Հաւաքական Աշխատանքի Հրամայականը (Բ)

«…մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»
Շահան Շահնուր

Շարունակութիւն նախորդ թիւէն

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ,  Հոկտեմբեր 2014

Առաջին թարգմանութիւնը

ժամանակ չկար վատնելու: Քաղաքական կացութիւնը, որուն մէջ օղակաւորուած էր Հայաստան՝ դաժան էր, ու դեռ կրնար թշնամին զայն յոռեգոյնին հասցնել, եթէ ազգին գոյութեան պահպանման գործօնը չաշխատէր ու չկատարէր այն դերը, որուն համար ան ստեղծագործուած էր: Հարկ էր անմիջապէս կազմակերպել մեղուաջան աշխատանք, գրեթէ ոչինչէն արարելու համար գէթ մշակութային անկախութիւնը ազգին, որուն նախաձեռնած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, զօրեղ գաղափարակիցներ ունենալով Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ արքան:

Առաջին գործը, որ ձեռնարկեցին թարգմանիչ վարդապետներ՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնն էր ասորական թարգմանութեան Փեշիտտա կոչուած բնագրէն, 405-408 թուականներուն:

«…մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»
Շահան Շահնուր

Շարունակութիւն նախորդ թիւէն

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ,  Հոկտեմբեր 2014

Առաջին թարգմանութիւնը

ժամանակ չկար վատնելու: Քաղաքական կացութիւնը, որուն մէջ օղակաւորուած էր Հայաստան՝ դաժան էր, ու դեռ կրնար թշնամին զայն յոռեգոյնին հասցնել, եթէ ազգին գոյութեան պահպանման գործօնը չաշխատէր ու չկատարէր այն դերը, որուն համար ան ստեղծագործուած էր: Հարկ էր անմիջապէս կազմակերպել մեղուաջան աշխատանք, գրեթէ ոչինչէն արարելու համար գէթ մշակութային անկախութիւնը ազգին, որուն նախաձեռնած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, զօրեղ գաղափարակիցներ ունենալով Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ արքան:

Առաջին գործը, որ ձեռնարկեցին թարգմանիչ վարդապետներ՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնն էր ասորական թարգմանութեան Փեշիտտա կոչուած բնագրէն, 405-408 թուականներուն:

Աստուածաշունչի Բ. թարգմանութիւնը իրականացաւ յունական Եօթանասնից կոչուող բնագրէն, զոր Եփեսոսի Գ. Տիեզերական ժողովին մասնակցելէ ետք Կ. Պոլսէն իրենց հետ Հայաստան բերած էին Մաշտոցի աշակերտները՝ Ղեւոնդ Վանանդեցին, Կորիւնը, Եզնիկ Կողբացին եւ Յովսէփ Պաղնացին: Աստուածաշունչի Ա. թարգմանութիւնը ասորական բնագրի հիման վրայ կը կոչուի Նախնական կամ Փութանակի թարգմանութիւն, բայց Բ.ը, յունական բնագրի հետեւողութեամբ՝ առաջինի բոլոր բնագիրները կը համեմատուին, կը սրբագրուին, կ’ամբողջացուին ստեղծելով գրեթէ նոր եւ կատարեալ թարգմանութիւն մը, որ իսկապէս նաեւ օտար մասնագէտներու գնահատումով «Թագուհի Թարգմանութեանց» (արտայայտութիւնը Լա Կրոզինն է) կը կոչուի: Ահաւասիկ ա՛յս է յայտնի Սահակ-Մեսրոպեան Աստուածաշունչ մատեանի օրինակը, որ հայերս կ’օգտագործենք ցայսօր:

Թարգմանիչ վարդապետներու աւագ եւ կրտսեր սերունդ

Թարգմանիչ վարդապետներու փաղանգը մեր պատմութեան եւ գրականութեան մէջ կը տարբերի երկու սերունդներու դասակարգումով՝ աւագ եւ կրտսեր: Աւագ կամ երէց սերունդ կը համարուին՝ Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Յովսէփ Վայոցձորեցի, Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցի, Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն, Յովհան Խոստովանող, Մուշէ Տարօնեցի, Յովհան Եկեղեցացի, Ստեփանոս Տարօնեցի եւ ուրիշ երախտաշատ անուններ:

Իսկ Թարգմանչական ստեղծագործութիւնները, ըստ իրենց բովանդակութեան, կարելի է վերածել հետեւեալ դասակարգումներուն.

Ա.Աստուածաշունչ մատեան,
Բ.Ծիսական երկեր՝ պատարագամատոյց, ժամագիրք, եւայլն,
Գ.Հայրաբանական գրականութիւն՝ եկեղեցւոյ հայրերու քրիստոնէական եւ իմաստասիրական հեղինակութիւնները, ճառերն ու քարոզները,
Դ.Վկայաբանական եւ վարքագրական գրականութիւն՝ եկեղեցական նշանաւոր հայրերու վարքն ու գործերը,
Ե.Պատմական գրականութիւն:
Յունական եւ ասորական գրականութենէ թարգմանութիւններ՝ «Սրբոյն Եփրեմի Մեկնութիւնք Հին Կտակարանի», Յակոբ Մծբնացիի՝ «Ճառք», Յովհան Ոսկեբերանի՝   «Մեկնութիւն Աւետարանին Յովհաննու», Կիւրեղ Երուսաղէմցիի՝ «Կոչումն Ընծայութեան», Բարսեղ Կեսարացիի՝ «Ճառք», Պրոկղի, Եւագր Պոնտացիի, Եփրեմ Խուրի Ասորիի, Գրիգոր Նազիազանցիի եւ ուրիշ շատերու ստեղծագործութիւնները:

Ասոնց հետեւողութեամբ կը ստեղծուի հեղինակային ինքնուրոյն գրականութիւն՝

Ագաթանգեղոսի  «Պատմութիւն»ը, Կորիւնի  «Վարք Մաշտոցի» երկը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին վերագրուող  «Յաճախապատում Ճառեր»ը, Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց »ը եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

Կրտսեր թարգմանիչներ

Երէց թարգմանիչներուն գործը շարունակեցին կրտսեր թարգմանիչները: Անոնք Ե. դարու Բ. կէսին հիմնեցին այսպէս կոչուած Յունաբան Դպրոցը, որ իր հետագայ ծաղկումը ապրեցաւ մինչեւ Է. դար:

Երբ կ’անդրադառնանք թարգմանիչ վարդապետներուն, խօսքը շուրջ հարիւր մշակոյթի երախտաւորներու մասին է. կ’ակնարկենք մշակոյթի այն գործիչները, որոնք առաջնորդուած էին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի լուսաճաճանչ հեղինակութեամբ: Թարգմանիչ վարդապետներու աւագ կամ երէց խումբը ուղղակի ձեռնասուններն էին Ս. Սահակի եւ Մեսրոպի, իսկ թարգմանիչ վարդապետներու կրտսեր խումը կը հանդիսանար անոնց աշակերտներուն աշակերտները, հիմնականօրէն՝ Յունաբան Դպրոցի ներկայացուցիչները:

Գնահատական մը

Մեր պատմութիւնն ու գրականութիւնը երախտագիտական բազմաթիւ գնահատումներով, մեկնաբանութիւններով, լեզուական, մշակութային, հասարակական եւ գաղափարաքաղաքական վերլուծումներով անդրադարձած են մաշտոցեան գիւտին: Բազմաթիւ սերունդներ՝ հայ եւ օտար մասնագէտներ փորձած են գնահատել անգնահատելին ու դեռ դարերու հոլովոյթին մէջ այդ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ հայը գոյութիւն ունի, իսկ հայերէնը պիտի յարատեւէ ըլլալ անոր կենդանի լեզուն: Մեծագոյն գնահատականը պիտի որ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը նկատուի, քանզի դեռ իր մայրենին հայերէնն է, իր ստեղծագործ մշակոյթն ու գիրն է, իր եզակիութեամբ, ինքնութեամբ եւ անկախութեամբ: Ազգի մը գոյութեան պահպանման գործօնը անպայման գիրը չէ իսկապէս, եթէ ան միայն գրաւոր հաղորդակցութեան միջոցին կը ծառայէ: Հայոց նշանագրերը մեր ազգային նկարագիրն ու հոգին կոփեցին իրենց ֆիզիքական ու հոգեկան արժէքներու ամբողջութեան մէջ: Աստուածային խորունկ ներշնչումով Ս. Մեսրոպ ունեցաւ իր երկունքին մարմին տուող տեսիլը՝ իր ազգի հաւաքականութեան ոսկեձոյլ կաղապարը նորաստեղծ մշակոյթի մը քուրային մէջ: Հայոց նշանագրերու գիւտը թարգմանչական արուեստին ճամբով ծնունդ տուաւ հայոց ազգային մշակոյթին: Գիրը չդարձաւ լոկ գրաւոր հաղորդակցութեան միջոց, այլ գոյութենական մնայուն արժէք եւ ազգային գաղափարախօսութիւն: Սահակ-Մեսրոպեան այս ոգին էր, որ տոգորուած անսպառ կենսունակութեամբ, զինք իր մտքին, սրտին ու արեան կանչին մէջ ապրող ու ապրեցնող ժողովուրդին հետ մաքառեցաւ քաղաքական թէ կրօնական ամէն փոթորկումներուն ու մռայլ ժամանակներուն մէջէն, դառնալով հետզհետէ աւելի նուիրական, աւելի բիւրեղ ու խորհրդաւոր:

Եթէ անդրադառնանք օտար հեղինակներու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի գործունէութեան վերաբերեալ գնահատականներուն, այստեղ պիտի բաւարարուինք ընդամէնը նշելու գերմանացի հայագէտ Մարկուարտի այն համեմատութիւնը, որ կ’ընէ իր իսկ ազգի լուսաւորիչներ՝ Պեպինի ու Վինֆրիդի գերման ժողովուրդին տուած ժառանգութեան հետ.

«Եթէ այս գործին հետ համեմատենք դանայեան այն պարգեւը զոր Պեպինոս Փրանկ, քաղաքական ու եկեղեցական ամէն միջոց լիապէս ի ձեռին ունենալով՝ նուիրեց գերման ժողովուրդին, այն ատեն թէ՛ Պեպինոս եւ թէ՛ իւր զինակիրը՝ Վինֆրիդ, խեղճ թզուկներ կ’երեւան համեմատութեամբ մտքի այն հսկաներու: ժողովուրդ մը, որ իր ծոցէն այնպիսի մարդիկ ծնած է եւ զանոնք իբրեւ իր դիւցազունները կը յարգէ, որչափ թէ անոնց օրինակին հետեւի, անկարելի է որ ի սպառ ջնջուի՝ որչափ ալ թուրք, քուրդ, թաթար, պարսիկ, ու բոլոր մեծ պետութիւննրը հակառակ ըլլան անոր»:

Միանշանակ է, որ Հայոց Ոսկեդարը արգասիքն էր խմբային արարչագործ աշխատանքի հաւաքական գիտակցութեան, ազգային մէկ նպատակ իրականացնելու ուղղութեամբ կատարուած անձնուէր զոհողութիւններու, հաւատաւոր ու անխոնջ տքնութիւններու: Սոյն իրականացումին սրբազան նախաձեռնողները հանդիսացան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Վռամշապուհ թագաւոր, իրենց գործակիցներ ունենալով Թարգմանչաց վարդապետներու լուսաճաճանչ փաղանգը:

Թարգմանչաց Շարժումը

Իսկութեան մէջ, Թարգմանչաց Շարժման սկիզբ կը համարուի Ե. դարու առաջին կէսը՝ ներշնչուած հայոց նշանագրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն թարգմանութեամբ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի գլխաւորած, անոնց անմիջական աշակերտներու, ապա աշակերտաց աշակերտներու՝ աւագ եւ կրտսեր խումբերու իրագործած թարգմանչական, մեկնողական, նաեւ ինքնագիր ստեղծագործութիւններու արդիւնաւորութեամբ երեւցած իրադարձութիւնը, որ տեւեց մինչեւ Է. դար: Հետաքըրքրական է սակայն, որ Հայ Եկեղեցին Թարգմանչաց դասուն մէջ ընդգրկած է նաեւ հետագայ դարերու արդիւնական հեղինակներու անուններ՝ մինչեւ ժԲ. դար: Ի տարբերութիւն զանազան ուսումնասիրութիւններու, յատկանշական է ականաւոր բանասէր Թէոթիկի այս կապակցութեամբ հրատարակած ցանկը իր «Ամէնուն Տարեցոյց»ին մէջ, Փարիզ, 1928 թուականին: Ստորեւ հայ մշակոյթի այդ երախտաւորներուն անուանացանկը.

Ե. դար.-
Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ Ամատունի, Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցի, Դաւիթ Անյաղթ, Մամբրէ Վերծանող, Գիւտ Ոթմսեցի, Յովհան Մանդակունի, Աղան, Տիրայր, Դանան, Վահրիճ, Բաբգէն եւ Կոմիտաս
Զ. դար.-
Պետրոս Սիւնեցի
Է. դար.-
Յովհան Մամիկոնեան, Սեբէոս Բագրատունի, Մովսէս Կաղանկատուացի, Թէոդորոս Քռթենաւոր
Ը. դար.-
Յովհան Օձնեցի
Թ. դար.-
Յովհաննէս Դրասխանակերտցի, Թովմա Արծրունի
ժ. դար.-
Գրիգոր Նարեկացի, Ստեփանոս Ասողիկ, Ուխտանէս Սեբաստացի, Խոսրով Անձեւացի
ժԱ. դար.-
Գրիգոր Մագիստրոս, Արիստակէս Լաստիվերտացի
ժԲ. դար.-
Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Յովհաննէս Սարկաւագ, Մատթէոս Ուռհայեցի
:

Ուշագրաւ է որ, Ե.-ԺԲ. դար, Սրբոց Թարգմանչաց փաղանգին մէջ ընդգրկուած են 36 լուսապսակ անուններ: Սոյնը, մեծ հաւանականութեամբ, դիտաւորեալ պատշաճեցում մը եղած ըլլալու է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծագործած հայոց նշանագրերու 36 թիւին:

Մեսրոպ Մաշտոց իր մահկանացուն կը կնքէ 440 թուականին, ու կը թաղուի Երեւանէն ոչ հեռու Օշական գիւղը: Իր մահուընէ 3 տարի անց, հայոց հազարապետ Վահան Ամատունի եւ զօրավար Հմայեակ Մամիկոնեան, ի պատիւ եւ յիշատակ Մաշտոցի, իր գերզմանդամբարանին վրայ կը կառուցեն եկեղեցի մը, որ աւանդաբար դարձած է հայութեան կարեւորագոյն ուխտավայրերէն մէկը:

Կարեւոր բացթողում մը

Վերը տարբեր առիթներով անդրադարձանք, որ հայոց գիրերու գիւտը եւ Թարգմանչաց ամբողջ Շարժումը հիմնական նախաձեռնողն էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, իրեն անմիջական համախոհներ եւ սատարողներ ունենալով Վռամշապուհ թագաւորն ու Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը: Հոս ամենեւին պէտք չէ անտեսել լուսաւոր դէմքը Վռամշապուհ թագաւորին: Եթէ Սահակ Պարթեւ օրհնողն եղաւ Ս. Մեսրոպի առաքելութեան, իսկ գիրերու գիւտէն ետք, իր փայլուն հելլենագիտութեամբ ղեկավարողը Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան, պիտի ենթադրենք կամ նոյնիսկ համոզուած պիտի ըլլանք ըսելու, որ արքան Վռամշապուհ չզլացաւ բանալու արքունի գանձարանը՝ նիւթապէս օժանդակելու համար Ս. Մեսրոպի ազգօգուտ գործունէութեան, Ասորիքի մէջ անոր կեցութեան շրջանին ու հետագային:

Մեր պատմութեան այս մռայլ ժամանակահատուածին մէջ խաղաղութեան կարճատեւ շրջանի մը ապահովումը, որու ընթացքին իրականացաւ հայոց նշանագրերու գիւտն ու արդիւնաւորուեցաւ Թարգմանչաց Շարժումը, Վռամշապուհ թագաւորի ճկուն քաղաքականութեան կը պարտինք: Առանց այս խաղաղութեան, նիւթական օժանդակութեան եւ պետական հովանաւորութիւններուն, թերեւս դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել արդիւնաշատ գործը Ս. Մեսրոպի եւ յաջողութիւնը Թարգմանչաց ձեռնարկին:

Արդարեւ, այսօր անհասկնալի եւ անբացատրելի կը մնայ այն բացթողումը, (եթէ կարելի է ըսել), թէ ինչո՞ւ համար Հայ Եկեղեցին Ս. Մեսրոպի եւ Սահակ Պարթեւի կողքին չէ սրբացուցած նոյնքան նուիրական անուն մը՝ որպիսին է Հայոց Վռամշապուհ Արշակունի թագաւորը:

Հակուած ենք դիտելու այլ եկեղեցիներու կանոնականացուցած սրբոց դասը, ուր այնքան յաճախ կը հանդիպինք թագաւորներու եւ իշխաններու անուններուն, որոնք շատ աւելի նուազ ծառայութիւններու կամ հաւատքի վկայութիւններու առթիւ, տուեալ եկեղեցիներուն կողմէ, տարբեր դարերուն մէջ, սուրբ հռչակուած են: Դեռ ի՞նչ պէտք է ընէր մեր քրիստոնեայ եւ հաւատաւոր թագաւորը Վռամշապուհ, մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ համապատասխան գնահատականով մը յարգուելու համար:

Հայ Սփիւռքն ու ներկայ իրավիճակը

Այնչափ կարեւոր այս նիւթին ստիպուած պիտի ըլլանք անդրադառնալ շատ հպանցիկ ակնարկով մը: Խօսքը ամենեւին չի վերաբերիր Հայաստանի իրականութեան, ո՛չ արեւելահայերէնին, ո՛չ ալ հոն որդեգրուած ուղղագրութեան: Սա պահուս մեր խորհրդածութիւններէն դուրս կը մնայ այդ անդրադարձը. ուրի՛շ առիթով: Հարցը սփիւռքահայութիւնն է եւ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի արդի նահանջը: Այս առնչութեամբ պիտի նախընտրէինք խօսքը տալ Շահան Շահնուրին, քաղուած մը ընելով  իր «Նահանջը Առանց Երգի» երկէն.

«Ի՜նչ պէտք, ի՜նչ պէտք սակայն ըսել այս բոլորը որ արդէն իսկ այնքան անգամներ կրկնուած ըլլալու տժգունութիւնը ունի: Ի՜նչ պէտք մանաւանդ զբաղիլ պարագաներով, որոնց լաւագոյն դարմանը բառերուն եւ խօսքերուն  ոյժը չի կրնար կազմել բնաւ: Այո՛, տիպարը պատահական չէ, միայն ժամանակի մը ծնունդ չէ. սակայն մինչդեռ անցեալի մէջ կարելի էր մասամբ զինք անտեսել, իր վատառողջ մեղկացումը չէզոքացնել, թողլով որ ազգին թիւը բազմապատկելու իր միակ դերը կատարէ, հիմա անկարելի կը դառնայ իրեն հանդէպ անտարբեր մնալ: Ոչ թէ որովհետեւ այժմ պատերազմ կայ ու կռիւ, ոչ թէ որովհետեւ այժմ ճակատամարտ կայ ու կենսապայքար, այլ որովհետեւ կայ բան մը աւելի ճակատագրական, աւելի աններող, կայ բան մը ահեղ, անդիմադրելի որ իր անունը կ’ոռնայ բոլոր քառուղիներէն. նահանջն է ան: Նահանջը, նահանջը հայերուն: Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխի պտոյտ տուող զառիթափին վրայ սա նահանջը կը ջնջէ, կը ձուլէ, կ’անհետացնէ ամէն բան: Իրա՛ւ, բազմաթիւ չեն այսպիսի զարգացած անտարբերներ, սակայն անդին կան ամբոխները անտաշ, անմիտ եւ ուծացած մարդոց, որոնք կարծես բնազդաբար, կարծես արիւնով ու ծուծով ճիշդ նման են նախորդին: Անոր պէս առաջինը կ’ըլլան ընկրկող, մոռցող, ուրացող: Եւ կը կազմուի ահե՜ղ զանգուածը անոնց, որոնք կը նահանջեն ու այդ մեծ հոսանքին մէջ կը քշեն կը տանին միւսներն ալ, զանցառ բացառութիւններն ալ:

Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին:

Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն, եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր՝ որ ուրացան ազգ եւ լեզու, եւ հերոսներ՝ որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մենք՝ կը վճարենք իբրեւ փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ, ապագայի սերունդներ՝ որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամաւ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:

Լաւատեսութեան իրաւունքով

Նոր Կտակարանի վերջին՝ Յայտնութեան գրքի դատաստանական սարսափազդու պատկերներով կամ յոռետեսութեամբ պիտի չուզէինք աւարտել Թարգմանչաց տօնին եւ մշակոյթի ամսուն ձօնուած մեր քանի մը ամփոփ խորհրդածութիւնները: Ինչքան ալ իրատեսութեան հիմք ըլլայ ընդունելու սփիւռքահայ կեանքին մէջ իրականացող նահանջը, այդուամենայնիւ պէտք է հաւատալ մաշտոցեան ոգիի յաղթանակին: Պէտք է ամրօրէն հաւատալ հայ դպրոցի առաքելութեան կարեւորութեան Սփիւռքի բոլոր տարածքներուն: Հոն ուր ընկրկած էր հայութեան քաղաքական ոյժը եւ ոչ մէկ հեռանկար կար ապագայի գորշութեան մէջ թէկուզ լոյսի աղօտ նշմար մը տեսնելու, մաշտոցեան ոգին զօրակոչի ենթարկեց ազգը՝ ինքնուրոյն մշակոյթ ստեղծելու եւ յաղթական գոյապայքար մը մղելու գալարուող դարերու ամեհի մրրիկներուն դէմ: Մժղուկներու նման պէտք չէ թառիլ ուրիշ մարմիններու վրայ եւ սեփական կենսապայքարը ապահովել փորձել ուրիշէն ծծած արիւնով: Սփիւռքը պէտք է իր աւիւնը գտնէ իր ներսիդիէն՝ բարեկարգելով եւ վերակազմելով իր ազգային-հասարակական կեանքի բոլոր կառոյցները: Ան իր նիւթական եւ բարոյական ներուժը պէտք չէ վատնէ զայն բաշխելով ուրիշներուն, պէտք չէ ինքզինք տարհամոզէ այն սխալ տեսութեամբ, թէ իր ճակատագիրը ձուլուելու օրհասականով է կնքուած: Զարգացած ազգի մը քաղաքակրթութիւնը կարելի չէ դուրսէն կործանել, եթէ ան նախապէս ներսէն չքայքայուի: Եթէ ժողովուրդ մը չհաշտուի մեռնելու ինքնակործան գաղափարին հետ, կարելի չէ զայն մեռցնել: Ցեղասպանութիւն տեսած, մահուան բովէն ու Տէր Զօրի անապատներէն վերապրելով Սփիւռք կերտած ժողովուրդ մը չի՛ կրնար մեռնիլ, չի՛ կրնար անհետիլ, եթէ ան իր գիտակցութեան ու հոգիին մէջ չփոշիացնէ կամքը յարատեւելու, միշտ առաջնահերթութիւնը տալով բարեկարգելու նախ իր սեփական տունը: Հետեւաբար, պէտք է առաւել եւս կռել-կոփել Սփիւռքի ինքնութիւնը՝ հզօր հայութիւն մը պահելու համոզումով:

Թարգմանչական արուեստով, մշակոյթին ճամբով հայը Ե. դարուն երկնեց ամբողջ ոսկեդար մը, իր ինքնութեամբ ազգերու ընտանիքին մէջ գոյատեւելու իր ուրոյն դիմագիծով եւ գաղափարախօսութեամբ: Այսօր ամէն հնարաւորութիւններն ու միջոցները ունինք պահելու եւ առաւել եւս զարգացնելու Սփիւռքի բոլոր տարածքներուն մեր սեփական տունը, եկեղեցին, դպրոցն ու ազգային, մշակութային ու քաղաքական կառոյցները. յումպէտս չսպառենք հայ կեանքին մեր պաշարը, եւ ընդհակառակը՝ մնանք կապուած մեր արմատներուն, մեր ինքնութեան՝ լաւատեսութեան ամէն իրաւունքով:

 

1 comment
  1. Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի ուսումնասիրութիւնը

    Ընթերցելով Ձեր կայքէջին մէջ Արժանապատիւ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի ուսումնասիրութիւնը՝ ''Հաւաքական Աշխատանքի Հրամայականը'' (Ա.եւ Բ.), կ'ուզէի շրջադարձել հայ գրականութեան տիտաններէն Շահնուրի արդէն եզակի դարձած «…Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին» արտայայտութիւնը՝ «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Էջմիածնին» բողոքարկութեամբ։

    Անշուշտ, չեմ ուզեր կրկին անդրադառնալ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի քմահաճոյքին շատ մը ուրիշ հոգեւորականներու նման զոհ դարձած Աբէլ Քահանայի նոյնքան անարդար ու ապօրէն կարգազրկութեան պարագային։ Թէեւ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցին իր հաւատաւոր հովիւի հոգեւոր ծառայութիւնը կորսնցուց, բայց իրեն ի պատիւ, Տ. Աբէլ չլքեց իր սիրելի ժողովուրդը, ընդհակառակը՝ ան չզլացաւ հայ մշակոյթի գանձարանին նուիրաբերելու իր բեղուն գրչէն վերջին տարիներուն լոյս տեսած հոգեւոր եւ ազգային բովանդակութեամբ շահեկան հատորներ եւ յօդուածներ։ Ահա Ձեր կայքէջին մէջ հրապարակուած վերոյիշեալ յօդուածը այս մասին է որ պերճախօս կը վկայէ։

    Դժբախտաբար, Հայ Եկեղեցին կորսնցուց եւս իր կոչումին գիտակից եւ օրինակելի հոգեւորականներէն մին, որուն համար կրկին ընդվզումով մը պիտի ըսեմ՝ «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Էջմիածնին»։

    Ջերմ բարեւներով՝

    Կայծակ Մակտասեան

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Թուրքիա Կրնա՞յ Դիմագրաւել …

Համօ Մոսկոֆեան, Պերլին-Ֆրանքֆորթ-Պէյրութ, Յունուար 2011 Երբ Միացեալ Ազգերու քարտուղարի նախկին օգնական, այժմ Արեւմտահայերու համագումարի համանախագահ Սուրէն Սերայտարեանին ու…
Read More