Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան եւ «Սէն Մարք» կեդրոնի 40-ամեակը Նշուեցաւ Փառաշուք Կերպով

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 14 Փետրուար 2010

Հայոց Ցեղասպանութենէն, կրկնակի տարագրութիւններէն, Ալեքսանտրեթի «Սանճաք»էն հեռացած մեր ժողովուրդի բեկորները, Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին եւ անկէ ետք, հաստատուեցան մեծ մասով ճահիճներով ծածկուած Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ տարածքներու մէջ, որպէս Պէյրութի արուարձանի նոր բնակիչներ: Անպատմելի դժուարութիւնները, բազմաթիւ հիւանդութիւնները հնձեցին անոնցմէ շատերուն կեանք: Այսպիսի իրավիճակին մէջ գտնուող հայոց օգնութեան հասնելու համար՝ հիմնուեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւնը նախ որպէս մանկախնամ՝ ապա տարիներու նուիրեալ պայքարէ ու զոհողութիւններէ ետք, կարողացաւ դառնալ մեր գաղթօճախին բարեսիրական ու բժշկական օգնուցեանց, ընկերային ծառայութեան գլխաւոր հաստատութիւններէն մէկը:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 14 Փետրուար 2010

Հայոց Ցեղասպանութենէն, կրկնակի տարագրութիւններէն, Ալեքսանտրեթի «Սանճաք»էն հեռացած մեր ժողովուրդի բեկորները, Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին եւ անկէ ետք, հաստատուեցան մեծ մասով ճահիճներով ծածկուած Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ տարածքներու մէջ, որպէս Պէյրութի արուարձանի նոր բնակիչներ: Անպատմելի դժուարութիւնները, բազմաթիւ հիւանդութիւնները հնձեցին անոնցմէ շատերուն կեանք: Այսպիսի իրավիճակին մէջ գտնուող հայոց օգնութեան հասնելու համար՝ հիմնուեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւնը նախ որպէս մանկախնամ՝ ապա տարիներու նուիրեալ պայքարէ ու զոհողութիւններէ ետք, կարողացաւ դառնալ մեր գաղթօճախին բարեսիրական ու բժշկական օգնուցեանց, ընկերային ծառայութեան գլխաւոր հաստատութիւններէն մէկը:

40 տարիներէ ի վեր, Գարակէօզեան հաստատութիւնը կը համագործակցի կեանքի դժուարին ուղի անցած, Մեծ Եղեռնէն վերապրածներու ճակատագրով, «բախտաւորուած» անձնաւորութեան մը հետ, որ այսօր Լիբանանի հայութեան ու լիբանանցիներուն պատիւ բերող «Սէա Մարք» բժշկական կեդրոններու հիմնադիրն ու սեփականատէրն է: Տոքթ. Սէմ Րագուպեանի բարեգործութիւնները մեր գաղթօճախի զաւակներուն՝ նաեւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան, ծանօթ են բոլորին: Միացեալ նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2010ի միջօրէին, «Սէն Մարք»ի ու Գարակէօզեանի պաշտօնէութիւնը, գլխաւորութեամբ տնօրէն՝ վերապատուելի Ռոպէր Սարգիսեանի ու տիկնոջ, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին համագործակցութեան 40-ամեակը, որպէս օրինակ միաւորելու ուժերն ու կարողութիւնները՝ յօգուտ հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Ողջոյնի խօսքերուն յաջորդեցին փոխադարձ պարգեւատրումներ եւ նուէրներու բաշխում, Սուրբ Վալընթայնի տօնին առիթով եւ 40-ամեակի վահանակի յանձնում: Հայ թէ օտար երաժշտութեան, ծափողջույններու տարափին տակ, զոյգ քոյր հաստատութիւններու տնօրէնները կտրեցին 40-ամեայ գործունէութեան «նուիրուած» գունագեղ կարկանդակը: Մօտենալով վերապատուելի Ռոպեր Սարգիսեանին, խնդրեցինք ներկայացնել այս համագործակցութեան հակիրճ պատմութիւնը:

«42 տարիներէ ի վեր եկած եմ Պէյրութ, որուն 40 տարին ստանձնեցի Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնը: Սկիզբէն իսկ գործակցած եմ Սէմ Րագուպեանին հետ՝ որ տարրալուծարանին մէջ կ’աշխատէր, ու ես, որպէս նորեկ այս քաղաքին մէջ, մտերմացանք: Միաժամանակ, այս տարիներուն, գանձապահ եմ Պէյրութի Ֆրանսական աւետարանական եկեղեցիին, ըլլալով նաեւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան խորհուրդի փոխ ատենապետը:

Մեզի համար առանձնաշնորհում է Սէմ Րագուպեանին եւ տարրալուծարանին հետ աշխատիլ, ուր մեզի կը տրամադրէ խորհրդանշական գիներ, զինք համարելով մեր բարերարը: Օգտակար դարձած է Գարակէօզեան հաստատութեան ամէն կարելի միջոցներով: Մեր համագործակցութեան 30-ամեակը նշեցինք նախապէս, եւ այժմ այդ իրադարձութեան 40-ամեակն է որ կը տոնենք, «Սէն Մարք» բժշկական հաստատութեան հետ: Բարեկամական գործակցութիւն մըն է այս եւ իր կեդրոնի ծառայութիւններէն օգտուած ենք, ականատես ըլլալով բժշկական բնագաւառին մէջ իր բարգաւաճման:

40 տարիներ առաջ՝ 100 հազար տոլարի պիւտճէն մը ունէինք Լիբանանի մէջ, հիմա 700 հազար տոլարի բարձրացած է այդ գումարը: Այն ժամանակ ունէինք մանկանց դարմանատուն մը եւ ընկերային կեդրոն մը, ուր անմիջական առաջին օգնութեան եւ ճաշի դասեր կ’ըլլային: Այժմ 6-7 դարմանատուներ ունինք, 6 ընկերային գործիչներով: Սէմ Ռագուպեանը հետեւած է մեզի այս բոլոր զարգացումներու ընթացքին: Այսօր, այս ուրախ առիթով, մեր պաշտօնեաներուն մեծ մասը ներկայ են այստեղ՝ մեր նուիրումն ու համագործակցութիւնը երկու քոյր հաստատութիւններու հետ ամրապնդելու համար՝ այս գեղեցիկ վայրին մէջ:
 

Տոքթ. Սէմ Րագուպեանի եւ վերապատուելի Ռոպէր Սարգիսեան
 
2010 թուականի առաջին մաղթանքս է, որ այս դժուար պարագաներուն մէջ շարունակել հայ ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը, տիկնոջս՝ Թերեզին հետ ու «Սէն Մարք» հաստատութեան տնօրէն Տոքթ. Սէմ Րագուպեանին ու աշխատակազմին հետ:

Մինչ հայկական երաժշտութեան ու պարի ուրախ մթնոլորտը կը շարունակուէր՝ քանի մը վայրկեանով առանձնացանք Տոքթ. Սէմ Րագուպեանի հետ, լսելու իր կարծիքն ու խօսքերը, այս կարեւոր իրադարձութեան մասին՝ Լիբանանի հայութեան ու անոնց բարեկամներուն բժշկական ծառայութիւններու մատուցման՝ 40 տարիներ շարունակ Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկին հետ:

«Մենք ուրաշ ենք, որ 40 տարիէ ի վեր աշխատեցանք Գարակէօզեան հաստատութեան հետ, ու հայ ժողովուրդի զանգուածներուն բժշկական լաւագոյն ծառայութիւններ մատուցեցինք եւ մատուցանենք: Մենք հպարտ ենք եւ ուրախ մանաւանդ որ մեր այս 4 տասնամեակներու համագործակցութիւնը չէ ընդհատուած եւ իրար հաստացողութեանմբ յաջողած ենք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, օգնելով հայ մանուկներին եւ հայ հիւանդին միասնաբար»:

40 տարիներ առաջ հայ աշակերտները Պուրճ Համուտի մեջ զանազան հիւանդութիւններէ կը տառապէին – թիՖոյիտ, տիզանթերի, թոքախտ: Ժողովուրդը որ մեծ մասամբ կ’ապրէր հիւղաւաններու մէջ, չքաւոր էին եւ վարակուած էին աղիքային մակաբոյծներով եւ տիզանթերիի տեսակներով: Գարակէօզեան հաստաութիւնը, «Սէն Մարք»ի օգնութեամբ եւ համագործակցութեամբ, կարողացաւ բժշկական օգնութեան մեծ աշխատանք տանիլ, մանկական եւ դպրոցական հիւանդութեանց հաղթահարման եւ ի սպառ ոչնչացման համար, նաեւ ժանտախտի, տիզանթերիի եւ թոքախտի դէմ պայքարի, որոնք բարեբախտաբար այսօր գոյութիւն չունին Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու մէջ ապրող հայերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այս երկու ազգանուէր անձնաւորութիւններուն, իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար, ակամայ հրաժեշտ կու տանք, դարձեալ հանդիպելու ու հաստատութիւններուն նորանոր յաջողութիւնները լուսաբանելու խոստումով:

 
You May Also Like