Ինչպէս գիտէք՝ որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերի 19-ին,Երեւանի մէջ,Ձեր նախագահութեամբ,հանդիսաւոր ու վեհաշուք բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար «Արաբ Երախտիք»ի յուշակոթողին, որուն կարեւորութիւնն ու ժամանակակից նշանակութիւնը Դուք անձամբ շեշտած էիք՝ Տէր Զօրի մէջ… Ձեր Սուրիա տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով։ Բացման այս հանդիսութիւնը վերջին ժամուն յետս կոչուեցաւ Կառավարութեան որոշումով՝ մեծ հիասթափութիւն եւ ընդվզում յառաջացնելով ուխտաւորներուն, կազմակերպիչներուն եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն մօտ, որոնք անհամբեր կը սպասէին այս ուղենշային, բազմախորհուրդ եւ բազմօգուտ յուշակոթողի ի վերջոյ բացումին, բազմաթիւ ձգձգումներէ վերջ։ Մանաւանդ որ Նոր-Օսմանական Թուրքիա ներկայիս կ’արշաւէ Արաբ աշխարհ, նաեւ հայութենէն հեռացնելու համար անոր Արաբ ճակատագրակից բարեկամները…։
Պէյրութ, 26 Դեկտեմբեր 2011
Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան
Մեծարգոյ Պրն. Նախագահ,
Ինչպէս գիտէք՝ որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերի 19-ին,Երեւանի մէջ,Ձեր նախագահութեամբ,հանդիսաւոր ու վեհաշուք բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար «Արաբ Երախտիք»ի յուշակոթողին, որուն կարեւորութիւնն ու ժամանակակից նշանակութիւնը Դուք անձամբ շեշտած էիք՝ Տէր Զօրի մէջ… Ձեր Սուրիա տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով։ Բացման այս հանդիսութիւնը վերջին ժամուն յետս կոչուեցաւ Կառավարութեան որոշումով՝ մեծ հիասթափութիւն եւ ընդվզում յառաջացնելով ուխտաւորներուն, կազմակերպիչներուն եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն մօտ, որոնք անհամբեր կը սպասէին այս ուղենշային, բազմախորհուրդ եւ բազմօգուտ յուշակոթողի ի վերջոյ բացումին, բազմաթիւ ձգձգումներէ վերջ։ Մանաւանդ որ Նոր-Օսմանական Թուրքիա ներկայիս կ’արշաւէ Արաբ աշխարհ, նաեւ հայութենէն հեռացնելու համար անոր Արաբ ճակատագրակից բարեկամները…։
Ստորագրեալներս կը հաւատանք, որ այս յուշակոթողին բացումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է այսօր մանաւանդ, երկրորդելով Ձեր Տէր Զօրի մէջ կատարած շեշտադրումը։
Առ այդ կը խնդրենք Ձեր ազդու միջամտութիւնը այս հարցին, որպէսզի անյապաղ կատարուի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը «Արաբ Երախտիք»ի յուշակոթողին, առանց նոր ձգձգումներու։
Վստահ՝ Ձեր շուտափոյթ միջամտութեան, ընդունեցէ՛ք յաջողութեան մեր անկեղծ մաղթանքները։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ
Ստորագրութիւններ՝
ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ (վաստակաւոր բեմադրիչ, թատերագէտ),
ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ (պետական երեսփոխան),
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ (գրող, խմբագիր, հրատարակիչ),
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (գեղանկարիչ),
ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ (պատմագէտ, հեղինակ,
խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի եւ «Ջանասէր»ի),
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ (իրաւաբան, հրապարակագիր եւ մշակոյթի գործիչ),
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (գրող, գործարար),
ՍԻՐՎԱՐԴ (գեղանկարիչ, դերասան),
ԲԺ. ԵՍԱՅԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (հոգեբոյժ),
ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ (խմբագրապետ «Նայիրի»ի),
ՄԿՐՏԻՉ Լ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ (ճարտարապետ եւ մշակոյթի գործիչ),
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (բազմամեայ խմբագրապետ «Զարթօնք»ի,
I like the idea of Ararat, i.e. Armenians worldwide embracing Lebanon. «Արաբ Երախտիք» project should be in place ASAP, like yesterday.
Salutations to Lebanese-Armenian intellectuals reminding the president of Armenia to take action and avoid further delays.
Հանքամանքները կարեւոր են
Համաձայն եմ որ հայերս վաղուց մեր ազգային երախտագիտութիւնը յայտնած պէտք է ըլայինք ազնիւ, վեհ, եւ ասպետական արաբ ժողովուրդին: Արաբական ամէն երկիր հայերուս հայրենիքն է, այպէս ինչպէս Ռուսաստանը:
Այն հայը որ դեռեւս չէ համոզուած այս տարրական ճշմարտութեան, յայտնապէս քաղաքական իմացութեան նօսրութենէ կը տառապի:
Ուրեմն անկեղծ խռովք մը կը տեսնեմ Լիբանանահայ Յանձնառու Մտաւորականներու հայցին մէջ, ուղղուած՝ Հայաստանի նախագահին:
Յարգելի մտաւորականները ներողամիտ թող ըլլան եթէ ես ինծի թոյլ տամ երկու նկատողութիւն արձանագրելու.
ա. Նման հայց մը կ’ակնկալուի որ ներկայացուի պաշտօնական մարմնի մը կողմէ, մանաւանդ որ ուղղուած է «օտար» երկրի մը նախագահին: Արդեօք Լիբանանի մէջ չկա՞ն աւանդական հաստատուած կազմակերպութիւններ, քաղաքական դէմքեր, ազգային իշխանութիւններ, առաջնորդ, կաթողիկոսութիւն, որպէսզի խումբ մը յարգելի, նոյնիսկ վաստակաւոր մտաւորականներ հարկադրուին ստանձնել նման խորիմաստ միջոցառումի մը նախաձեռնութիւնը:
բ. Շատ ներող եղէք այս դիտողութեան համար: Արդեօ՞ք հնարաւոր չէր Յանձնառու Մտաւորականներու կողմէ ներկայացուած Հայցը բանաձեւել քիչ մը աւելի խնամուած եւ վայելուչ արեւմտահայերէնով:
2 comments
I like the idea of Ararat,
I like the idea of Ararat, i.e. Armenians worldwide embracing Lebanon. «Արաբ Երախտիք» project should be in place ASAP, like yesterday.
Salutations to Lebanese-Armenian intellectuals reminding the president of Armenia to take action and avoid further delays.
Հանքամանքները կարեւոր են
Այն հայը որ դեռեւս չէ համոզուած այս տարրական ճշմարտութեան, յայտնապէս քաղաքական իմացութեան նօսրութենէ կը տառապի:
Ուրեմն անկեղծ խռովք մը կը տեսնեմ Լիբանանահայ Յանձնառու Մտաւորականներու հայցին մէջ, ուղղուած՝ Հայաստանի նախագահին:
Յարգելի մտաւորականները ներողամիտ թող ըլլան եթէ ես ինծի թոյլ տամ երկու նկատողութիւն արձանագրելու.
ա. Նման հայց մը կ’ակնկալուի որ ներկայացուի պաշտօնական մարմնի մը կողմէ, մանաւանդ որ ուղղուած է «օտար» երկրի մը նախագահին: Արդեօք Լիբանանի մէջ չկա՞ն աւանդական հաստատուած կազմակերպութիւններ, քաղաքական դէմքեր, ազգային իշխանութիւններ, առաջնորդ, կաթողիկոսութիւն, որպէսզի խումբ մը յարգելի, նոյնիսկ վաստակաւոր մտաւորականներ հարկադրուին ստանձնել նման խորիմաստ միջոցառումի մը նախաձեռնութիւնը:
բ. Շատ ներող եղէք այս դիտողութեան համար: Արդեօ՞ք հնարաւոր չէր Յանձնառու Մտաւորականներու կողմէ ներկայացուած Հայցը բանաձեւել քիչ մը աւելի խնամուած եւ վայելուչ արեւմտահայերէնով:
Դոկտ. Արմէն Պաղտոյեան
Բոստոն
Comments are closed.