
Հարց.– Որպէս Սփիւռքի միակ համալսարան՝ Հայկազեանի Նախագահ՝ մի քանի օր առաջ փառաշուք կերպով բացումը կատարեցիք “Ժառանգութեան Շէնք”ին (Heritage Building): Ի՞նչպիսի իրավիճակի մէջ կը գտնուի այսօր համալսարանը եւ որո՞նք են Ձեր ծրագիրները:
Պատ.– 2002թ-ին երբ ինծի առիթ ընծայուեցաւ որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեմ Հայկազեան Համալսարանին, եկայ եւ յայտարարեցի որ իմ կատարելիքս՝ 1955թ-էն սկսած մեծ երազին շարունակութիւնն է: Ես ոչ մէկ բան սկսելու եկայ, այլ ընդհակառակը՝ շարունակելու աշխատանքը՝ անցեալը սեպելով որպէս հաստատուն հիմք գեղեցիկ ոգիի, որ ներկայ է Հայկազեանի ծնունդին պատմութեան մէջ: Բոլոր պատասխանատու նախագահները գետինը պատրաստեցին յաջորդ սերունդներուն համար՝ որպէսզի հաստատութիւնը ծաղկի: Ուրեմն ենթահողը պատրաստ էր որպէսզի ինծի յատուկ առիթներով եւ ինչ ժամանակ որ Աստուած ինծի տուած է, շարունակեմ այս գործը:



Հարց.– Որպէս Սփիւռքի միակ համալսարան՝ Հայկազեանի Նախագահ՝ մի քանի օր առաջ փառաշուք կերպով բացումը կատարեցիք “Ժառանգութեան Շէնք”ին (Heritage Building): Ի՞նչպիսի իրավիճակի մէջ կը գտնուի այսօր համալսարանը եւ որո՞նք են Ձեր ծրագիրները:
Պատ.– 2002թ-ին երբ ինծի առիթ ընծայուեցաւ որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեմ Հայկազեան Համալսարանին, եկայ եւ յայտարարեցի որ իմ կատարելիքս՝ 1955թ-էն սկսած մեծ երազին շարունակութիւնն է: Ես ոչ մէկ բան սկսելու եկայ, այլ ընդհակառակը՝ շարունակելու աշխատանքը՝ անցեալը սեպելով որպէս հաստատուն հիմք գեղեցիկ ոգիի, որ ներկայ է Հայկազեանի ծնունդին պատմութեան մէջ: Բոլոր պատասխանատու նախագահները գետինը պատրաստեցին յաջորդ սերունդներուն համար՝ որպէսզի հաստատութիւնը ծաղկի: Ուրեմն ենթահողը պատրաստ էր որպէսզի ինծի յատուկ առիթներով եւ ինչ ժամանակ որ Աստուած ինծի տուած է, շարունակեմ այս գործը:
Հայկազեանը իւրայատուկ հաստատութիւն մըն է, ակադեմական լրջութեամբ, ստեղծած է ընկերային ու բարոյական, կրթական մթնոլորտը՝ որ իր դրական ներդրումը կ՝ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ: Հայկազեանը կարեւոր կը սեպէ դաստիարակել սերունդները եւ ցոյց տալ որ ոչ՛ համայնքային եւ ոչ՛ ալ յարանուանական ու քաղաքական, կուսակցական թէ տնտեսական մակարդակի վրայ խտրութիւն կարելի է: Այս հաստատութիւնը դարբնոց մըն է ուր մենք պիտի սորվինք որ բոլորս մէկ իրականութեան, կեանքի եւ ժողովուրդի մը մասնիկն ենք, եւ այնպիսի առանձնաշնորհեալ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք որ մեր դռները կը բանանք ծառայելու մեր շրջակայ ժողովուրդներուն, կրօններուն, բոլոր տեսակի մարդոց:
Հայկազեանի միակ յատկութիւնն ու շնորհքը այդ չէ որ ինք հայկական է եւ հայապատկան է: Այլ ա՛յն որ պատրաստ է մրցելու բոլոր համալսարաններուն հետ եւ վստահ եղէք որ Լիբանանի մէջ այսօր գործող 45 համալսարաններուն լաւագոյն տասնեակին մէջ է որ տեղ կը գրաւենք: Այս չի՛ նշանակեր որ Հայկազեանը հասած է հո՛ն ուր մենք կ՝ ուզենք: Տակաւին շատ ճամբայ ունինք կտրելիք, աճման ուղիի մէջ եղած է հաստատութիւնը երկար տարիներ եւ տակաւին պիտի շարունակուի: Որովհետեւ թէ՛ կրթական ծրագրի հիմքերով, թէ՛ նիւթական ուղղութեամբ, կարողականութեամբ եւ թէ՛ իր ակադեմական կամ հայագիտական ծրագիրներով, Հայկազեան շատ աւելի ունի տալիք եւ ընելիք եւ… ակնկալելիք:
Անձնապէս կրնամ ըսել , որ ինձմէ ալ շատ բան կ՝ակնկալուի եւ Աստուած մեզի շնորհ եւ կարողութիւն տայ՝ որ գործակցաբար Հայկազեանի մէջ գտնուողներուն եւ Հայկազեանի հովանաւոր հայ Աւետարանական եկեղեցիին եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան եւ բոլոր հայկական հաստատութիւններուն, անձնաւորութիւններուն եւ գաղութներուն օժանդակութեամբ՝ համալսարանը լաւագոյնին հասնի: Հաւատացէք որ մարդ, եթէ Հայկազեանին իր նպաստը բերէ, ամբողջ հայ ժողովուրդի պատիւին իր նպաստը բերած կ՝ըլլայ:
2005թ-ին Հայկազեանի 50-ամեակին առիթով եւ անկէ ի վեր՝ յաճախ միտքիս մէջ կը գտնեմ ա՛յն խորհուրդը, թէ կարծէք թէ Հայկազեանի նման հաստատութիւններուն տրուած է այդ ծանր պարտականութիւնը՝ վերագտնելու այն ինչ որ կորսուեցաւ Մեծ Եղեռնի Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան, հողերը պարպելու, բարոյազրկելու այդ մեր երկար ու դաժան տարիներու ընթացքին: Մեր ժառանգութեան նիւթով կ՝ ուզեմ տալ այս նոր շէնքին՝ "Heritage Building"-ի կամ “Ժառանգութեան Շէնք” կոչումը. իրականութեան մէջ ան կը պատկանի Պէյրութ քաղաքի 1930-ական թ.թ. ճարտարապետական ժառանգութեան: Հողը գնուած էր 2004 թ-ին, մենք վերջին երեք տարիներուն՝ 2008-2010-ին հսկայական շինարարութեան սկսանք:
Նուիրատուութեան մասնակցեցան տասնեակներով հայորդիներ, ոմանք նաեւ ոչ հայեր, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին: Հանգանակութիւնը դեռ փակուած չէ՛: Մենք տակաւին պէտք ունինք կարգ մը գումարներու, որպէսզի մեր բոլոր պարտաւորութիւնները լրացնենք “Ժառանգութիւն” շէնքի նկատմամբ՝ որ զանազան պատգամներ տուաւ շրջապատին՝ այն պատգամը, որ հայութիւնը ուր ալ գտնուի, կրնայ յառաջխաղացք արձանագրել՝ մրցակցելով ուրիշին հետ եւ որակի իմաստով լաւագոյնը կատարել:
Քաղաքական մարդոց ներկայութեամբ բացումը կատարեցինք եւ ներկաները լսեցին անոնց արտայայտութիւնները՝ ուր նշեցին թէ Լիբանանի պետութիւնն ու հեղինակութիւնները չեն կրնար տէր կանգնիլ շէնքերուն, մշակոյթին: Հայկազեան համալսարանը այս բնագաւառին մէջ յաջողութիւններ արձանագրեց:
Մեր կատարածը զարգացման ընթացքին մէկ փաստն է: Համալսարան մը եւ կրթական հաստատութիւն մը տեղքայլի մէջ ըլլալով կը նահանջէ: Այն միշտ աճման մէջ պէտք է ըլլայ ոչ միայն ֆիզիքական եւ նիւթական իմաստով: Մենք կ՝ապրինք ֆիզիքական աշխարհին մէջ: Ես հոգեւորական մարդ եմ եւ հոգին ամենէն արժեքաւոր բանն է որ տրուած է Աստուծոյ կողմէ, բայց լաւ գիտեմ որ Հայկազեանը ֆիզիքական պարգեւ մը տուաւ ինքզինքին եւ շրջապատին: Հայերն ու ոչ-հայերը քաջալերուեցան եւ անոնք տեսան որ մենք ոչ միայն առնելիք՝ այլ շատ բան ունինք տալիք մեր շրջապատին: Առանց Աստուծոյ շնորհքին՝ մենք ոչինչ ենք եւ ոչ մէկ բան կրնանք ընել: Բայց կ՝ ուզեմ շեշտել, որ մարդ արարածին, հայ մարդուն Հայկազեանին օժանդակողներուն եւ բոլոր անոնց որոնց առիթ չէ տրուած Հայկազեանին նեցուկ կանգնելու՝ գործ տրուած է:
Տարիներ շարունակ շատ մարդիկ օգնած են Հայկազեանին եւ ուսանողներուն, զանազան ֆոնտերով: Բայց մենք միշտ պէտք ունինք աւելին տալու մեր ժողովուրդին եւ հարեւան ժողովուրդներուն: Այս առիթը 55 ամեակն է Հայկազեանին եւ տօնակատարութեան նման է մեզի համար՝ որ “թագադրուեցաւ” “Ժառանգութեան Շէնք”ի բացումով, որուն ներկայ գտնուեցան հայ թէ լիբանանցի պետական ու ազգային դէմքեր, նաեւ Միացեալ Նահանգներէն մեծ թիւով հիւրեր, խնամակալութեան անդամներ՝ որոնք ուրախութեամբ մասնակցեցան մեր այս գործունէութեան:
Հարց.- Այսօր գիտենք թէ մեծ ծրագիրներ կան, եւ Հայկազեան համալսարանը դուրս եկած է նեղ-հայկական շրջանակներէ՝ համա-լիբանանեան եւ տարածաշրջանային առումով, որպէս ակադէմական հաստատութիւն: Որո՞նք են Ձեր ծրագիրներն ու պատգամը՝ մեր ընթերցողներուն:
Պատ.- Հիմա որ կրնանք շէնքերով եւ մասնաշէնքերով բաւարարուած զգալ՝ ունինք աւելի լայն տեղ երկատեսակի աշխատանքներու համար: Առաջինը՝ ակադեմական ծրագիրի մեր վերանորոգումն է, վերամշակումը: Մենք լրիւ լիբանանեան համալսարան ենք ու գործակցութեան, մրցակցութեան մէջ ենք ուրիշ համալսարաննրու հետ: Մենք այս իմաստով կը նորոգենք եւ կը մշակենք մեր կրթական ծրագիրը:
Երկրորդ՝ մենք մեր ծրագրի ոճով եւ բովանդակութեամբ՝ ամերիկեան Liberal Arts ուսման ծրագրին կը հետեւինք: Մենք մեր ծրագիրները պիտի զարգացնենք տարածաշրջանային ու համաշխարհային համալսարաններու դասընթացքներուն հետ մրցելով: Պէտք է նորոգութիւն մը բերենք Հայկազեանին: Կրնամ ըսել որ յաջորդ տարի մի քանի մասնագիտութիւններ կ՝աւելցնեք:
Նաեւ կ՝ընդարձակենք հրատարակչական աշխատանքը, որուն մասամբ մը 2010-ին սկսանք: Այս տարի նուազագոյնը երեք գիրք պիտի հրատարակենք: Երկրորդը՝ հետազօտական աշխատանքի (Research) զարգացումն է, ոչ միայն հայագիտական: Ասոնք կատարելու համար պէտք պիտի ըլլայ զարգացնել համագործակցութիւնը Լիբանանի եւ արտերկրի համալսարաններու հետ, հայրենիքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի կրթական բարձրագոյն կառոյցներուն հետ: Այս բոլորը կատարելու համար՝ Հայկազեանի հիմնադրամը (Erdownment Fund) պէտք է զարգանայ, նուիրատուութիւններ ստանայ, որպէսզի կարողանանաք այս շատ ծախսալից ծրագիրները իրականացնել:
Ես պիտի փափաքէի որ հայկական Սփիւռքը ծանօթանար Հայկազեան համալսարանին որպէս երեւոյթ: Հետաքրքրուէր, լուրերու վրայ, համացանցով ու թերթերով, կարդար, գար եւ այցելէր, ծանօթանար եւ ուրախանար իր օժանդակութիւնը բերելով ոչ միայն նիւթական՝ այլ ամէն իմաստով: Մենք զմեզ կը նկատենք մէկ մասը այն ամբողջութեան՝ որ կը կոչուի հայ ժողովուրդ, որուն ծառայութեան մէջ ենք: Կը խնդրէի որ եթէ կան Սփիւռքի մէջ աշակերտներ՝ որոնք կը փափաքին ընդգրկուիլ եռամսեակ մը, կամ տարի մը ՝ Հայկազեանի համալսարանին ուսումնական ծրագրին մէջ, հիւրընկալուէին մեր մօտ, ծանօթանային լիբանանահայ գաղութին եւ անոր Առաքելական-Կաթողիկէ-Աւետարանական կառոյցներուն եւ զանազան կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, լրատուական միջոցներուն, արուեստի ու մշակոյթի, բժշկական կեդրոններուն՝ հայերէն լեզուին:
Հայկազեան համալսարանի հայ թէ օտար ուսանողները պարծանքով կը դիմեն այս հայկական համալսարանին՝ ուսում ստանալու: Հայուն տրուած պատիւ մըն է այս, որուն վրայ պէտք է գուրգուրանք եւ փայփայենք:
Հիմնուած շատ հարուստ աւանդի մը վրայ՝ Կիլիկեան մեր օրերէն՝ ի շարս հայկական բոլոր համայնքներու ազգային կրթական հաստատութիւններուն ՝ Հայկազեան ինքզինք կը սեպէ այդ աւանդին վրայ հիմնուած բերդ մը:
Կը փափաքէի որ ամէն հայ իր զաւակները դաստիարակէ այն հոգեբանութեամբ որ ունի մեծ ժառանգ մը՝ եւ բաց ճակատով փոխանցէ մեր քրիստոնէական, մշակութային, կրթական հարստութիւնները՝ որ հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունին եւ կը հայթայթեն ուրախութիւն ու պատիւ:
Շնորհակալութիւն նաեւ քեզի Համօ այս գրական եւ լրատուական աշխատանքիդ համար՝ եւ վարձքդ կատար: