Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 11 Մայիս 2012
Որքա՜ն աժան ձեւով կը գործածուի ու կը շահագործուի ժողովուրդը, հասարակութիւնը կամ հաւաքականութիւնը, երբ չըլլալիք ժողովրդավարութեան անունով կը խօսուի հանրային կարծիքին կարեւորութեան, հրամայականութեան կամ առաջնահերթութեան մասին:
Որքա՜ն աժան ձեւով կը գործածուի ու կը շահագործուի ժողովուրդը, հասարակութիւնը կամ հաւաքականութիւնը, երբ չըլլալիք ժողովրդավարութեան անունով կը խօսուի հանրային կարծիքին կարեւորութեան, հրամայականութեան կամ առաջնահերթութեան մասին:
Ասկէ աւելի ծիծաղելի կամ զաւեշտելի ի՜նչ կարելի է պատկերացնել, երբ հանրային կարծիքը այդքա՜ն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ (կը դարձնեն), յանուն գռեհիկ շրթնամարզութեան:
Զարմանալին, այլեւ զարհուրելին այն է, որ նո՛յն այդ հանրային կարծիքին գովերգութիւնն ու շեփորհարութիւնը կը կատարուին անոնցմէ, որոնք ամենէն շատ կը պղծեն հանրային կարծիքին անարատութիւնն եւ անհպելիութիւնը:
Հանրային կարծիքի անունով կը խօսուի, սակայն, նոյնհետայն կը խեղաթիւրուի ան:
Հանրային կարծիքի անունով կ’երդնուն, սակայն, նոյնհետայն կ’ուրանան զայն:
Հանրային կարծիքի անունով կը խոստացուի, սակայն, նոյնհետայն կը մոռցուի ան:
Հանրային կարծիքի անունով կը պահանջուի, սակայն, նոյնհետայն կը պղծուի ան:
Եթէ այս է հանրային կարծիք կարեւորելու, փնտռելու, զօրակցելու կամ պաշտպանելու “թեզ”ը, ապա, ասկէ աւելի անհեթեթութիւն, այլանդակութիւն ու խայտառակութիւն ո՞ւր կարելի է գտնել, բացի այն երկիրներէն ու պետութիւններէն, ուր միակ բանը որ չկայ… հանրային կարծիքն է:
Մինչեւ այս մասին աւելի մանրամասնելը, հարցում մը.
Ի՞նչ ըսել է հանրային կարծիք կամ զայն յանկերգողները ի՞նչ կը հասկնան հանրային կարծիք ըսելով:
Վստահաբար, բոլոր անոնք որոնք կը պահուըտին հանրային կարծիքին ետին, աժան քարոզչութեան, գծուծ հաշուենկատութեան (ան) հեղինակութիւններ են, որոնք իրենց եսերէն մեկնելով զայն կը ջոկեն ու կը… ճօճեն:
Դժբախտաբար, հանրային կարծիք յորջորջումը, միայն… պղպջակային տպաւորութիւն սկսած է ձգել, քիչ մը ամէն տեղ, սակայն, մեզի համար աւելի կարեւորը Լիբանանն ու Հայաստանն են, ուր անիկա դարձած է “տիրող խաղաթուղթ”ը, սակայն, միշտ մինուճար ժողովուրդի հաշւոյն:
Ինչպիսի՞ հանդուրժողութեան կարելի է դիմանալ այս անհամատեղելիութիւնը, երբ հանրային կարծիքը կը շահագործուի, նոյնինքն հանրային կարծիքի հաշւոյն, իսկ զայն շահագործողը կ’ոտնակոխէ հանրային կարծիքին նուազագոյն արժանապատուութիւնն ու նուիրականութիւնը:
Հանրային կարծիքը ինչպէ՞ս կարելի է պատուար գործածել, ի դէմս… անպատուաբեր շահամոլութեան, անձնակեդրոնութեան եւ ինքնասիրահարուածութեան:
Հանրային կարծիքը ո՞ւր կարելի է շրջանառութեան դնել, ի դէմս անոր… շնչահեղձութեան, շնչաբռնութեան ու շնչահատութեան:
Քիչ մը պատկերաւոր, սակայն, չոր իրականութենէն ի՞նչ կրնան փոխել վերոյիշեալ հարցադրումները, այնքան ատեն որ հանրային կարծիքն է որ կը դառնայ ու կը դարձնեն… ոտնագնդակի միջոց, պետական-կառավարական կառոյցներուն մէջ գրաւելու “խըսիր”է աթոռներ, աթոռակներ, աթոռիկներ:
Հետաքրքրականը այն է, որ հանրային կարծիքին “բնակիչ”ները, մեծ մասամբ իրենք ալ չեն գիտեր, թէ իրե՛նք են այն քաւութեան նոխազները, որոնց անունն ու դիրքը կը շահագործուին, երբ ամբոխավարական ու քարոզչական պոռոտախօսութիւններով եւ ինքնագովութիւններով կ’ողողուին հրապարակներ:
Ինչո՞ւ կը գրուին այս տողերը:
Ճիշդ է, նորութիւն չէ արծարծուած կամ քննարկուած այս հիմնախնդիրը, բայց, անգամի մը համար, դարձեալ նայինք մեր շուրջ բոլորը, ականջալուր ըլլալու խժալուր ձայներու կամ ակնդիր դառնալու տափակ տեսարաններու, որոնք հանրային կարծիքին շալակը ելած, հանրային կարծիքի “փրոփականտա” կ’ընեն:
Վերջերս, օրինակի համար, լիբանանեան խորհրդարանը, եռօրեայ նիստերու բռնկող-բռնկեցնող ժողովներ գումարեց, ուր՝ երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը, այնքա՜ն նախանձախնդիր էր ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու ու հետապնդելու մոլուցքին, միշտ հանրային կարծիքը մէջբերեց, որպէս ժողովրդավարութեան վառ (բաց վառո՜ղ) ցուցանիշ:
Ասկէ աւելի ի՜նչ վարկաբեկութիւն կրնար մատուցել անխորհուրդ-խորհրդարանականութիւն մը, երբ միայն այդ հանրութեան քիթին կը խնդայ, հանրութեան արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, հանրութեան անկեղծութիւնը կը շահագործէ, մանաւանդ երբ, ոմանք պահ մը մոռնալով ինքզինքնին, միայն լուտանք եւ յիշոց կը թափեն աջ ու ահեակ:
Հայաստանի պարագային ուրիշ բան մը կարելի՞ է ըսել, ուր հանրային կարծիքին այնքան կարեւորութիւն կ’ընծայուի, որ մարդիկ երբեմն ինքզինքնին կարծեն ըլլալ ոչ թէ հանրահաւաքներու մէջ, այլ… հանրախանութներու:
Հայրենական ներկայ իշխանութիւնները, որոնք երկրորդ նախագահական շրջանէն ի վեր, “պողազ” պատռելու չափ կը պոռան ու կը գոռան, թէ իրենք եկած են ծառայելու հանրութեան, կը գ ործեն յանուն հանրութեան, կը բաժնեն հանրութեան տագնապները, հուսկ՝ կը փնտռեն լուծումներ, կը հետապնդեն բարւոքելի ծրագիրներ, սակայն, խորքին մէջ, ոչինչ ըրին ու կ’ընեն, բացի իրենց դիրքերը ամրապնդելէ, քսակները պարարտացնելէ, հանրութիւնը աղքատացնելէ ու բնակչութիւնը հեռացնելէ:
Այս է նորօրեայ հանրային կարծիք կոչուած… կեղծիքը, իր լարախաղաց ու սանձարձակ առաձգականութեամբ, իր լպրծուն ու փխրուն արտայայտութեամբ, այնքան ատեն որ անիկա շողոքորթուող խաղաթուղթ մը դարձած է, հոս, հոն թէ այլուր:
Այնպէս որ՝ ոչ ոք պէտք է հաւատայ, ինչպէս ժողովրդավարութիւն քարոզող փչաններուն, ոչ ալ՝ հանրային կարծիք շեփորողներուն, բայց, ողբերգութիւնը այն է, որ՝ հանրութիւնը տակաւին կը հաւատայ զանոնք բարբառողներու… բարբաջանքներուն (այսպիսի “հանրութեան” մը թուլամորթութիւնն ալ այլ առիթի ձգելով):