Արտասանուած` Մեծ պահոց շրջանի դասախօսական շարքի ծիրին մէջ,
«Հայ մանուկի տարուան» առիթով.
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»:
Առակաց 22:6
Հայկական իրականութենէն մեկնելով` անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»:
«Հայ մանուկի տարուան» առիթով.
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»:
Առակաց 22:6
Հայկական իրականութենէն մեկնելով` անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»:
Պատասխանը պարզ է. որպէսզի ունենանք եւ պատրաստենք հայ նոր սերունդը` այսօրուան համար, բայց անպայման վաղուան համար` իր ամբողջական մշակոյթի ժառանգորդի հասկացողութեամբ:
Հայուն ամբողջական մշակոյթը իր ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու գրականութիւն. աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, նաեւ` քրիստոնէական հաւատքը:
Կարելի չէ հայը պատկերացնել միայն ազգային ինքնութեամբ` առանց ներառելու քրիստոնէական հաւատքը, նաեւ կարելի չէ հակառակը ընել:
Եթէ այսօր պիտի խօսինք հայուն քրիստոնէական հաւատքին, նկարագիրին ու ինքնութեան մասին, ապա կարելի չէ այս մէկը ընել առանց հիմնաւորելու Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը մեր սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2011 թուականը հռչակեց Հայ մանուկի տարի, բայց եւ այնպէս պէտք չէ մոռնալ, որ վեհափառ հայրապետը 2003-ին կատարեց այս յիշատակումներուն առաջինը` այդ տարին հռչակելով Աստուածաշունչի տարի:
Այս մէկուն պատճառը այն է, որ «Աստուածաշունչը աստուածային յայտնութեան աղբիւր է: Հետեւաբար ան քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է եւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան սիրտը: Քրիստոնէական կեանքին առնչուած որեւէ արժէք կամ մտածողութիւն, դէպք կամ երեւոյթ պէտք է արժեւորուի Աստուածաշունչի լոյսին տակ» (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակէն` Հայ մանուկներու տարուան առիթով, կարդացուած` 9 յունուար 2011-ին):
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմքը Աստուածաշունչն է: Իւրաքանչիւր համայնք` առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական, քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ իր վարդապետական շեշտը ունի, սակայն այդ վարդապետական շեշտը կու գայ աւելցնելու եւ ամբողջացնելու հիմքը` Աստուածաշունչը եւ անոր դաստիարակութիւնը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Աստուածաշունչը եղաւ կարեւոր հիմքերէն մին մեր ամբողջական մշակոյթի հասկացողութեան մէջ:
301 թուականին հայը ընդունեց քրիստոնէութիւնը` իբրեւ պետական կրօն եւ դարձաւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Սակայն կարիք զգացուեցաւ հայերէն գիրեր ունենալու, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանուի հայերէնի եւ հայը արմատանայ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:
Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենաք պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Եւ հոս կ՛արժէ անդրադառնալ հայերէնով տրուած անունին` Աստուածաշունչ, այսինքն` Աստուծոյ շունչը, իսկ պարզ է այն, որ շունչը կեանք է, առանց որուն` կարելի չէ ապրիլ:
Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով, ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը:
Իսկ ո՞վ պիտի ընէ այս մէկը. ծնողք, մեծ ծնողք, ընտանեկան յարկ, եկեղեցի եւ դպրոց: Իրարու առնչուած եւ իրարմով ամրապնդուող օղակներ, որոնք պիտի կազմեն մանուկին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, այլ խօսքով` Աստուածաշունչի դաստիարակութեան հիմերը:
Հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացը պէտք է զարգանայ` հիմնուելով երեք գլխաւոր հարցումներու վրայ.
Ա.- Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը սորվեցնել
Մանուկը կը նմանի սպունգի: Ինչպէս սպունգը կը քաշէ ամէն տեսակ հիւթ, նոյնպէս մանուկը կը ներծծէ ամէն տեսակ տեղեկութիւն: Այս մէկը աւելի եւս շեշտուած է այս դարուն, երբ մանուկը կ՛ապրի շատ աւելի «բացուած» կեանք մը` վայելելով տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռած բոլոր «օրհնութիւնները»:
Ուրեմն, որպէս ծնողք, եկեղեցի ու դպրոց, մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչի մեծագոյն եւ նուիրական իրականութեամբ, թէ` «Աստուած սէր է»:
«Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին ղրկեց, որպէսզի ան, որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննու 3:16):
Մանուկին պէտք է սորվեցնել այն, թէ Աստուած սիրեց աշխարհը` իր ամբողջութեամբ եւ ամբողջականութեամբ, նաեւ սիրեց այս աշխարհին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձ: Բայց Աստուած իր սէրը դրսեւորեց գործնական քայլերով, եւ անոր սէրը անհասանելի եւ անիրականանալի չմնաց: Այդ գործնական քայլը եղաւ այն, որ ինք «մարդացաւ», աշխարհ եկաւ եւ իր կեանքով, նաեւ մահով ու մանաւանդ յարութեամբ «փրկեց մարդը եւ շնորհեց «նոր կեանքը»:
Մանուկը այս դաստիարակութեամբ պիտի սկսի սիրել Աստուած, որուն միջոցով պիտի սիրէ ինքն իր անձը, սակայն երբեք հոն կանգ պիտի չառնէ: Ան նաեւ պիտի սկսի սիրել ընտանիքը, բարեկամները, հայրենիքը, մշակոյթը, պատկանելիութիւնը եւ տակաւին…: «Ամբողջական սիրոյ» այս հասկացողութիւնն է, որ Աստուծոյ սիրով եւ Աստուածաշունչին միջոցով պիտի թրծէ հայ մանուկին նկարագիրը եւ ինքնութիւնը, եւ մանուկը պիտի սիրէ «աշխարհը, ինչպէս Աստուած սիրեց»…:
Բ.- Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչէն
Անհրաժեշտ է խուսափիլ հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ «դաս» եւ «դասապահ» բնորոշումէն: Մանուկը կրնայ խուսափիլ «դաս»ի մթնոլորտէն, սակայն անպայման կը նախընտրէ «պատմութիւն» հասկացողութիւնը: Մանուկը պիտի սիրէ Աստուածաշունչի պատմութիւնները` փոխանակ ընկալելու Աստուածաշունչի դասերը…: Բայց միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է մանուկին բացատրել, որ Աստուածաշունչի այս պատմութիւնները իրական են եւ` կեանքի ու ինքնութեան համար օրինակելի եւ կիրարկելի: Բայց տակաւին աւելին կայ. մանուկը նախ պէտք է սորվի Աստուծոյ «նկարագիրին» մասին, քան` Աստուծոյ պատասխանատուութիւններուն ու պարտականութիւններուն կամ անոնց հետեւանքներուն մասին: «Եթէ չար կենաս, Աստուած պապան խոշոր քար մը պիտի նետէ գլխուդ» կամ` «Եթէ հնազանդ չապրիս, դժոխք պիտի երթաս»: Նոյնիսկ եթէ իրականութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ, բայց եւ այնպէս այդպիսով մենք մանուկը կը վանենք Աստուծմէ: Աւելի ճիշդ է, որ մանուկը նախ սորվի, որ` «մենք կը սիրենք Աստուած, որովհետեւ ան նախ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհաննու 4:19): Մանուկը պիտի հասկնայ, թէ Աստուած սէր է, եւ ինք եւս նոյն սիրով պիտի պատասխանէ Աստուծոյ:
Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մանուկին մէջ կը սկսի զարգացնել քննական վերլուծումը եւ հաւասարակշռութեան գործօնները: «Բարի սամարացիի» առակը, օրինակ, մէկ կողմէ կը փոխանցէ մեծ բարեկամ Յիսուսի տիպարը, իսկ միւս կողմէ` կը սորվեցնէ բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը: Միեւնոյն ատեն մանուկը կը խթանէ կամաց-կամաց տրամաբանելու, թէ զիրար չհանդուրժող մարդիկ, հրեան եւ սամարացին` այս պարագային, կրնան իրարու օգնել, նոյնիսկ եթէ իրարմէ տարբեր են ու անկապ: Մանուկը պէտք է սորվի ընդունիլ դիմացինը, նոյնիսկ երբ ան իրեն պէս չի մտածեր:
Այսպիսով ալ մանուկը կը սիրէ հայրենիքը եւ կը ծառայէ անոր: «Այն, ինչ որ Աստուծոյ է, տալ Աստուծոյ, եւ այն, ինչ որ կայսեր` տալ կայսեր…»: Մանուկը պէտք է հաւասարակշռէ իր կեանքի տարբեր յարաբերութիւնները` սիրել նոյնինքն կեանքի տարբեր ինքնութիւնները, այս պարագային` երկիրն ու հայրենիքը:
Գ.- Ինչպէ՞ս պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչը
Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը լաւապէս կարելի կ՛ըլլայ փոխանցել մանուկին եւ թափանցել անոր սրտին ու հոգիին մէջ, երբ կը գործածես նոյնինքն մարմնային զգայարանքները:
«… Ուրեմն հաւատքը լսելէն է…»: (Հռովմէացի 10:17): Մանուկը պիտի սիրէ լսել Աստուածաշունչի պատմութիւնները: Եթէ պատմասացութիւնը անցեալին գործածուած լաւ ձեւերէն մէկն էր տեղեկութիւնները փոխանցելու, ուրեմն զայն անպայման պէտք է նկատի առնել նաեւ այսօր, որովհետեւ այս ձեւը տակաւին գործածելի եւ արդիւնաւէտ է: Պատմելով Աստուածաշունչի պատմութիւնը, իմա` ճշմարտութիւնը, եւ լսելով այդ բոլորին մասին` մանուկը պիտի իւրացնէ զանոնք եւ իր կեանքին մէկ մասը պիտի դարձնէ: Տեսողութեամբ կարելի է գրաւել մանուկին ուշադրութիւնը. մանուկը պիտի դիտէ, կարդայ, որպէսզի ամբարէ ու հիմնաւորէ բոլոր տեղեկութիւնները: Բայց ան անպայմանօրէն պիտի դպչի եւ շօշափէ, որպէսզի իր մէջ յաւելեալ հանգստութիւն եւ սէր դրսեւորուին: Աստուածաշունչի պատմութիւնները խաղերու ընդմէջէն մատուցելով մանուկին` կը նպաստենք, որ աստուածաշնչային դաստիարակութիւնը աւելի մատչելի ու դիւրաւ ընկալուող ըլլայ:
Աստուածաշունչը բոլոր ժամանակներու ալ չհինցող եւ չմաշող կեանքի «ուժն» է: Ան կը հանդիսանայ քրիստոնէական մեր հաւատքին հիմքը, որուն վրայ պիտի կերտենք անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքերը: Մանուկը այս դաստիարակութեամբ թրծելը, երբ ան տակաւին «ճամբան նոր սկսած է», առաւել եւս ամուր հիմերու վրայ կը դնէ այս դաստիարակութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ զայն Աստուծոյ շունչով:
2011-ը մանուկի տարի է. մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութիւն փոխանցել:
1 comment
Shunorhagal Yem
Ays SHAHEGAN Hotvadsin hamar.
Vorbes mangavarjh shad gu kunahadem yev goozem dsunoghneroon ooshatrootyan hantsnel.
Comments are closed.