Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 28 Փետրուար 2013
Երբ կը խօսուի հայ մամուլի մասին, առաջին հարցադրումները, որոնք կը ծագին շատերու մտքին մէջ, հետեւեալներն են.
– Կա՞ն ընթերցելի թերթեր
– Ունի՞նք ընթերցող հասարակութիւն
Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 28 Փետրուար 2013
Երբ կը խօսուի հայ մամուլի մասին, առաջին հարցադրումները, որոնք կը ծագին շատերու մտքին մէջ, հետեւեալներն են.
– Կա՞ն ընթերցելի թերթեր
– Ունի՞նք ընթերցող հասարակութիւն
Պատասխանները կրնան ըլլալ խայտաբղէտ, տեսակաւոր, նայած թէ ամէն ոք ինչպէ՞ս կ'ընկալէ հայ թերթը, ինչպէ՞ս կը վերաբերուի անոր հետ, ինչպէ՞ս կը գնահատէ, իսկ ամենէն կարեւորը՝ ո՞րքանով հետաքրքրուած է հայ թերթով։
Բացարձակ, նոյնիսկ անվիճելի իրողութիւն է, որ երէկուան հայ թերթը այսօրուանը չէ, անցեալինը՝ ներկան չէ, կայ հսկայական տարբերութիւն, աւելի ճիշդ՝ վիհ, որակի ու մակարդակի առումներով, հետաքրքրութեան ու շահագրգռութեան իմաստներով։
Հայ թերթը, որ եղած է հայ մտաւորականութեան դասագիրքը, հայ մանկավարժութեան դպրոցը, հայ հասարակութեան շտեմարանը, հայ քաղաքականութեան ուղեցոյցը, միով բանիւ՝ հայ ժողովուրդին «հանրագիտարան»ը, դժբախտաբար, այսօր, չունի նոյն հմայքը, զուրկ է գրաւչութենէ, կը տառապի մէկէ աւելի… կաղացումներով։
Մեր կարծիքով, այս անկումին կամ յետադիմութեան հիմնական պատճառներէն են՝
– Մամուլ հասկացողութեան մասին ապալրջութիւնը
– Մամուլի դերակատարութեան մասին դիւրըմբռնումը
– Մամուլի առաքելութեան մասին թերահաւատութիւնը
– Մամուլի առաջադրութեան մասին անտեղեակութիւնը
– Մամուլի ազդեցութեան մասին անհամաձայնութիւնը
Ցաւալին այն է, որ հայ մամուլը՝ իր արժանիքներով, առաքինութիւններով ու բարեմասնութիւններով, լուրջ ու խոր ուշադրութեան չէ արժանացած վերջին տարիներու ազգային իշխանութիւններուն կողմէ եւ այն թողլքուած է իր տխուր ճակատագիրին։
Հետեւա՞նք։
Այսօրուան անփառունակ ու թափթփած վիճակը հայ մամուլին մեծամասնութեան, խիստ անորոշ ապագայի մը ամենայն հաւանականութեամբ, որ արդէն կը գուժէ ահաւորը, կ'ահազանգէ աննախատեսելի, բայց… կանխատեսելին։
Ուղղակի զարմանալի է, որ պատասխանատու կողմեր, աւելի դիպուկ՝ մամուլի պատասխանատու-անպատասխանատուներ, կամ անպատասխանատու-պատասխանատուներ, դատապարտելի տգիտութեամբ ու հիւանդագին անձնականութեամբ վերաբերուեցան ու տակաւին կը վերաբերուին հայ մամուլին հետ, զայն հասցնելով անճիտումի եւ աղճատումի այս վտանգին։
Ուրիշ մտահոգիչ իրողութիւն մըն է՝ հայ մամուլի սպասարկուներ ու զինուորագրեալներ չպատրաստելու աններելիութիւնը, նոյն անհեռատես եւ անտեսլապաշտ կողմերէն, որոնք շարունակեցին ու կը շարունակեն իրենց փառատենչիկութիւնները, մամուլը առաւել եւս անշքացնելով եւ ամլացնելով։
Ճիշդ չեն այն չքմեղանքները կամ արդարացումները, որ նոր սերունդին մօտ չկան արժանաւորներ ու շնորհալիներ, որոնք կրնան ՀԱՅ մամուլը ասպարէզ դարձնել, նուիրուիլ անոր, ապրի՛լ զայն։
Բայց, ո՞վ պիտի հոգայ այս… հոգը։
Ան՝ որ ժամանակաւորապէս բազմած է աթոռակի՞ մը վրայ։
Ան՝ որ անցողիկօրէն թառած է ճիւղի՞ մը վրայ։
Ան՝ որ ամբարտաւանօրէն հասած է անարժան դիրքի՞ մը։
Ան՝ որ անտեղիօրէն գրաւած է փխրուն պաշտօ՞ն մը։
Ահաւասիկ, այստեղէն կը սկսի հարցերուն-հարցը, հայ մամուլը ձգելով ինքնահոսի մը, որ ոչ իր կոչումին եւ ոչ ալ իր առաքելութեան վրայ կրնայ գտնուիլ, ի տես այդպիսիներու անճարակութեան։
* * *
Ինծի համար միշտ հարց եղած է, մղձաւանջային ըլլալու աստիճան, թէ ինչո՞ւ մեր վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններէն մէկուն մէջ, գէթ շաբաթը մէկ պահ (քառասուն հինգ վայրկեան, շա՞տ է) չդասաւանդուի «Հայ մամուլ», պարզապէս գաղափար մը տալու համար հայ աշակերտութեան անոր կարեւորութեան ու հրատապութեան մասին, համապատասխան պատկերաւոր մանրամասնութիւններով ու կենդանի օրինակներով։
Անձնապէս, այս դառն, բայց նոյնքան ալ գոհացուցիչ փորձառութիւնը ունեցած եմ եւ ունիմ, երբ Հայկազեան Համալսարանի մէջ հայ մամուլի եւ ընդհանրապէս մամուլի մասին դասախօսած եմ, ուսանողութեան համար բոլորովին «անծանօթ» նիւթ մը, նոր հորիզոն մը բանալով անոր մօտ, որպէս գիտութիւն, դպրոց ու մասնագիտութիւն։
Կը նշանակէ թէ՝ անհրաժեշտ է հայ մամուլը եւս դարձնել ուսումնառութեան նիւթ, նախ ծանօթացնելու զայն, ապա, կարեւորելու անոր անփոխարինելիութիւնը, ուրկէ կրնան առաջանալ խոստմնալի թեկնածուներ կամ վստահելի պատրաստակամներ, որոնք կ'ուզեն ընթանալ այդ ուղիով եւ ընդգրկել զայն։
Բայց, իրաւացիօրէ՛ն, ոմանք պիտի հարցադրեն թէ՝ նման մասնագիտութիւն ընտրողներ, ո՞ւր պիտի պաշտօնավարեն, ո՞ւր պիտի ծառայեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վարձատրութիւնը, ի՞նչ երաշխիքներ պիտի ունենան։
Իրաւունք ունին, որովհետեւ ո՛չ խնամատար կայ, ո՛չ հովանաւոր, ո՛չ գնահատող, ո՛չ ալ քաջալերող, հետեւաբար, նոյն անպատասխանատուներու եւ անլրջութիւններու պատճառով, հայ մամուլը կրնայ հիւծիլ, սկսած է հիւծիլ, իսկ այս վարընթացը ոչինչով կը նպաստէ սփիւռքահայութեան, ա՛յն սփիւռքահայութեան, իմա՝ Տարագիր հայութեան, որ շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր ինքզինք կը պահէ ու կը պահպանէ, որպէսզի նորօրեայ դեղնակտուցներ եւ անոնց դրածոներ զայն խամրե՞ն։
Ժողովրդային առածը կ'ըսէ. «Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք», բայց հիմա եղածը՝ թէ՛ ծուռ նստիլն է, թէ՛ շիտակ… չխօսիլն է, ինչո՞ւ, որովհետեւ ուղեղով, գործով, հանգամանքով ու նկարագիրով «ծուռ»երը շատցած են։
Այս մետալին միւս երեսն ալ գիտէ՞ք ո՛ւր է… Հայաստան, այնքան ատեն որ կը փորձէ իր «արշին»ներով մամուլ «գնահատել», չանդրադառնալով, թէ «հոգեվարք»ներու մէջ գտնուողներու մահերգը կը շեփորէ, փոխանակ աւելի ազդու դարմանիչ միջոցներ գտնելու, առանց ինքզինք նետելու հաճոյակատարութիւններու յորձանուտին մէջ, ի հաշիւ ոմանց գոհացում տալու իր «սփիւռքասիրական» ճիգին, բայց, ինչ-որ տեղ, վարկազրկելով, վարկաբեկելով հայ մամուլը…։
Այս թոհուբոհին մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է հայ մամուլ պահել, երբ մէկ կողմէն՝ Սփիւռքը կը թերանայ իր յանձնառութեանց մէջ, միւս կողմէն ալ՝ Հայաստանը կ'անլրջէ այս թղթածրարը։