Հայ Ոսկերիչներու Միութեան Տնօրէնի Այցը Պէյրութ

Հարցազրոյց՝ Պրն. Արտակ Ուտումեանին Հետ

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 22 Յուլիս 2012

 

"Ամենայն քաջառողջութիւն… Խաղաղութիւն Լիբանանի մէջ, որ ամենէն կարեւորն է բռնկալից տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ամէնուրեք խոչընդոտներ կրնան ըլլալ։ Երջանկութիւն, խաղաղութիւն, որ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները բարգաւաճին այստեղ։ Ամենայն բարիք բոլորիդ։"

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Ուտումեան, որպէս AJA-ի (Համաշխարհային Հայ Ոսկերիչներու Միութեան) Գործադիր տնօրէն, ինչպէս են ձեր տպաւորութիւնը Սփիւռքի “մայրաքաղաք” Պէյրութի մասին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պէյրութի մասին շատ լսած էի եւ ինչպէս հայրս կ’ըսէր՝ այս Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզն է…։ Երկակի տպաւորութիւն էր. մէկ կողմէ գեղեցիկ բնութիւն, գեղեցիկ շէնքեր եւ պատերազմի արդիւնքներ, որոնք չեն վերացուած, որոշ չափով անկանոնութիւն՝ լոյսի եւ ելեկտրականութեան չլուծուած հարցեր, սակայն կը գերիշխէ դրականը։

Հարցազրոյց՝ Պրն. Արտակ Ուտումեանին Հետ

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 22 Յուլիս 2012

 

"Ամենայն քաջառողջութիւն… Խաղաղութիւն Լիբանանի մէջ, որ ամենէն կարեւորն է բռնկալից տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ամէնուրեք խոչընդոտներ կրնան ըլլալ։ Երջանկութիւն, խաղաղութիւն, որ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները բարգաւաճին այստեղ։ Ամենայն բարիք բոլորիդ։"

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Ուտումեան, որպէս AJA-ի (Համաշխարհային Հայ Ոսկերիչներու Միութեան) Գործադիր տնօրէն, ինչպէս են ձեր տպաւորութիւնը Սփիւռքի “մայրաքաղաք” Պէյրութի մասին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պէյրութի մասին շատ լսած էի եւ ինչպէս հայրս կ’ըսէր՝ այս Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզն է…։ Երկակի տպաւորութիւն էր. մէկ կողմէ գեղեցիկ բնութիւն, գեղեցիկ շէնքեր եւ պատերազմի արդիւնքներ, որոնք չեն վերացուած, որոշ չափով անկանոնութիւն՝ լոյսի եւ ելեկտրականութեան չլուծուած հարցեր, սակայն կը գերիշխէ դրականը։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս այցելութեան ընթացքին որո՞նց հետ հանդիպեցաք եւ ի՞նչ էր ձեր առաքելութեան նպատակը, AJA-ի նախագահ Գագիկ Գէորգեանի Լիբանան կատարած պատմական այցէն ետք։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պարոն Գագիկ Գէորգեանի յանձնարարութեամբ այստեղ կը գտնուիմ, որպէսզի հայ ոսկերիչներու հետ հանդիպիմ, քննարկեմ անոնց հետ համագործակցութեան հարցերը։ Բազմիցս հանդիպումներ ունեցանք ամէն կարգի հայ ոսկերիչներու հետ։ Մասնակցեցայ լիբանանեան AJA-ի խորհուրդի նիստին, շարք մը հարցեր քննարկուեցան, ինչպէս Հայաստանի ոսկերչութեան ցուցահանդէսի մասնակցութիւնը, մեր ամսագրին հետ համագործակցութեան, տեղի ոսկերիչներու եւ համաշխարհային Հայ Ոսկերիչներու Միութեան եւ Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդումը։ Շատ մեծ ու կարեւոր գործեր ունինք իրագործելիք։ Կարեւոր եւ յուսադրիչ էր երբ ստեղծուեցաւ երիտասարդական խորհուրդ, որուն հետ հանդիպում ունեցայ, որուն ակնկալիքները լսեցինք եւ որոնց առջեւ խնդիրներ դրինք՝ կապուած այստեղի եւ AJA-ի կեդրոնական խորհուրդին հետ կապուած։ Եղայ շատ ոսկերիչներու գործատեղիներուն եւ պահեստանոցներուն մէջ եւ բարձր տպաւորութիւն ձգեցին անոնց վարպետութիւնն ու ստեղծագործութիւնները։ Պատմականօրէն, մենք շատ լսած ենք որ Պէյրութ եղած է եւ կը մնայ ոսկերչական աւանդոյթները պահպանող կեդրոններէն մէկը։ Ճիշդ է որ դժուար ժամանակներ են, սակայն մենք եւ AJA-ը ամէն ինչ պէտք է ընենք որ օգնենք հայ ոսկերիչներուն՝ միջոցներ տրամադրելու ոչ միայն գոյութիւն պահպանելու, այլեւ զարգացնելու իրենց գործը։

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս տեղեկացանք, հրաւէրներ փոխանցած էք մասնակցելու այս աշնան, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսներուն։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մոսկուայի ցուցահանդէսը մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ մասնակից ընկերութիւններուն։ «Էսթեթ» հաստատութիւնը, որուն նախագահն է նաեւ Պրն. Գագիկ Գէորգեան, մեծ հնարաւորութիւններ ունի ռուսական շուկային մէջ։ Մենք պատրաստ ենք ամէն ինչով օգնելու Լիբանանի հայ ոսկերիչներուն՝ ռուսական շուկայ մտնելու համար։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Երեւանի «Շօ» ցուցահանդէսին, ապա եւ որպէս հայրենասիրական նպատակներէ մղուած, կ’օժանդակենք Հայաստանի մէջ ոսկերչութեան զարգացման։ Առանց աւանդոյթ ստեղծելու ցուցահանդէսային հարցերուն մէջ, մենք չենք կրնար սպասել որ երկիրը կրնայ դառնալ ոսկերչութեան կեդրոն։ Միայն աշխատանքն ու արտադրանքը բաւարար չեն։ Մենք պէտք է ցուցահանդէսներ կազմակերպենք, տարբեր երկիրներէ մարդիկ հրաւիրենք (գնորդներ եւ մասնակիցներ)։ Մենք անցեալ տարի, առաջինը յաջողութեամբ կազմակերպեցինք։ Այս տարի շատ աւելի մեծ զարգացում պէտք է ունենայ այդ ժողովն ու ցուցահանդէսը։ Հրաւէրներ ուղարկուած են աշխարհի հայ թէ օտար ոսկերիչներուն, Համաշխարհային Ոսկերիչներու Միութեան նախագահ Պրն. Քաեթանօ Քավալերին։ Ամէն ինչ կը գործադրենք որ մասնակիցները ունենան ամենէն յարմար պայմանները, մասնակցելու եւ հայրենիքը տեսնելու, ծանօթանալու, կապերը ամրապնդելու համար։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ որեւէ խօսք ունի՞ք փոխանցելու մեր ընթերցողներուն:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամենայն քաջառողջութիւն, որպէս մաղթանք իմ եւ Պրն. Գէորգեանին կողմէ։ Խաղաղութիւն Լիբանանի մէջ, որ ամենէն կարեւորն է բռնկալից տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ամէնուրեք խոչընդոտներ կրնան ըլլալ։ Երջանկութիւն, խաղաղութիւն, որ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները բարգաւաճին այստեղ։ Ամենայն բարիք բոլորիդ։

 

You May Also Like
Read More

Երեք անդրադարձ

Սամվել Հովասափյան, Բեռլին, մարտ 2023 Առաջին Ռուբեն Վարդանյանի հանելուկային հայտնվելն Արցախում Ի սկզբանե Հայաստանի Հանրապետության եւ Արցախի հանրությունը…
Read More