը գուրգուրայի՛ն անոր վրայ, հաւատալով որ ան ազդու այն միջոցն է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս ու մասնաւորաբար Տարագիր հատուածը անոր կը կապեն իրենց ազգային աւանդներուն, անշէջ ու կանգուն պահելով անոնց յարատեւման գործօնները, ինքնութենէն մինչեւ ուսումնականը, կրօնահաւատքէն՝  արմատականը, հայրենակառչածութենէն՝  իրաւատիրականը, պահանջատիրականէն՝  ամբողջականը:

Այս աղաղակող մտորումը կամ այս սուր թղթածրարին վերանդրադարձումը, ոչ առաջին անգամ, դարձեալ անխուսափելի դարձաւ, ի դէմս հայ մամուլին տժգունութեան (արդեօ՞ք տերեւաթափութեան), երբ ամէն օր կ’ապրուի անոր մղձաւանջը, շա՜տ քիչ ճիգով զայն բարելաւուած տեսնելու ոմանց փորձերէն:

Օրին այս մասին բազմաթիւ անգամներ բարձրաձայնած էինք, սակայն, այսօր դրութիւնը աւելի քան, մեղմ ըսած, մտահոգիչ է: Յանցաւորները, մեղաւորները, միայն ժամանակին ու համացանցին վրայ նետելը ինքնախաբէութիւն է, որովհետեւ հաւկուրութեան ու սոսկապաշտութեան նախկին թէ այժմու  «մունետիկ»ները, ի վիճակի չեղան ըմբռնելու հայ մամուլին վիճակուած ազգապահպանման, ազգաշինութեան եւ ազգագոյատեւման հրամայականներուն առաջնահերթութիւնը:

Այս բոլորէն ետք, երբ աշխարհը կը գոռայ, կը պահանջէ մամուլին իրաւունքը՝  որպէս ՉՈՐՐՈՐԴ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ, պահ մը անկեղծօրէն եւ անաչառօրէն մտածելու պարտաւորութեան տակ չի՞ գտնուիր սփիւռքահայութիւնը, թէ հայ մամուլը ո՞ւր կը գտնուի այդ հորիզոնականին վրայ:

Կրնա՞յ ինքզինք անդամ կամ մասնակից նկատել չորրորդ իշխանութեան:

Ահաւասիկ գերհարցում մը, որ ինքզինք պարտադրող է, եթէ հայ մամուլը պիտի մնայ գերիշխող եւ գերտիրող դպրոց մը հայ իրականութենէն ներս, այլապէս ալ, ժամանակը չէ՞ որ հայ մամուլի ներկան եւ ապագան դրուի քննարկման գիտականառարկայական մակարդակի մը վրայ, հեռու աժան, քարոզչական եւ յաւակնական ցուցադրականութիւններէն, իսկ ատոնք ոչինչով կ’օգնեն կամ կը նպաստեն սփիւռքահայ մամուլի շնչաւորման:

 

You May Also Like