Sentinel of Truth – «Ճշմարտութեան Պահպանը», Հեղինակ` Տիգրան Գալայճեան
Թորոս Թորանեան, Պէյրութ, 27 Օգոստոս 2013
Ահա այս անգլերէն գիրքին ամբողջական խորագիրը.- «Ճշմարտութեան Պահապանը` Գուրգէն Եանըգեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ Պայքարը»:
Զարմանալի չգտնէք, որ այս գիրքին հեղինակը Կիպրոս ծնած Պետրոս Գալայճեանի որդին է: Իր մեծ հայրը` Ռուբէն, Ցեղասպանութեան հրդեհներէն ճողոպրած հայ մը, այդ ոգին փոխանցած է իր որդիներուն` Արամին եւ Պետրոսին, Պետրոսը իր հերթին իր որդւոյն` Տիգրան Գալայճեանին:
Sentinel of Truth – «Ճշմարտութեան Պահպանը», Հեղինակ` Տիգրան Գալայճեան
Թորոս Թորանեան, Պէյրութ, 27 Օգոստոս 2013
Ահա այս անգլերէն գիրքին ամբողջական խորագիրը.-
Զարմանալի չգտնէք, որ այս գիրքին հեղինակը Կիպրոս ծնած Պետրոս Գալայճեանի որդին է: Իր մեծ հայրը` Ռուբէն, Ցեղասպանութեան հրդեհներէն ճողոպրած հայ մը, այդ ոգին փոխանցած է իր որդիներուն` Արամին եւ Պետրոսին, Պետրոսը իր հերթին իր որդւոյն` Տիգրան Գալայճեանին:
Թուրքը սկիզբը կարծեց, թէ կրնար հայը աշխարհի քարտէսէն ջնջել: Երբ չյաջողեցաւ սկսաւ դիմել ուրացումի քաղաքականութեան: Իրենք եւս ունին հայկական այս առածը.- Սուտին ոտքը կարճ կ’ըլլայ: Միթէ չէի՞ն գիտեր, որ ուրացումի կրկնումը նոյն ուրացումը կը տանի ճշմարտութեան:
Նոր սերունդի զաւակ է Տիգրան Գալայճեան եւ ահա զարմանալի զուգադիպութեամբ նոյն` Կիպրոսի հողին վրայ ծնան մեր երիտասարդներէն Արա Սարաֆեան, զաւակը մելգոնեանցիներ Տէր եւ Տիկին Մարգար Սարաֆեաններու, որ տարներէ ի վեր կը զբաղի Ցեղասպանութեան հարցով:
Այլ զուգադիպութիւն` Կիպրոս ուսանած Անդրանիկ Պօպէլեան մելգոնեանցիին երէց որդին` Մայքըլ Պօպէլեանը
Վստահեցէք մեր նոր սերունդին: Նաեւ գալիք սերունդներուն, անոնք մեզ կրնան անակնկալի բերել: Միայն ապառաժի վրայ դրուած ըլլան նոր սերունդներու ընտանեկան դաստիարակութիւնը, ինչպէս վերոյիշեալ անուններու դաստիարակութիւնը եղած է:
Տիգրան Գալայճեան իր նիւթին տիրապետելու համար ուսումնասիրած է Գուրգէն Եանըգեանի ամբողջ կեանքը` անոր ծնունդէն մինչեւ մահը:
Միաժամանակ խոր գիտակ ըլլալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական պատճառներուն եւ գեհենային գործադրութեան, դիմած է բազմատասնեակ գիրքերու` հայրենական ընտանիքին մէջ իր լսածները ամրագրելով:
Վէպ մը չէ այս գիրքը եւ ոչ ալ հեքիաթ մը, բայց կը կարդացուի վէպի մը կամ հեքիաթի մը պէս:
Դէմքերը կ’անցնին արագ: Կարին ծնած Գուրգէն Եանըգեանը ականատես կ’ըլլայ թուրքերու կողմէ իր աւագ եղբօր` Յակոբին գլխատումին, տակաւին ինք մանուկ եւ մօրը լեղապատաառ դառնալուն:
Մեր տեսադաշտին առջեւ կ’անցնի Եանըգեանի կեանքը շարժանկարային տեսարաններու պէս, անոր ուսումը, անոր թափառումները- Կովկաս, Մոսկուա, Եւրոպա,
Իր նպատակը. Գուրգէն Եանըգեանի գերագոյն նապատակը իր փամբուշտները թուրքին միջոցով մեծ պետութիւններուն ուղղելն էր, որոնք քաղաքական շահերու ետեւէ ըլլալով` թուրքին թիկունք կանգնելով անտեսումի քաղաքականութիւնը կը վարէին հայութեան պահանջատիրութեան դէմ:
Եանըգեանը միաժամանակ կ’ափսոսար, որ հայուն Ցեղասպանութիւնէն ետք գրեթէ վաթսուն տարիներուն ընթացքին չէր պատահած այն` ինչ որ ըրաւ ինք, բացի Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին մեծագոյն ոճրագործներուն, Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն դիտապաստ գետին բռուելէն Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ:
Այնքան ստորին քաղաքականութիւն կը վարէին այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները, որ 1918-ի Հոկտեմբերին վերջնականապէս պարտուած Թուրքիան, յաղթական ազգի մը վերածեցին Մուսթաֆա Քեմալի միջոցաւ:
Անգլիան էր, որ ազատութիւն կը շնորհէր դահճապետներուն` Թալէաթին, Էնվէրին, Ճեմալին, Ճիվանշիրին եւ միւսներուն, առանց իմանալու, որ հայ վրիժառուներու անվրէպ գնդակները եւրոպական քաղաքներէն մինչեւ Թիֆլիս ու Պուխարա, անոնց մարմիններուն արեամբ պիտի ներկէին այդ քաղաքներուն փողոցները:
77 տարեկան Եանըգեան գիտակից մահուան գնաց` միջոց մը մտածելով, որ ինք եւս Թեհլիրեանին նման անպարտ կ’արձակուի: Բայց երբ ան յանձնուեցաւ բանտի խուցին, իմացաւ իր գործին շարունակուիլը` որուն վստահութիւնը ունէր արդէն:
Մեծ առաջնորդին օրինակով կամ օրինակէն ծնունդ առաւ ԱՍԱԼԱ – Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ կազմակերպութիւնը, որուն պատմութիւնը եւս ամփոփ կերպով ուսումնասիրած է Տիգրան Գալայճեանը` ընելով թւումն մասանցը այս կազմակերպութեան քառասունէ աւելի գործողութիւններուն, ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներու` այլ նոյնինքն Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, թուրքին որջին մէջ, Եանըգեանի ծննդավայրին անուան` «Կարին» գործողութեամբ, ուր յետոյ բանտին մէջ թուրքերը կախաղան բարձրացնելով այդ գործողութեան մասնակից գերեվարուած հայորդին, հայոց ժամանակակից պատմութեան բեմը բարձրացուցած եղան հերոս Լեւոն Էքմէքճեանը:
Հայ երիտասարդութիւնը զարթնումի շրջան մը բոլորեց: Նոյն ժամանակամիջոցին այլ կազմակերպութիւն մըն ալ մէջտեղ եկաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկները, որ նոյնպէս թուրք դիւանագէտներ սպաննեց:
Այդ բոլորը ցնցեց Թուրքիան, որ դիմեց բազմաթիւ միջոցներու, որպէսզի իր քաղաքական գործիչները ապահով ըլլան:
Իրար անցան նաեւ մեծ պետութիւնները, որովհետեւ ԱՍԱԼԱն ամէն տեղ էր, Ճշմարտութեան Պահակները ամէն տեղ էին` Լիբանանէն մինչեւ Պոլսոյ Փակ շուկաները, Իրանէն մինչեւ Յունաստան, Եւրոպա եւ Ամերիկա, Փարիզի թրքական հիւպատոսարանի «Վան» գործողութեամբ գրաւումէն եւ Օրլիի օդանաւակայանէն մինչեւ Պուտափեշտ:
Հեղինակին գրիչին տակէն ԱՍԱԼԱի զինեալ տղաքը իրենց փամբուշտակալներով կը սուրան մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք հաստատելով, թէ իրենք տեռօրիստներ` ահբեկիչներ չեն, որ իրենք արդար դատի մը համար` Հայոց Արդար Դատին համար կը դիմեն զէնքի, քանի այլապէս լուռ է աշխարհ` սատկած լէշի լռութեամբ եւ այն պետութիւնը, որ լռութիւն կը պահէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մահ բերած կ’ըլլայ աշխարհին: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը Եանըգեանը դատող դատարանին դատախազին տասնեակ տարիներ ետք կատարած մեղայական խոստովանութիւնն է, թէ ինք սխալ կատարած էր չձգելով, որ Եանըգեան դատարանին մէջ իր արարքը պաշտպանէ` Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վրայ հիմնուելով:
Ընթերցողներ, գտէ՛ք Տիգրան Գալայճեանին այս գիրքը ու անպայման կարդացէք: Գիրքը տպուած է Ամերիկայի մէջ, այս տարի` 2013 թուականին:
Այս գիրքը մեզի կ’ըսէ.- Հաւատացէ՛ք նոր սերունդին: