Հայ Մամուլի Դերը , Տեղը Եւ Առաքելութիւնը

Լիբանանահայ Կեանքէն Ներս

Հայկազեան Համալսարան – Հայ Տպագրութեան 500ամեակ

 

5 Մայիս 2012ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ազդանշանը տրուեցաւ հայ տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, առաջին առիթով կարեւորելու լիբանանահայ մամուլի անցած ուղին, անոր երախտաւորները, ծառայողներն ու մշակները:

Այս պատեհութեամբ, իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր՝  հրապարակագիր-խմբագիր, բանասէր-լեզուագէտ, ազգ ային-հասարակական գործիչ, Հայկազեան Համալսարանի լրագրութեան ու հայերէնագիտական նիւթերու այցելու դասախօս Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեանը, նիւթ ունենալով “ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՏԵՂԸ, ԴԵՐՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ”:

Լիբանանահայ Կեանքէն Ներս

Հայկազեան Համալսարան – Հայ Տպագրութեան 500ամեակ

 

5 Մայիս 2012ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ազդանշանը տրուեցաւ հայ տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, առաջին առիթով կարեւորելու լիբանանահայ մամուլի անցած ուղին, անոր երախտաւորները, ծառայողներն ու մշակները:

Այս պատեհութեամբ, իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր՝  հրապարակագիր-խմբագիր, բանասէր-լեզուագէտ, ազգ ային-հասարակական գործիչ, Հայկազեան Համալսարանի լրագրութեան ու հայերէնագիտական նիւթերու այցելու դասախօս Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեանը, նիւթ ունենալով “ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՏԵՂԸ, ԴԵՐՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ”:

Բանախօսը, որ այս նիւթին լաւածանօթ գիտակ մը ու փորձագէտ մըն է, խիստ, սակայն, դիպուկ խորհրդածութեամբ ու նշումներով, հայ մամուլին արժեւորումը կատարեց, իր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի դերակատարութիւններով:

Իր այժմէականութեան ու շահեկանութեան համար, ստորեւ Աղպաշեանի խօսքէն լայն հատուածներ.

“Մամուլը, յառաջադէմ եւ յառաջապահ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, միշտ ալ ունեցած է իր առաջնահերթ ու առաջնորդող բաժինը, տեղեկագրելու կամ լրագրելու, լուսաբանելու կամ վերլուծելու, դիրքորոշելու կամ հունաւորելու առումներով:

Հեռու թէ մօտիկ պատմութիւնը տուած է փաստը այդ անհերքելի իրավիճակին, պարզապէս անոր համար, որ մամուլը կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը, որեւէ՛ ժողովուրդի մը հայելին, իր դրական թէ ժխտական, իր լուսաւոր թէ մթամպած, իր փայլուն թէ բծաւոր երեսներով:

Ահա թէ ինչո՛ւ՝  հակառակ լսատեսողական, համացանցային կամ համակարգչային արդիականութեան եւ արագութեան գործընթացին, մամուլը՝  իր տպագրական հրատարակչական թաւալքով, կը մնայ անտարբերակելի եւ անկրկնելի այն մարզը, որ չի կրնար փոխարինուիլ  նոյնիսկ նորագոյն զարգացումներով, ոչ ալ կրնայ ի սպառ ջնջուիլ:

Հայ իրականութիւնը եւս այլ հարթութեան վրայ չէր կրնար գտնուիլ, երբ հայ մամուլը՝  իր այլատեսակ հրատարակութիւններով, տարաբնոյթ բովանդակութիւններով ու խայտաբղէտ արտադրութիւններով, իր ծննդոցէն ի վեր, ոչ միայն դարձաւ անբաժան մասնիկը հայ ժողովուրդին, այլեւ՝  անոր ֆիզիքական, հոգեկան ու բարոյական գոյութեան խթանիչ ներուժը:

Հայրենի հողէն դուրս արմատ նետած հայ մամուլը, եղաւ ցիրուցանուած ու բեկորուած հայ ժողովուրդի հայապահպանումի ու հայակերտումի փրկութեան պատուանդանը, իր ամենէն լայնիմաստ ու խորաթափանց երանգներով:

Եթէ հայ մամուլը մէկ կողմէն դարձաւ հայ ժողովուրդի մտաւորական աշխարհի ու ստեղծագործական միտքի հնոցը, ապա, միւս կողմէն՝  եղաւ նաեւ անոր ազգային-ազատագրական պայքարի ու լինելիութեան ուղեցուցային գրաւականը:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ մամուլի դերակատարութեան, որ ունի շուրջ հարիւր տարուան հարուստ պատմութիւն մը, անտարակոյս, ան եղաւ այն վստահելի ու կշռելի կռուանը, իմաստաւորելու ու խրախուսելու լիբանանահայութեան ազգ ային-համայնքային, մշակութային-ընկերային, կրթական-միութենական կեանքը, որովհետեւ հո՛ն կարելի էր տեսնել մեր դիմագիծը, հոն կարելի էր գտնել մեր էութիւնը, հո՛ն կարելի էր ճշդել մեր ինքնութիւնը:

Բայց, այդ բոլորէն աւելի ու վեր, հայ մամուլն էր որ կը յուսադրէր, կը լիցքաւորէր, մանաւանդ կը կողմնորոշէր մեզ, ամէն անգամ որ նոր մարտահրաւէր մը կը ցցուէր մեր առջեւ, նոր ասպարէզ մը կը բացուէր, նոր տագնապ մը կը պարտադրուէր, իսկ ատոնք, պատմութիւնը վկայ, այնքա՜ն շատ էին, սակայն, շնորհիւ մեր ժողովուրդի վճռակամութեան եւ անտեղիտալիութեան, առաւել՝  հայ մամուլին ողջունելի օրինագիծին եւ ուսանելի դաստիարակութեան, կարելի կ’ ըլլար յաղթահարել, մերթ հարկադրական, մերթ արուեստական խոչընդոտները:

Լիբանանահայ թերթերը, իւրաքանչիւրը՝  իր գաղափարախօսութեամբ, աշխարհահայեացքով, բնոյթով կամ պատկանելիութեամբ, ծառայած է իր ժողովուրդին, կարելի ներգործութեամբ, ձեռնհասութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, որուն ազդեցութեան գօտիներն ու հետեւանքները նշմարելի ու շօշափելի են, երբ կը ծանօթանանք անոր կատարած աշխատանքներուն ու ներդրումներուն:

Այս բոլորը, անգամ մը եւս, կը հաստատեն թէ լիբանանահայ մամուլը որքան երախտաշատ ու բազմաշերտ ներկայութիւն մը եղած է լիբանանահայ համայնքէն ներս, իր ազդու ու հատու մասնակցութիւնը բերելով գաղութին բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ:

Մամուլ հրատարակելը, անկախաբար իր տնտեսական կամ նիւթական հեղձուցիչ հրամայականներէն, կ’ենթադրէ բազում զոհողութիւններ, անհատնում նուիրուածութիւն եւ անմնացորդ պատրաստակամութիւն, սկսելով հրատարակիչէն, անցնելով խմբագիրը, մնայուն թէ այցելու աշխատակազմը, գրաշարը, էջադրողը, ցրուիչը, բոլո՛րը, – հաւաքական ամբողջութիւն մը, որ գերագոյն ճիգով եւ ինքնազոհողութեամբ, հայ թերթին կու տայ շունչ ու կեանք, ոգի ու սլացք, զայն հասցնելով  ու տարածելով ընթերցող հասարակութեան:

Լիբանանահայ մամուլի պատմութիւնը եղած է օրինակելի՝  նախանձելի ըլլալու չափ, որովհետեւ ԴՊՐՈՑ եղած է՝  իր ամենէն նուիրական ու պաշտելիական, դաստիարակչական եւ առաջնորդական հեռանկարով:

Այսօր, պատկերը, համեմատաբար, նոյնը չէ, այնքան ատեն որ մտայնութիւնները փոխուած են, մօտեցումները՝  խաթարուած, ըմբռնումները՝  այլասերուած, տեղ մը մեկնելով օտարոտի բարքերու ազդեցութիւններէն, ուրիշ տեղ մը՝  համակերպուածութեան հոգեբանութենէն:

Թերեւս ասոնցմէ ալ՝  որոշ մակընթացութիւններ ու տեղքայլեր կը նշմարուին լիբանանահայ մամուլին մէջ, որոնք երբեք չեն նշանակեր (կամ պէտք է նշանակեն) անձնատուր ըլլալ ինքնահոսին կամ յանձնուիլ պարտուողական ալիքներուն:

Գերխնդիրը, սակայն, լիբանանահայ մամուլը պահելու համար իր ընդունելի եւ ԸՆԹԵՌՆԵԼի կիզակէտին վրայ, անհրաժեշտ է վերանորոգութի՛ւն, բարեկարգո՜ւմ մը, առ այսօր գոյութիւն ունեցող իրադրութեան հակառակ, որ կապուած է հայ մամուլի քատրային պատրաստութեան՝  մասնագիտական ու փորձառական մակարդակներով, հիմունքներով ու սկզբունքներով, նաեւ՝  քաջալերական ու հրապուրողական միջոցներով:

Անշուշտ, հոս տեղն ու ժամանակը չեն անդրադառնալու այս կենսական թղթածրարին, թէեւ այդ առընչութեամբ կայ պատկերացում-ծրագիր, սակայն, հիմնական է մամուլին կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան տալ առաւելագոյն ուշադրութիւն, դառնալ աւելի բծախնդիր անոր անսայթաք հրատարակութեան ու զայն դարձնել այնքան որոնելի ու գտանելի՝  որքան էր անցեալին, իսկ ինչո՞ւ ոչ հիմա, բնական է, սակայն, երբ “թարմութիւն ու կենսունակութիւն” մը վերապրի մամուլը, իւրաքանչիւրը իր բնագաւառէն ներս:

Հոս կայ, ուրիշ, աղաղակող մատնանշում մը.

Եթէ մամուլին հետ առընչուող կողմերը՝  տէր, տնօրէն խմբագիր կամ լրագրող, չունին մամլոյ հասկացողութիւն, չունին մամլոյ գիտակցութիւն, չունին մամլոյ աշխարհահայեցողութիւն, չունին մամլոյ պատրաստուածութիւն, կատարուած բոլոր ջանքերը յումպէտս վատնում կը դառնան, որոնք ուշ կամ կանուխ խամրելու են:

Հետեւաբար, եթէ հաւատք ու համոզում կայ, ունի՛նք (պէտք է ունենանք), որ հայ մամուլը “կենդանի” միաւորն է մեր առօրեային ու կենցաղին, պէ՛տք է պահել զայն, մատչելի ու հաղորդելի, այժմէական եւ արդիական գրաւչութեամբ ու բովանդակութեամբ, միշտ կոչումի տէր միտքի ու գրիչի մտաւորականութեամբ:

Լիբանանահայ մամուլին վաստակաւոր գործիչներուն զուգ ահեռ, անյետաձգելիօրէն կարիքը կայ հայ մամուլը երիտասարդացնելու պահանջքին, թէ՛ նոր մարդուժի զինուորագրութեամբ, թէ՛ կոչումնակիրի պաշտօնակոչումով, թէ՛ առաքելակիրներու ընտրութեամբ:

Այս առիթով, սրտանց կ’ողջունենք լիբանանահայ մամուլի արժանաւոր երախտաւորները՝  իրենց պատասխանատու թէ համեստ հանգամանքներով, մաղթելով որ մամուլը կը մնայ անմար փարոսը լիբանանահայութեան:”

 

 

1 comment
  1. Ardashes Khatchadourian Collection

    Ardashes Der Khatchadourian, our late Armenian language teacher at the Armenian Evangelical College (Kaghaki HyeSchool) in Beirut, had a vast collection of Armenian dailies, periodicals, monthlies, etc. He would occasionally display them for public view.

    I am curious to know what happened to his vast collection. I would appreciate if anyone, who has knowledge of their whereabouts, tells me on the fate of the one-of-a-kind collection.

    Thank you.

Comments are closed.

You May Also Like