Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 18 Մարտ 2016
Դիւրին չէ սփիւռքահայու մը համար խօսիլ կամ գրել վերոյիշեալ գործակցութեան
Դիւրին չէ սփիւռքահայու մը համար խօսիլ կամ գրել վերոյիշեալ գործակցութեան
Կարելի չէ համաձայն գտնուիլ «Նոր Յառաջ»ի խմբագրին եզրակացութեան, որ կ’ըսէ թէ այդ քաղաքական երկու կառոյցներուն մօտեցումը արդիւնք է այդ երկուքին «Սպառումի սնանկութեան սեմին» գտնուելուն, որովհետեւ երկուքն ալ, գէթ առ այժմ, միահեծան կ’իշխեն մեր ազգային կեանքին վրայ, մին Հայաստանի մէջ, միւսն ալ՝ Սփիւռքի։
Ուրեմն ինչպէ՞ս բացատրել ներկայ գործակցութեան դրդապատճառը կամ միտքն ու նպատակը գործակցող երկու կողմերուն, մանաւանդ Հանրապետականներուն, որոնք սակաւապետութեան (oligarchy) խամաճիկը (marionette) ըլլալով հանդերձ, ձեռք կ’երկարեն կողմի մը, որ ընկերային արդարութիւն դաւանիլ կը քարոզէ եւ ինքզինք միջազգայնական ընկերվարական շարժումներու ժողովներուն մասնակից կը դարձնէ։ Առաւել, նկատի ունենալով Հանրապետականներու վայելած բացարձակ մեծամասնութիւնը Ազգային Ժողովին եւ պետական կառոյցի ամէն մէկ ոլորտի մէջ, մարդ իրաւունք ունի նաեւ հարց տալու, թէ հաստատ ու զօրաւոր դիրքով իշխանութեան տէր կանգնողը ի՞նչ տեսակի պէտք զգաց Հայաստանի մէջ գործակցելու ոչ այնքան քաղաքական ուժ ներկայացնող կողմի մը հետ, յանձին Դաշնակցութեան։
Կարելի է որոշ գուշակութիւն մը ընել հոս ու փորձել բացատրել այդ գործակցութեան պատճառը, առանց յաւակնելու անշուշտ, որ ճիշդ կրնայ ըլլայ այդ գուշակութիւնը։
Իրապաշտութիւնը կը մղէ հայ մարդը ընդունելու, որ Սփիւռքի տարածքին ամենէն ծաւալուն ներկայութիւնն ունի Դաշնակցութիւնը։ Անոր հովանաւորութիւնը վայելող ազգային (Հայ Դատի), եկեղեցական, մշակութային, կրթական, մարզական-սկաուտական եւ բարեսիրական կառոյցները սփիւռքահայ կեանքին մէջ առաջատար դեր կը խաղան։ Այդպիսի կուսակցութեան մը տիրական ներկայութիւնը Սփիւռքի մէջ յար ու նման է Հանրապետականներու ունեցած տիրական ներկայութեան Հայաստանի մէջ։ Այսպիսի իրականութեան մը առջեւ ըլլալով, արդար է հարց տալ, թէ արդեօ՞ք Սարգսեանն ու իր խունթան ուզեցին իրենց հսկողութիւնը (control) ընդարձակել Հայաստանէն դուրս, Դաշնակցութիւնը դարձնելով իրենց գործակալը (agent) աշխարհի տարածքին, որպէսզի այս վերջինը շատ աղմուկ չբարձրացնէ արտասահմանի մէջ (նախկին protocol-ներու օրինակով) եւ ուղղուի հայրենի իշխանութեանց ցուցմունքներով։
Դաշնակցութիւնը, պիտի ըսուի անշուշտ, թէ չընդունիր կամ չուզեր այդպիսի դեր կատարել, որովհետեւ որեւէ մէկուն պիտի չուզէ զիջիլ իր անկախ դիրքորոշումը, նաեւ պիտի ըսուի, թէ ներսէն բան մը փրկելու ջանք է Դաշնակցութեան ըրածը։ Սակայն, անհաւասար ուժերով կնքուած համաձայնութիւնները միշտ կ’ըլլան ի նպաստ զօրաւոր կողմին, եւ այս պարագային` Հանրապետականներուն։ Սարգսեանի շահերու վրայ հիմնուած իշխանութիւնը, որ քաջութիւնն ունեցաւ ընդդիմադրութեան պարագլուխ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախկին նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ականջը քաշելու եւ զինք քաղաքական բեմէն հեռացնելու, ի՞նչ շահ ակնկալելով Դաշնակցութեան տուաւ այդ նախարարութիւնները։ Ազգայի՞ն շահ հետապնդելով։ Հարցումը ուղղեցէք հայրենի ժողովուրդին…։
Հայրենի ժողովուրդի օգտաշատ ներդրումը սփիւռքահայ կեանքին մէջ իր բարձրարուեստ նուագով, երգով ու պարով անվիճելի իրականութիւն մըն է որուն համար երախտապարտութեան զգացումներով լեցուն պէտք է զգայ սփիւռքահայը։
Սակայն, ցաւօք պէտք է հոս յայտարարել, որ ատենօք և երկար ժամանակ, աշխարհասփիւռ գաղթական արեւմտահայութեան կեանքը, Նիւ Եօրքէն մինջև Պէյրութ, ազդուեցաւ և խանգարուեցաւ բնիկ արեւելահայ և արտերկիր գաղթած գործիչներու գաղափարական պայքարներէն։ Ցուսանք որ արեւմտահայուն ներկայ կեանքը սփիւռքի մէջ չի դառնար շահախնդրութեան խաղավայրը արեւելահայ քաղաքական մարդուն։
3 comments
Ամօթ է
Շատ վիրաւորական է և շատ ամօթ, ձեռքը գրիչ մը ունեցողը, առանց որեւէ ապացոյց մը ունենալու ՀՀ նախագահին և կամ իր կուսակցութեան վիրաւորական խօսքերով կ՚անպատւէ:
Եթէ Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանը փոքրիկ գաղափար մը ունենար թէ, աշխարհի բոլոր երկիրները, ներարեալ իր բնակած երիրը ի՞նչ անտանելի oligarch-ներու ձեռքերով կը կողոպտուի, այդ մասին լուռ կը մնար:
Իսկ Դաշնակցութեան երիտ թուրքերու հետ համագործակցութեան, կամնացիստական պետութիւններու հետ համագործակցութեան եւ կամ ալ էջմիածնական Եկեղեցական
Թեմերու թալանումներու ե այլ նման բաներու մասին ոչ մէկ խօսք կ՚ընէ:
Եղբայրասպանութեան, ստախոսութեան, կաշառակերութեան և փառամոլութեան պատճառով է որ մեր խեղճ ազգը տակաւին այսքան կը տառապի:
Քաջազնունին իր 1923 թուականին հրատարակած գիրքին վերնագիրով, շատ յստակ ըսեր է թէ Դաշնակցութիւնը ինչ պէտք է ընէ, «Ըսողին լսող պէտք է»:
Իսկ «Նոր Յառաջ»ին ալ կը մաղթեմ որ «Հին Յառաջ»ի նման շուտ եղածին չափ իր դռները վերջնականապէս փակէ, այդպես ազգաբաժան թերթերու կարիքը չունինք:
Նիքօլա Րօմաշուք Հայրապետեան
Succinct and Clear
I would like to congratulate Maitre Tavitian for this succinct and crystal clear essay.
That the ARF thinks, as it is declaring everywhere in private, that it can change Armenia from within the Hanrabedagan oligarchy, holds as much water as patriots who are members of the ARF in the Diaspora and who say they can change the ARF by staying in. They can't and are soon evicted if they raise enough of a discordant voice.
Armenia is non-democratic by force of oligarchy. The ARF in the Diaspora is non-democratic because one can be excluded by force of the leadership.
In the way that so many of the intelligentsia departed the ARF, in that same way proceeds the brain drain from non-democratic, non-inclusive Armenia.
Կը ձայնակցիմ Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանին
Սահմանադրական փոփոխութեանբ ըլլալիքին իմ հեռանկարս եղած էր Իսրայէլը իր բազմաթիւ կուսակցութիւններով, որոնցմէ ոմանք փոքրաթիւ են եւ յետ ընտրութեան կը ներկայանան խորհդարան քանի մը ներկայացուցիչներով, որոնք կը պատահի որ իրենց թուային ներկայութիւնէն շատ աւելի ազդեցիկ կը դառնան քանի որ իրենց գործակցութեամբ մեծաթիւ կուսակցութեան հետ կը թեքեն ընտրական կշիռքը: Նման վիճակ մը կը պատկերացնէի Հայաստանի յետ սահմանադրկան ընտրութիւններուն, ուր ՀՅԴ-ը կարելիութիւնը կրնար ունենալ իր ներկայացուցչական թիւէն աւելի ազդեցիկ ըլլալ ընտրելու երկրին վարչապետը: Բայց այն ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, նախ քան ընտրութիւնը, քաղաքական միաւորում մը չէր, այլ քաղաքական «ամուսնութիւն» մը. գէթ այդ տպաւորութիւնը կը ձգէ:
Եբրայեցի ռաբբի մը ըսած էր որ Հրէութիւնը չէ որ հրեաները պիտի պատրաստէ այլ հրէաններն են որ հրէութիւն յառաջ կը բերեն: Կը ձայնակցիմ Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանին: Մտածելակերպի եւ աշխատանքի յստակ տարբերութիւններ կան Արեւելահայուն եւ Արեւմտայութեան միջեւ: Իսկ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործելակերպի իր ապակեդրոնացած դրութեամբ բաւական լայն ազատութիւն կու տայ երկրի մը կեդրոնական կոմիտէին: Հայաստին ՀՅԴ-ն արտայայտութիւնն է Արեւելահայ մտայնութեան: Երկու կուսակցութիւններուն – Հանրապետական եւ Դաշնակացական – կողմէ եղած հասարակաց յայտարութիւնը զերծ կ'ընէ «Միացեալ Ազատ եւ Անկախ Հայաստան»-ին քաղաքականուցումը եւ այս մէկը սպասելի է: Վերջին հաշուվ իշխանութեան հետ դաշնակցութիւն կնքած քաղաքական կազմակերպութեան մը նման տեսլականը կրնայ նկատուիլ Թուրքիոյ կողմէ որպէս հողային պահանջք:
Կը կասկածիմ որ եղածը պառակտումի պատճառ ըլլայ 125 տարեկան այս կազմակերպութեան: Չմոռնանք որ Սովետի Համայնավար Կուսակութիւնը այսքան երկար կեանք չունեցաւ:
Comments are closed.