Հարցազրոյց՝ Մտաւորական Արմէն Յարութիւնեանի Հետ

Հարցադրող՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 8 Մարտ 2010
 

Լիբանանահայ
գրող, մտաւորական, մեկենաս ու գործարար Արմէն Յարութիւնեան,
«Մեր սերունդը շատ բախտաւոր եղած է որ ունեցած է Երկրէն եկած ուսուցիչներ»

Հ.1. Պրն. Յարութիւնեան, որպէս գրող, մտաւորական, բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ ու 38 գիրքերու մեկենաս-տպագրիչ, գործարար: Կարո՞ղ եք այդ տասնամեակներու գործունեութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել:
 

Հարցադրող՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 8 Մարտ 2010
 

Լիբանանահայ
գրող, մտաւորական, մեկենաս ու գործարար Արմէն Յարութիւնեան,
«Մեր սերունդը շատ բախտաւոր եղած է որ ունեցած է Երկրէն եկած ուսուցիչներ»

Հ.1. Պրն. Յարութիւնեան, որպէս գրող, մտաւորական, բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ ու 38 գիրքերու մեկենաս-տպագրիչ, գործարար: Կարո՞ղ եք այդ տասնամեակներու գործունեութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել:
 

Պ.1. Գործունէութիւնս բաւական համեստ բան մըն է եւ ինչ որ ըրած եմ, համոզմամբ եղած է, բարի նախանձ արթնցնելու ուրիշներու մօտ եւ քաջալերելու որ նեցուկ կանգնին հայ գիր ու գրականութեան ջահակիրներուն: Սակայն նշմարած եմ որ այն տեղի չ'ունենար դժբախտաբար: Օրինակ, երբ հիմնեցի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու հիմնադրամը՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան կառոյցէն ներս, ակնկալեցի որ մեր միւս ժողովական ընկերները նոյնպէս այսպիսի դրական քայլեր առնեն: Սակայն չեղաւ ու երեւի թէ այս մեր Ազգին առաւելութիւններէն է…:

Բոլորովին պատահական սկսաւ նամակագրական յօդուածագրութիւնը: Հանգուցեալ մտաւորական ու պատմաբան Լեւոն Վարդանին նուիրած հաւաքոյթէ մը վերջ յօդուած-նամակ թիւ 1-ով սկսայ մուտք գործել բնագաւառէ մը ներս որ 10 տարի տեւեց: Զանազան նիւթերու մասին գրուած նամակագրութեան առաջին 100-ը իբր գիրք լոյս տեսած է «նամակներ Պէյրութէն» խորագրով: Միւսն ալ մամուլի տակ է: Հակառակ որ կարգ մը անձերու կարծիքին թէ՝ «Դուն գրող չես…», բայց ստացած ամենօրեայ նամակները եւ հեռախօսազանգերը մինչեւ հեռաւոր Ամերիկայէն, կը վստահեցնեն թէ կատարուածը գրական աշխատանք մըն է որ ընթերցողներու բաւականին ստուար շրջանակ մը ունի ամենուրեք: Կուզէի հարց տալ թէ գիրք մը ինչպէ՞ս յաջողութիւն կ'ունենայ: Ընթերցողնե՞ր ունենալով, թէ անկիւնի մը մէջ մոռացութեան մատնուելով:

Բազմաթիւ գիրքեր տպել տուած եմ, առանց մրցանակ հաստատելու: Այսօր գոյութիւն ունին տպագրութեամբ զբաղուող բազմաթիւ մարմիններ, որոնք այդ գիրքերը կը «խմբագրեն», շատ յաճախ առանց կարդալու իրենց հրատարակած գիրքերը:

Հ.2. Հակառակ այն իրողութեան որ գրական եւ մտաւորական աշխարհի աշխոյժ անդամ կը մնաք միշտ, ապա եւ բաւականին յաջող գործարար-արդիւնաբերող եք, հանրածանօթ «Վալս»-ով, որ տարիներէ ի վեր կը ծաղկի՝ գեղեցկացնելով նաեւ իգական սեռը իր բազմաթիւ արտադրանքներով:

Պ.2. Գործի ասպարէզ մուտքս կը սկսի Հալէպէն եւ «Ալէփօ Գոլէճ» յաճախելով եւ Անգլերէն սորվելով որոշ չափով՝ սկսանք թղթակցութեան՝ եւ ապրանքներ ուղղակիօրէն ներմուծելէ ետք, առանց շուկայէն գնելու, մուտք գործեցինք առեւտուրի եւ գործարար աշխարհ: Ապա, Լիբանան փոխադրուելէն ետք, հոս ալ շարունակեցինք գործունէութիւնը եւ այսօր ինքնաբաւ ենք:

Գիրքերու տպագրութեան վերադառնելով՝ եթէ իսկապէս համարեմ թէ արժանի է հրատարակութեան որեւէ աշխատութիւն, ապա եւ կ'իրագործեմ որոշումս: Դժբախտաբար գրողները զիրար չեն սիրէր հոս…: Թերեւս Ամերիկայի մէջ ու Եւրոպա կամ Պոլիս այսպիսի իրավիճակ կը տիրէ նաեւ: Օրինակ, վերջերս պոլսահայ գրող-խմբագիր Հատտէճեանի «Գրականութեան քուլիսներու մէջ» 7-րդ հատորը լոյս տեսաւ: Անոնք իսկապէս «համով» գիրքեր են ու այսօրուան չափանիշներով, բաւականին ալ վաճառուեցան ընթերցասէր հասարակութեան:

Գալով նամակագրութեան, ապա եւ արծարծած հարցերս բաւական այժմէական են մանաւանդ դպրոցներու մասին: Հալէպի «Կրթասիրաց»-ի մէջ ժամ մը կը յատկացնէին ընթերցանութեան համար, գիրքեր ալ տրամադրելով: Յաջորդ դասապահուն՝ գիրքը դրացիիդ հետ կը փոխանակէիր եւ այսպիսով անոնք շրջան կ'ընէին եւ գիրքի հանդէպ սէրը վառ կը պահուէր: Երբ այսօր նոյնպիսի առաջարկներ կատարած ենք դպրոցներու տնօրէններու՝ անոնք կը խուսափին «ժամանակ չկայ» պատճառաբանութեամբ: Իսկ ինչո՞ւ համար շաբաթ օրերը հայկական դպրոցները փակ կը պահենք: Մինչեւ պաքալօրեայ, գիտելիքներով զինուած հայ աշակերտ պէտք է հայկական կեանքը վարելու համար:

Հ.3. Ձեր այս երկարամեայ փորձառութիւնէն որպէս գրող, մտաւորական եւ գործարար անձ՝ Հալէպի թէ Պէյրութի հայկական գաղթօճաքներէն ներս՝ ի՞նչ է Ձեր խօսքն ու պատգամը:

Պ.4. Մեր սերունդը շատ բախտաւոր եղաւ որ ունեցած է իրաւ ուսուցիչներ, Երկրէն եկած, ինչպէս յիշած եմ նամակներուս մէջ՝ Յովակիմ խոճա, Պետրոս խոճա, Պալապան խոճա եւ ուրիշներ: Որեւէ մէկը համալսարանական վկայական չունէր, սակայն հիանալիօրէն սերունդներ դաստիարակեցին, նոյնիսկ… ձեռքի ժամացոյց ալ չունենալով եւ մեզ զրկելով յաճախ զբօսանքէ: Դասերը հաճելի կ'անցնէին, մանաւանդ Պալապան խոճայի թուաբանութեան դասերը որ օրինակներով կը բացատրէր:

14 տարեկանին իջայ շուկայ… Սակայն յայտնեցի թէ կը շարունակեմ ուսումս: Որոշ առարկութիւններէ ետք արտօնեցին: «Ալէփօ» Գոլէճին մէջ հայերէնի դասընթացքը շատ բարձր էր, շնորհիւ հայ գրականութեան նուիրեալ Փրօֆ. Նշան Սաաթճեանի:

Գոլէճը աւարտելէ ետք չկարողացայ ուսումս շարունակել եւ գրականութեան տօքթոր դառնալու տեղ դարձանք գործարար աշխարհի մասնագէտ…: Միաժամանակ Սարգաւագ եմ ու ծանօթ հայ եկեղեցուոյ ներքին հարցերուն, կոչ ընելով ոչ թէ զբաղիլ մանրուքներով, այլ հիմնական փոփոխութիւններ կատարուին նաեւ այնտեղ: Մեր դպրոցներուն շէնքերը այնքան ալ բարւօք վիճակի մէջ չեն: Իսկ գալով Հայաստանի համար կատարուող դրամահաւաքներուն ապա եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Սփիւռքի օգնութեամբ կառուցուեցան «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային զօրասիւներ: Այսօր, Երեւանի մէջ բազմաթիւ միլիոնատէրեր կան, նաեւ «ներքին» Սփիւռքի մէջ՝ որոնք միջոցները ունին օգնելու Մայր Հայրենիքի վերականգման: Մենք արդէն իսկ կապուած ենք Հայաստանի հետ: Անոնք ալ պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն Սփիւռքի գոյութեան եւ պահպանման:

Ժամանակն է որ այլեւս մանրուքներով չի զբաղուինք, այլ միակամ ըլլանք Հայութիւնը յուզող հիմնական հարցերու մէջ: Սումգայիթի կոտորածներու զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու համար պէտք էր որ տեղի ունենային համահայկական ցոյցեր, Սփիւռքի տարածքին գտնուող բոլոր Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն առջեւ: Նոյնպէս Հին Ջուղայի քարուքանդ եղած խաչքարերուն հարցը որ կարծես թէ արդէն մոռացութեան մատնուած է:

Նաեւ միացեալ ուղղագրութեան հարցը, որ ժողովուրդը միաւորելու գլխաւոր ազդակներէն է: Հայ լեզուն մաքրել օտար բառերէ: Հարկաւոր է անհրաժեշտ լրջութեամբ եւ պետական մակարդակով լուծել համազգային հարցերը:

You May Also Like