
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 14 Նոյեմբեր 2011
Եթէ անպայման ազգ-պետութիւն մը ըլլալ կ’ուզենք, մենք ոչ թէ յոյներուն կամ պուլկարացիներուն, այլ ամերիկացիներուն օրինակով



Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 14 Նոյեմբեր 2011
Եթէ անպայման ազգ-պետութիւն մը ըլլալ կ’ուզենք, մենք ոչ թէ յոյներուն կամ պուլկարացիներուն, այլ ամերիկացիներուն օրինակով
Աւելի վերջ, երբ այս “ թեզը” տուն տարած էի, կը յիշեմ, որ մտածումներս ա՛լ աւելի խռնուած էին: Տունը, երէցներուս ինծի բացատրածներուն համաձայն, եթէ յոյներուն եւ թուրքերուն արեան գոյնը տարբեր չէր, եւ թէ՝ բոլոր մարդոց արեան գոյնը կարմիր էր, ինչո՞ւ ուրեմն յոյները մեր թշնամիներն էին, ինչո՞ւ զանոնք կ’ատէինք, ինչո՞ւ Կիպրոսի մէջ պատերազմ ծագած էր: Անշուշտ հետագային պիտի հասկնայի, որ այս հարցումներուն տուն տուողը “ազգայնականութիւնն” էր: Եւ այս ազգայնականութիւն կոչուածը, Ֆրանսայէն ծնունդ առնելով, “ցուրտ օդի ալիքներու” նման, պալքաններու վրայով մեր երկիրը գալով տարածուիլը քիչ մը մելան լզելէ ետք պիտի նկատէի:
Երբ քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ սկսայ հետաքրքրուիլ, մեր ազգայնականութեան “ցեղապաշտ” հակումները ուշադրութիւնս գրաւեցին: Հանրապետութեան առաջին տարիներուն թրքական իտէալական չափանիշը գտնելու համար 64.000 հոգիի գանկերը չափուած էին: Կը պատմուի, որ այս տեսութիւնը նոյնինքն Աթաթուրքին կողմէ հրամայուած էր: “ Մէկ թուրք ամբողջ աշխարհը կ’արժէ”, “Մեր երակներէն ազնուական արիւն կը հոսի”, “Աշխարհի բոլոր լեզուները թրքերէնէն ծագում առած են” կամ “ Ան, որ թուրք ցեղէն չէ սերած, այս երկրին մէջ հազիւ թէ ծառայ կրնայ ըլլալ” եւ այլն…
Թրքութեան Հալածախտը
Երբ քննենք “Թրքութեան” այս չափազանցուած շեշտադրումը, ինծի համար հասկնալի կը դառնայ, որ ասիկա շատ ուշացած ազգայնականութեան մը խռովքն է: Սակայն ասիկա տարբեր երեսակ մըն ալ ունի, որ եթէ լաւ հասկցուի, համոզուած եմ, Թուրքիոյ մէջ շատ մը հարցերու լուծման պիտի նպաստէ…
Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը փլուզուէր եւ փոխարէնը կը հիմնուէին ազգային պետութիւններ, մեր հասարակութեան բազմացեղ եւ խառնակ կառուցուածքը իբրեւ մեծ խոչընդոտ նկատուեցաւ նախ իթթիհատականներուն եւ ապա հանրապետութիւնը հիմնողներուն կողմէ: Ի տարբերութիւն յոյներուն, սերպերուն եւ պուլկարներուն՝ մեր մօտ միատեսակ ցեղային մեծամասնութիւն մը չկար, որուն վրայ կարելի ըլլար հիմնել պետութիւնը: Աւելի՛ն. եթէ ականջ տանք ֆրանսացի պատմաբսան Ժան- Փոլ Ռույին, ապա թուրքերը ցեղային ո՛չ մէկ յատկութիւն ունէին, որովհետեւ տեւաբար օտարներու հետ ամուսնանալով՝ տիրապետած ժողովուրդներուն հետ անմիջապէս կը ձուլուէին: Աստուծոյ կողմէ իբրեւ շնորհք մեզի տրուած այս պարագան ազգային պետութեան հիմնումի ընթացքին իբրեւ խոչընդոտ նկատուեցաւ: Եթէ ձեր ինքնութեան մէջ անհարազատ բաներ գտնուին, փոխանակ ծածկելու, իրենց ամբողջ չափազանցութիւններով կը ցուցադրէք զանոնք… Մեր պարագային ալ նոյնը պատահեցաւ թրքականութեան չափազանցուած շեշտաւորումով հիմնեցինք այս երկիրը…
Այս երկրին հիմնադիրները ճգնաժամային մեծ փորձութիւններու ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ կենաց մահու հոգեբանութեամբ ստեղծած էին ազգութեան սահմանումը, արդեօք մենք ստիպուա՞ծ ենք առանց հարցադրումի ընդունիլ զայն մինչեւ այսօր: Մեր այս “թրքութիւնը” չի բաւարարուիր միմիայն այս հողերուն վրայ արմատ նետած հին ժողովուրդները օտարացնելով, այլեւ պատճառ կը դառնայ, որ ամբողջ մեր պատմութեան նկատմամբ հալածախտային վերաբերում ունենանք:
Ցեղային շեշտադրումով մեր այս ինքնութիւնը յարաբերութիւններու խաչաձեւումի պատճառ կը դառնայ օսմանեան-բիւզանդական եւ Անատոլուի մէջ գոյութիւն ունեցած քաղաքակրթութիւններու հետ:
Սահմանադրութիւն Մը Որ Զերոյէն Սկսի
Այս բոլորը գրեցի հետեւեալը ըսելու համար. եթէ մենք այսօր պատրաստ ենք քննարկելու նոր սահմանադրութիւն մը, հարկ է որ կարենանք քննարկել այս երկրին բոլոր հիմնական խնդիրները, առանց պահուըտելու թապու նկատուած որեւէ հարցի ետին: Մենք պէտք է կարողանանք մէկդի դնել մեզի սխալ ուղղութեամբ առաջնորդածները:
Խնդրեմ՝ չըլլայ որ կարծուի, թէ օսմանեան կայսրութեան սնոտիապաշտութիւնը կ’ընեմ. սակայն եթէ անպայման ազգ-պետութիւն մը կը փափաքինք ըլլալ, մենք ոչ թէ յոյներուն կամ պուլկարացիներուն նման, այլ ամերիկացիներուն նման ազգ-պետութիւն մը հիմնելու ենք: Մեր ինքնութիւնը բոլոր այս ցեղերուն, կրօններուն եւ մշակոյթներուն խճանկարին վրայ հիմնուելու է: Մենք պէտք է մէկդի դնենք վախի վրայ հիմնուած մեր ինքնութիւնը, որ մեզ կը սահմանափակէ, եւ պէտք է կարողանանք որդեգրել ինքնութիւն մը, որ կարողանայ արտացոլել մեր բոլոր գոյները:
Ըստ իս,այս ձեւով վերակառուցուելիք մեր նոր Թուրքիան ո՛չ միայն ինքզինքին, այլ ամբողջ շրջանի ժողովուրդներուն օգտակար պիտի հանդիսանայ: