Հարցադրումներ Վարդանանցի Մասին

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 19 Փետրուար 2012

Դէպքեր կան մեր պատմութեան մէջ, որոնք ներշնջման անհատնում աղբիւր հանդիսացած են մեր ժողովուրդին համար, դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու օրհասական կացութիւններ: Անկասկած Վարդանանցն ու Սարդարապատը այդ դէպքերու շարքին ամենէն նշանաւորներն են, որոնց տարուէ տարի յիշատակումը, անոնց խորհուրդները դարձուցած է հայ մարդու նկարագրի ու մտածելակերպի բնազդային յատկանիշերէն մին: Հետեւաբար, այսօրինակ դէպքերու որեւէ քննարկում կամ վերարժեւորում, միշտ ալ զգացմունքային զեղումներու եւ պոռթկումներու պատճառ կրնայ հանդիսանալ: Միեւնոյն ժամանակ, երբ դէպքին կապակցութեամբ անկայուն կամ հակասական տուեալներու կը հանդիպիս, ճշմարտութեան փնտռտուքը կը ստիպէ քեզ հարցադրումներ եւ վերարժեւորումներ կատարելու, միշտ առաջնորդուելով հայկական այն ասացուածքին իմաստութեամբ, որ զգուշանաս «յօնք շինելու տեղ աչք չհանել»: Ահա այսպիսի քննարկման փորձ մըն է այս յօդուածը, Վարդանանցի կարգ մը հանգամանքներուն վերաբերեալ, որոնք մեր մանկութենէն ի վեր լսած ենք մեր մեծերէն:

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 19 Փետրուար 2012

Դէպքեր կան մեր պատմութեան մէջ, որոնք ներշնջման անհատնում աղբիւր հանդիսացած են մեր ժողովուրդին համար, դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու օրհասական կացութիւններ: Անկասկած Վարդանանցն ու Սարդարապատը այդ դէպքերու շարքին ամենէն նշանաւորներն են, որոնց տարուէ տարի յիշատակումը, անոնց խորհուրդները դարձուցած է հայ մարդու նկարագրի ու մտածելակերպի բնազդային յատկանիշերէն մին: Հետեւաբար, այսօրինակ դէպքերու որեւէ քննարկում կամ վերարժեւորում, միշտ ալ զգացմունքային զեղումներու եւ պոռթկումներու պատճառ կրնայ հանդիսանալ: Միեւնոյն ժամանակ, երբ դէպքին կապակցութեամբ անկայուն կամ հակասական տուեալներու կը հանդիպիս, ճշմարտութեան փնտռտուքը կը ստիպէ քեզ հարցադրումներ եւ վերարժեւորումներ կատարելու, միշտ առաջնորդուելով հայկական այն ասացուածքին իմաստութեամբ, որ զգուշանաս «յօնք շինելու տեղ աչք չհանել»: Ահա այսպիսի քննարկման փորձ մըն է այս յօդուածը, Վարդանանցի կարգ մը հանգամանքներուն վերաբերեալ, որոնք մեր մանկութենէն ի վեր լսած ենք մեր մեծերէն:

Յազկերտի Կրօնափոխութեան Հրովարտակը

Մեզի դասաւանդուած է, որ Պարսից Յազկերտ արքան 449 թուականին հրովարտակ ուղարկեց Հայաստան, ստիպելով հայերուն որ կրօնափոխ ըլլան՝ հրաժարին քրիստոնէութիւնէ եւ ընդունին կրակապաշտութիւնը: Հայերը այս հրամանին ընդդիմանալով, ապստամբական շարժումներ ծաւալեցին, որոնք յանգեցան Աւարայրի ճակատամարտին: Հայերու մեծամասնութեան անծանօթ է, որ Աւարայրէն առնուազն վեց ամիսներ առաջ, 450թ.ի աշնան, Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնիի ջանքերուն շնորհիւ, Յազկերտ ետ քաշեց այդ հրովարտակը, ոչ միայն հայերուն քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն շնորհելով, այլ նաեւ Վրացիներուն, Աղուաններուն եւ նոյնիսկ բուն Պարստաստանի մէջի քրիստոնեաներուն: Ուրեմն ինչո՞ւ ապստամբութիւնը կանգ չառաւ հոն: Որովհետեւ հայերուն մէջ երկպառակութիւն յառաջ եկաւ, որուն պատճառը կը պարզաբանենք քիչ ետք:

Ապստամբական Շարժման Նախաձեռնողը

Մեզի դասաւանդուած է, որ Վարդան Մամիկոնեանն է իր անունը կրող ապստամբական շարժման նախաձեռնողը: Վարդանանցի մասին երկու աղբիւրներ կան: Մին՝ Եղիշէի «Վարդանանց Պատմութիւնն» է, գրուած Դաւիթ Մամիկոնեան Երեցի պատուէրով, միւսն ալ Ղազար Փարպեցիի «Հայոց Պատմութիւնն» է, գրուած Վահան Մամիկոնեան մարզպանի պատուէրով: Առաջինը աւելի վիպասանական է, մինչ երկրորդը՝ պատմական: Ըստ Եղիշէի, ապստամբական շարժման նախաձեռնողը հայ եկեղեցին է, առաջնորդութեամբ Ղեւոնդ Երեցի: Ըստ Փարպեցիի, Վարդան Մամիկոնեանն է նախաձեռնողը: Բայց հետաքրքրական է, որ երբ կը կարդանք այս երկու աղբիւրներուն մէջ գրուած 452 թ.ի Տիզբոնի դատավարութեան մասին, կը տեսնենք թէ երկուքն ալ կը հակասեն իրենց պատմութեանց սկիզբի գրածներուն եւ կը ստացուի որ նախաձեռնողը ոչ այլ ոք էր, քան … մարզպան Վասակ Սիւնին:

Դատավարութեան ընթացքին, Վարդանի կողմնակիցները, որպէս իրենց խօսնակ, կ’ընտրեն Վարդանի փեսան՝ Արշաւիր Կամսարականը, ներկայացնելու իրենց թեզը: Հոսկէ ի յայտ կու գայ, բերանացի թէ գրաւոր փաստերով, որ հայ նախարարներու երեսանց խոստմնադրուժութիւնէն ետք, երբ Վարդան իր ընտանիքով կը լքէր Հայաստանը, Վասակը, իր մատանիով կնքուած Աւետարանով ու նամակով, Վարդանին կը համոզէ վերադառնալ նշելով թէ. 1. Նամակ ուղարկած է Բիւզանդիոնի կայսեր, ապահովելու անոր աջակցութիւնը հայկական ապստամբութեան. 2. Նամակներ ուղարկած է նաեւ Վրացիներու, Աղուաններու, Աղցնիք եւ Անտիոքոս սպարապետին, ապահովելու անոնց աջակցութիւնն ալ. 3. Հայաստանի հարկերը իր քովն են եւ ինք անորմով կրնայ կաշառել Հոները որ նոյն ատեն ապստամբին պարսիկներու դէմ. 4. Իր պատանդ զաւակներուն դիմաց ինք կրնայ Հայաստան գտնուող պարսիկները կալանաւորել: Այսպիսով ան կը յաջողի համոզել Վարդանը, որ վերադառնայ եւ ստանձնէ հայկական բանակի հրամանատարութիւնը: Հոսկէ բացայայտ կը դառնայ թէ ո՞վ էր շարժման կազմակերպիչ ուղեղը:

Վասն Կրօնի Թէ՞ Վասն Հայրենեաց

Մեզի դասաւանդուած է, որ Վարդանանցը կրօնքի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքար է: Եթէ իրաւամբ այդպէս էր, ուրեմն ինչպէ՞ս բացատրել Եղիշէի հետեւեալ յիշատակումը՝ Արտաշատի 449 թուի ժողովի պատասխանը Միհրներսեհ հազարապետին. «Մեր ամբողջ գոյքն ու ստացուածքը քո ձեռքումն են, եւ մեր մարմինները քո առաջն են. քո կամքի համաձայն արա՛, ինչ ուզում ես: Եթէ այս հաւատի մէջ թողնես, Ո՛Չ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ՈՒՐԻՇ ՏԷՐ Կ’ԸՆԴՈՒՆԵՆՔ ՔՈ ՓՈԽԱՐԷՆ (ընդգծ. մեզմէ, ՅՏԴ) եւ ո՛չ էլ երկնքում ուրիշ Աստուած կ’ընդունենք Յիսուս Քրիստոսի փոխարէն … Ահաւասիկ պատրաստ ենք՝ մեր ամբողջ մարմինը քո ձեռքը տուած. արա՛ շուտով՝ ինչ որ կամենում ես: Քո կողմից տանջանք, իսկ մեր կողմից յանձնառութիւն. ՔՈ ՍՈՒՐԸ ԵՒ ՄԵՐ ՊԱՐԱՆՈՑՆԵՐԸ (ընդգծ. մեզմէ, ՅՏԴ)»:

Ի՞նչ ազատագրական պայքարի մասին է խօսքը, երբ մեր վիզերը կամովին կ’երկարենք թշնամիի սուրին ընդառաջ: Այս կը նշանակէ, որ այդ ժամանակուան մեր եկեղեցական առաջնորդներուն համար, կրօնական ազատութիւնը աւելի գերադաս էր, քան՝ ազգային անկախութիւնը: Եկեղեցին հայութեան ապագան աւելի երաշխաւորուած կը տեսնէր որպէս կրօնական համայնք, քան որպէս պետական ինքնութիւն: Համայնքային մտածողութիւնը կը գերադասուէր պետական մտածողութիւնէն: «Վասն Հայրենեաց»ը աւելի մօտիկ ժամանակներու, 19րդ դարու վերջի շեշտադրում է, երբ ազգայնական շարժումներու տարածման ազդեցութեան տակ, Վարդանանց շարժումն ալ նոր նշանակութիւն ստանալով «ազգայնացուեցաւ»: Մանաւանդ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, ուր որպէս կրօնական համայնք, կրօնական տօներու յիշատակման ազատութեան քողին տակ, ազգայինն ալ ներառուեցաւ:

Համազգային Ապստամբութիւն Թէ՞ Քաղաքացիական Պատերազմ

Մեզի դասաւանդուած է, որ հայերը միասնական, համազգային պայքար մղեցին Պարսիկներու դէմ, բայց Աւարայրի ճակատամարտին, յանկարծ Վասակ Սիւնին Պարսիկներու կողմը անցնելով դաւաճանեց ընդհանուրին:

Երբ աւելի մօտէն կը սերտենք պատմութիւնը, կը տեսնենք որ մինչեւ Բիւզանդիոնի կայսր Թէոդոսի յանկարծամահ ըլլալը Յուլիս 28, 450ին, հայերը միակամ էին: Մարզպան Վասակ Սիւնին ապահոված էր անոր օգնութիւնը մեր ապստամբութեան: Բայց երբ անոր յաջորդած Մարկիանոսը ոչ միայն մերժեց օգնել, այլ նոյնիսկ այդ մասին տեղեակ պահեց Պարսիկներու Յազկերտ արքան, հայկական միասնականութիւնը պառակտուեցաւ:

Վասակ Սիւնին եւ ազդեցիկ հայ նախարարներու մեծ խումբ մը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, արկածախնդրական համարեցին ապստամբութեան շարունակութիւնը: Մանաւանդ որ 450ի ամռան Փայտակարանի մէջ պարսից հազարապետ Միհրներսեհի եւ հայոց մարզպան Վասակ Սիւնիի միջեւ արդեն համաձայնութիւն գոյացած էր, որ Յազկերտը դաւանանքի ազատութիւն կը շնորհէ հայերուն, զանոնք կը ներէ մոգերու սպաննութեանց եւ ատրուշաններու քանդումներուն համար, կը թեթեւցընէ 447թուին իր լիազոր Դենշապուհի պարտադրած տուրքերը, Հայոց Այրուձին պահելու ծախսերը կը հոգայ, եւ պատրաստ է Սասանեան կայսրութեան կազմին մէջ վերականգնելու հայոց թագաւորութիւնը, զոր վերացուցած էին 428թուին:

Սակայն եկեղեցին, առաջնորդութեամբ Ղեւոնդ Երեցի եւ Յովսեփ կաթողիկոսի, Վարդան Մամիկոնեանը եւ կարգ մը այլ նախարարներ, որոշեցին շարունակել պայքարը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ 1. ըստ Եղիշէի, հաւատք չընծայեցին այդ խոստումներուն, 2. եկեղեցիէն խլուած իրաւունքները ամբողջութեամբ չվերականգնուեցան եւ 3. եկեղեցին կ’ուզէր հայկական գահի վրայ տեսնել Մամիկոնեանները, որոնց հետ խնամիական կապ ունէր, եւ ոչ թէ Հայաստանի թիւ մէկ նախարարական տունը՝ Սիւնիները: (Այս վերջին կէտը մասամբ պիտի յաջողուէր 487թուին Վահան Մամիկոնեանի մարզպան նշանակութեամբ): Այս պատճառաւ 450ի ամառուան վերջէն կամ աշունէն մինչեւ Աւարայրի ճակատամարտ (Մայիս 26, 451), Հայաստանը թատերաբեմ հանդիսացաւ քաղաքացիական պատերազմի:

Եղիշէն կը նշէ եկեղեցւոյ առաջնորդներու հետեւեալ կոչը. «Հարազատ եղբօր ձեռքը թող բարձրանայ այն մերձաւորի դէմ, որ դուրս է եկել Աստծու պատուիրանի ուխտից. հայրը չխնայի որդուն եւ որդին չակնածի հօր պատուից: Կինը կռուի իր ամուսնու հետ եւ ծառան դիմադրի իր տիրոջը: Աստուածային օրէնքը թագաւորի ամէն բանում …»

Վասակ Սիւնին ալ, որպէս երկրի մարզպան եւ ղեկավար, սկիզբը փորձեց բանակցութեամբ լուծման մը յանգիլ այս խումբին հետ, բայց երբ չյաջողեցաւ, պայքարեցաւ անոնց դէմ: Հայաստանի այս խառնակ վիճակը Պարսկաստանի հաշւոյն չէր գար, որովհետեւ ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւն կը ստեղծէր, այլ նաեւ ան կը զրկուէր տուրքերու գանձումներէ, զինուորագիրներէ եւայլն: Այս բոլորը յանգեցան Աւարայրի ճակատամարտին, ուր պարսկական բանակը Վասակ Սիւնիի եւ իր կողմնակիցներու հետ միասին, պայքարեցաւ եկեղեցւոյ, Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր կողմնակիցներուն դէմ:

Եթէ պայքարը հայերու եւ պարսիկներու միջեւ եղած ըլլար, ի՞նչը կ’արգիլէր պարսիկներուն, որ իրենց յաղթանակէն ետք ներխուժելով Հայաստան, չաւերէին եւ չկոտորէին մեծ թիւով հայեր: Ինչու՞ Արտաշատի ժողովին մասնակից 18 եպիսկոպոսներէն միայն 4ը կալանաւոր տարուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան: Ինչու՞ ոչ մէկ նախարար մահուան չդատապարտուեցաւ: Կ’արժէ նշել որ մեծ ու փոքր 70 նախարարական տուներէն մօտ 50ը չէզօք դիրք բռնած էին այս քաղաքացիական պատերացմի ընթացքին, իսկ կային տուներ որոնք երկփեղկուած էին հակադիր բանակներու մէջ:

Բաւականանք այս գլխաւոր չորս հարցադրումներով, որպէս զի աւելի չի ծանրաբեռնենք մեր այս յօդուածը: Բայց եթէ մեր ընթերցողներուն կողմէ այլ հարցադրումներ կամ լուսաբանութեան կարօտ հարցեր ըլլան, մենք պատրաստ ենք պատասխանելու: Դարձեալ շեշտենք, որ մեր այս յօդուածի միտք բանին մեր պատմութեան քննական վերարժեւորման անհրաժեշտութիւնն է, ուր մեր ազգային շահը գերադասելի պէտք է ըլլայ ամէն տեսակի անձնական թէ հատուածական, կուսակցական թէ եկեղեցական շահերէ: Մեր այս համոզումէն առաջնորդուելով է, որ «Մասիս»ի Փետրուար 22, 1997ի թիւին մէջ լոյս տեսած մեր «Պահել Հաւատքը, Խթանել Միտքը» յօդուածով եւ անկէ ետք մի քանի այլ յօդուածներով, բարձրաձայնած ենք Վարդանանցի վերարժեւորման հարցը:

1 comment
  1. Vartanants

    Hmmm, hedeviyial hartsoumnereh mishd mdkis mech ouneyi! Yete Hazgerd Hayeroun gragabashdoutyoun yev Zratshdoutyoun gsdiber, bardsvadz Hayereh inchu tartsial Krisdonia mnatsin? Yev yete Krisdonia mnaleh gareli er haba Vartan inchu hamar zohevetsav, yerp menk Krisdonia grnayink mnal, arants ir zohveloun? Baron Der Tavitian, yete aveli dvyalner ounik, shad guh papakim ounenal.

    Missak Kelechian

Comments are closed.

You May Also Like