Հարցացրոյց՝ Ժան-Փօլ Կիրակոսեանի Հետ

Իր 29-րդ Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առթիւ
Համօ Մոսկոֆեան Պէյրութ 8 Յունիս 2011

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ժան-Փօլ, գեղարուեստի ո՞ր մէկ դպրոցին հետեւորդ կը համարես դուն-քեզ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Արուեստի թէ գեղանկարչութեան գրեթէ բոլոր դպրոցները իրենց ազդեցութիւնը ձգած են, արտայայտչական ոճի ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Ազդուած եմ 30,000 տարի քարանձաւային նկարչութենէն՝ Լասքօ կամ Ալթամիրա (որ աւելի “նոր” 10,000 տարի է…)։ Ազդուած են Վան-Գոգէն եւ աւելի առաջ Տա Վինչիէն, Քարապաճիօ, Ճիոթթօ։ Պատմութիւն սորվելով, աշխարհ տեսնելով, Ափրիկէէն Ճափոն, ուր կ’ազդուին Շինթօ Պուտտիստական գեղանկարչութեամբ։ Ինչպէս նաեւ հօրս՝ Փօլ Կիրակոսեանէն՝ որուն աշխատանքը կը դիտէի փոքր տարիքէս։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որո՞նք են ծրագիրներդ եւ նպատակները գեղարուեստի կեանքին մէջ, որպէս Մեծ Արուեստագէտի մը զաւակ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէն արուեստագէտ կը ցանկանայ հասնիլ ամենէն բարձր տեղը…։ Բայց ես չեմ տառապիր որ հասնիմ, այլ կը գծեմ ու նկարեմ, որովհետեւ արեանս մէջ կայ…։ Ամէն ինչ ըրի որ գծագրիչ չըլլամ, բայց ինչպէս որ կը շնչես, կը ճաշես, թմրեցուցիչի նման՝պէտք է նկարեմ, որ հանգիստ ընեմ…։ Փոքր տարիքէս բարդոյթ ունէի գեղանկարչութեան հանդէպ, որովհետեւ հայրս կար եւ բոլորը կը հարցնէին թէ ե՞ս ալ նկարիչ պիտի դառնամ։ Կարեւորը դրամ շահիլը չէ, ուրիշ ասպարէզներ ալ կային այդ հարցը լուծելու։ Կարեւորը դրամը չէ, այլ հանգիստս է։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Միջազգային թէ հայկական գեղանկարչութեան ո՞ր դէմքերն է որ կը խօսին սրտիդ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իբր արուեստագէտ՝ ամենուն կը սիրեմ։ Ամէն մէկը իր աշխարհն ու ձեւը ունի արտայայտչութեան։ Ես անոնցմէ կը սորվիմ եւ ոչ թէ կ’ընդօրինակեմ։ Կը փորձեմ անոնց աշխարհը բաղդատել իմ աշխարհիս հետ եւ ընդհանուր յայտարար մը գտնել։ Իբր հայ արուեստագէտ, փոքր տարիքէս կը ճանչնամ Մինաս Աւետիսեանը։ Ամէնօրեայ տրամադրութիւնն ալ մեծ դեր ունի ստեղծագործութեան մէջ։ Օրինակ, երբ կը տեսնեմ թէ բազմաթիւ հայեր թրքական ապրանք կը գնեն եւ թրքերէն երգեր կը լսեն, նեղութիւն կը պատճառեն ինծի։ Այսօր շատ-շուտ մոռցան որ մեծ մայրը իր 5 զաւակները կորսնցուց Եղեռնի ընթացքին։ Առաւել եւս, ջարդարարը կ’ըսէ թէ ինքը բան մը չէ ըրած, այլ ինքնապաշտպանութիւն ըրած է մեր ջարդին դէմ…։ Ապա եւ անոնք որոնք դրամ կու տան ջարդարարին եւ կ’ըսեն թէ այդ հին սերունդը վերջացաւ, ապա եւ ան հայութենէն դուրս կու գայ եւ իր գոյնը կը փոխէ ինծի համար։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Գեղանկարչութեան այս քանի՞երորդ ցուցահանդէսդ է եւ այս առիթով ի՞նչ կը ցանկանաս փոխանցել մեր ընթերցողներուն, որպէս նկարիչ-արուեստագէտներու ընտանիքի զաւակ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ 29-րդ ցուցահանդէսն է։ Մի՛ ընդօրինակեր, այլ նկարէ այն ինչ որ կը զգաս եւ այդ միջոցով է որ յառաջ պիտի երթաս։ Եթէ ուրիշին աշխարհը փորձես ընդօրինակել, ապա եւ անծանօթ մթնոլորտի մէջ կը մտնես եւ հոն կը կորսուիս։ Դո՛ւն ես, տարբեր անձ մը, տարբեր ժառանգական տուեալներով մեծցած։ Եթէ առնեմ Փօլ Կիրակոսեան մը եւ “քլոնինկ” ընեմ, տարբեր շրջապատի ու մթնոլորտի մէջ, ուրիշ ստեղծագործութիւններ ու պաստառներ պիտի նուիրեն գեղարուեստի պատմութեան…։ Այնպէս որ ամէն արուեստագէտ իր աշխարհը ունի եւ այդ աշխարհին մէջ թող մնայ եւ ստեղծագործէ եւ այնտեղ է որ մեծ յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ։

You May Also Like