Հայ Մարդուժը Ո՞ւր Է

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2010
Կայ Թէ՞՝ Չկայ, Պէտք Է Թէ՞՝ Ոչ
Մարդո՜ւժ:

Ահաւասիկ շատ ընդհանրական հասկացողութեամբ, բայց խիստ մասնաւորական իմաստաւորումով բառակապակցութիւն մը, որուն մէջ ներպարփակուած է ամբողջ իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի այսօրուան, վաղուան հաշւոյն:

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2010
Կայ Թէ՞՝ Չկայ, Պէտք Է Թէ՞՝ Ոչ
Մարդո՜ւժ:

Ահաւասիկ շատ ընդհանրական հասկացողութեամբ, բայց խիստ մասնաւորական իմաստաւորումով բառակապակցութիւն մը, որուն մէջ ներպարփակուած է ամբողջ իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի այսօրուան, վաղուան հաշւոյն:

Այս օրերուն, որքա՜ն կը խօսուի մարդուժի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, աշխատունակութեան եւ ադրիւնաւէտութեան, մեր պարագային, հայ մարդուժին, հայ մտաւորական մարդուժին մասին:

Շատեր խիստ լրջութեամբ կը մօտենան հայ հարցին, ուրիշներ՝ թեթեւամտութեամբ, ոմանք ալ՝ անտարբերութեամբ, սակայն, ինչո՞ւ այս հեռաւորութիւնները, անյարիրութիւնները կամ հակասութիւնները:

Պատասխանները կրնան ըլլալ այլատեսակ կամ բազմաբնոյթ, սակայն իրենց հրատապութենէն ոչինչ կը կորսնցնեն, այնքան ատեն որ հայ մտաւորական մարդուժին կենսունակութիւնն ու նպատակասլացութիւնը, հայ իրականութեան կու տան վերանորոգութեան ու բարեկարգութեան լիցք ու մղում, միանգամա՛յն:

Պէտք է ըլլալ արդար եւ առարկայական:

Այսօր հայ մտաւորական մարդուժի, չափազանցած չենք ըլլար, զգալի նուազում կամ անկում կայ, բոլոր մարզերէն ու կալուածներէն ներս, որ կրնայ ըլլալ ենթակայական, պարագայական, պարտադրական եւ, ինչո՞ւ ոչ, կամայական:

Նախ՝ յստակացնե՛նք:

Ո՞ւր չկայ մտաւորական մարդուժի տագնապ:

Ստեղծագործողներո՞ւ մօտ:
Մանկավարժներո՞ւ մօտ:
Ազգային գործիչներո՞ւ մօտ:
Մամուլի ծառայողներո՞ւ մօտ:
Կազմակերպութիւններո՞ւ մօտ:
Արուեստի մասնագէտներո՞ւ մօտ:

Այս բնագաւառներէն ներս (նաեւ այլ եւ յարակից) կա՛յ մարդուժի մտահոգիչ պարապութիւն մը, ոչ թէ անոր համար, որ չկան կամ չունինք այդ ասպարէզներէն ներս մասնագէտ, արհեստավարժ ու կարող ուժեր, այլ՝ մե՜նծ ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ, ինչպէս՝

– Հովանաւորութիւն (տուեալ միաւորին)
– Հոգատարութիւն (պատկան կազմակերպութեան)
– Պաշտօնակոչութիւն (յարմարագոյն թեկնածուին)
– Վարձատրութիւն (գոհացուցիչ ընտրանքին)
– Անաչառութիւն (զօրակցելու լաւագոյնին)
– Պատրաստութիւն (հերթափոխի սերունդին)

Եթէ այս թուարկումները կ՝ընդգծուին վերոյիշեալ բաժանումներով ու պայմանական են, պարզապէս անոր համար, որ հայ իրականութեան մէջ, երիտասարդ մարդուժը ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուի, ո՞ւր պիտի գործէ եւ ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ:
Անգամի մը համար, պէտք է նայիլ մեր չորսդին, հոս կամ հոն, նոր սերունդին, համալսարանաւարտ սերունդին, ի՞նչ օրինակ կը մատուցուի անոր, ի՞նչ երաշխիք կը տրուի, ի՞նչ ապագայ կը խոստացուի, որ ան հրապուրուի հայ ազգային կեանքին մէջ ներդրուելէ, նետուելէ ու … ներխուժուելէ:

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին հայ մարդուժի նուիրեալները, իրենց մասնագիտութեամբ, արհեստավարժութեամբ ու կարողականութեամբ, երբ՝

– Ստեղծագործողները կը խամրին
– Մանկավարժները կը նօսրանան
– Ազգային գործիչները կը շահագործուին
– Մամուլի ծառայողները կ՝անգօսնուին
– Կազմակերպութիւնները կը տժգունին
– Արուեստագէտները կը լուսանցքուին

Սխա՞լ են այս մատնանշումներն ու վերագրումները:

Հակառակը փաստող որեւէ տրամաբանական գործօններ հազիւ թէ գտնուին:

Ինչո՞ւ այս բացարձակախօսութիւնը եւ բարձրախօսութիւնը:

Շա՜տ պարզ:

– Հայ ստեղծագործական միտքը կը քաջալերուի՞:
– Հայ մանկավարժը կը գնահատուի՞:
– Հայ ազգային գործիչը կը վարձատրուի՞:
– Հայ մամուլի ծառայողը կը պատրաստուի՞:
– Հայ կազմակերպութիւնը կը վերանորոգուի՞:
– Հայ արուեստագէտը կ՝արժեւորուի՞:

Այս բոլորի փոխարէն, գիտէ՞ք ինչեր կ՝արձանագրուին.

– Միջակութիւններ (կը դեգերին)
– Հաճոյախօսներ (կը շրջագային)
– Անցողիկներ (կը նշմարուին)
– Արկածախնդիրներ (կը գործեն)
– Պատեհապաշտներ (կը պարզուին)
– Ցեցեր (կը յայտնուին)

Ասկէ վերջ, ո՞ւր պէտք է փնտռել մարդուժը, մտաւորական թէ գործող մարդուժը, որ հայ իրականութեան պիտի տայ ապրելու ու վերապրելու, գործելու ու վերագործելու, արդիւնաւորելու եւ վերարդիւնաւորելու վերելք մը:
Ներկայ դրութեամբ, մտայնութեամբ ու հոգեբանութեամբ, վստահ պէտք է ըլլայ, յոյժ դժուար է, որովհետեւ՝

– Գրողները ո՞ւր պիտի արժեւորուին
– Մանկավարժները ո՞ւր պիտի հիմնաւորուին
– Ազգային գործիչները ո՞ւր պիտի գործեն
– Մամուլի ծառայողները ո՞ւր պիտի ձեւաւորուին
– Կազմակերպութիւնները ո՞ւր պիտի վերականգնին
– Արուեստագէտները ո՞ւր պիտի արտադրեն

Հարցադրումներ ու մտահոգութիւններ, ճիչեր եւ տագնապներ, մարդուժի պոռչտուք, աղաղակ, բայց, վերջին հաշուով, ո՞ւր է եւ ի՞նչ է լուծումը, երբ արտերկրի հայագաղութները սկսած են (վաղո՜ւց արդէն) տառապիլ աւանդականութեան (ան)աւանդականութենէն:

Բայց ովքե՞ր են այս անկումայնութեան պատճառ եղողները, եթէ ոչ՝

– Ստեղծագործական մարզը անտեսողները
– Ուսուցչական ասպարէզը ստորագնահատողները
– Ազգային գործը արհամարհողները
– Մամուլի դաշտը փետրաթափողները
– Կազմակերպութիւնները ամայացնողները
– Արուեստագիտական աշխարհը թերագնահատողները

Իսկ այս բոլորին պատասխանատունե՞րը.

Ամէն ոք թող փնտռէ իր շրջապատի, միջավայրին ու գաղութի ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ (ան)պատասխանատուներու ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ (ան)պատասխանատուներու մօտ, որովհետեւ՝

Մարդուժի մասին գեղգեղումներ շատ կան, բայց կարելի՞ է գործող սովորամոլութեամբ մարդուժ պատրաստել եւ անոր վստահիլ մարդուժային հայկականութիւն:

Ո՛վ որ այլահնարք ունի, խնդրե՛մ, թող իր տարբերակը ներկայացնէ, սկսած…:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝  ԻՐ ԱՆԽԱԽՏ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ

ԷՐՏՈՂԱՆԸ՝  ԻՐ ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ


ä¿ÛñáõÃ, 7 ¸»Ï»Ùµ»ñ 2010

Էրտողանը եկաւ ու գնաց:

Փոթորկեց ու փոթորկեցուց:

Տանգապեց ու տագնապեցուց:

Թերեւս ալ լաւ եղաւ իր գալը, որովհետեւ վերանորոգուեցաւ մեր պահանջատիրական ոգին, վերահաստատուեցաւ մեր վճռակամութիւնը, մանաւանդ ի տես հայ երիտասարդութեան ու նոր սերունդին կորովի մասնակցութեան:

Ասիկա կը նշանակէ թէ՝  պահանջատիրութեան ջահի անմարութիւնը կը բոցկլտայ ու կը բոցավառէ նոր սերունդին խռովայոյզ հոգիները, թուրքին յիշեցնելով անմոռանալին, թուրքին զգացնելով անժամանցելին:

Էրտողաններ որքան ալ ինքզինքնին ձեւացնեն հաւկոյր կամ խուլ, միեւնոյնն է, չեն կրնար շրջանցել իրականութիւնը, ա՛յն անմեռ իրականութիւնը, որ կու գայ իրենց պապերէն ու կը խրի իրենց խոռոչը, ծոցը, կողը:

Պուրճի հրապարակին վրայ, Նահատակաց յուշարձանին դիմաց պարզուած տեսարանը այդ էր, ա՛յդ կը ցուցանէ, իսկ Էրտողան չէր կրնար չլսել այդ բողոքաձայնը, որքան ալ զբաղած ըլլար իր բեմադրական ճառախօսութիւններով ու ցուցադրական դերակատարութիւններով:

Վստահբար, Էրտողան Պէյրութ եկաւ, ոչ միայն պետական, գործարարական ու տնտեսական համաձայնագիրեր ստորագրելու, այլեւ մարտահրաւէր կարդալու լիբանանահայութեան, թէ ինք Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի արաբ ժողովուրդի կողքին է, անոնց դատապաշտպանի դրօշակակիրն է, վկայ՝  զինք պետականօրէն ու ժողովրդայնօրէն ընդունելու տեսարանները, հետեւաբար, լիբանանահայութեան բոլոր ձեւի հակազդեցութիւնները կը մնան անցողակի, հուսկ՝  անհետեւանք:

Սակայն, Էրտողան կը սխալի (սխալեցա՛ւ), պարզապէս անոր համար, որ լիբանանցիներու առողջ, արդարամիտ եւ իրատես հատուածները գիտեն զանազանել քաղաքական լարախաղացութիւնները, դիւանագիտական երկդիմութիւններն ու միջպետական խաբուսիկութիւնները, մանաւանդ երբ անոնց հեղինակներն են ցեղասպանութեամբ գերյագեցած, բռնագրաւումներով գերճանչցուած ու ծաւալողականութեամբ գերգինովցած պետութիւններ:

Այո՛, մենք չենք խօսիր լիբանանցի այն հատուածներուն մասին, որոնք ինչինչ նպատակներէ մեկնած, գովքը կը հիւսեն էրտողաններու ու Թուրքիոյ, արդեօ՞ ք մոռնալով որ օսմանցիները իշխելով Լիբանանի վրայ, ինչպիսի՜ սպանդներ սարքած են այդ ժողովուրդին դէմ, որոնց վերջինը՝  6 Մայիսի Պուրճի հրապարակին վրայ, ազատատենչ մարտիկներու կախաղան բարձրացումով:

Ի դէպ, Լիբանանի ապահովական կամ ներքին գործոց նախարարութեան ուժերու պատասխանատուները, երբ շատ լաւ գիտէին թէ լիբանանահայութիւնը այդ այցելութեան դէմ պիտի բողոքէ, փափկանկատութիւնը պէտք է ունենային Նահատակաց հրապարակին վրայ չզետեղելու Էրտողանի բարձրադիր դիմապաստառը, չգրգռելու համար հայ երիտասարդութիւնը:

Այնքան ատեն որ այդ գիտակցութիւնը չունեցան, տարուած ենք մտածելու, թէ ատիկա «անմեղ» տնօրինում մը չէր, այլապէս կարելի էր սուսիկփուսիկ զայն վար առնել, խուսափելու համար որեւէ պատահարէ:

Վերջին հաշուով, չէ՞  որ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունի, հետեւապէս, իր իրաւունքները, իր արժանապատուութիւնը պարտաւոր էին յարգել պատկան կողմերը, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի ուրացուող, մերժուող ու նենգափոխուող ցեղասպանութեան:

Ինչ կը վերաբերի ոմանց այն վերագրումներուն ու դիտարկումներուն, թէ Էրտողան կը ներկայացնէ պետութիւն ու համապետական մակարդակով այցելութիւն մըն է եղածը, ո՞ վ ըսաւ թէ լիբանանահայութիւնը գիտակից կամ ըմբռնող չէ այդ իրողութեան, բայց նոյնքան եւ աւելի վիրաւորուած է, իբրեւ լիբանանցի, իբրեւ լիբանանահայ, որ Էրտողան ցեղասպանութեան ու կախաղահանութեան ժառանգորդ մը ըլլալով, առնուազն ներողութիւն մը պիտի խնդրէր լիբանանցիներէն, ծաղկեպսակ մը զետեղէր նահատակներուն ի յիշատակ, փոխանակ պոռոտախօսութեան ու սիրաշահութեան դասեր տալու ասոր եւ անոր:

Իսկ Էրտողանի դիմապաստառին վար առնելու դէմ ճամարտակախօսներուն պէտք է յիշեցնել, 2005էն ետք, նոյն հրապարակին վրայ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին դէմ արձակուած այլանդակութիւններն ու յիշոցները, նախագահ մը, որ պաշտօնապէս ընտրուած էր ու իր պաշտօնաշրջանը երկարաձգուած՝  սահմանադրական եւ օրէնսդրական հիմունքներով:

Անկախաբար այս բոլորէն, սակայն միշտ նոյն ծիրին մէջ, ի լուր Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլահ Կիւլի Դեկտեմբերի կէսերուն Պէյրութ (հաւանական) ժամանումին, որ իր նախորդին բնական շարունակութիւնն է, նոյն քարոզչական բովանդակութեամբ եւ, անխուսափելիօրէն, լիբանանահայութեան դէմ նոր վէմ բարձրացնելու դիտաւորութեամբ, անհրաժեշտ է համապատասխան կազմակերպուածութեամբ ծառանալ այս այցելութեան դէմ:

Սակայն, այս անգամ (մի գուցէ այլ առիթներով եւս), պէտք է աւանդական գործելաձեւերէն դուրս գալ, այսինքն՝  հայկական ելոյթները սահմանափակել ՄԷԿ բանախօսով, համալրացումով ոչհայ դէմքերու,  ինչպէս ասորի ու քիւրտ համայնքներէն, որոնք նոյնպէս պահանջատէր են եւ, անպայմանօրէն, լիբանանցի քաղաքագէտ, պատմագէտ, ցեղասպանագէտ անուանի հեղինակութենէ մը:

Բաց աստի, համադրուած ու ներդաշնակուած կարգով, հայ թէ արաբ մտաւորականներու կողմէ, օգտագործուին լսատեսողական, ձայնասփիւռային ու մամլոյ լայնածիր կարելիութիւնները, ցոյց տալու ցեղասպանութեան ոճրարարքին ամբողջական թղթածրարը, նաեւ ծանօթացնելու անոր ներքին եւ արտաքին ծալքերը, տիրող ու ծաւալուող շրջանային ու միջազգային քաղաքական հոլովոյթներու լոյսին տակ, մերկացնելով այսօրուան Թուրքիոյ ռազմաքաղաքականութեան վարքագիծը:

Կրնայ արդարացուիլ, թէ նախապէս նման բազմաթիւ միջոցառումներ կատարուած են, ճիշդ է, սակայն, այսօր քաղաքական պայմանները բոլորովին նոր թափ եւ ուղղութիւն ստացած են, իսկ ատոնցմէ ամենէն աւելի Թուրքիան է որ կ՝ուզէ օգտուիլ (եւ կ՝օգտուի), ինքզինք ջահակիրը դարձնելով մերթ իսլամականութեան, մերթ աշխարհիկութեան (դէպի Եւրոպական  Միութիւնսուրալով), մերթ պաղեստինեան դատի ջերմեռանդ պաշտպան, մերթ լիբանանեան կայունութեան ջատագով, մերթ շրջանի առաջնորդող պետութիւն, մերթ սիւննիական անմրցակից գերհզօրութիւն:

Այս բոլորը, սակայնառանց իր յարաբերութիւնները խզելու արաբներու  թշնամի Իսրայէլի հետ, առանց ջնջելու ռազմական համաձայնագիրը անոր հետ, բայց, լիբանանեան հողամասէն, Պրն. Էրտողանը, սպառնական մատնահարումներ կատարելով Իսրայէլի դէմ, միայն փոշի ցանելու եւ աժան ժողովրդականութիւն շահելու մարտավարութեամբ:

Էրտողանը եկաւ իր առաձգական ռազմաքաղաքականութիւնը վերաշարունակելու:

Լիբանանահայութիւնը՝  իր անխախտ վճռակամութիւնը վերահիմնաւորելու:

Առաջինին անհեթեթութիւնը պէտք է մերկացնել, իսկ երկրորդին անվիճելիութիւնը՝  վերահաստատել:
 

You May Also Like