Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, Հոկտեմբեր 2014
«Մահկանացու ծնեալ՝ անմահ զիւրն յիշատակ եթող»:
Մ. Խորենացի
Մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ սովորաբար Հոկտեմբերը ընդունուած է իբրեւ հայ մշակոյթի ամիս, ուշադրութեան սեւեռակէտ ունենալով Թարգմանչաց պատմական իրադարձութիւնը՝ մեծագոյն տօն մը հանդիսանալու իր լիարժէք իմաստով եւ ամբողջ ազգի մը ճակատագրին համար գոյութենական կարեւոր ներդրում մը բերած ըլլալու դերակատարութեամբ:
Հետաքրքրական է, որ եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ Հայ Եկեղեցին բացառութիւն կը կազմէ «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց» յորջորջումին տակ «Թար գմանիչ»ներու, փաստօրէն՝ մշակոյթի գործիչներու մասնաւոր տօն մը հռչակելով, մինչ հզօր օրթոտոքս Յոյներ եւ արեւմտեան Լատիններ չունին նման տօն մը՝ իր գեղեցիկ խորոհուրդով, ազգային-եկեղեցա-կան նկարագրով եւ մշակութային համապարփակ նշանակութեամբ:
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, Հոկտեմբեր 2014
«Մահկանացու ծնեալ՝ անմահ զիւրն յիշատակ եթող»:
Մ. Խորենացի
Մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ սովորաբար Հոկտեմբերը ընդունուած է իբրեւ հայ մշակոյթի ամիս, ուշադրութեան սեւեռակէտ ունենալով Թարգմանչաց պատմական իրադարձութիւնը՝ մեծագոյն տօն մը հանդիսանալու իր լիարժէք իմաստով եւ ամբողջ ազգի մը ճակատագրին համար գոյութենական կարեւոր ներդրում մը բերած ըլլալու դերակատարութեամբ:
Հետաքրքրական է, որ եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ Հայ Եկեղեցին բացառութիւն կը կազմէ «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց» յորջորջումին տակ «Թար գմանիչ»ներու, փաստօրէն՝ մշակոյթի գործիչներու մասնաւոր տօն մը հռչակելով, մինչ հզօր օրթոտոքս Յոյներ եւ արեւմտեան Լատիններ չունին նման տօն մը՝ իր գեղեցիկ խորոհուրդով, ազգային-եկեղեցա-կան նկարագրով եւ մշակութային համապարփակ նշանակութեամբ:
Հայ Եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ տարին երեք անգամ հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ մշակոյթի իր լուսապսակ գործիչներուն: Բուն Բարեկանդանին նախորդող Կիրակիէն առաջ՝ Շաբաթ օրը կը նշուի Ս. Սահակ Պարթեւի յիշատակը, ապա՝ Յունիսի վերջաւորութեան կամ Յուլիսի սկիզբը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի տօնը՝ «Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ» անուանումին տակ, իսկ Հոկտեմբեր ամսուն կը տօնախմբուի բուն թարգմանչաց՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իրեն աշակերտող թարգմանիչ վարդապետներուն տօնը1:
Արդարեւ, նշուած վերջին իրադարձութիւնը այսպէս կը նշուի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրացոյցերուն մէջ.
«Տօն թարգմանչաց վարդապետացն մերոց՝ Մեսրովբայ, Եղիշէի, Մովսէսի Քերթողին, Դաւիթի Անյաղթ Փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն […] Տօն ազգային եւ եկեղեցական, ի յիշատակ գիւտի նշանագրացն հայոց եւ թարգմանութեան Սուրբ Գրոց»:
Այս եւ նախորդ առիթով, եկեղեցիներուն մէջ ժամակարգութեան ընթացքին Թարգմանչաց տօնին ձօնուած «Կանոն»ը կը կատարուի, որուն սկիզբը «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին» օրհնութեան գեղեցկահիւս եւ իմաստալից շարականը կ’երգուի, որ ԺԳ. դարու վաստակաշատ հեղինակներէն՝ Վարդան Վրդ. Արեւելցիի կը վերագրուի:
Նշուած այս մասնաւոր տօներէն բացի, մեր եկեղեցին չի զլանար Ս. Պատարագի բոլոր արարողութիւններուն առթիւ, իր կարկառուն սուրբերու եւ հոգեւոր առաջնորդներու շարքին նաեւ յիշատակումը այն երախտաշատ անուններուն, յանձինս՝ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Վարդապետի, որոնք սկիզբը եւ ոգին հանդիսացան Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժումին: Համապատասխան աղերսը կը կատարուի Ս. Պատարագի յիշատակութիւններու կարգին, ահաւասիկ, այսպիսի հետեւողութեամբ.
«Առաջնորդացն մերոց եւ առաջին լուսաւորչացն՝ սրբոցն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի առաքելոցն եւ Գրիգորի Լուսաւորչին, Արիստակիսի, Վրթանիսի, Յուսկանն, Գրիգորիսի, Ներսիսի, Սահակայ, Դանիէլի եւ Խադայ, Մեսրովբայ վարդապետին եւ Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն, Յովհաննու Որոտնեցւոյն, եւ Գրիգորի եւ Մովսիսի Տաթեւացեացն եւ սրբոց Գրիգորիսեանց եւ Ներսիսեանց, հովուաց եւ հովուապետաց Հայաստանեայց, եղիցի յիշատակ ի սուրբ պատարագս, աղաչեմք»:
Պատմական ճգնաժամը
Ե. դարուն սկիզբը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ներազգային կեանքի ծանր ժամանակահատուածներէն մին: Սպառնալից մութ ամպեր Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն կը թանձրանային հայոց քաղաքական հորիզոնին վրայ: Երկու հզօր եւ հակամարտ տէրութիւններ՝ բիւզանդականն ու պարսկականը՝ Հայաստանի վրայէն իրարատեաց հայեացքներով կը հետապնդէին զիրար, տարածաշրջանին մէջ իրենց ռազմական գերակիշիռն ու քաղաքական ազդեցութիւնը պարտադրելու ծրագրով: Հայ Արշակունիներու թագաւորութիւնը, իր անցեալի փառքէն նսեմացած եւ ռազմականօրէն հիւծած, ստոյգ օրհասականի մը առջեւ կը գտնուէր հին աշխարհի այս գերհզօր պետութիւններու անկուշտ ախորժակներուն դիմաց: Հետզհետէ քայքայած էին Հայաստանի պետական-քաղաքական կառոյցները. ուղղակի զգալի դարձած էր ազգը համախմբող կեդրոնական ոյժի մը բացակայութիւնը. ոչ միայն վտանգուած էին հայ ժողովուրդի արդէն իսկ սահմանափակուած քաղաքական անկախութիւնը, այլ նաեւ, վիրջինիս կորուստով եւ որոշակիօրէն օտար ու գերիշխող մշակոյթի մը ներմուծումով, ընդհանրապէս՝ անոր ինքնութիւնն ու գոյութիւնը: Անհրաժեշտ էր կառուցել ամրակուռ պատուար մը՝ վաղուայ քանդիչ ներթափանցումներուն ու կործանարար հեղեղներուն դիմաց:
Արդարեւ, Հայոց Պատմութեան այս մռայլ երկնակամարին վրայ է որ ազգի մը գոյատեւելու պահանջքը, համազգային կարիքը բնազդաբար, կարծէք, ծնունդ կու տայ երեք լուսաւոր դէմքերու երեւումին՝ պետական, կրօնական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ. Վռամշապուհ Արշակունի թագաւոր, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց: Երեքին ալ մտահոգութիւնը նոյնն է. ի՞նչ ընել, ինչպիսի՞ միջոց մը գտնել չարաբաստիկ ժամանակի մը մարտահրաւէրներուն դէմ պահպանել կարենալու համար սեփական ժողովուրդի ինքնութիւնն ու գոյութիւնը:
Այս երեք դէմքերն ալ նոյնքան պատկառազդու են եւ իրենց առաքելութիւններուն մէջ նոյնչափ տաղանդաւոր: Սակայն, իրենց անհամեմատ մեծութիւնը կը կայանայ միեւնոյն նպատակը հետապնդելու իրողութեան եւ անոր իրականացումին համար թափած անձնուէր ջանքերու միացումին մէջ: Պատասխանատուութեան զգացումը հասարակաց է, ազգային անվտանգութեան հարցը՝ անձնական-ենթակայական հակումներէ գերիվեր:
Տեսիլքն անտարակոյս Մաշտոցինն էր, գերազանց մտայղացումը՝ հայոց նշանագրերու գիւտով ինքնուրոյն մշակոյթ մը ստեղծելու մասին: Ամբողջապէս տոգորուած այս բիւրեղ գաղափարով, ան կը յաջողի ապագայի արտակարգ պայծառատեսութեամբ համոզել Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսն ու Վռամշապուհ արքան: Այնուհետեւ, այս երեք հեղինակութիւններու սերտ համա գործակցութիւնը կը դառնայ սկիզբը հայկական հրաշագործ այն երկունքին, որ համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’արարչագործէ Ե. դարու ոսկեդարը:
Հայաստան 387 թուականին արդէն բաժնուած էր բիւզանդական եւ պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ: Ան կը գտնուէր մէկ կողմէն յունական, իսկ միւս կողմէն ասորական մշակութային հոսանքներու ազդեցութեան տակ: Երկրի յունական մասին մէջ ընթացիկ էր յունարէն լեզուի գործածութիւնը, իսկ պարսկական բաժնին մէջ՝ ասորերէնը. նոյնիսկ հայոց եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններու եւ ծիսապաշտութեան լեզուն յունարէնն ու ասորերէնն էին, որոնք հիմնականօրէն անմատչելի էին ժողովուրդին: Հայ մարդը հաղորդակից չէր իր սեփական եկեղեցիներուն մէջ կատարուող արարողութիւններու բովանդակութեան ու անոնց ընդմէջէն փոխանցուող քրիստոնէական կրօնի հոգեւոր ու բարոյական պատգամներուն:
Սոյն փաստը կը ներկայանայ այն հիմնական մեկնակէտը, ուրկէ կը սկսի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մտովին քալել անորոշ թուացող երկար ճամբայ մը, բայց որուն փրկարար եւ յաղթապանծ վախճանին ինք ամբողջապէս համոզուած էր: Ան հայոց համար նշանագրեր գտնելու գաղափարը կը յղանայ Գողթնի մէջ՝ քարոզչական առաքելութեան ընթացքին: Ահաւասիկ իր կենսագիր Կորիւնի վկայութիւնը.
«Ան իր միտքը դրաւ նոյնպէս հոգալ ամբողջ հայ ժողովուրդը մխիթարելու մասին… Եւ այնպէս տրտմական հոգսերով պաշարուած ու դատապարտուած եւ մտածումներու ծփանքի մէջ ինկած՝ թէ արդեօք ինչպիսի՞ ելք մը գտնէ այդ նպատակին համար»2:
Ղազար Փարպեցի նոյնպէս կը հաղորդէ.
«Որովհետեւ երանելի Մաշտոցը անվերջ հոգալով կը տրտմէր՝ տեսնելով Հայաստան աշխարհի մանկանց ջանքերը, առ աճել եւս՝ ծախսերը, երբ անոնք անպատմելի ծախսերով, հեռագնաց ճամբաներով եւ բազմաժամանակեայ դեգերումներով իրենց օրերը կը մաշէին ասորական գիտութեան դպրոցներուն մէջ: Եկեղեցական արարողութիւնները եւ Ս. Գրքի ընթերցանութիւնները Հայաստանի ժողովուրդի վանքերուն ու եկեղեցիներուն մէջ ասորերէն կը կատարուէին, որմէ ոչինչ կը հասկնային կամ կ’օգտուէին այսպիսի մեծ երկրի մը բնակիչները: Եւ ասորերէն լեզուն չհասկնալու հետեւանքով, եկեղեցական պաշտօնեաներուն աշխատանքն ու ժողովուրդին ջանքը ապարդիւն կը դառնային: Եւ երանելի այր Մաշտոցը այս մասին երկար ժամանակ կը խորհէր ու կու լար իր ներսիդին. չէ ՞ որ կային հայերէն լեզուի նշանագրեր, որոնց միջոցով կարելի էր սեփական ձայնով եւ ոչ թէ մուրացիկ լեզուով եկեղեցիներուն մէջ շահիլ տղամարդկանց ու կանանց եւ առհասարակ ամբողջ բազմութեան սիրտը»3:
Նշանագրեր գտնելու փորձ
Վռամշապուհ թագաւորի յանձնարարութեամբ Ասորիք կ’ ուղարկուի Վահրիճ իշխանը, Դանիէլ եպիսկոպոսի մօտ գտնուող հայերէն կարծուած նշանագրերը բերելու համար: Ասորիքի մէջ Վահրիճ հանդիպելով Հաբէլ երէցին, Դանիէլէն կը վերցնէ այդ նշանագրերը ու կը բերէ Հայաստան: Շրջան մը այդ նշանագրերով փորձ կը կատարուի, բայց ոչ շատ ուշ կը պարզուի, թէ ատոնք չեն համապատասխաներ հայերէնի հնչիւնային համակարգին: Պէտք է ենթադրել, որ դանիէլեան նշանագրերը ասորական, աւելի ճիշդ՝ սեմական լեզուաընտանիքին պատկանող գիրեր էին, որոնց մէջ յաճախ բաղաձայններ կը համապատասխանէին կոկորդային հնչոյթներու, իսկ հայերէն հնդեւրոպական լեզուին պատշաճ չէին նման հնչոյթներ. ուստի՝ փորձն ալ կը համոզէ Մաշտոցն ու զինք անմիջապէս օժանդակողները, թէ այսպէս կոչուած դանիէլեան նշանագրերը անգործնական էին հայերէնի հնչիւնային համակար գին համար:
Հայոց Այբուբենին գիւտը
Վերոնշեալ փորձով, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց միանգամայն անդրադարձած էր, որ իր արեւելումը այնուհետեւ պէտք է կեդրոնացնէ ոչ թէ ասորական, այլ յունական մշակոյթի, անոր լեզուական հարուստ ժառանգութեան եւ առանձնայատկութիւններուն վրայ: Շուտով, Վռամշապուհ թագաւորի քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութեամբ եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երանելին իր հետ վերցնելով խումբ մը աշակերտներ, 405 թուականին կը մեկնի Ասորիք՝ Ամիդ եւ Եդեսիա քաղաքները, եւ տեղւոյն հարուստ գրադարաններուն մէջ տքնաջան աշխատանքով ու աստուածային տեսիլքով 406 թուականին կը ստեղծէ հայոց նշանագրերը՝ 36 տառ (28 բաղաձայն եւ 8 ձայնաւոր), որոնք ամբողջապէս կը համապատասխանէին հայերէն լեզուի հնչիւնային տուեալներուն: Լեզուական այս գիւտը միաժամանակ կը համապատասխանէր յունարէնի այբբենարանի համակարգին եւ հերթականութեան: Վերջինիս հետեւողութեամբ, Մաշտոց հայերէնի իւրաքանչիւր նշանագիրին կու տայ համապատասխան անուն՝ Այբ, Բեն, Գիմ, Դա, Եչ, Զա, եւլն., յունարէնի՝ Ալֆա, Բեդա, Գամմա, Դելտա տառանուանումներու նմանութեամբ: Ամէն մէկ տառին Մաշտոց կու տայ թուային համապատասխան արժէք՝ Ա=1-ի, ժ=10-ի, Ճ=100-ի, իսկ Ռ=1000-ի: Յունարէնին պէս հայերէնը կը գրուի ձախէն աջ՝ ի տարբերութիւն ասորերէն կամ սեմական այլ լեզուներու:
Այս սքանչելի գիւտէն ետք, Ս. Մեսրոպ իսկոյն անցնելով Սամոսատ, յունական մշակոյթի կեդրոններէն մին, իր նորագիւտ նշանագրերը կու տայ Հռոփանոս անուն գեղագիրին, որ զանոնք գեղագրելով, յղկելով ու գեղեցկացնելով կը վերադարձնէ հանճարեղ գիւտարարին:
Այնուհետեւ, Ս. Մեսրոպ երկու աշակերտներու՝ Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ անմիջապէս կը ձեռնարկէ փորձառական առաջին թարգմանութեան ու դեռ եւս Սամոսատի մէջ կը թարգմանէ (հաւանաբար յունական բնա գրէ) Աստուածաշունչի Առակաց գիրքի Ա. գլ. 2 համարը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Սոյնը Մաշտոցի սուրբ ձեռքերով գրուած ոչ միայն հայերէն առաջին նախադասութիւնն է, այլ ան ընդհանրապէս կը հանդիսանայ Թարգմանչաց Շարժումին եւ Ոսկեդարու երկունքին կարգախօսը:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ Սողոմոնի առակներէն վերցուած այս նախադասութիւնը. ինչո ՞ւ համար այս ընտրութիւնը. արդեօք պարզ զուգադիպութի՞ւն մը, թէ գաղափարական խորք մը ճանչցուած է հոն մեծն Մաշտոցին կողմէ: Իմաստուններուն քով պատահականութիւններ հազուադէպ կրնան ըլլալ: Հայոց դարձի պատմական իրադարձութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ Տրդատ Գ.ի արքունական հրովարտակով, որքան ալ քաղաքական, հասարակական թէ մշակութային ազդակներ կարեւոր դեր խաղցած ըլլան, միեւնոյնն է՝ հիմնուած է հաւտաքի մը հզօր շարժումին՝ քրիստոնէական գաղափարախօսութեան վէմին վրայ: Հեթանոսութեան փլատակներուն վրայ նոր մշակոյթ մը սկսած էր կերտուիլ, կեանքի նոր աշխարհահայեացք մը սկսած էր արգասաւորել հայութեան ոգին, ազգային նկարագիրը հետզհետէ որդեգրած էր նոր ինքնութիւն մը, որ ամբողջապէս շաղախուած էր քրիստոնէական հաւատքին եւ Աւետարանին լոյսով: Ետդարձ մը կարելի չէր՝ ձուլուելու համար պարսկական մշակոյթին կամ զրադաշտին տարհամոզիչ քարոզչութեան մէջ, ոչ ալ ենթարկուիլ բիւզանդացիին կրօնա-քաղաքական նկրտումներուն: Հայոց, կարելի է ըսել, համազգային շարժումը պէտք էր զգենուլ տոհմիկ տարազ մը, անշփոթելի իր տեսքով, փայլքով ու նոր հմայքով: Այս գաղափարախօսութիւնը սակայն ո՛չ սոսկ վարդապետութիւն մըն էր, ո՛չ ալ ընդամէնը վերացական տեսութիւն մը, այլ ան սրտի եւ մտքի խոր համոզում մըն էր՝ զսպանակուած քրիստոնէական հաւատքի ազատարար խորհուրդով:
Աստուածաշունչի Առակաց գիրքի Ա. գլ. 2 համարը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», իր իմաստային կառոյցով անբաժան կերպով զուգորդուած է նոյն Ա. գլխի 2-րդ պարբերութեան առաջին նախադասութեան (հմ.7) հետ, որ խորքին մէջ հաստատում մըն է գիտակցելու կարողութիւն ունեցող մարդուն եւ ոչ թէ յիմարին համար, թէ՝ «Սկիզբն իմաստութեան երկիւղ Տեառն, հանճար բարի ամենեցուն որ առնեն զնա. պաշտօն բարի առ Աստուած՝ սկիզբն զգօնութեան. զիմաստութիւն եւ զխրատ՝ ամպարիշտք անգոսնեն»:
Ահաւասիկ, խնդրոյ առարկայ պարբերութիւնը պիտի փորձենք վերարտադրել աշխարհաբարով, ընկալելու համար իմաստային վերոյիշեալ կապը, անդրադառնալով թէ ինչի՞ վրայ կը հիմնուի Ս. Մեսրոպի ուղղորդած իմաստութիւնը ճանչնալու մեկնակէտը. այդ անտարակոյս՝ աննկուն հաւատքն է, Տիրոջ նկատմամբ երկիւղը:
«Իմաստութիւնն ու խրատը ճանչնալու համար,
Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
Իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար՝
Արդարութիւն, իրաւունք եւ ուղղամտութիւն,
Միամիտներուն խորագիտութիւն տալու համար,
Երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ շրջահայեացութիւն.
Իմաստունը թող լսէ եւ աւելի իմաստուն ըլլայ,
Իսկ հանճարեղը՝ առաջնորդութիւն ստանայ,
Ի մտի ունենալով առակներն ու այլաբանութիւնները,
Իմաստուններուն խօսքերն ու առեղծուածները:
Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է,
Որ բարի հանճար է բոլոր անոնց համար, որոնք զայն կը կիրարկեն.
Իսկ զգօնութեան սկիզբը բարի աստուածապաշտութիւնն է,
Բայց ամբարիշտները իմաստութիւնն ու խրատը կ’անգոսնեն»:
Վերադարձ Դէպի Հայրենիք
406 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց նորաստեղծ նշանագրերով եւ իր աշակերտներուն խումբով կը վերադառնայ Հայաստան: Անհուն ուրախութիւն մը համակած է ազգին սիրտը: Պետական ամբողջ աւագանին՝ գլխաւորութեամբ Վռամշապուհ արքայի, իսկ հոգեւոր դասը՝ հայրապետութեամբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի, ազատներով եւ շինականներով երջանկութեան անանձնական պահեր կ’ապրին ընդունելու համար այն անգնահատելի ու անկապտելի բարիքը, զոր երանելին Մաշտոց Նախախնամութեան շնորհած խոր ներշնչումով ստեղծած էր իր ժողովուրդին համար: Պաշտօնական դիմաւորումը կը կատարուի Ռահ գետի ափին, ազգային տօնախմբութիւն մը նշելու տարողութեամբ եւ եղելութեան ամբողջական նշանակութեամբ: ժամանակագիրը չի զլանար իր նկարագրութեամց մէջ դէպքին տալու մնայուն արժէք մը, զայն համեմատելով աստուածաշնչական այն իրադարձութեան հետ, երբ Մովսէս, Սինայի բարձունքին, Տասնաբանեայ Պատուիրաններն ընդունեց Աստուծմէ, եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուած եւ դեռ անապատին մէջ դեգերող իր ժողովուրդին տալու համար միաստուածութեան կրօնին օրէնքը:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, նոյն պատուիրաններուն պէս կարեւոր, իր հրաշալի գիւտը կ’ընծայէր իր ժողովուրդին, անոր դիմագիծը անեղծ պահելու եւ մշակոյթին անպարտելի զէնքով ազգային գոյապայքարը դարերուն դաժանութեան մէջ յաջողապէս շարունակելու հեռանկարով:
Մեծ մարգարէն՝ Մովսէս, լերան ստորոտը դառն յուսախաբութիւն մը կ’ապրի, գտնելով իր ժողովուրդը ոսկի հորթին շուրջը՝ աստուածուրացութեան յանցագործութեան մէջ. ան զայրոյթէն Տասնաբանեան կը զգետնէ ու կը փշրէ նուէրը, զոր պարգեւած էր Եահվէն այդ ապերախտ ժողովուրդին:
Ընդհակառակը, Ռահ գետի ափին օտարութենէն հայրենի տուն վերադարձող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ իր աշակերտաց խումբին համար պատրաստուած դիմաւորումը, գրկաբաց ընդունելութիւնն ու անոնց բերած պարգեւին անզուգական արժէքին գնահատումը, հայ ժողովուրդի մշակութային հասունութեան պերճախօս ապացոյցներէն մին կը կազմէ մեր պատմութեան ոսկի էջերուն մէջ: Ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար, եթէ համազգային տօնախմբութեան մը տարողութեամբ մաշտոցեան նուէրն ընդունելու ուրախութիւնը անգործածական դառնար կամ հետզհետէ դալկանար ու մոռացութեան տրուէր ժամանակի մաշումին մէջ: Պիտի համոզուինք, որ ինք՝ երանելին Մաշտոց, գլխաւորելով թարգմանիչներու եւ մտաւորականներու սքանչելի փաղանգ մը, հայոց արքունիքին, եկեղեցիին եւ ժողովուրդին պատրաստակամութեան դաշտին մէջ կիրարկելով արժեւորեց եւ արդիւնաւորեց մշակոյթին արգասիքը, որ Եդեսիոյ գրադարաններու կիսամութիւն մէջ աստուածային ներշնչող լոյս մը շնորհած էր իրեն:
————————
1.Նշուած երեք տօներն ալ շարժական են եւ հիմնուած չեն անշարժ թուականներու վրայ:
2. Հմմտ. Կորիւն, Վարք Մաշտոցի, Երեւան, 1941, էջ 40:
3. Հմմտ. Ղազար Փարպեցւոյ Պատմութիւն Հայոց, Թուղթ Առ Վահան Մամիկոնեան, Երեւան, 1982, էջ 30:
Շարունակելի
Հաւաքական Աշխատանքի Հրամայականը (Բ)