«Մենք իբրեւ Հայ Ազգ ուր որ գտնուած ենք, մեր ուժը եղած է մեր աշխատանքը, ուսումը, երիտասարդութիւնը»
«Մենք իբրեւ Հայ Ազգ ուր որ գտնուած ենք, մեր ուժը եղած է մեր աշխատանքը, ուսումը, երիտասարդութիւնը»
Հ.2. Ինչպէս որ նախապէս անդրադարձած էինք, այսօր, Լիբանանի պետական կառոյցներուն մէջ հայկական համայնքին յատկացուած պաշտօնները պէտք է գրաւեն հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները եւ մասնագէտները: Առաւել եւս, «Ինթրա»-յի «Միտըլ Իսթ»-ի նման միջազգային կառոյցներու բարձրագոյն պաշտօններ նաեւ պէտք է պատկանին ծագումով հայ, Լիբանանի քաղաքացիներուն: Ինչպիսի՞ն է Ձեր կարծիքը այս կարեւոր հարցերու մասին:
Պ.2. Պետական պաշտօններուն համար՝ Լիբանանահայութեան վիճակը 3 հանգրուաններու կ’ուզեմ բաժնել: Առաջին հանգրուանը պէտք է մենք պատրաստենք:
Այդ պաշտօններուն յարմար եւ ատակ երիտասարդներու տարբեր մասնագիտութիւններով, կենսագրական եւ աշխատանքային տուալներով պէտք է ունենանք՝ որպէսզի անոնց հետ կապուինք:
3-րդ հանգրուանին պէտք է միասին աշխատիլ, բոլոր կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ՝ վեր դասելով համայնքին շահը ամէն նկատառումէ: Եթէ այս 3 քայլերը ճշգրիտ կերպով չառնենք, չեմ կարծեր որ մենք կրնանք գոհացուցիչ արդիւնքներու հասնիլ:
Հ.3. Լիբանանի Խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն՝ ծագումով Լիբանանցի սփյուռքահայեր, աշխարհի 3 ցամախամասերէ՝ եկան Պէյրութ, քուէարկութեան: Առաւել եւս, շնորհիւ շարք մը լրագրողներու ջանքերուն՝ Լիբանանահայ գաղթօճախին մասին հետաքրքրութիւնը բազմապատկուած է ամենուրեք: Որպէս Պետական երեսփոխան՝ ինչպիսի՞ն են Ձեր կապերը, աշխատանքներն ու ծրագիրները այս կարեւոր երեւոյթներուն հանդէպ:
Պատ.3. Ճիշտ է որ տարբեր գաղթօճախներէն հազարէ աւելի հայեր եկան քուէարկելու: Այն մեծ գումարները որ կը գանձուին՝ ծագումով Լիբանանցի հայերը անրտասահմանէն բերելու եւ մասնակցիլ տալու քուէարկութեան՝ միշտ չէ որ պիտի յաջողի…: Այն պարագային նաեւ, երբ իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ իսկ քուէարկութեան իրաւունքի օրէնքը անցնի՝ այդ գումարները պիտի դադրին տրամադրուելէ:
Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, զանազան երկիրներէ Լիբանան ժամանած հայերուն մասնակցութիւնը քուեարկութեան, յաճախ իրենց համար անծանօթ թեկնածուներու՝ բաւական անախորժութիւններու դուռ բացաւ՝ իրենց երկիրները վերադարձէն յետոյ:
Իսկ գալով քաղաքապետական յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ ապա ես կը կարծեմ թէ այն 6 ամիսէն մէկ տարի կրնայ յետաձգուիլ: Հակառակ որ շատ մը ղեկավարներու, նեռարեալ Հանրապետութեան Նախագահին մօտ՝ տրամադրութիւն կայ որ ժամանակին տեղի ունենայ եւ չյետաձգուի: Սակայն մինչեւ այժմ, «բաղադրութիւն»-ն ու պատրաստութիւնը չկայ:
Հ.4. Այսօր, ո՞րն է հրատապ հարցը Լիբանանահայութեան եւ ամենամեծ վտանգը որ կը սպառնայ:
Պ.4. Լիբանանի հայկական գաղթօճախին դիմակայած ամենէն մեծ մարտահրաւէրը՝ կը վերաբերի երիտասարդութեան: Այսօր, դպրոցականներու 70% կեանքի դժուարին պայմաններէն մեկնելով, կը ձգեն զայն՝ նախակրթարանը հազիւ աւարտած: Շատեր անգործութենէ կամ աւելի չնչին գումարով աշխատանքներէ կը տառապին, ուրիշներ ինկած են թմրեցուցիչներու օգտագործման ճիրաններուն մէջ:
Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները որոնք համալսարանական ուսման կը հետեւին (5-ի դէմ 1 յարաբերութեամբ տղոց հետ), իրենց յարմար կեանքի ընկերներ չեն գտներ եւ խառն ամուսնութիւններ շատցած են: Այնպէս որ, այն հայ ղեկավարները՝ որոնք հայութիւն կը քարոզեն՝ պէտք է որ ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերու:
Հ.5. Վերջերս, Լիբանանի թէ Միջին Արեւելքի մէջ, շատցած են սպառնալիքներն ու յայտարարութիւնները պատերազմի եւ այլ արհաւիրքներու մասին: Ձեր կարծիքով, մօտիկ ժամանակներս, Լիբանանին ու Լիբանանի հայութեան որեւէ վտանգ կը սպառնայ՞:
Պ.5. Ես անձամբ կռիւ ու պատերազմ չեմ տեսնէր: Վտանգը չկայ: Կարգ մը ուժեր այդպիսի լուրեր կը տարածեն՝ որովհետեւ իրենց գոյութիւնը երեւի՝ պատերազմի վրայ հիմնուած է…: Մենք իբրեւ Հայ Ազգ, ուր որ գտնուած ենք, մեր ուժը եղած է մեր աշխատանքը, ուսումը, երիտասարդութիւնը: Մենք պէտք է այս բոլորը պահենք եւ ասոնց վրայ հիմնուինք: Դարձեալ կը կրկնեմ որ Լիբանանի մէջ կռիւ ու ներքին բախումներու փափաքը չկայ, Լիբանանի տարբեր համայնքերու, մանաւանդ քրիստոնեաներու մօտ:
Դժբախտաբար կարգ մը խմբակցութիւններ կը շարունակեն ամենուրեք գրգռիչ խնդիրներ յարուցանել, քրիստոնեայ շրջաններու մէջ, ինչպէս Պուրճ Համուտի ու վերջերս Ժտէյտէի «Հիքմէ» դպրոցէն ներս: Մեր միաբանութիւնը համագործակցութեամբ Լիբանանեան բանակի մշտարթուն վերահսկողութեան կրնանք ձախողեցնել այդ փորձերը:
Հ.6. Ինչո՞ւ խորհրդարանէն ներս 18-21 տարեկանէն վեր քուէարկելու իրաւունքի օրինագիծը յետաձգուեցաւ:
Պ.6. Այս օրինագիծը պահանջողները Լիբանանի զանազան քաղաքական խմբակցութիուններն էին: Սակայն քրիստոնեայ խմբակցութիւնները, ըլլան 14 կամ 8 Մարտի, կը պահանջեն որ այն ընդգրկէ նաեւ Լիբանանէն արտագաղթածներու քուէարկութեան իրաւունքը: Մանաւանդ որ, վերջերս վիճակագրական տուեալներ ցոյց տուած էին թէ քրիստոնեաներու ծննդաբերութիւններու աճը շուրջ 4.5 առ հարիւր է (հայերը միայն 2.5 առ հարիւր) երբ մահմեդական համայնքը 9 առ հարիւր է:
Կառավարութեան ներկայացուած օրինագիծը ամբողջական չըլլալուն պատճառով այն յետաձգուեցաւ անորոշ ժամանակով: Դարձեալ ընդդիմադիր խմբակցութիւններ ուզեցին սեպ խրել քրիստոնեայ երիտասարդութեան եւ իրենց ղեկավարութեան միջեւ, անվստահութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտ ստեղծելու: Մենք կը յայտարարենք որ մեր երիտասարդներու իրաւունքին հետն ենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը ցանկանք որ օրենքները ամբողջական եւ արդար ըլլան, հոգ չէ թէ քիչ մը յետաձգուին:
1 comment
Armenians in Lebanon
Comments are closed.